ՏԵՆԻ ԱՏԼԷՐ ԹՈՓՈՒԶՕՂԼՈՒԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը։ Այս­պէս, ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ Տե­նի Ատ­լէր Թո­փու­զօղ­լուի ա­ռա­ջին գիր­քը, որ կը բաղ­կա­նայ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէ։ «Քիւլ­տէն Նե­շէթ» կը կո­չուի այս գիր­քը, զոր լոյս ըն­ծա­յած է «Հա­յալ» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան գրա­սէր­ներ, ինչ­պէս նաեւ հե­ղի­նա­կին ըն­տա­նիքն ու բա­րե­կամ­նե­րը։

Շնոր­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան։ Տե­նի Ատ­լէր Թո­փու­զօղ­լու ներ­կա­նե­րուն հա­մար մա­կագ­րեց գիր­քե­րը եւ այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցաւ ա­նոնց կող­մէ։

Հարկ է նշել, որ Թո­փու­զօղ­լու գե­ղա­րուես­տի բնա­գա­ւա­ռէն ներս կը ծա­ւա­լէ բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թիւն։ Ան 1985 թուա­կա­նին ծնած է քա­ղա­քիս մէջ։ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ վերջ յա­ճա­խած է Սեն-Փիւլ­շե­րի ֆրան­սա­կան վար­ժա­րա­նը։ Բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ստա­ցած է Փա­րի­զի մէջ, ուր ա­ւար­տած է «Փիէռ Մա­րի Քիւ­րի» հա­մալ­սա­րա­նի կեն­սա­բա­նու­թեան բա­ժի­նը։ Ա­ւե­լի վերջ «Մար­մա­րա» հա­մալ­սա­րա­նէն ներս ա­ւար­տած է ֆրան­սե­րէ­նի ու­սուց­չու­թեան բա­ժի­նը։ Դաշ­նա­մու­րի դա­սըն­թացք­նե­րու հե­տե­ւած է Փա­րի­զի ե­րաժշ­տա­նո­ցէն ներս։ «Միւժ­տաթ Կե­զէն» գե­ղա­րուես­տի կեդ­րո­նէն ներս ալ թատ­րո­նի ու­սում ստա­ցած է։ Նկար­չու­թեան եւ գրա­կա­նու­թեան հետ միշտ սերտ ա­ղերս ու­նե­ցած է Տե­նի Ատ­լէր Թո­փու­զօղ­լու, ո­րու գրքի գի­նե­ձօ­նին զու­գա­հեռ ներ­կա­յա­ցուե­ցան իր կող­մէ ստեղ­ծա­գոր­ծուած Մայ­քըլ Ճեք­սը­նի պաս­տառ­նե­րը։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ Մայ­քըլ Ճեք­սը­նի մօր պի­տի նուի­րուի ե­զա­կի ալ­պոմ մը։ Զա­նա­զան ան­ձե­րու կող­մէ ստեղ­ծա­գոր­ծուած Մայ­քըլ Ճեք­սը­նի նկար­նե­րը տեղ պի­տի առ­նեն այդ ալ­պո­մին մէջ։ Տե­նի Ատ­լէր Թո­փու­զօղ­լուի հա­մար ալ յատ­կա­ցուած է 7 էջ, ուր պի­տի ներ­կա­յա­ցուին իր 15 ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ Մայ­քըլ Ճեք­սը­նի մա­սին։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017