ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԱՆՑԵԱԼ ԴԱՐՈՒՆ

Հայ նշանաւոր բժիշկ, առողջաբան եւ կազմախօս Վահան Արծրունին 1892-1893 թուականներուն եղած է հնդկախտ կամ սեւցաւ (քոլերա) կոչուած հիւանդութեան յարուցած համաճարակին դէմ մղուած պայքարի գործուն կազմակերպիչներէն մէկը: Պատմութեան մէջ եղած են քոլերայի բազմաթիւ համաճարակներ. Արծրունիի գործած ժամանակաշրջանին համընկած են հնդկախտի հինգերորդ եւ վեցերորդ համաճարակները, որ զանազան երկիրներու մէջ տարածուած են 1881-1896 եւ 1899-1923 թուականներուն միջեւ:

Մարդկութեան յայտնի առաջին հնդկախտի համաճարակը կը թուագրուի 1816-1826 թուականներուն. հակառակ որ բժշկութիւնը յետագային հետեւողականօրէն պայքարած է սուր աղիքային տարափոխիկ այդ հիւանդութեան տարածման դէմ՝ դեղեր եւ կանխարգելիչ միջոցներ գտնելով, մեր օրերուն տակաւին կ՚ըլլան հնդկախտի բռնկումներ: Վերջին համաճարակներէն յայտնի են 2008-2009 թուականներուն Զիմպապուէի մէջ բռնկածը, 2016-2017 թուականներուն Եմէնի մէջ անոր տարածումը. 2010-էն մինչեւ օրս ալ Հայիթիի մէջ հնդկախտի բռնկումներ կ՚ըլլան, իսկ այս տարափոխիկ հիւանդութեան վերջին մեծ համաճարակը ամբողջ աշխարհի տարածքին եղած է 1961-1975 թուականներուն եւ ծանօթ է «քոլերայի կամ հնդկախտի եօթներորդ համաճարակ» անունով:

Հնդկախտին հայրենիքը Հնդկաստանի մէջ Քանքէս եւ Պրահմապուտրա գետերուն ստորին բնակավայրերն են… Բայց հնդկախտը այդտեղէն հասած է նոյնիսկ աշխարհի ամենահեռաւոր անկիւնը, եկած մինչեւ Կովկաս եւ Հայաստան:

Ոչ միայն հնդկախտը, այլ նաեւ շատ վարակիչ հիւանդութիւններ ու անոնց համաճարակները չեն շրջանցած Կովկասն ու Հայաստանը: Ահաւասիկ, նշանաւոր բժիշկ Վահան Արծրունին, գործելով Կովկասի մէջ՝ իր ողջ կեանքը նուիրած է ժողովրդական լայն խաւերուն փոխանցիկ հիւանդութիւններու, համաճարակներու մասին տեղեկութիւններ հաղորդելով: Ան հայերէնով տպագրած է ատոնցմէ պաշտպանուելու գրքոյկներ, ձեռնարկներ, թերթիկներ որոնք տարածուած են բնակչութեան: Հայութիւնը առողջապահական հարցերուն իրազեկ պահելու համար Վահան Արծրունին 1902-1905 թուականներուն իր միջոցներով հրատարակած է նաեւ «Առողջապահիկ Թերթ» հանդէսը։ Այս հանդէսը բժշկական նիւթերով հայ մամուլի կարեւորագոյն անուններէն է, ուր ժողովուրդին մատչելի լեզուով կը տպագրուէր ամէն ինչ՝ գինեմոլութենէն մինչեւ հոգեկան տառապանքներ, պարբերական հիւանդութիւններէն մինչեւ նորածիններու խնամք. սեռային, ժառանգական, վարակիչ հիւանդութիւններու մասին բազմազան տեղեկութիւններ տեղ կը գտնէին հանդէսի էջերուն մէջ եւ ատոնք կը ստորագրէին նշանաւոր բժիշկներ եւ բժշկապետեր՝ Լայպցիկէն մինչեւ Փարիզ, Պոլիսէն մինչեւ Պաքու:

