ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը նա­խա­ձեռ­նէ «Տա­տիս սնդու­կը» թե­մա­յով ցու­ցա­հան­դէս մը, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի ցու­ցադ­րուին ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ կամ ան­հատ­նե­րու մօտ նա­խորդ սե­րունդ­նե­րէն պահ­պա­նուած ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­ներ եւ կեն­ցա­ղա­յին ի­րեր:

Այն ան­ձե­րը, ո­րոնք տան մէջ ու­նին հին ձե­ռա­գոր­ծեր` գորգ, կար­պետ, ան­կող­նա­պարկ, խուր­ջին, ա­սեղ­նա­գործ, ինչ­պէս նաեւ հին խե­ցե­ղէն, փայ­տէ եւ մե­տա­ղէ գե­ղա­րուես­տա­կան ի­րեր, հին տա­րազ կամ տա­րա­զի բա­ղադ­րիչ­ներ, ուս­տի կրնան մաս­նակ­ցիլ վե­րոն­շեալ ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ պի­տի կա­յա­նայ Մա­յի­սի 18-ին՝ Թան­գա­րան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րը, Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016