ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ (1869-1926) 150 ՏԱՐԵԿԱՆ. ԾԱՂՐԻ ԵՒ ՀԵԳՆԱՆՔԻ ՄԵՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՎԱՐՊԵՏԸ

Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, եթէ յիշեցնեմ, որ երգիծանքը գրականութեան հնագոյն ձեւերէն մէկն է եւ որ մեզի փոխանցուած է յոյներէն։ Խորքին մէջ սակայն, պէտք է նաեւ աւելցնեմ, որ թէեւ երգիծանքը Յունաստանէն ծնունդ առած էր, սակայն Հռոմը իր պերճախօսութեամբ զայն զարգացուցած էր։

Բայց անկախ այս բոլորէն, եթէ անգամի մը համար «սիրտն» ու առիթը ունենաք եւ մեր գրականութեան էջերը նստիք ու թղթատէք, մանաւանդ անոր երգիծանքի բաժինը կարդաք՝ հոն անպայման պիտի հանդիպիք հետեւեալ երեք անուններուն.

- Յակոբ, Երուանդ եւ Նշան։

Աւելի յստակ՝ Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան եւ Նշան Պէշիկթաշլեան։

Ու միտքս աւելի պարզելու համար նաեւ ըսեմ, որ նոյն այս սեռին մէջ, մեր այս իւրաքանչիւր նշեալ հեղինակները, իրենց առանձնայատուկ ուղղութիւնը, տեղն ու դիրքը ունեցած են։ Ապա ձեր այս «ընթերցումներէն» ետք անպայման պիտի տեսնէ՛ք ու նաեւ ձեր կարգին ալ պիտի հաստատէ՛ք, թէ մեր մեծագոյն երգիծագիր Յակոբ Պարոնեանէն ետք, անոր արժանաւոր յաջորդը եղած է տաղանդաւոր եւ բազմարդիւն երգիծաբան, վիպասան, թատրերգակ եւ հրապարակագիր Երուանդ Օտեան, որուն ծննդեան 150-ամեակն է այս տարի։

Նաեւ աւելցնեմ, որ մեր յիշած այս Օտեանը, թէեւ կը պատկանի ազգային մեծ դէմք՝ Գրիգոր Օտեանի գերդաստանին, բայց կը տարբերի՝ իր չմեռնող «Առաքելութիւն մը ի Ծապլվար» եռահատոր վէպով եւ մանաւանդ անոր «Ընկեր Փանջունի»ի հերոսով եւ որ իր եզակի երեւոյթով, եկաւ խայթելու մեր իրականութիւնը։

Արդ, Պոլիս ծնած եւ Եգիպտոս մահացած հեգնանքի, ծաղրի ու ծիծաղի միջոցով կեանքի թշուառ եւ ապականեալ իրականութիւնները պատկերացնող մեր երկրորդ երգիծագրի կեանքը եղած էր թերթէ-թերթ անընդհատ անց մը։

Իր ուսումը ինքնակրթութեամբ իրագործող այս տաղանդաւոր գրիչը, գրած էր իր ժամանակի հայ բոլոր թերթերուն անխտիր։ Գրած էր առատ եւ արագ ու յաճախ ալ առանց ներշնչումի եւ ամէն առիթով ու այս ձեւով ամէն տեղ ցրուած՝ իր անսպառ ծիծաղէն բաժիններ։

Ան նաեւ իբրեւ իրապաշտ գրող ճանչցուած հրապարակագիր, ամբողջ իր կեանքի ընթացքին հասարակական գործիչի կեանք չէր ունեցած, ինչպէս ունեցած էր իր հօրեղբայրը՝ Գրիգոր Օտեան։ Այսպէս, մինչեւ վերջ քաղաքէ-քաղաք վարած էր թափառական կեանք մը։ Մնացած էր ամուրի ու միշտ շատ սիրած խմելը ու վերջապէս դարձած օղիի երկրպագու, որուն իբրեւ հետեւանք, քայքայած էր իր առողջութիւնը։

Իր գործերուն մէջ, սկսելով «Չարշըլի Արթին Աղա»յէն եւ անցնելով «Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս», հասնելով մինչեւ «Թաղականին կնիկը»ին, «Միջնորդ տէր պապան»ին եւ վերջապէս իր հերոս «Ընկեր Փանջունի»ով, «Առաքելութիւն մը ի Ծապլվար»ին, ան մեր գրականութեան մէջ մնաց իբրեւ սրամիտ, ծաղրող եւ մարդկային զանազան թերութիւնները ձաղկող անզուգական հեղինակը։

Ու մենք սիրեցինք իր ՓԱՆՋՈՒՆԻՆ, պաշտելու աստիճան եւ այս ձեւով Օտեանը դարձուցինք մեր գրականութեան մէջ վարպետ մը, իր շրջապատի դրուագները, դէպքերը, դէմքերը պատկերելու եւ յօրինելու մասնագիտութեամբ՝ տաղանդաւոր երգիծագիր մը ։

