ՏԽՈՒՐ ՕՐ

Իմ տխրութիւնը ունի անուն՝ անարդարութիւն:

Անարդար են ազգերն ու ժողովուրդները: Անարդար են երկիրներն ու գերտէրութիւնները: Անարդար ենք մենք: Անարդար ու կոյր ենք մենք՝ ինքներս մեր նկատմամբ: Ծանօթ դարձած անծանօթ տխրութիւն մը պատած է զիս:

Մեր արիւնի հոտը չէ կրցած, պարզապէս չէ հասցուցած չորնալ: Անընդհատ կ՚արիւնահոսինք: Աշխարհ քիթը կը գոցէ եւ մեզի զգաստութեան կոչ կ՚ընէ:

Իսկ երբ վտանգի եզրին կը յայտնուին, քերծուածք մը կը ստանան ուրիշ երկիրներ, ուրիշ տարածքներ, մեզմէ աւելի պզտիկ, նոյնիսկ կը համարձակիմ ըսել՝ մեզմէ աւելի քիչ վաստակած ինքնորոշութեան, ինքնահաստատումի իրաւունք՝ աշխարհ կը խառնուի իրարու: Եւ այդ աշխարհի մէջ գերհզօր մը խօսքէն կ՚անցնի գործի: Քանզի գիտէ, որ օրհասական պահերուն զգաստութեան կոչերով անմեղ ժողովուրդի, մարդոց, երիտասարդներու արիւնը չես կրնար պահել երակներու մէջ:

Իսկ մեր երակները՝ մօր ու մանուկի, տարեցի, իր կեանքի գարունները տակաւին չվայելած երիտասարդի՝ միշտ կը փրթին: Մեր գլուխները միշտ կը կտրեն, մեր որովայնները միշտ կը բանան, մեզ միշտ կ՚ենթարկեն կտտանքներու. դաժան մահը ուրուականի մը պէս կը հետապնդէ մեզ: Այդ օրերուն՝ մեր աչքերը կեանքին փակած ատեն՝ հանգիստ, անցաւ չենք կրնար հեռանալ: Հայու ցաւը ուրիշ է, հայու տառապանքը թարմացող, ինքնավերականգնուող:

Տխուր եմ: Իմ տխրութիւնը ունի անուն՝ ցաւ: Կը ցաւի սիրտս, առաւել ուժգին կը մղկտայ իմ հոգին: Ցաւէն կ՚ուզեմ ոռնալ՝ ինչո՞ւ Տէր իմ, ինչո՞ւ: Թէպէտ այդ ինչուի պատասխանը գիտեմ. մեղանչեցինք եւ կը շարունակենք մեղանչել Քու սուրբ անունի դիմաց: Գիտեմ՝ արժանի չենք Քու ներումին, Քու ողորմութեան: Սակայն Դուն ողորմած ես ու գթասիրտ: Աստուած սէր է: Այդ իսկ պատճառաւ՝ ես բազմամեղս, կը համարձակիմ Քեզմէ խնդրել, աղաչել՝ ողորմեա՛ մեզ բազմամեղներուս: Դարձուր Քու երեսը դէպի այն երկիրը, այն ժողովուրդը, զորս Դուն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչին խոստացար պահել ու պահպանել ընդմիշտ: Աստուած Իր խոստումը միշտ կը պահէ, մենք՝ մեղաւորներս ենք որ կը սիրենք դրժել զայն:

Բնաւ արժանի չենք Քու ներումին, Քու գթասրտութեան, սակայն կ՚աղաչեմ, որ ներես: Տուր մեզ մաքուր հոգիներ ու սրտեր: Ներէ մեզ մեր մեղքերը: Պաշտպանէ մեզ, մեր երկիրը, ժողովուրդն ու եկեղեցին, ամէն տեսակ չարիքէ, փորձանքներէ ու փորձութիւններէ:

Տխուր եմ: Իմ տխրութիւնը ունի անուն՝ Արցախ, Հայաստան:

22.02.2022 թիւ:

Գեղեցիկ թուական է, չէ՞: Քով քովի շարուած երկուները մեծ ուրախութիւն, հրճուանք, երանութիւն պարգեւեցին Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու ժողովուրդներուն: Երկու օր առաջ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վերականգնելով պատմական արդարութիւնը, մէկ ստորագրութեամբ ճանչցաւ այդ երկու ռուսական հանրապետութիւններու անկախութիւնը: Առանց արիւնահոսելու անոնք կը տօնեն իրենց յաղթանակը: Իսկ մենք տարի մը առաջ արիւնահոսեցանք, կորսնցուցինք մեր աստուածատուր հայրենիքի մեծ մասը եւ շարունակեցինք մնալ անտեսուած: Անորոշ կարգավիճակի մէջ արցախցին կը շարունակէ տապակուիլ իր ցաւի մէջ: Մեր տարտին դարման եղող մը չկայ: Բարի նախանձով մը կը նայիմ այդ ժողովուրդին:

Այսօր հայ ժողովուրդէն զատ ոչ մէկը կը մեղադրեմ: Թէպէտ արժանի չենք, սակայն Տէրը կը շարունակէ գթալ մեզի: Այսօր մենք մեր կողքին ունինք Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան եւ դաշնակից երկիր մը, գերտէրութիւն մը՝ Ռուսաստանը: Որոշ ազգեր երանի կու տան մեզի այսպիսի դաշնակից, աւագ ընկեր ու բարեկամ ունենալու համար: Սակայն մենք, մեր քովէն քայլող այդ երեք հնարաւորութիւնները կը համարենք մեզի թշնամի: Մինչդեռ հենց թշնամութիւնն է կուրացուցած մեզ:

Եթէ այս պահուն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ըլլար Ռոպերթ Քոչարեանը, գուցէ մենք ալ կրնայինք օգտուիլ սա պատմական, վճռորոշ պահէն եւ երկաթը տաք-տաք ծեծէինք: Գուցէ հնարաւորութիւն ունենայինք վերականգնելու պատմական անարդարութիւնը: Գուցէ հնարաւորութիւն ունենայինք՝ մէկընդմիշտ բթացնելու մեր երակները տեղի-անտեղի բացող գործիքներէն: Եթէ...

Տխուր եմ, քանզի հոգւոյս խորքին մէջ կը բաւարարուիմ անկեղծ ուրախանալով Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովուրդներու համար:

Տխրութիւնս կը գահավիժի: Սրընթաց կը գլորուի ցած՝ յատակը, այնքան արագ որ կը կտրէ իմ շունչը: Իմ տխրութեան անունը անարդարութիւն է, կուրութիւն: Անարդար եւ կոյր ենք մենք՝ ինքներս մեր նկատմամբ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022