ՕԴԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԵԼԱԾ ԵՆ…
Չեմ գիտեր՝ զաւեշտալի՞ է, թէ՝ զարմանալի... Այսօր մեր բակին մէջ հաւաքուած էին մեծ թիւով մարդիկ եւ կը քարոզէին համայնավարական կարգերուն վերադարձը Հայաստանի մէջ: Նոյնիսկ պաստառ բռնած էին եւ գրքոյկներ բազմացուցած իրենց համոզումներուն մասին, բայց գիրքերը զգուշութեամբ կը բաժնէին, ամէն մարդու չէին տար, նախ կը ծանօթանային դիմացինին հետ, կը զրուցէին, ով ըլլալը կը պարզէին եւ յետոյ կը փոխանցէին իրենց ծրագիրը: Ես կը կարծէի, որ այդ մարդիկը չկան այլեւս:
Չեմ յիշեր՝ վերջին անգամ ե՞րբ լսած եմ անոնց անունը կամ վերջին անգամ ե՞րբ տեսած եմ մարդ մը՝ անոնցմէ: Բայց ահա անոնք կան, ներկայ են, հագած-կապած, փողկապներ անցուցած, իսկ վիզերնուն՝ մուրճ ու մանգաղի պատկերով բուրդէ շալեր: Հակառակ անոր որ առաջին յարկէն կը դիտէի անոնց հաւաքը եւ շատ մօտ էի, բայց աչքերուս չհաւատացի եւ բակ իջայ, որպէսզի համոզուիմ, թէ անցեալի երազ չեն այդ գոյները, մուրճն ու մանգաղը, կարմիր-կապոյտ-կարմիր գոյներով դրօշները: Մուրճն ու մանգաղն առատօրէն դրոշմուած էին փողկապներու, պաստառներու վրայ, անիկա Խորհրդային Միութեան դրօշը յիշեցնող ամենէն ակնառու նշանն է, որ կը խորհրդանշէ քաղաքային ու գիւղական աշխատաւորութեան՝ գործաւորներու եւ հողագործներու միութիւնը:
Անշուշտ, լրատուութենէն տեղեակ էի, որ Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու դիմում ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին եւ դիմումն ալ ընդունուած է: Բայց այդ մէկը ձեւական նկատած էի եւ վստահ չէի, որ կը գտնուին մարդիկ, որոնք ուժ ու կարողութիւն կ՚ունենան քաղաքական շարունակութիւնը ապահովելու, նկատի ունենալով, որ այդ կուսակցութեան անդամները հիմնականօրէն հանգստեան կոչուածներ են, որոնք անցեալի կարօտախտ կ՚ապրին եւ ոչ մէկ ձեւով կ՚ընդունին ներկան եւ չեն համակերպիր նոր հասարակարգին, մանաւանդ՝ անկախութեան հետ: Բայց համայնավարները մեծ ուժով տոգորուած ոտքի ելած են եւ բակէ բակ կը շրջին, հրապարակներու վրայ ելոյթներ կ՚ունենան, մարզեր կ՚երթան՝ ծածանելով դրօշներ եւ պաստառներ:
Անոնց ներկայացուցած ցուցակը բաւական մեծ է՝ կազմուած 173 թեկնածուներէ, որոնց մէջ կան նաեւ կիներ: Կանանց մասին անոնք յայտարարեցին, թէ կին-թեկնածուները գիտութեան տոքթորներ են, վաստակաւոր արուեստագէտներ, գործիչներ, արտադրութեան նախկին ղեկավարներ եւ այլն: Համայնավար կիներն ալ բաւական աշխոյժ էին: Անոնք պահարաններէն ու դարակներէն մոռցուած շքանշաններ հանած էին, փակցուցած իրենց հագուստներուն վրայ եւ քարոզարշաւի ելած: Նոյնիսկ նկատելի էր, որ անոնք իրենց մազերը վառ գոյներով ներկած էին, նոյնպէս իրենց ձեռքերուն ծաղիկները կարմիր էին, ինչպէս իրենց դրօշներն ու շքանշանները: Նմանապէս նաեւ տղամարդիկ իրենց հարուստ անցեալի շքանշանները մէջտեղ հանած էին եւ պատմութիւնը գոց կը պատմէին բոլորին: Աշխատանքի համար ստացուած խորհրդային շքանշաններ էին անոնք, կրկին մուրճ ու մանգաղով զարդարուած: Մեր մանկութեան տարիներուն տունի պահարաններուն մէջ ամէնքս ալ կը գտնէինք այդպիսի շքանշաններ, զորս խաղալիքի տեղ կը գործածէինք, քանի որ այլեւս անգործածելի էին:
