ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ՝ ՀԱՅ ԳՐԱՏՊՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Հետազօտողին եւ գրասէրին սեղանը կոթողային աշխատութեամբ մը ճոխացաւ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հայ գրատպութեան կեդրոն. Հրատարակութիւններու մատենագիտութիւն (1772-1920)» աշխատութիւնը։

Մատենագիտութիւնը կ՚ընդգրկէ 150 տարուան տպագրական ժառանգութիւն՝ 1772-1920 թուականներու ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ լոյս տեսած 745 անուն հրատարակութիւններու, ինչպէս նաեւ Էջմիածնի մէջ գործող պարբերականներու մանրամասն նկարագրութիւնները։

Այս աշխատութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ի մի բերուած է Էջմիածնի տպարանին այդ տարիներու տպագրական ժառանգութիւնը՝ Սիմէոն Ա. Երեւանցի Կաթողիկոսին կողմէ տպարանի հիմնադրումէն մինչեւ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ 1771 թուականին հիմնուած հրատարակչատունը ոչ միայն մեծ ձեռքբերում եղաւ տպագրութեան գործը հայոց հողին վրայ առաջին անգամ ներկայացնելու տեսակէտէն, այլ յետագայ երկուքուկէս դարերուն ընթացքին դարձաւ այն հարթակը, ուր դրսեւորուած է հայ մտաւոր, գիտական, հոգեւոր, մանկավարժական եւ ստեղծագործական միտքը։

Հրատարակչատան գործունէութեան ամենափայլուն դրսեւորումներէն է 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին հրատարակուած գիտական գրականութիւնը, որուն կիրառելիութիւնը եւ արդիականութիւնը պահպանուած են առ այսօր։

Մօտաւորապէս 600 էջի հասնող այս հսկայական աշխատութիւնը կազմած են՝ Մայա Գրիգորեան, Ստեոպա Պետոյեան, Գոհար Գրիգորեան, Գոհար Նազարեան, Շողիկ Ոսկանեան, Յասմիկ Սուվախչեան եւ Անի Գալստեան: Գիրքին խմբագրութիւնը, յառաջաբանը եւ ծանօթագրութիւնները կատարած է Գոհար Գրիգորեան, պատասխանատու խմբագիրն է՝ Գէորգ Տէր-Վարդանեան:

Էջմիածնի մէջ տպուած առաջին գիրքը, որ նաեւ Հայաստանի մէջ տպուած առաջին գիրքն էր, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, ԺԸ. դարու հայ ականաւոր աստուածաբան, մատենագիր, մշակութային եւ քաղաքական գործիչ Սիմէոն Երեւանցիի «Գիրք աղօթից, որ կոչի Զբօսարան հոգեւոր» գիրքն է: Տպարանը անկէ տարի մը առաջ՝ 1771-ին հիմնուած էր «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» անուանումով, Սիմէոն Երեւանցիի ջանքերով եւ Մատրաս բնակող ջուղայեցի Գրիգոր Միքայէլեան-Չաքիկեանի հոգածութեամբ։ Սիմէոն Երեւանցին, տպարանին կից, 1776 թուականին նոյն մարդուն նիւթական միջոցներով հիմնած է նաեւ թուղթի գործարանը:

Տպարանի շէնքին կառուցումէն ետք տպարանի ճակտին կը զետեղուի արձանագրութիւն մը. «Աստուծով հաստատեցաւ տպագրատունս նոր ի նորոյ ի սուրբ Աթոռս Էջմիածին ամենայն պարագայիւքն՝ հոգաբարձութեամբ տեառն Սիմէոնի սրբազան կաթուղիկոսին Երեւանցւոյ՝ արդեամբ Ջուղայեցի ի Հինդ բնակեալ բարեպաշտօն Գրիգոր աղային Խօջաջանեան, որ մականուամբ Չաքիկենց, ի յիշատակ իւրեան եւ իւր ի Քրիստոս հանգուցեալ ծնողացն՝ Միքայէլին եւ Մամխաթունին, իւր կենակից Մատլինային եւ վաղաթառամ Միքայէլ որդւոյն եւ քերցն Անամարիային եւ Զիպիտային, հօրեղբարցն՝ Եղիազարին, Սաֆարին եւ Աղէքսանդրին, պապուն՝ Գրիգորին եւ կենակից Թագուհւոյն եւ հօրաքեռն Զիժազատային եւ մեծ պապ Յակոբջանին եւ հօրեղբօր դստերացն՝ Պէկզատային եւ Գիւլնաբաթին եւ այլ ամենայն հին եւ նոր ննջեցելոցն նորին: Այսու պայմանաւ՝ զի ի տարին Բ անգամ ի տօնի Լուսաւորչին եւ Հրեշտակապետացն ի սուրբ Աթոռոջս պատարագ մատչիցի հանդիսաւորութեամբ՝ յիշելով զնոսա, որոց յիշատակն օրհնութեամբ եղիցի, ամէն: Թ[ուին] (Հայոց) ՌՄԻ (1771)»: Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ կը պահուի այս պատմական արձանագրութիւնը:

