ԱՒԱՐՏԻՆ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ 48-ՕՐԵԱՅ ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ

Ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նա­ցոյ­ցով Մարտ 21-ին մեկնար­կեց Ա­ւագ շա­բա­թը, որ նաեւ կ՚ա­նուա­նուի «Չար­չա­րա­նաց շա­բաթ»: Ա­նի­կա Մեծ պահ­քի վեր­ջին շա­բաթն է եւ կը խորհր­դան­շէ Յի­սուս Քրիս­տո­սի երկ­րա­յին կեան­քի կա­րե­ւոր շրջա­նը՝ վեր­ջին օ­րե­րու ու­սու­ցումնե­րը, չար­չա­րանք­նե­րը, մա­հը եւ յա­րու­թիւ­նը:

Այս շա­բա­թուան իւ­րա­քան­չիւր օր կը կրէ «ա­ւագ» ա­նու­նը եւ ու­նի իր խոր­հուր­դը: Ա­ւագ շա­բա­թը կը սկսի Ծաղ­կա­զար­դի Կի­րա­կիով՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քով:

Ա­ւագ Եր­կու­շաբ­թի Տէ­րը չոր­ցուց անպ­տուղ թզե­նին` խորհր­դան­շե­լով հո­գե­ւոր պտուղ չտուող մար­դոց սպա­սուող պա­տու­հա­սը: Այդ օ­րը ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կ՚ըն­թեր­ցուի դրախ­տէն Ա­դա­մի ու Ե­ւա­յի ար­տաքս­ման մա­սին՝ զգաս­տաց­նե­լով մեզ եւ մղե­լով պա­տուի­րա­նա­պա­հու­թեան:

Ա­ւագ Ե­րեք­շաբ­թին կը խորհր­դան­շէ «Տա­սը կոյ­սե­րու ա­ռա­կով»: Ա­ւագ Ե­րեք­շաբ­թին կա­պուած է նա­խորդ օ­րուան հետ. Կ՚ակ­նար­կէ, որ մեր ա­ռա­քի­նի գոր­ծե­րով հո­գե­պէս պէտք է պատ­րաստ ըլ­լանք Քրիս­տո­սի երկ­րորդ գալս­տեան, այ­լա­պէս կը չոր­նանք թզե­նիի պէս եւ երկին­քի ար­քա­յու­թե­նէն դուրս կը մնանք հինգ յի­մար կոյ­սե­րուն նման:

Ա­ւագ Չո­րեք­շաբ­թի՝ «Օ­ծում եւ մատ­նու­թիւն»: Այս օ­րը Քրիս­տո­սի մատ­նու­թեան յի­շա­տա­կի օրն է: Կը յի­շա­տա­կուի Քրիս­տո­սի օ­ծու­մը եւ Յու­դա­յի մատ­նու­թիւ­նը: Այդ օ­րը Բե­թա­նիոյ մէջ, Սի­մոն Բո­րո­տի տու­նը կին մը թան­կար­ժէք իւ­ղով կ՚օ­ծէ Յի­սու­սը, ինչ որ կը խորհր­դան­շէ Տի­րոջ մօ­տա­լուտ մա­հը:

Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի՝ «Վեր­ջին ընթ­րիք»ի օրն է: Ըստ Ա­ւե­տա­րա­նին՝ այդ օ­րը հաս­տա­տուած է Ս. Հա­ղոր­դու­թեան խոր­հուր­դը: Մի­ջօ­րէին կը մա­տու­ցուի Ս. Պա­տա­րագ: Ոտն­լուա­յի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կը կա­տա­րուի օ­րուան երկ­րորդ կէ­սին մինչեւ ե­րե­կո­յեան ժամերգու­թիւն եւ կը խորհր­դան­շէ այն խո­նար­հու­թիւ­նը, որ ցու­ցա­բե­րեց Քրիս­տոս իր ա­շա­կերտ­նե­րուն հան­դէպ: Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի, ե­րե­կո­յեան ժամերգու­թե­նէն ետք կը կա­տա­րուի հսկման (Խա­ւա­րում) կար­գը: Այդ ժա­մա­նակ խո­րա­նին վրայ կը վա­ռին տաս­ներ­կու մո­մեր, իսկ մէկ մեծ մոմ կը դրուի կեդ­րո­նը: Իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ, երբ կ՚ըն­թեր­ցուի Ա­ւե­տա­րա­նը, մէկ-մէկ կը մա­րեն մոմերը, վեր­ջա­ւո­րու­թեան կը մնայ միայն կեդ­րո­նի­նը: Ա­նի­կա կը խորհր­դան­շէ Քրիս­տո­սը, որ մնա­ցած էր ա­ռան­ձին: Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան կը կա­տա­րուի «Խա­ւար­ման» ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Խա­չե­լու­թե­նէն ա­ռաջ Տի­րոջ գլխուն փշէ պսակ դրին, ծաղ­րե­ցին, ա­նար­գե­ցին, ա­պա խա­չե­ցին, ծա­րա­ւը յա­գեց­նե­լու հա­մար ջու­րի փո­խա­րէն լե­ղի տուին եւ մեռնե­լէն ետք ալ տէ­գով խո­ցե­ցին: Քրիս­տոս այս բո­լոր չար­չա­րանք­նե­րը յանձն ա­ռաւ եւ խա­չա­փայ­տին վրայ հո­գին ա­ւան­դեց՝ մարդ­կու­թեան փրկու­թեան եւ մեղքե­րու քա­ւու­թեան հա­մար:

