ՃԻՈՐՃԻՕ ԱՐՄԱՆԻԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Ի­տա­լա­ցի ձե­ւա­գէտ եւ նո­րա­ձե­ւու­թեան տան հիմ­նա­դիր սե­փա­կա­նա­տէր Ճիոր­ճիօ Ար­մա­նի հրա­ժա­րած է բնա­կան մորթ օգ­տա­գոր­ծե­լէ իր նոր հա­ւա­քա­ծո­յի ստեղծ­ման ժա­մա­նակ: Նման աշխարհահռչակ ձե­ւագ­ծող­նե­ր դէմ կ՚ար­տա­յայտուին կեն­դա­նի­նե­րու հետ դա­ժան վե­րա­բեր­մուն­քին: Ըստ Ճորճիօ Ար­մա­նիի, նոր փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ կա­րե­լի է այ­լընտ­րանք գտնել։

«Ես ու­րախ եմ յայ­տա­րա­րե­լով այն մա­սին, թէ Armani Group-ը մտադ­րած է հրա­ժա­րիլ իր հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն մէջ կեն­դա­նի­նե­րու մոր­թը օգ­տա­գոր­ծե­լէ», յայ­տա­րա­րած է Ճորճիօ Ար­մա­նի:

Giorgio Armani ըն­կե­րու­թիւ­նը հիմ­նադ­րուած է 1975 թուա­կա­նին, ի­տա­լա­ցի ձե­ւա­գէտ Ճիոր­ճիօ Ար­մա­նիի եւ գոր­ծա­րար Սեր­ճիօ Կա­լիո­տիի կող­մէ:  Իր ա­նու­նով ա­ռա­ջին հա­ւա­քա­ծոն աշխարհա-հըռչակ իտալացին՝ Ար­մա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած է 1974 թուա­կա­նին: Ան Ի­տա­լիոյ ա­մե­նա­հա­րուստ ան­ձե­րէն մին է:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016