Յետագային, Էջմիածնի տպարանը ունեցած է նաեւ իր տառաձուլարանը։ Տպարանի գրաշարները, տպագրողները, սրբագրիչները եղած են Էջմիածնի միաբանութեան անդամներ: Սիմէոն Երեւանցիէն զատ Մկրտիչ Շոռոթեցին եռանդուն աշխատանք կը տանի գործը կազմակերպելու համար, իսկ էջմիածնեցի ոսկերիչ վարպետ Յարութիւն կը պատրաստէ տպագրատառեր, զարդերու ու պատկերներու տպագրատախտակներ: Կը պատրաստուին նաեւ ձեռքի մամլիչներ, որոնք այսօր կը պահուին Մայր Աթոռի թանգարանին մէջ:

Տպարանի աշխատանքներուն իր նպաստը բերած է նաեւ պոլսեցի նշանաւոր վարպետ, տպագրիչ եւ գրաձուլիչ Պօղոս Արապեան, որ որոշ ժամանակ մնացած է Էջմիածին։

Յատկանշական է, որ տպարանը բանալու ժամանակ Զմիւռնիայէն Էջմիածին կու գայ Մարկոս տպագրիչը, որ շատ ջանք կը գործադրէ տպագրական գործը տեղւոյն վրայ կարգաւորելու: Բայց, շուտով կը մահանայ եւ կը թաղուի Մայր Աթոռի միաբաններու ընդհանուր գերեզմանոցը: Անոր տապանաքարին վրայ գրուած է.

«Այս է տապան հանգստեան Ակնեցի տպագիր ծերունազարդ Մարկոսին, որ եկեալ ի Սուրբ Աթոռս եւ շինեալ զգործարանն, փոխեցաւ առ Քրիստոս բարի մահուամբ… ի ՌՄԻ թուին»:

Այս պատմական տպարանի առաջին տեսուչ նշանակուած է Իսահակ Գեղամացի՝ տպարանի աշխատանքը կատարելագործելու համար։ Մինչեւ դարավերջ տպարանը լոյս ընծայած է տասնեակէ աւելի գիրքերու: Առաջին գիրքէն ետք տպագրուած է Սիմէոն Կաթողիկոսի «Տաղարան»ը, ապա անոր կազմած «Տօնացոյց»ը: Յաջորդաբար լոյս տեսած են Յովսէփիոս Փլավիոսի «Գիրք պատմութեանց յաղագս Հրէից ընդ Հռովմայեցիս եւ աւերման Երուսաղէմի եւ Տաճարին հնոյ» (1787) յայտնի աշխատութիւնը, որուն թարգմանութիւնը լատիներէնէ կատարած էր Ստեփանոս Իլովացին 1660 թուականին եւ ուրիշ գիրքեր։ Բոլոր գիրքերը ունէին կրօնական ուղղուածութիւն եւ մշակութային նշանակութիւն:

Հայրենի հողին վրայ տպարանի բացումը տպագրիչներու բազում սերունդներու երազանքի իրագործումն էր: Ինչպէս Ռաֆայէլ Իշխանեան նշած է, հայկական տպագրութիւնը իր սկզբնաւորումէն սկսեալ 260 տարի զարգացաւ օտարութեան մէջ՝ ծառայելով մայր երկրին: Այդ ընթացքին մտադրութիւններ եւ փորձեր եղած են տպագրութիւնը հայոց բնաշխարհի մէջ հաստատելու, սակայն միշտ մնացած են ապարդիւն: Քաղաքական իրադրութիւնը եւ Սիմէոն Երեւանցիի դիւանագիտական հմտութիւնը հնարաւորութիւն կը ստեղծեն Էջմիածնի դիրքը ամրապնդելու:

Գրիգոր Լուսաւորիչ տպարանը յետագային դադրած է գործելէ, իսկ այսօր գործող Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տպարանին հիմքերը դրուած են 1880-ականներու վերջերուն եւ շէնքը կառուցուած է 1889 թուականին, Մակար Ա. Թեղուտցի (1885-1891թթ.) Կաթողիկոսի օրով՝ համալրուելով տառաձուլական, տպագրական նոր մեքենաներով եւ հարստացուած զանազան լեզուներու տառատեսակներով:

Ներկայիս գոյութիւն ունեցող տպարանը նախ մէկ յարկանի եղած է: Խորհրդային կարգերու հաստատման պատճառով փակուած է եւ վերաբացուած 1962 թուականին՝ Վազգէն Ա. Պալճեան Կաթողիկոսի (1955-1994թթ.) ջանքերով: Տպարանի երկրորդ յարկը քանդուած եւ վերակառուցուած է: Էջմիածնի տպարանի ստեղծման եւ յետագայ գործունէութեան հետ կապուած եղած են շատ նշանաւոր մարդիկ:

Այսօր, զինուած ժամանակակից սարքաւորումներով, անիկա կը շարունակէ գործել՝ տարեկան հրատարակելով շուրջ 100 անուն աստուածաբանական, հայագիտական եւ թարգմանական գրականութիւն:

Այդ գրականութիւնը դարերու ընթացքին հասած է եւ այսօր ալ կը հասնի աշխարհի մեծագոյն հայագիտական կեդրոններ, գրադարաններ, ինչպէս նաեւ կը պահուի Էջմիածնի գլխաւոր գրապահոցին՝ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչատան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քահանայ Պօղոսեան մեծագործութիւն կը նկատէ հայրենիքի մէջ տպարանի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին թուղթի գործարանի հիմնումը՝ 18-րդ դարու վերջերը: Այս տարի յոբելենական է նաեւ անոր ղեկավարութեամբ գործող Մատենադարանին համար: «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը 2022-ին նշեց հիմնադրման 10-ամեակը:

Սուրբ Էջմիածնի դերը հայ գրատպութեան մէջ ներկայացնելու համար Մայր Աթոռը տպագրած է վերոնշեալ գիրքը, ինչպէս նաեւ տարեվերջին կազմակերպած է գիտաժողով մը՝ «Սուրբ Էջմիածինը՝ գիրքի հանգրուան» խորագրով: Գիտաժողովը նուիրուած է «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հիմնադրման 10-ամեակին:

Այս առիթով օրհնութիւն եւ պատգամ յղած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը: Օրհնութեան խօսքին եւ պատգամին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Աստուծոյ բարեխնամ կամօք, տասը տարի առաջ, Մայր Աթոռի մէջ հիմնադրուեցաւ մատենադարանը՝ մեր Եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակներու մեծայարգ տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու սրտաբուխ նուիրատուութեամբ։ Գոհունակութեամբ կ՚անդրադառնանք, որ Սուրբ Էջմիածնին եւ ազգիս մեծանուն բարերարներուն անունով կոչուած այս կարեւոր հաստատութիւնը այսօր կը հանդիսանայ հայ տպագիր ժառանգութեան պահպանման եւ դպրութեան ու գիտական միտքին զարգացման խթանող կաճառ։

«Առաքելական մեր Եկեղեցին, որուն ծոցին մէջ սկզբնաւորուած է հայկական դպրութիւնը, մշտապէս հոգացած է մեր գրական ժառանգութեան պահպանումն ու հարստացումը։ Մեր վանքերուն ու եկեղեցիներուն մէջ շարունակ ընդօրինակուած են ձեռագիրներ, կատարուած թարգմանութիւններ, ծնունդ առած ոչ միայն սուրբգրային, աստուածաբանական, այլեւ գիտական ուսումնասիրութիւններ ու գեղարուեստական գործեր, այն համոզումով, որ գիրքը, գիտութիւնը եւ լուսաւորութիւնը երաշխիքներն են զարգացման ու յառաջընթացի։

«Հայ գրական ժառանգութիւնը, փորձութիւններով լի մեր պատմութեան մէջ, մեր ժողովուրդին համար եղած է նաեւ հայ քրիստոնէական հոգիի կենսունակութեան աւիշ եւ ինքնութեան պահպանման զրահ ու յենարան։

«Մեր ժողովուրդի կեանքին եւ գրատպութեան ասպարէզին մէջ վճռորոշ եղաւ 1771 թուականը, երբ երջանկայիշատակ Սիմէոն Ա. Երեւանցի Կաթողիկոսին ջանքերով հաստատուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տպարանը։ Հայրենիքի մէջ հիմնուած առաջին տպարանը կարեւոր առաքելութիւն ստանձնեց հայ գրատպութեան բնագաւառէն ներս, որով յետագային Հայաստանի մէջ ծաւալեցաւ ու զարգացաւ գրատպութիւնը եւ գրադարաններուն ստեղծումը։

«Այս առումով բնորոշ է նաեւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի կառուցումը եւ տասնամեայ գործունէութիւնը՝ որպէս լաւագոյն վկայութիւն, որ մեր Եկեղեցին պիտի շարունակէ նպաստ բերել մեր դարաւոր գրական ժառանգութեան պահպանման եւ մեր ժողովուրդի գիտամշակութային կեանքի յառաջընթացին»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2022