Բակը հաւաքուածներէն մէկը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ իրենք ընտրութիւններուն կը մասնակցին միմիայն յաղթելու նպատակով, որ Հայաստանի քաղաքական դաշտն անհնար է պատկերացնել առանց համայնավարութեան, որ խոր արմատներ ունի Հայաստանի մէջ: «Կու գանք, որպէսզի երկիրը դուրս բերենք «թանձր մառախուղէն»,- բարձր ձայնով յայտարարեց համայնավար մը: Անոնք հաւաքուածներուն վստահեցուցին, որ Հայաստանի խորհրդարանը «կաղ» է առանց համայնավարներու: «Մենք 115 տարուան կուսակցութիւն ենք: Ժամանակին 190 հազար անդամ ունեցած է մեր կուսակցութիւնը, այսօր քիչ ենք, բայց որակաւոր», ըսին անոնք: Հայաստանի համայնավարները իբրեւ նախընտրական կարգախօս ընտրած են «Եթէ յաղթէ կուսակցութիւնը, կը յաղթէ ժողովուրդը» խօսքը:
Իրաւ, աշխուժութիւն մը բերին բակին մէջ անցեալի յուշերով ապրող այս մարդիկը: Գարնանային արեւուն բակ իջած պզտիկները շուարած էին անոնց գալուստով, բայց յետոյ անկաշկանդ կը վազվզէին ու կը շարունակէին խաղալ անծանօթ հիւրերուն քով՝ առանց որեւէ կապ նկատելու իրենց ու այդ մարդոց միջեւ: Իսկ հատուկենտ թոշակառուները, որոնք այդ պահուն բակն էին, խորհրդային տարիներու գովքը հաճոյքով, կիսաբաց բերաններով մտիկ ըրին, բայց համոզուած ըլլալով, որ եթէ մինչեւ հիմա ետ չէ եկած, ապա անցեալը այլեւս ետ չի գար ու լուռ հեռացան:
Քարոզարշաւի եկած համայնավարներն ալ, նստան զիրենք տեղափոխող փոքրիկ հանրաշարժը եւ հեռացան հաւանաբար արշաւը ուրիշ բակի մը մէջ շարունակելու յոյսով: Հանրաշարժն ալ պատած էին իրենց դրօշով, որ հովին հետ ծածանեցաւ եւ զաւեշտն ու զարմանքը տարաւ իրեն հետ:
Ըսենք զարմանալու բան չկայ, երբ կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի մէջ՝ Արմաւիրի մարզը կայ գիւղ մը, ուր համայնավարներ կ՚ապրին, եւ գիւղին մէջ ալ կանգնեցուցած են Լենինի արձանը: Խորհրդային բոլոր տօները կը յիշեն՝ ծաղկեպսակ զետեղելով Լենինի արձանին: Գիւղին անունը Լեռնամերձ է, բայց քիչեր այդ անունով գիտեն զայն: Ան յայտնի է որպէս Լենինի գիւղ: Անունին պատճառը Լենինի արձանն է, որ գիւղի մուտքին կ՚եւեւի, իսկ այդ արձանը, որքան ալ զարմանալի թուի, ոչ թէ խորհրդային տարիներէն մնացած է գիւղին մէջ, այլ 1990-ականներու վերջերուն կանգնեցուած է, ան ալ՝ մեծ շուքով եւ արարողութեամբ: Երբ Հայաստանի մէջ փլուզուեցան խորհրդային կարգերը եւ անկախութիւն հռչակուեցաւ, Խորհրդային Միութեան կարգերու հիմնադիր, յեղափոխական գործիչ՝ Լենինին արձանները ամէն տեղէ վերցուեցան: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գտնուած մեծ արձանն ալ տապալեցին եւ տեղ մը նետեցին իբրեւ քարերու կոյտ: Իսկ Լեռնամերձ գիւղին մէջ, անկէ տարիներ ետք որոշեցին Լենին մը դնել: Նախաձեռնութեան