Վահան Արծրունիի կազմած գրքոյկները յաճախ լոյս կը տեսնէին այս հանդէսի հրատարակութենէն: Զանազան տարիներ ան հրատարակած է «Թոքախտ կամ բարակացաւ», «Ծաղիկ կամ ծաղկախտ եւ պատուաստ», «Ինֆլուէնցա կամ նոր ցաւ», «Խոլերայի մասին. Համառօտ հանրամատչելի հեղինակութիւն. Գլխաւորապէս Կովկասի հասարակ ժողովուրդին համար», «Դողերոցք կամ մալարիա», «Վարակիչ հիւանդութիւնները եւ անոնց թոյնը», «Վատ ցաւ կամ սիֆիլիս», «Ժանտախտ», «Հիբնոթիզմ», «Մի խմեր», «Մի ծխեր», «Մանկիկ», «Ամուսնութիւն» եւ բազմաթիւ նմանատիպ խորագրերով գրքոյկներ, որոնք սպասուած էին հայ ընտանիքներէն ներս:

Հարուստ կենսագրութիւն եւ մասնագիտական գործունէութիւն ունեցած է Վահան Արծրունի, որուն համաճարակներուն եւ վարակիչ հիւանդութիւններուն նուիրուած գործը այսօր կրկին կ՚արժեւորուի եւ այդ գիրքերը, զորս ան գրած է անցեալ դարուն, նոյն հետաքրքրութեամբ կ՚ընթերցուին նաեւ ներկայիս:

Արծրունիի պրոնզաձոյլ կիսանդրին դրուած է Երեւանի Պետական համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքի նախասրահին մէջ եւ կը խորհրդանշէ գիտնական-մանկավարժին դերը՝ Հայաստանի բժշկական համալսարանական գիտութեան եւ կրթութեան սկզբնաւորման գործին մէջ: Ան Հայաստան փոխադրուած է Ֆրանսա ուսանելէ եւ Թիֆլիզ երկար տարիներ աշխատելէ ետք:

Ծնունդով Նոր Պայազէտէն՝ այժմեան Հայաստանի Գաւառի շրջանէն է Վահան Արծրունին: Ծնած է Նոր Պայազէտ 1857 թուականին եւ մինչեւ 8-րդ դասարան կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Առաջին կիմնազիոնի մէջ։ Դպրոցական տարիներուն առընչութիւն ունեցած է Սոցիալ-դեմոկրատական որոշակի խմբակներու հետ եւ արտայայտած է բացայայտ հակացարական տրամադրութիւններ: Ըստ Վահան Արծրունիի կենսագիրներուն, այդ մէկը պատճառ եղած է, որ ցարական կառավարութիւնը անոր տայ «դեղին տոմս» մը, որ կը նշանակէր, թէ Ռուսաստանի կայսրութեան տարածքին ան որեւէ համալսարանի մէջ կրթութիւն ստանալու իրաւունք չունէր։ Աւելի՛ն, կը զրկուի նաեւ կիմնազիոնի մէջ ուսումը շարունակելէ: Այդ ժամանակ անոր հօրեղբայրը, որ տոհմի նահապետն էր, կ՚որոշէ Վահանը ղրկել Ֆրանսա:

1880 թուականին Արծրունին կը մեկնի Ֆրանսա, կը յայտնուի Սորպոնի համալսարանին մէջ, բայց ինչպէս կը կարդանք Արծրունիի ընտանիքի հարս, գրող Անուշ Ասլիբէկեան-Արծրունիի մէկ յօդուածին մէջ. «Կլիմայական փոփոխութեա՞ն, թէ՞ այլ պատճառով, ապագայ բժիշկը կը հիւանդանայ. ախտորոշումը հաւասարազօր էր մահ-ւան դատապարտման. պալարախտ՝ այդ ժամանակներուն համար անբուժելի հիւանդութիւն: Սակայն բախտը անոր կը ժպտի, փայլուն վիրահատութիւնը, որուն ընթացքին կը հեռացնեն ախտահարուած թոքը, երիտասարդին նոր կեանք կը պարգեւէ եւ այս վճռորոշ իրադարձութիւնը վերջինս կը դրդէ մինչեւ կեանքին վերջը նուիրուիլ բժշկութեան, առողջաբանութեան տեսութեան եւ առողջապահական ծառայութեան խնդիրներուն: Ան իր կեանքի օրինակով ցոյց տուաւ, որ մէկ թոք ունենալով ալ կարելի է ապրիլ երկար ու առողջ եւ օգտակար ըլլալ մարդկութեան»:

Անուշ Ասլիբէկեան-Արծրունի կինն է Վահան Արծրունիին ծոռին՝ ժամանակակից երգահան, մտաւորական Վահան Արծրունիին եւ ընտանիքի նշանաւոր մեծին գործը կը ներկայացնէ յաւուր պատշաճի: Վահան Արծրունին հիմնադրած ու ղեկավարած է Երեւանի Պետական համալսարանի բժշկական բաժինը (1922), իսկ աւելի ուշ՝ նորաբաց Բժշկական համալսարանի անդամազննութեան ամպիոնը (1926), «Մարդու մարմնակազմութիւն» հայալեզու առաջին դասագիրքի եւ «Ռուսերէն-լատիներէն-հայերէն բժշկագիտական եզրերու բառարան»ին հեղինակն է:

Ֆրանսայի մէջ ուսանելէ ետք Արծրունին 1889 թուականին կը վերադառնայ Թիֆլիզ, ուր կը նշանակուի քաղաքի Առողջապահութեան գլխաւոր բժիշկ, միաժամանակ կ՚աշխատի քաղաքային բուժարանին մէջ՝ որպէս քիթ-կոկորդի եւ ականջի հիւանդութիւններու բժիշկ, այդ գծով ալ մասնագիտացած էր Ֆրանսա եւ Թիֆլիզի մէջ աղքատ հիւանդները կը բուժէ անվճար։ Ի դէպ, իր հրատարակած թերթն ալ որոշ շրջաններու մէջ կը բաժնուէր անվճար:

Վահան Արծրունին հայկական դպրոցներէն ներս ներմուծած է «Առողջաբանութիւն» առարկային դասաւանդումը, հեղինակած է «Դպրոցական առողջապահութիւն» (1895) գիրքը, որուն մէջ կարեւորած է մարմնամարզութիւնը:

Ինչպէ՞ս ան Թիֆլիզէն փոխադրուած եւ վերջնականապէս հաստատուած է Հայաստան: Այդ մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ կան թէ՛ իր կենսագրութեան, թէ՛ Ա. Հանրապետութեան պատմութեան, թէ՛ ալ Խորհրդային Հայաստանի կազմաւորման առաջին տարիներու տարեգրութեան մէջ: Նախ կը տեղեկանանք, որ 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան Լուսաւորութեան նախարարութենէն ներս Վահան Արծրունին Թիֆլիզէն հրաւիրուելով պաշտօնավարած է իբրեւ Բժշկա-առողջապահական բաժնի վարիչ: Յետագային իր ներդրումը ունեցած է Խորհրդային Հայաստանի բժշկական ու առողջապահական ոլորտներէն ներս: Այդ տարիներուն արտասահմանէն բազմաթիւ այլ մասնագէտներ Հայաստան հրաւիրուած եւ վերջնականապէս հաստատուած են հայրենիքի մէջ. անոնց մէջ էին Մարտիրոս Սարեանը, Ալեքսանդր Թամանեանը, երաժիշտներ, բժիշկներ, ուսուցիչներ, ճարտարագէտներ եւ այլ մասնագէտներ, որոնք Հայաստան եկած էին՝ իրենց գիտելիքներով օգտակար ըլլալու…

Վահան Արծրունիի ջանքերով հայկական դպրոցներուն մէջ առաջին անգամ ներդրուած է դպրոցական բժիշկի հաստիքը եւ սորվողներուն առողջական վիճակին մշտական բժշկական հսկողութիւնը։ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանին մէջ Մարդակազմութեան թանգարանը նոյնպէս Վահան Արծունին հիմնած է եւ այսօր իր անունով կը կոչուի: Բժշկական համալսարանին մէջ իր անունով կայ կրթաթոշակ, որ կը տրուի լաւագոյն ուսանողներուն: Ան մահացած է 1947 թուականին՝ Երեւանի մէջ:

Երբ անցեալ դարասկիզբին Վահան Արծրունին Թիֆլիզէն Երեւան եկած է, բերած է իր կահոյքը, գրադարանը, բժշկական գործիքները: Ականաւոր բժիշկին երեւեանեան տան մէջ այսօր կը բնակի իր անուանակից ծոռը ընտանիքին հետ եւ Արծրունիին սենեակը նոյն ձեւով պահպանուած է, իբրեւ անցեալի յիշատակ:

«Առողջապահիկ Թերթ»ի առաջին թիւին մէջ, կարեւորելով նման թերթի գոյութիւնը՝ հայոց մէջ, յօդուածներ ստորագրած են աշխարհի բոլոր ծայրերէն հայ բժիշկներ եւ ղրկած Թիֆլիզ՝ խմբագիր Վահան Արծրունիին: Այդ յօդուածներուն մէջ է նաեւ հայ հասարակական գործիչ, բնագէտ, մանկավարժ, հայագէտ, խմբագիր, բժիշկ, Օսմանեան խորհրդանի անդամ եղած Նազարէթ Տաղաւարեանի յօդուածը, որ նուիրուած է օդի, լոյսի եւ արեւի բարերար ազդեցութեան՝ մարդու առողջութեան վրայ. յապաւումներով կը ներկայացնենք քովի սիւնակներուն մէջ, թուայնացնելով առաջին անգամ։

ՕԴՈՅ ԵՒ ԼՈՒՍՈՅ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԻԿ ԴԵՐՆ

Հին ազգերը կ՚աստուածացնէին բնութեան գլխաւոր տարրերն լոյսն, արեգակն ու օդն: Հնդիկ, եգիպտական, զրադաշտական եւ հայկական նախնի երգերուն մէջ մասնաւոր խանդով մը գովաբանուած էին արեգական լոյսն ու օդն, իբր կենսատու, բարերար եւ այլն:

Բժշկութիւնը իր մանկական կամ հիփոկրատեան շրջանին ճանչցաւ արեգական լուսոյ եւ օդի առողջարար եւ բուժիչ յատկութիւնները, ու այն ատեններէն կը հանդիպինք արեգական լոգանքի (bain de soleil) եւ բացօթեայ բնակութեանց պատուէրներու, նոյնիսկ պատգամի ձեւով, իբր դարման հիւանդութեանց:

Միջին դարուն արաբ բժշկութիւնն ու այս վերջինէն սնած իտալականն, ջատագովներ հանդիսացան արեգական լուսոյ եւ օդի առողջարար ազդեցութեանց, եւ նոյնիսկ առածներու ձեւին տակ համառօտեալ կը տեսնենք զայս. Օրինակ՝ «Ուր որ օդ կը մտնէ-անդ բժիշկ չի մտներ»: «Ուր որ լոյսն կը մտնէ-հիւանդութիւնք անկէ դուրս կ՚ելլեն»: Իբր հետեւանք այս սկզբունքներու, առողջապահք եւ բժիշկք սկսան քարոզել բնակարանաց հովահարման եւ լուսաւորութեան առողջապահիկ կարեւորութիւնը, առանց սակայն անոնց ազդեցութեան եղանակը հասկնալու:

ԺԸ. դարուն քիմիաբանական գիտութիւնը օդի բաղադրեալ մարմին մ՚ըլլալն ապացուցեց ու անոր կենսական տարրը երեւան հանեց: Այդ տարրը նախ օդ հրոյ, օդ կենսական, օդ մաքուր եւ այլն կոչուեցաւ, ու ապա Լավուազիէի կոչմամբ թթուածին անուամբ մկրտեցաւ: Այս տարրը օդի միայն մէկ հինգերորդական մասը կը կազմէ, իսկ անոր մեծագոյն մասը կազմող միւս տարրը օդ անշնչական, օդ ապականեալ, կալքարածին անուանուելէ վերջ, կոչուեցաւ անկենդան եւ բորակածին:

