ՔՈՐՈՆԱՅԻ ՕՐԵՐՈՒՆ «ԱՌՈՒՏՈՒՐԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ»
Բովանդակ աշխարհ սարսափի մատնած քորոնաժահրի վարակի արագ տարածումը կանխելու նպատակով կ՚իրականացուին բազմաթիւ կանխարգելիչ հակահամաճարակային միջոցառումներ։ Մարդկութեան գոյութեան սպառնալիք հանդիսացող ժահրի տարածման առաջքը առնելու եւ զայն լիովին ճնշելու նպատակով բազմաթիւ երկիրներու մէջ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն։
Ամէնուր տարածուած է ժահրին մասին վարկածներ, սխալ կամ ճիշդ տեղեկութիւններ…
Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնն ու բազում երկիրներու ղեկավարները անընդհատ կը յղեն յորդորներ, որպէսզի մարդիկ լուրջի առնեն իրավիճակը եւ բծախնդրութեամբ հետեւին ու հնազանդին առողջապահական մարմիններուն կողմէ ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցառումներուն։ Առողջապահութեան համակարգի աշխատողները երկար ժամանակէ ի վեր արդէն պատուաստի որոնման եւ վարակի վերահսկողութեան առթիւ կ՚աշխատին մեծ յանձնառութեամբ եւ իրենց բոլոր ջանքերն ու զոհողութիւնները արժանի են բոլորի գնահատանքին։
Պատմութեան էջերուն արձանագրուած են բազում համաճարակներ, որոնք խլած են հազարաւոր, միլիոնաւոր մարդոց կեանքեր, սակայն այժմ համաճարակի դէմ փորձառութեան պակաս առկայ է։ Մարդիկ պատրաստ չեն աննախադէպ փոխանցիկ հիւանդութեան մը դիմադրելու։ Թէեւ ամէն վայրկեան տուեալները կը փոխուին, սակայն աւելի քան 100 երկրի մէջ յայտնաբերուած է մօտաւորապէս 250 հազար վարակուածներ եւ աւելի քան 11 հազար մարդ մահացած է անգութ հիւանդութեան պատճառով։
Քորոնաժահրի ստեղծած համաշխարհային իրավիճակը ունի հետեւանքներ ոչ միայն առողջապահական, այլեւ՝ տնտեսական։ Այս տագնապալի օրերուն ժահրի վարակումէն աւելի վտանգաւոր է խուճապը, որու պատճառով մարդիկ կը կորսնցնեն զգօնութիւնն ու առողջ դատողութեան ունակութիւնը։ Քորոնաժահրի ստեղծած սարսափելի թոհուբոհով՝ ամբողջ աշխարհի ահազանգի մէջ ըլլալը եւ երկիրներու կրած տնտեսական վնասը մտահոգութիւն պատճառելով խուճապի մատնեց բոլոր մարդկութիւնը։
Ընթացիկ դարու առաջնահերթ խնդիրներէն մին էր մարդկային ընկերութեան այժմու վիճակը։ Առցանց կատարուած գործողութիւնները ընտրովի էին, իսկ հիմա՝ պարտադիր։ Վարակի տարածումը կանխելու նպատակով ստեղծուած մեկուսացման գործընթացներ աւելի կրնան խորացնել արդէն իսկ բաւական հեռացած, յաճախ հեռակայ շփումներով պայմանաւորուած մարդկային յարաբերութիւնները եւ «անձնակեդրոնութիւն»ը։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մեզի ընձեռած հաղորդումներէն կը տեղեկանանք, թէ մարդիկ իրենց առած աննպատակ ու անգիտակից որոշումներու արդիւնքին կ՚ունենան անկում՝ թէ՛ հոգեկան եւ թէ նիւթական առումներով։ Ընկերային ցանցերու վրայ սփռուած տեսագրութիւնները կ՚ապացուցանեն մարդոց ագահութեան ու եսամոլութեան ծնունդ տուած «առուտուրամոլութիւն»ը։ Բազում երկիրներու կառավարութիւններուն կողմէ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն ներքեւ սկսաւ մարդոց արշաւը՝ դէպի առեւտուրի մեծ կեդրոններ, հանրախանութներ, դեղարաններ… Վարակէ պաշտպանուելու համար առաջին կարգի անհրաժեշտութեամբ իրեր. դիմակ, հականեխիչ, թուղթէ թաշկինակ, զուգարանի թուղթ, սնամթերք եւ այլն, առաւելագոյնս ամբարելու համար կը կատարեն աւելորդ գնումներ, կ՚ոտնահարեն ու կ՚անտեսեն շուրջիններու՝ իր երկրի միւս բնակիչներու իրաւունքները։ Միայն կը խորհին իրենց բնակարանները անվերջ ամբարելու մասին։
Նկատի ունենալով այս հարցը, բազմաթիւ երկիրներ նախաձեռնած են քայլեր՝ պաշարներու արագ սպառման հետեւանքով։ Մանաւանդ Եւրոպայի մէջ սահմանափակուած են հականեխիչ նիւթերու վաճառումը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հարաւային Ափրիկէի եւ Սպանիոյ մէջ ախտահանիչ նիւթեր գրեթէ վերջացած են։ Հարկ է նշել նաեւ, որ վերջին օրերուն առաւել թանկացած դիմակները եւս արագ կը սպառին։
Քորոնաժահրի տարածումը սպառնալիք է բոլոր մարդկութեան համար անկասկած։ Ի հարկէ, բոլորս ունինք ազատօրէն առեւտուր ընելու իրաւունք, սակայն այս խնդրին մասին պէտք է ամփոփ միտքով խորհիլ՝ նաեւ նկատի ունենալով ուրիշներու իրաւունքներն ու առողջութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024