Յիշեցի, որ ան գրած էր առատ, շատ եւ ամէն օր։ Շատ յաճախ իբրեւ ապրուստի «ճամբայ»։ Սակայն ասով հանդերձ, ծիծաղելի գրութիւններ ստեղծելու վարպետ մը ըլլալէ չդադրեցաւ։ Ասկէ մեկնած ծիծաղ յառաջացնելու համար կերպարներ ստեղծած էր։ Երգիծական իր տաղանդի բոլոր կարելիութիւններով, իր թարմ շունչին տակ առած էր մեր հասարակական կեանքի ընդգրկումներուն լայնութիւնը։

Այս ձեւով ինք ապրեցաւ եւ ապրեցուց Պոլսոյ ժողովրդական բարբառին բնիկ շունչն ու ոգին, անոր բոլոր ասոյթներով, զուարթաբանութիւններով միատեղ, որոնք մեծ տեղեր գրաւած էին իր երգիծանքին եւ կատակերգութիւններուն մէջ։

Իր հերոսներէն շատերը աղմկեցին, գրեցին, խօսեցան, խնդացուցին, դրամ մուրացին, բողոքեցին եւ սակայն առանց դրական գործ մը կատարելու։

Երբ կը խօսինք Երուանդ Օտեանի մասին անմիջապէս, եթէ ծանօթ ենք իր տաղանդին, մեր մտքին մէջ ու մանաւանդ մեր աչքին առջեւ կը պատկերենք իր այս հռչակաւոր «Ընկեր Փանջունի»ն, որ եկաւ դառնալու իր երգիծաբանական ոճին ամենէն յատկանշական ստեղծագործութիւնը, սրամիտ, գիւտարար, կուռ եւ աշխոյժ ոճով։

Որովհետեւ իր Փանջունին ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ յեղափոխական գործիչի տիպարով դէմք մը, իր ծիծաղելի բանգէտ կողմերով, յանդուգն «գործունէութեամբ», յոխորտ մեծախօսութիւններով եւ մանաւանդ անվերջ ու իրարայաջորդ ձախողութիւններով։

Մէկ խօսքով, իր ապրած օրերու յեղափոխական դէմքերուն տեսակ մը ընդհանուր տիպարի մը խտացման ծիծաղելի հայելին էր, այս գլուխ գործոց վէպը։

Ու Օտեան իր այս «գործով» եւ մանաւանդ անոր հերոսով, անկասկած պիտի ապրի մեր գրականութեան մէջ, ոչ թէ՛ իբրեւ զուտ վիպագիր, այլ՝ մեծ շատ մեծ երգիծաբան։ Իր վէպերը պիտի մնան իրենց այն մակարդակին, զորս մինչեւ հիմա մեր գրականութեան մէջ պահուած էին։

Երեւակայեցէ՛ք, վերջին հաշուով, եթէ այս բոլորը գրուած էին 20-րդ դարու սեմին, սակայն նոյնիսկ այս օրերուն, մեր ազգային կեանքէն ներս կը տեսնենք եւ կը հանդիպինք «փանջունի»ներու, որոնք թէեւ կը տարբերին նախկինէն, սակայն ապահովաբար պէտք է ըսել, որ եթէ Օտեան ողջ ըլլար, դարձեալ պիտի անդրադառնար ասոնց մասին եւ փոխանակ Ծապլվարի, հաւանաբար ըլլար՝ Երեւան, Լոս Անճելըս, Փարիզ եւ կամ սփիւռքեան այլ հայահոծ շրջանէ մը ներս ապրող հերոս մը։

Անոր համար Փանջունին նկատուած է անմահ, իր հերոսին եւ զինք հնարող գրիչին նման։

Արդ, կրկնելու գնով յիշեցնեմ, որ տաղանդաւոր երգիծաբան մըն էր Օտեան անկասկած։ Ծիծաղի վարպետ մը, որ իր տաղանդը սպառեց անթիւ էջերու մէջ եւ որոնք շատ յաճախ դատապարտուած են մոռցուելու։

Օժտուած սուր դատողութեամբ, անցքերու եւ անձերու ծիծաղելի կողմերը տեսնելու բացառիկ կարողութեամբ տեսակ մը ընդհանուր տիպարի մը խտացման, Օտեան գիտէր արագօրէն երեւան հանել մարդոց կեանքի երեւոյթներու հակասութիւնները։ Խորքին մէջ տեսակ մը քննադատ ալ էր, որ փոխանակ ուղղակիօրէն կատարելու մարդկային կամ ընկերային թերութիւններու մատնանշումը եւ ձաղկելու զանոնք, դիմած էր իր զէնքին՝ ծիծաղին։

Ահա թէ ինչու կ՚արժէ կրկին ու կրկին անգամներ կարդալ Երուանդ Օտեան, որովհետեւ ան մեր գրականութեան արժանաւոր երկրորդ երգիծաբանն էր, որուն ծննդեան 150-ամեակը պարտաւոր ենք նշել՝ արժանավայել եւ նոյնքան ալ հպարտանքով։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ 

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019