ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋԻՆ ՏՊԱԳԻՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ 250 ՏԱՐԵԿԱՆ
Հայ Գրատպութեան թանգարանին մէջ, հայերէն առաջին գիրքին, առաջին հայերէն տպագիր թերթին, հայերէն առաջին քարտէսին եւ հայ գրատպութեան այլ առջինեկներուն քով ցուցադրուած է նաեւ հայերէն առաջին տպագիր սահմանադրութիւնը՝ «Որոգայթ փառաց»ը: Այս տարի կը լրանայ իրաւունքի կարեւորագոյն այդ փաստաթուղթին 250-ամեակը:
18-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ լուսաւորական միտքի եւ յառաջադիմական գաղափարներու արժէքաւոր այդ վաւերագիրը առաջինը կը նկատուի ո՛չ միայն հայկական մասնագիտական գրականութեան մէջ, այլեւ՝ իբրեւ սահմանադրութեան նախագիծ առաջիններէն մէկն է նաեւ աշխարհի մէջ:
Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ 1773 թուականին տպուած «Որոգայթ փառաց»ը յետագայ դարերուն հիմք ծառայած է հայկական իրականութեան կարգ մը իրաւական փաստաթուղթերու համար: Իրաւական ու բարեկեցիկ հայրենիք ունենալու մեր երազներու ճամբուն կ՚արժէ անգամ մը եւս թերթել 250 տարի առաջ ստեղծուած այս կոթողը: 2002 թուականին, գրաբարէ փոխադրուելով, զայն, գրական արեւելահայերէնով լոյս տեսած է Հայաստանի մէջ:
ՇԱՀԱՄԻՐ ՇԱՀԱՄԻՐԵԱՆ՝ ՀԵՂԻՆԱԿԸ
Հայոց պատմութեան երեւելիներէն մէկն է հայկական առաջին տպագիր սահմանադրութեան հեղինակ Շահամիր Շահամիրեանը, որ իրաւական փաստաթուղթերու ժողովածոն կազմած է՝ ունենալով տեսլական. ան օրէնքներու սոյն ժողովածոն նախատեսած էր օտար լուծէն ազատագրուելէ յետոյ ստեղծուելիք հայկական պետութեան համար: Փաստօրէն, անիկա նաեւ ազգային-ազատագրական շարժման ծրագիր էր ու ատոր տեսական հիմնաւորումը:
Նոր Ջուղայէն Հնդկաստան գաղթած Շահամիր Շահամիրեան հայ ժողովուրդին մէջ ազատագրական գաղափարներու տարածման, երիտասարդութիւնը հայրենի երկրին պատմութեան եւ մշակոյթին ծանօթացնելու համար 1771 թուականին Մատրաս քաղաքին մէջ կը հիմնէ հայկական տպարան, ուրկէ ելած գիրքերն ու մամուլը իրենց նշանակութեամբ անփոխարինելի են մեր պատմութեան մէջ: Յատկանշական է մեզի հասած այն տեղեկութիւնը, որ Շահամիր Շահամիրեան, Մատրաս երթալով, նախ դերձակութիւն ըրած է, ապա զբաղած՝ առեւտուրով եւ մեծ հարստութիւն կուտակած: «Որոգայթ փառաց»ը հայր Շահամիրեան հրատարակած է իր որդիին՝ Յակոբի անունով՝ ջանալով այդ ձեւով անմահացնել իր վաղամեռիկ տաղանդաւոր որդւոյն անունը:
Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կը նշէ, որ երկու պատճառով ինք չէ կամեցած յիշեցնել շարադրողին անունը. նախ՝ որպէսզի տգէտները չհայհոյեն, երկրորդ՝ որպէսզի իմաստուններն ալ չփառաբանեն:
ՀԱՅՈՑ ՏՈՒՆԸ
339 էջէ կազմուած է հայոց առաջին տպագիր սահմանադրութիւնը: Գիրքին մէջ առկայ են գլխազարդեր, զարդագիրեր, վերջազարդեր, խաչ պատկերող զարդանկար եւ այլն: Ունի պատմական-տեսական մաս եւ կը ներառէ 521 յօդուած, որ մշակելէ ետք պիտի հաստատուէր եւ ստանար օրէնքի ուժ:
Գիրքին մէջ Շահամիրեան հակիրճ շարադրած է նաեւ հայոց պատմութիւնը։