Հասկացուեց, որ առողջապահիկ յատկութիւնը աւելի իր թթուածին կազին վերագրուելու է: Սակայն թէ սա ինչպէս կ՚ազդէ, բնախօսութիւնը միայն կրնար բացատրել զայս: Եւ ան ցցուց, թէ այս կարեւոր կազը, շնչառութեամբ մարդոց եւ կենդանիներու թոքերը մտնելով, անդ այցելող արեան գնդակաց հետ կը միանայ եւ անոնց հետ շրջան կը մտնէ մարմնոյ ամէն մասերը, կը սնուցանէ զայնս եւ, կենդանային ջերմութիւն յառաջ բերելով, կեանք կը պարգեւէ կենդանային կազմածին: Միեւնոյն դերը կը կատարէ եւ բոյսերու մէջ, այսինքն, կը թափանցէ անոնց ծակտիկներէն, կը խառնուի անոնց հետ, եւ շրջան ընելով բոյսերու մէջ, կը սնուցանէ բուսային կազմածի մասնիկները:

Այս կարեւոր կազին ընկերացող անկենդան կազը չէզոք դեր մ՚ունի, աւելի-թթուածինի հետ խառնուելով կը մեղմէ անոր ջեռուցիչ եւ կիզիչ ազդեցութիւնը:

Իսկ գալով արեգական լոյսոյ ազդեցութեան, թէպէտ ի վաղուց անոր կենդանեաց եւ լուսոյ վրայ բարերար ազդեցութիւնը ճանչցուցած էր, սակայն վերջընթեր դարուն անոր բնախօսական ազդեցութիւնը գիտցուեցաւ ու գիտական աշխարհը հմտացաւ, թէ լուսոյ ազդեցութեան տակ, բոյսերը իրենց դալար մասերու բուսականաչի հատերու միջոցաւ օդէն սնունդ կ՚առնեն:

Բնախօսներ գիտցան նաեւ, թէ բուսականաչի հատերուն կազմութիւնը եւս լուսոյ ճառագայթներու ազդեցութեան տակ տեղի կ՚ունենայ: Այս է պատճառը, որ լուսոյ ազդեցութենէ զուրկ մնացած բոյսերը բուսականաչի հատերէ կը զրկուին եւ անգոյն կը մնան, ինչպէս գետնայարկերու եւ մութ մառաններու մէջ պահուած բոյսերը:

Լուսոյ կենդանիներու վրայ ըրած բնախօսական ազդեցութիւնն ալ ահագին է: Նախ, լուսոյ առաւելութեամբ ընդմէջ մաշկի եւ վերնամաշկի գունատու բջիջներու խաւը կը թանձրանայ, որոնք մորթին աւելի թուխ ու մութ գոյն մը կու տան եւ ընդդէմ ջերմութեան պատուար կ՚ըլլան (առանց որուն հաւանակաբար կը վնասուին ներքին բջիջները): Միւս կողմանէ լոյսը կը նպաստէ արեան գնդակներուն կազմութեան եւ գործունէութեան: Որու վասն եւ արեգական ազդեցութենէն զրկուած կենդանիներ, ինչպէս եւ բոյսերը, վերնամաշկի գոյնարտադրիչ բջիջները կը նուաղին, եւ մութին մէջ ապրող էակները գունատ կ՚ըլլան, ինչպէս հանքերու մէջ աշխատող գործաւորները, բանտարկեալները, գետնափորերու մէջ բնակող կենդանիները եւ մութ տեղեր հասած բոյսերը:

Բեւեռային բնակիչներու եւ կենդանիներու գունատութիւնն ու սպիտակութիւնը եւս այս պատճառաւ կը բացատրուի: Մթութեան մէջ ապրող կենդանիներու արեան գնդակները, որպէս նախ սպիտն (albumine) եւ նեարդիոն (fibrine) կը նուազին, իսկ ջուրը կ՚աւելնայ որմէ յառաջ կու գան զանազան հիւանդութիւններ, որպէս սակաւարունութիւն, ուռականութիւն, խուլախօսութիւն, ջրգողութիւն, ողնաթեքութիւն եւ այլն: Երբեմն ձորերու բնակիչներու խպիպաւորութիւնը եւ կրիտականութիւնը շատեր այդ վայրերու ըստ բաւականի լոյս չընդունելուն կը վերագրեն: Արդարեւ, ձորերը կը լուսաւորուին օրուան մի փոքր մասին մէջ միայն:

Հին բժիշկները երբեմն հիւանդներու եւ ողնաթեք տղամարդոց համար կը պատուիրէին մերկանդամ արեգական ազդեցութեան տակ մնալ: Արեգակը ոչ միայն արեան գնդակներու հարստութիւնը կ՚աւելցնէ, այլեւ արեան շրջանառութիւնը կ՚արագացնէ:

Այս բնախօսական հմտութեանց ծանօթութեամբ գիտուններ սկսան օդի եւ լուսոյ առողջարար ազդեցութիւնը քարոզել աւելի քան երբեք, եւ առողջապահներ եւ բժիշկներ յանձնարարել բնակարաններու հովասունութիւնն ու լուսաւորութիւնը, տկարակազմներու համար արեգական լոգանքներ, բացօթեայ բնակութիւն եւ նաւային երկար ճանապարհորդութիւնը, ուր այս երկու բարերար ազդակները (օդ եւ լոյս) միասին կը գործեն: Թոքային ուռականութեան ենթարկեալ եւ այլ վատակազմ անձերու կը յանձնարարէին ճանապարհորդել մինչեւ Աւստրալիա, ճանապարհորդութիւն, որ այն ատեն ամիսներ կը տեւէր, նոյնչափ ալ վերադարձի համար, եւ այսպէսով, հիւանդը, շուրջ տարի մը բացօթեայ եւ արեգական ազդեցութեան տակ կեանք մ՚անցուցած կ՚ըլլար, օդի թթուածինի եւ լուսոյ ազդեցութեան տակ եւ ընդհանրապէս բարելաւեալ կը դառնար:

Շուրջ քառորդ դարէ ի վեր ծնունդ առած Մանրէաբանական գիտութիւնը լոյսի ճառագայթներու եւ օդի թթուածինի յատկութեանց վրայ աւելցուց նաեւ այլ յատկութիւններ, այն է՝ այդ յանհունս փոքրերու (մանրէներու) սպանիչ զօրութիւնը, որ աղագաւ մանրէասպան ուժ համարուեցաւ:

Մանրէաբաններ թթուածինի եւ լուսոյ ազդեցութեան ենթարկելով մանրէներէ մշակութիւններ, կը մեղմացնեն մանրէներու ու անոնց արտադրած թոյնի-մանրէաթոյնի ազդեցութիւնը, իսկ եթէ այդ ազդակները աւելի ուժգին ու երկար ատեն ազդեն, մանրէներ կը մեռնին:

Այո՛, թթուածինն ու լոյսը մանրէասպաններ են, եւ առանց այս երկու ազդակներու մանրէներ եւ նամանաւանդ հիւանդառիթք այնչափ բազմացած պիտի ըլլային, որ ոչ միայն հողն ու մեզ պատող կենդանի թէ անկենդան առարկաները անոնցմով ծածկուած ու լեցուած պիտի ըլլային, այլեւ օդն ու ջուրը անոնցմով լիքը, մէկ խօսքով կեանքը անհնարին պիտի ըլլար ոչ միայն մարդոց, այլեւ կենդանիներու եւ բոյսերու համար:

…Ուստի, իբրեւ առողջապահիկ եզրակացութիւն, օդասուն ըլլալու են մեր բնակարանները եւ բնակավայրերն: Օդասուն ըլլալու են ամէն կարգի շինութիւնք, որպէսզի առատ եւ մաքուր օդ ունենանք շնչելու: Օդասուն ըլլալու են մեր բնակարանները, որպէսզի չկրնան բոյն դնել հոն մանրէները:

Մէկ խօսքով, առատօրէն վայելենք բնութեան մեզի շնորհած լոյսն ու մաքուր օդը եւ գործածենք զայն ի դարման մեր հիւանդութեանց:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՏԱՂԱՒԱՐԵԱՆ

1903, «Առողջապահիկ Թերթ»,
Թիֆլիզ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020