Ա­ւագ Ուր­բա­թը Յի­սուս Քրիս­տո­սի ձեր­բա­կա­լու­թեան, խա­չե­լու­թեան, մա­հուան յի­շա­տա­կի օրն է: Ա­ռա­ւօ­տեան կը կա­տա­րուի ժամերգու­թիւն, կ՚ըն­թեր­ցուին Ա­ւե­տա­րան­ներ, ո­րոնք կը բո­վան­դա­կեն Յի­սու­սի երկ­րա­յին կեան­քի վեր­ջին ժամերը՝ մատ­նու­թիւ­նը, ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը, Պետ­րո­սի ու­րա­ցումնե­րը, Պի­ղա­տո­սի մօտ տա­րուի­լը, մա­հուան վճի­ռը, չար­չա­րանք­ներն ու ա­նար­գան­քը, Գող­գո­թա­յի վրայ խա­չուի­լը, ա­րե­գա­կի խա­ւա­րու­մը, մա­հը, թա­ղու­մը:

Ա­ւագ Ուր­բաթ պա­տա­րագ չի մա­տու­ցուիր, ո­րով­հե­տեւ Քրիս­տոս պա­տա­րա­գուե­ցաւ խա­չին վրայ: Ե­րե­կո­յեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կը խորհր­դան­շէ Յի­սուս Քրիս­տո­սի թա­ղու­մը:

Ա­ւագ Շա­բաթ օ­րը նուի­րուած է Յի­սու­սի թաղ­ման, գե­րեզ­մա­նի կնքման: Քրիս­տոս Յով­սէփ Ա­րե­մա­թա­ցիի ձեռ­քով կ՚ի­ջեց­նեն խա­չա­փայ­տէն, կը փաթ­թեն պա­տան­քով ու կը դնեն վի­մա­փոր գե­րեզ­մա­նին մէջ: Վեր­ջի­նիս մուտ­քը կը փա­կեն մեծ քա­րով մը: Յի­սուս եր­րորդ օ­րը յա­րու­թիւն կ՚առ­նէ, ինչ­պէս որ Ինք մար­գա­րէա­ցած էր իր մա­սին:

Ա­ւագ շա­բա­թուան ե­րե­կո­յեան մա­տու­ցուած Ճրա­գա­լոյ­ցի պա­տա­րա­գով կը սկսի Յա­րու­թեան տօ­նը, իսկ Կի­րա­կի օ­րը Զատ­կա­կան պա­տա­րա­գով ա­նի­կա կը վե­րա­ծուի հա­մընդ­հա­նուր տօ­նախմ­բու­թեան: Յի­սուս Իր մա­հով յաղ­թեց մա­հուան մեզի՝ մարդ ա­րա­րած­նե­րուս փրկու­թեան հա­մար: Երբ Զա­տկուան պա­տա­րա­գին կը լսենք «Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մեռե­լոց» ա­ւե­տի­սը, մենք ալ մեր ձայ­նը կը բարձ­րաց­նենք, ա­կա­նա­տես­նե­րը ըլ­լա­լով Քրիս­տո­սի յա­րու­թեան՝ պա­տաս­խա­նե­լով. «Օրհ­նեալ է Յա­րու­թիւ­նն Քրիս­տո­սի»:

Հա­յաս­տա­նեաց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին Յի­սուս Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ  Յա­րու­թեան տօ­նը այս տա­րի կը նշէ Մար­տի 27-ին:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016