Հեղինակը կը մերժէ կառավարման միապետական եղանակը՝ հիմնաւորելով օրէնքի թագաւորութեան գաղափարը։ Ըստ Շահամիրեանի, պէտք է ստեղծել ընդհանուրի կամքը արտայայտող իշխանութիւն, որուն գործողութիւններուն մէջ դրսեւորուած ըլլար հասարակութեան շահը, ուստի ժողովուրդը պէտք է հսկողութիւն սահմանէ պետութեան գործունէութեան վրայ։ Առաջնութիւնը ան կու տայ հանրապետութեան։
«Որոգայթ փառաց»ին մէջ բազմաթիւ յօդուածներ նուիրուած են լուսաւորութեան, տնտեսութեան զարգացման հարցերուն, ընտանեկան յարաբերութիւններուն:
Իր օրին «Որոգայթ փառաց»ը հրատարակուած է 110 օրինակով, գինը 10 ոսկի եղած է, եւ վաճառքի դրուելով, պիտի փակէր տպագրական ծախսերը, մնացած գումարն ալ ուղղուէր բարերարութեան:
Տակաւին 18-րդ դարուն գրելով այսպիսի արժէքաւոր աշխատութիւն, հեղինակը պատկերացում ունեցած է երկրի մը կառավարման մարմիններու ստեղծման կարգէն, անոնց իրաւասութիւններէն, քաղաքացիներու իրաւունքներէն ու պարտականութիւններէն, տնտեսութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, զինուած ուժերու կազմակերպման եւ այլ հարցերէ:
Առաջին գլխուն մէջ Շահամիրեան կու տայ Հայաստան երկրին տարածքային սահմաններուն մանրամասն նկարագրութիւնը եւ կը նշէ, որ քայլաչափ անգամ պէտք չէ աւելնայ կամ քայլաչափ անգամ պէտք չէ պակսի սահմաններէն: Այդ տարածքին վրայ է, որ ան կը նկարագրէ Հայոց տունը, որ յաւիտեանս պիտի պահպանուի Հայաստանեայց օրէնքներով՝ մօտ 300 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածքով եւ 24 միլիոն բնակչութեամբ: Հայաստան երկրին մէջ ծնած ամէն մարդ պատիւ պիտի ունենար զինք անուանելու հայ եւ ինչ ազգի ու դաւանութեան ալ պատկանէր՝ պարտաւոր էր խօսիլ եւ կարդալ հայաբառ եւ հայատառ:
Ապագայ հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները օրէնքին առջեւ հաւասար հռչակուած են «Որոգայթ փառաց»ին մէջ, վերացուած են դասային աստիճանաւորումները: Հայոց երկրին քաղաքացիները պէտք է ունենային խօսքի, դաւանանքի, անձի ու գործունէութեան լիակատար ազատութիւն, բայց նաեւ կը նշուի, որ հայ ազգին համար պատուելի է Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ աստուածապաշտական կարգը: Որ հայը որ ուրանար քրիստոնէական իր հաւատքը, որով մկրտուած ու կնքուած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ, պէտք է դատապարտուէր մահուան, իսկ Հայաստան աշխարհին մէջ բնակող այլադաւանները ազատ պիտի ըլլային պահպանելու իրենց աւանդական ու վաղեմի ծէսերը:
Հեղինակը եկեղեցին կը բաժնէ պետութենէն, դպրոցը՝ եկեղեցիէն, մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ միայն մէկ գերագոյն իշխանութիւն կը դնէ՝ օրէնքը, որուն ենթակայ պիտի ըլլայ նաեւ եկեղեցին: Բոլոր պաշտօնները ստեղծուելիք հայկական պետութեան մէջ, պիտի վարէին լուսաւորական հայերը: Այդ պետութեան մէջ, հողի սեփականատէր կարող էին ըլլալ միայն հայերը: Միայն անոնք կարող են գնել հող, վաճառել կամ ժառանգութիւն ձգել հողը, իսկ այլադաւաններն ու այլազգիները կարող էին ունենալ միայն հողի վարձակալման իրաւունք: Հողի գնման իրաւունքի փաստաթուղթը պիտի տրուէր Հայոց տունին կողմէն:
