ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ լրագրող ու բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլուի «Աչք» գիրքին շնորհանդէսը։ Սա հեղինակի չորրորդ հայերէն գիրքն է։
Յայտագրի ընթացքին Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի աշակերտներէն Տիանա Սանդուրեան ընթերցեց Վերճիհան Զիֆլիօղլուի կենսագրութիւնը։ Նոյն դպրոցի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Ասլին Տիշճիի հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած աշակերտները թատերակի ձեւաչափով ներկայացուցին «Աչք» գիրքէն զանազան բանաստեղծութիւններ։
Հեղինակին ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։
Սրտի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Վերճիհան Զիֆլիօղլու, որ յայտագրի վերջաւորութեան մակագրեց իր գիրքերը։