հեղինակը գիւղի համայնավարներէն Ազատ Բարսեղեանն էր, որ ոչ միայն հաւատարիմ էր Լենինին, այլ այն ամէն ինչին, որ կ՚առընչուի խորհրդային կարգերուն: Ան իր տան մէջ ալ կը պահէ խորհրդային ժամանակներու թերթեր, պատուոյ գիրեր, պաստառներ, խորհրդային առաջնորդներու նկարներ, ճառեր, կարմիր վզկապներ, զորս պատանիները կը կապէին: Այս օրերուս այդ վզկապները ան կը բաժնէ գիւղի պզտիկներուն, որպէսզի կապեն եւ ծաղիկ տանին արձանին դնելու: Գիւղն ալ, կարծես մէկ մարդու պէս, իրարու ձայն տուած, հաւաքուած է այդ մարդուն շուրջ: Ինք կ՚ապրի ճիշդ արձանին դիմաց գտնուող տունին մէջ եւ գիւղ եկող իւրաքանչիւր մարդու կը փութայ պատմել արձանին պատմութիւնը եւ յուշեր՝ խորհրդային տարիներէն:
Խորհրդային տարիներուն հատուկենտ էին այն գիւղերը, ուր Լենինի կամ Սթալինի արձան չկար: Լեռնամերձը այդ գիւղերէն էր: Հակառակ անոր որ ողնածուծով համայնավար էին, բայց չունէին արձան մը, որու քով կարելի էր երթալ եւ տօներուն ծաղիկ դնել: Հաւանաբար պզտիկ էր գիւղը արձանի համար: Երբ կարգերը տապալեցան, գիւղի համայնավարները Էջմիածնի Մշակոյթի պալատին քովէն վար առնուած Լենինի արձանը գիւղ տեղափոխեցին եւ տեղադրեցին գիւղին մէջ, վար առնելու ատեն վնասուած քիթ-բերանն ալ շտկեցին, տեսքի բերին յեղափոխականին դէմքը: Այդպէսով թէ՛ խորհրդային ժամանակներէն իրենց զրկանքը լրացուցին եւ թէ իրենց համար տակաւին կենդանի խորհրդային կարգերու փառաբանումը շարունակեցին: Հիմա ամէն տօնի՝ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան տարելից, Խորհրդային Միութեան կազմաւորման օր, Աշխատաւորներու օր, Մարտի 8, Լենինի ծննդեան ու մահուան օր կամ անցեալէն եկած այլ օր մը, արձանին շուրջ կը հաւաքուին, ծաղիկ կը զետեղեն եւ փոքրիկ արարողութիւն մը կ՚ընեն: Նոյնիսկ արձանի բացում կատարած են 1998 թուականին եւ արարողութեան մասնակցած են Երեւանէն, բնականաբար՝ այդ տարիներուն տակաւին գործող Համայնավարական կուսակցութեան ղեկավարները:
Ատենին՝ անկախ Հայաստանի բազմակուսակցական դաշտին մէջ համայնավարները իրաւ ճանչցուած էին, տակաւին ձայներնին կ՚ելլէր, բայց տասը տարիէն աւելի է անոնց ձայնը չէր լսուեր, մարեցան տեսակ մը: Այս վերջին աշխուժութիւնը տեսնելով, կարծես թէ սպասած եւ պատրաստուած էին, որպէսզի այս ընտրութիւններուն 173 անձէ կազմուած ցուցակ մը ներկայացնեն: Ուրկէ ալ գտած են այդքան կուսակցական մարդ: Անոնք դեռ միայն թեկնածուներն են: Իրենք կը յայտարարեն, որ տասնապատիկ անգամ աւելի համակիր ունին եւ կը վստահին անոնց՝ ընտրութիւններու ժամանակ քուէներ շահելու, նուազագոյն սեմը յաղթահարելու եւ խորհրդարան մտնելու համար:
Համայնավարները ունին իրենց ծրագիրը, որ ընտրելու եւ իշխանութեան ներկայանալու պարագային կը խոստանան գործի դնել՝ անվճար առողջապահական համակարգ, որակեալ կրթութիւն, արտադրութիւն, շինարարութիւն, աշխատատեղիներու բազմացում, գիտութեան զարգացում, ինչպէս անցեալին էր, արտագաղթի կանխում, խորհրդային զանազան ազգերու, մանաւանդ՝ ռուսերու հետ եղբայրութիւն եւ գործակցութիւն: Ամէն առիթի կ՚ըսեն, թէ իրենք են որ աղքատ երկիրը խորհրդային տարիներուն հարուստ դարձուցին, վերածեցին շէն երկրի մը, ուր ամէն ինչ գրեթէ անվճար էր, մարդիկ երջանիկ էին, կը զբաղէին արհեստով, արուեստով, գիտութեամբ: Այդ երկիրը, ըստ անոնց, յանձնած են անկախութեան առաջնորդներուն, որոնք իրենց պատկերացումներէն տարբեր երկիր մը ստեղծած են: Ըստ իրենց, Համայնավարական կուսակցութեան անդամները յիսուն տարիէ աւելիէ ի վեր ոչ մէկ կուսակցութիւն փոխած են եւ իրենց գրպաններուն մէջ տակաւին կը պահեն Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութեան կարմիր անդամատոմսը, նոյնիսկ ցոյց կու տան զայն, որմէ գրեթէ բոլորը ունէին անցեալին եւ այդպէսով յիշողութիւններ կ՚արթնցնեն մարդոց մօտ: Ամէն տեղ անոնք կը յայտարարեն, որ երկրին հանդէպ իրաւունքները կը պատկանին միայն իրենց կուսակցութեան, քանի որ իրենք են Խորհրդային Հայաստանէն ետք իրաւայաջորդ կուսակցութիւնը, որուն իշխանութիւնը կը պատկանի: Կը խօսին ընկերվարական արժէքներու մասին, ըսելով, որ մեր ժողովուրդը իր բնոյթով ընկերվարական է եւ պէտք է վերադառնայ իր ընկերվարական սկզբունքներուն:
Սովորաբար «հողին կը հաւասարեցնեն» ներկայ բոլոր կուսակցութիւնները՝ վստահ յայտարարելով, որ անոնցմէ ոչ մէկը գաղափարախօսութիւն ունի եւ շահու ետեւէն ինկած կուսակցութիւններ են, միայն համայնավարներն են, որ անմահ ու յարատեւ գաղափարախօսութիւն ունին: Պատահական չեն նկատեր, որ համայնավարութիւնը շատ երկիրներու մէջ տակաւին կենսունակ է, իսկ որոշ երկիրներու մէջ՝ իշխող ուժ: Ճիշդ նոյն ձեւով ալ կազմած են իրենց նախընտրական ծրագրի մանաւանդ արտաքին քաղաքական մասը, նշելով, որ արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզին մէջ Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութեան նախընտրական ծրագրի հիմնական դրոյթները Ռուսաստանի եւ Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ միւս պետութիւններու հետ ռազմաքաղաքական կապերու ամրապնդումն ու զարգացումն է, Եւրոասիական տնտեսական միութեան, ինչպէս նաեւ Չինաստանի ու բարեկամ այլ երկիրներու հետ առեւտրատնտեսական, գիտաթեքնիկական յարաբերութիւններու ընդլայնումը:
Հայաստանի համայնավարները յաճախ օրինակ կը բերեն Ռուսաստանի համայնավարները, որոնք նոյնպէս համախմբուած են եւ փոփոխութիւններու հանդէպ հաւատք ունին:
Մամուլի մէջ տեսակէտներ յայտնուեցան, որ նոյնինքն ռուս համայնավարական կառոյցը նիւթապէս աջակցած է Հայաստանի համայնավարներուն՝ դաշտ մտնելու համար: Այլապէս ուրկէ՞ կու գան հանգիստի կոչուած այս մարդոց միջոցներ, որով կը մասնակցին ընտրութիւններուն, ընտրագրաւ կը վճարեն, դահլիճներ կը վարձեն, ուր հանդիպումներ կ՚ունենան բնակչութեան հետ, մարզեր կ՚երթան... Մանաւանդ յայտարարուեցաւ, որ ընտրութիւններուն մասնակից ինն քաղաքական ուժերէն ամենէն քիչ դրամական միջոցները Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութիւնը ունի՝ 46 հազար դրամ, որ շուրջ 100 ամերիկեան տոլար կ՚արժէ, ինչ որ ընտրութիւններուն մասնակցելու համար ծիծաղելի գումար մըն է: Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցող ինն կուսակցութիւններն ու դաշինքներն ալ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուցած են իրենց միջոցներու յայտարարագիրները:
Կուսակցութիւններէն ամենէն շատ գոյքային եւ դրամական միջոցներ ունեցող կուսակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնն է, որուն դրամական միջոցները կը կազմեն շուրջ 54 միլիոն դրամ: Կուսակցութեան եկամուտները միայն անդամավճարներէ՝ 343 միլիոն դրամ է:
Միւս կուսակցութիւններու դրամական միջոցները 1 միլիոն դրամի սահմաններու մէջ են:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) գոյքի եւ եկամուտներու յայտարարագիրին մէջ արձանագրած է իր տնօրինած անշարժ գոյքի ցանկը՝ Հայաստանի մարզերուն եւ Երեւանի տարածքին:
ՀՅԴ-ի դրամական միջոցները, ըստ յայտարարագրին՝ կը կազմեն 742.802 դրամ, եկամուտները կուսակցականներու անդամվճարներէն՝ 43.200.000 դրամ է:
Համայնավարներու ցուցակը կը գլխաւորէ կուսակցութեան առաջնորդը՝ Տաճատ Սարգսեան կամ ինչպէս իրենք կը կոչեն՝ կուսակցութեան առաջին քարտուղարը: Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Վազգէն Սաֆարեան, ապա Գագիկ Մանուկեան, Մառա Շահինեան, Համլետ Դանիէլեան: Ցուցակը կը կարդանք եւ մէկը չենք ճանչնար: Թերեւս միայն Վազգէն Սաֆարեանը գիտենք, քանի որ Հայրենական ապրանքարտադրողներու միութիւն մը հիմնած է, յաճախակի ասուլիսներ կը կազմակերպէ եւ տեղական ապրանք արտադրողներու շահերը կը ներկայացնէ՝ քարոզելով տեղականը, որ ի դէպ, վատ միտք մը չէ: Կուսակցութեան առաջնորդ Տաճատ Սարգսեանն ալ երբեմն-երբեմն հեռատեսիլէն ելոյթ կ՚ունենայ եւ ծանօթ է անոր դէմքը, բայց մնացեալ բոլորը անծանօթ անուններ ու դէմքեր են: Վերջերս, կուսակցութեան առաջնորդը հեռատեսիլէն ելոյթ ունեցաւ եւ իրենց թերահաւատութեամբ նայողներուն վստահեցուց, որ իրենք ունին ընտրազանգուած մը, որուն անդամները նոյնիսկ անուններով գիտեն, կապի մէջ են եւ համոզուած են, որ անոնք զիրենք պիտի ընտրեն:
Լեռնամերձի մէջ բնակող քանի մը հարիւր համայնավարները վստահ իրենց ձայնը մէկ մարդու պէս ա՛յս կուսակցութեան պիտի տան. այս մէկը յստակ է: Այլ վայրերու մէջ ալ, կ՚ըլլան մարդիկ, որոնք կարդալով ծանօթ կուսակցութեան անունը, անցեալէն ժպիտով մը կը յիշեն եւ բնազդաբար հաւանութեան նշանը կը դնեն: Բայց, համայնավարները իրենց այս ծրագրով, կազմով եւ մանաւանդ վերակենդանանալու մեծ ճիգով շատ հեռու են նուազագոյն սեմը յաղթահարելու եւ խորհրդարան մտնելու մակարդակէն: Բան մը լաւ է, որ այս օրերուն պարզապէս արտայայտելու հնարաւորութիւն ստացան եւ ձմրան պաղէն մսած մարմինները արեւուն տուին, օդափոխութեան հանելով նաեւ շքանշաններն ու դրօշները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024