«Որոգայթ փառաց»ի մէջ ամրագրուած էր, որ երկիրը առատօրէն վճարելու է Հայոց Հայրապետի Սուրբ Աթոռին, որպէսզի ոչ մէկ բանի կարիք ունենայ Սուրբ Աթոռը: Ամենայն Հայոց Ծայրագոյն Հայրապետը բոլոր եպիսկոպոսներով հանդերձ իրենցմէ կ՚ընտրեն արքեպիսկոպոս մը, որպէսզի ան Հայոց տան մէջ երեք տարի ժամանակով զբաղեցնէ տանուտէրական պաշտօն՝ ունենալով երկու ձայն: Հայոց աշխարհի բոլոր պաշտօնները ընտրովի պիտի ըլլային: Իւրաքանչիւր գաւառէ, որը ունի մինչեւ 12 հազար տուն, մարդիկ պիտի ընտրուէին: Ընտրուածներուն միջեւ վիճակ ձգելով, դարձեալ պիտի ընտրուէին երկուքը, որոնց ալ իրաւունք կը տրուէր տանուտէրութեամբ նստիլ Հայոց տան աթոռին եւ փոխանորդ ըլլալ 12 հազար տան: Ընտրուելու իրաւունքը պիտի սահմանափակուէր սոսկ բարոյական յատկանիշներով: Երեսոփոխանները (փոխանորդները) պէտք է ընտրուէին 3 տարի ժամկէտով: Ժամկէտը լրանալէ յետոյ ժողովուրդի կամքը պիտի ըլլար՝ եթէ կամենան, կարող են հաստատել նոյն մարդիկը, որոնք երեք տարիով կրկին մնան փոխանորդ կամ կարող են անոնցմէ վերցնել պաշտօնը եւ տալ մէկ ուրիշին՝ օրէնքով սահմանուած կարգով: Այս ընտրութիւնները պէտք է սկսէին դեկտեմբերին եւ ընտրուածները հաստատուէին, որպէսզի յունուարի առաջին օրը անոնք ներկայանան Հայոց տուն, այնպէս որ պաշտօնի անցնին տարուան սկիզբը՝ յունուար 6-ին: Ամէն երկու փոխանորդէն մէկը հաւասար կարգով պէտք է ընտրուի Հայոց տան տանուտէր, իսկ միւսը՝ պաշտօնատար՝ Հայոց տունէն: Ընդունուող օրէնքները կարող են քննարկուիլ երեք անգամ, իսկ չորրորդ անգամ ատոնք կը դրուին քուէարկութեան:
Շահամիրեան իշխանութիւնը բաժնած էր օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններու, որոնք ընտրովի են եւ օժտուած առաջնային իրաւաթուղթով, այդ կարգին՝ քաղաքապետները եւ զինուորական բարձրագոյն պաշտօնեաները:
Կառավարման մարմինները (պետութեան լրտեսի, զինապետութեան, կերակրապետութեան, գանձապետութեան, վառոդապետութեան, կառապետութեան, վրանապետութեան, երկրաչափութեան եւ տկարներու ու աղքատներու) կ՚ընտրուէին երեսփոխաններէ: Գերագոյն եւ օրէնսդիր իշխանութիւնը կ՚իրականացնէր Հայոց տունը (խորհրդարան), նախարարութիւնը (նախարարներու խորհուրդը), գործադիր իշխանութիւնը:
Քաղաքական նկատառումներով սահմանադրութեան նախագծին մէջ կ՚առաջարկուէր նախարար ընտրելու մէկ այլ՝ բացառիկ տարբերակ՝ հին հայկական արքայատուներու, մասնաւորապէս Բագրատունիներու շառաւիղներէն մին իր փափաքով կարող էր ընտրուիլ ցմահ նախարար, եթէ հաւատարիմ ու հնազանդ մնար Հայոց տան սահմանած օրէնքներուն:
Երկրին մէջ կրթութիւնը բոլոր քաղաքացիներու համար ըլլալու էր ձրի, պարտադիր, առանց սեռի տարբերութեան: Կարիքաւորներուն, որբերուն կրթութիւնը եւ բժշկութիւնը հոգալու էր պետութիւնը: Կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը պիտի ներառէին նաեւ զինուորական պատրաստութիւնը: Տասներկու տարեկան ամէն մէկ տղայի ծնողք պարտաւոր էր անոր նուիրել թուր եւ պարտադրել, որ զինուորական արուեստ սորվի:
Երկրին մէջ պետական մենաշնորհ պիտի ըլլար միայն աղի արտադրութիւնը եւ վաճառքը: Հանքէն կամ ջուրէն ստացուած աղը, ըլլայ քարաղ թէ փշուր աղ, միշտ պէտք է մնար որպէս Հայոց տան ժառանգութիւն, եւ ոչ ոք պէտք է համարձակէր ձեռքը մտցնել այդ գործին մէջ:
Օրէնքը կը կարգաւորէր ո՛չ միայն բոլոր գոյքային յարաբերութիւնները, առքուվաճառքի գործարքները, այլեւ՝ նուիրատուութեան ու ժառանգութեան, հարսանեաց ու թաղման, հիւր երթալու եւ հիւր ընդունելու կարգերը:
«Որոգայթ փառաց»ին մէջ տրուած են նաեւ օրէնսդիր, գործադիր, դատական մարմիններու կարգադրութիւններու, հրամաններու, որոշումներու, դատական վճիռներու ու ատոնց գանգատարկման օրինակելի ձեւերը, ընդհուպ թուղթին այն տեսակը, որուն վրայ պէտք է գրուած, ստորագրուած եւ կնքուած ըլլային ատոնք, ինչպէս նաեւ կնիքի պահպանման ու օգտագործման կարգը:
«Որոգայթ փառաց»ը կը սահմանէր նաեւ ժամանակի հաշուարկման կարգը, կշռաչափերը, հողատարածքի չափման, դրամական միաւորները, հարկի, մաքսի ու տուրքի չափերը: Սահմանուած էր նաեւ շքեղութեան հարկ՝ ճոխ առանձնատունին մէջ ապրելու, ըստ ձիերու քանակի ծածկակառքերէ օգտուելու, թանկարժէք հագուստ, զարդեր կրելու, արծաթապատ սեղան ու ճենապակեայ սպասք ունենալու եւ այլ բաներու համար:
Նմանապէս սահմանուած էին նաեւ պաշտօնեաներու վարձատրութեան չափերը, քաղաքաշինութեան կարգը, ճանապարհային երթեւեկութեան կանոնները, զինուորականներուն, դատաւորներուն համազգեստին գոյներն ու ձեւերը:
Իրաւական այս փաստաթուղթ կազմողները չեն մոռցած, որ ամէն ինչէն զատ ժողովուրդին անհրաժեշտ են նաեւ տօներ ու զուարճանքներ: Ամէն մէկ քաղաքի իշխան տարին չորս անգամ պէտք է հանդէս կազմակերպէր եւ մարդիկը հրաւիրէր ընթրիքի ու պարելու: Այդ առիթները պէտք է ըլլային Սուրբ Յայտնութեան, Սուրբ Յարութեան, Վարդավառի եւ Սուրբ Խաչի տօները:
Հանրապետութեան գլխաւոր նեցուկը մշտական զօրաբանակը պիտի ըլլար (90 հազար զինուորով), որը պիտի համալրուէր վիճակահանութեամբ:
Բոլոր փոխանորդներէ սպարապետութեան համար Հայոց տան կողմէ նախատեսուած էր ընտրել 9 մարդ, որոնցմէ երեքը կը կոչուէին առաջին, երկրորդ եւ երրորդ սպարապետ՝ անուանուելով կարմիր սպարապետ, կապոյտ սպարապետ եւ դեղին սպարապետ՝ երեք տարի ժամանակով:
Գիրքին վերջաւորութեան կը տրուի նաեւ ներկայ իմաստով երկրին տարեկան ելեւմտացոյցը՝ «Փորձառութիւն Հայոց տան տարեկան եկամուտներու եւ ծախսքերու» խորագիրով:
Ելեւմտացոյցը ունի դասական կառուցուածք՝ եկամուտներ, ծախս եւ մնացորդ: Այն կազմուած է ո՛չ թէ պակասորդով, այլ՝ մնացորդով, որ պէտք է երթար պահուստային հիմնադրամ:
«Որոգայթ փառաց»ը, ըստ մասնագէտներու, ներկայ պատկերացումով ո՛չ միայն սահմանադրութիւն է, այլեւ՝ ընտրական, քրէական, քաղաքացիական, վարչական, ընտանեկան, հարկային, աշխատանքային օրէնսգիրքերու հաւաքածոյ, զինուորական եւ խորհրդարանական կանոնակարգ: Այն կ՚ընդգրկէ այնպիսի կարեւոր հարցեր, ինչպիսիք են պատերազմ վարելու, գերիներուն հետ վարուելու, պահակային հերթապահութեան կանոնները, փողոցներուն անուանումներ տալու, տուները համարակալելու, աղբը թափելու հարցերը եւ այլն: Հայոց առաջին տպագիր սահմանադրութիւնը ընդհանուր առմամբ կ՚ընդհանրացնէ հայ եկեղեցական կանոնագիրքերուն շատ գաղափարներ, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Օձնեցիի, Յովհաննէս Սարկաւագի, Դաւիթ Ալաւկաորդի, Մխիթար Գօշի, Ներսէս Շնորհալիի, Ներսէս Լամբորանացիի, Սմբատ Սպարապետի եւ հայ հասարակական-իրաւական միտքի շատ երեւելիներու ձգած ժառանգութիւնը:
(Ըստ պատմաբան Գրիգոր Թանանեանի յօդուածի)
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան