ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ. ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան իրողութիւնը սոսկ պատմական իրադարձութիւն մը չէ, որ անցեալին պատահած է եւ այդքանով սահմանափակուած, այլ՝ այն իրողութիւնն է, որով մարդկային մտածողութեան անկիւնադարձը եղած է, այլ խօսքով, Տէր Յիսուսի Յարութեան փաստը եկաւ մարդուն մէջ արմատաւորելու անմահութեան գաղափարը, մեր ապրած այս կեանքէն տարբեր՝ այլ կեանքի մը գոյութեան փաստն ու գրաւականը հանդիսանալով:

Քրիստոնեաները, արդարեւ, աւելի քան երկու հազար տարիներ, ամէն տարի կը յիշատակեն Յիսուս Փրկիչին Հրաշափառ Յարութիւնը, եւ ո՛չ միայն կը յիշատակեն, այլ՝ Յարութիւնը՝ Զատիկը կ՚ապրին, կը զգան եւ նախազգացումը կ՚ունենան յաւիտենական կեանքին: Աւելի՛ն, քրիստոնեաներ Սուրբ Յարութեան իրողութեան մէջ ո՛չ միայն պատահած դէպք մը տեսած են, այլ՝ բարոյական երանգ մը տուած են անոր: Այս ուղղութեամբ Մեսրոպ Եպիսկոպոս Նարոյեան կը գրէ. «Քրիստոնէական Զատիկը որ կը վերակոչէ սուրբ յիշատակը Տիրոջ Յարոթեան, բարոյական-հոգեկան կեանքի մը վերաստեղծումն է: “Զի ես կենդանի եմ, եւ դուք կենդանի լինելոց էք”. Ս. Յարութեան հաւատքը որքան կազդուրիչ ու փրկարար է կեանքի խաւարին եւ անէացման մէջ։ Ան վե՛ր առաւ մեռելութեան կափարիչը, որ կը ծանրանար հեթանոս մարդուն գերեզմանին վրայ: Սիրոյ ճառագայթները աստուածային լոյսի մը քաղցրութիւնը ծորեցին ապականութեան այդ դանդիռին մէջ հեծող հոգիներուն.- “Լոյս ծագեաց այնոցիկ որ նստէին ի խաւարի”. ա՛լ օտար ու թշուառ չենք զգար ինքզինքնիս այս ցուրտ երկրին մէջ, զոր յոռետեսները ցաւոց հովիտ կ՚անուանեն: Մեր հոգիները կը խայտան այդ ջինջ հաւատքովն ու աներկմիտ վստահութեամբը, որ Յիսուսէն կը բխի եւ կը միացնէ զմեզ յաւիտենականութեան: Քիչ մը հեթանոսական մտայնութիւն է կարծես թէ հանդերձեալ կեանքը իբր հակադրութիւն նկատել ներկայ պատահական տառապանքներու կամ սոսկական վիշտերու, առանց որոշ արժանիքներու եւ գիտակից ապրումներու,- “որոց զբարիս գործեալ իցէ ի յարութիւն կենաց եւ որոց զչար արարեալ ի յարութիւն դատաստանաց”: Վասն զի աշխարհ սքանչելի դպրոց մըն է կատարելագործուելու համար նկարագրով եւ հոգիով: Վիշտը, չարիքը, մահը գերազանց խթաններ են հոգեկան զարգացման, եւ բարոյական արժէքներն են որ կը շինեն ճշմարիտ կեանքը։ Ա՛յս եղած է անխախտ հաւատքը բոլոր սուրբերուն եւ ներքին փորձառութիւնը բոլոր նահատակներուն, որոնք Յիսուսի կեանքը ապրեցան:

Տիրոջ Ս. Յարութեան յիշատակը՝ ուրեմն՝ ճշմարիտ կեանքի բարձր խորհուրդը կը պատկերացնէ: Անով կը համոզուինք, թէ յաւերժապէս կ՚ապրի ինչ որ կայ ճշմարիտ, գեղեցիկ եւ բարձր մարդուն մէջ: Ամէն գործ, շարժում, գաղափար ուր կայ վերածնունդ, ստեղծագործութիւն, լոյս եւ սրբութիւն, հոն կայ յարութիւն, հոն կա՛ անմեռ տարր մը, որ վեր կը մնայ ժամանակէ եւ միջոցէ, որ աստուածային ցոլք մը կը բիւրեղացնէ իր մէջ, եւ որուն լուսեղէն թելերը կ՚երկարաձգուին մինչեւ աստուածային բարձունքները: Դարերու բարդ ի բարդ մշուշները անզօր են ստուեր ածելու այն աստուածային դէմքին վրայ, որ Յիսուսինն է, Փառաւորեալ Յարուցեալինը, որ մշտապէս կը ներշնչէ մեր սիրտերը, կ՚ուժաւորէ մեր դեդեւուն քայլերը, կը բոցավառէ մեր հաւատքը, եւ կը պատրաստէ յաւերժական երանութեան»:

Ահա այս մտածումներով է, որ կ՚ուզենք մուտք գործել դէպի Նոր կիրակի կամ Կրկնազատիկ, որ Սուրբ Յարութեան կիրակիին յաջորդող կիրակին է։ Նոր կը կոչուի, որովհետեւ կը տարբերի տարուան միւս բոլոր կիրակի օրերէն անով՝ որ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան յաջորդող առաջին կիրակին է։ Տակաւին, այս կիրակի օրով էր, որ Փրկիչը դարձեալ երեւցաւ վերնատան մէջ հաւաքուած աշակերտներուն. «Ութը օր ետք, աշակերտները դարձեալ ներսը հաւաքուած էին եւ Թովմաս իրենց հետ էր։ Հակառակ որ դռները գոց էին, Յիսուս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղ ու ըսաւ. ողջո՛յն ձեզի» (Յհ 20.26). Թովմաս առաքեալին անհաւատութիւնը փարատեց. «Յետոյ ըսաւ Թովմասին. մատդ բեր՝ հո՛ս դիր եւ տե՛ս ձեռքերս. բե՛ր ձեռքդ եւ դպցուր կողիս եւ անհաւատ մի՛ ըլլար, այլ՝ հաւատացեալ» (Յհ 20.27). անկէ ստացաւ փառաւոր վկայութիւնը. «Թովմաս բացագանչեց. Տէ՜րս եւ Աստուա՜ծս» (Յհ 20.28), եւ Թովմասի ընդմէջէն հրաշալի երանութիւնը տուաւ առանց տեսնելու Իրեն հաւատացողներուն «Յիսուս ըսաւ անոր. Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞. երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան» (Յհ 20.29)։

Յոյները այս կիրակին նաեւ Թովմասի կիրակի կը կոչեն, ի յիշատակ Թովմաս առաքեալի հաւատալուն։

Այս գրութեան մէջ պիտի բաւարարուիմ այսքանով, եւ խօսքը պիտի տամ մեր Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերէն՝ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի Եօթնալոյս Վարդապետին, որ ինք բացատրէ մեզի Նոր կիրակիի-Կրկնազատիկի մասին։

Եօթնալոյս Վարդապետը կը գրէ.

«Դարձեալ հանգամանօրէն կ՚ըսենք, թէ Նոր Կիրակի եւ Կրկին Զատիկ կը կոչուի այս օրը, որովհետեւ առաջին Կիրակին Զատիկն էր որ անցաւ, իսկ ասիկա՝ նոր է, որովհետեւ Յարութեան Կիրակիէն բացի ուրիշ Կիրակի չենք տօնած տակաւին. այլեւ՝ Երկուշաբթի կամ Երեքշաբթի, եւ այլն։ Այդ պատճառով ալ այսօր կրկին Զատիկ է՝ Առաջին Զատիկին վրայ։ Դարձեալ, Նոր Կիրակի եւ Կրկնազատիկ կ՚ըսուի, որովհետեւ հինին (Հին Ուխտին) մէջ Շաբաթ օրն էր հանգստութեան եւ Տէրունի օր։ Իսկ հիմա, Նո՛ր է Կիրակին, որովհետեւ Առաքեալները նոր օրէնք դրին՝ Կիրակի օրով դատարկանալ եւ հանգստանալ։ Եւ կրկին Զատիկ է, որովհետեւ Շաբաթ օրով մարմինի գործերէն ազատութիւն էր, եւ ասիկա ատոր վրայ կրկին Զատիկ է։ Դարձեալ, Նոր Կիրակի եւ Կրկնազատիկ է, որովհետեւ նոր կը տօնենք մեր հոգիներու փրկութեան նաւակատիքը՝ հոգեւոր ուրախութեամբ եւ տօնախմբութեամբ, եւ ո՛չ թէ հինին նման, որովհետեւ անոնց նաւակատիքը մարմինի ուրախութեան համաձայն էր միայն։ Եւ դարձեալ նոր օրհնութիւն կ՚երգենք, նոր մանկունք առագաստի, նոր յարութիւն առած Փեսային՝ նոր գերեզմանէն։ Եւ ատոր համաձայն թէ նո՛ր է նաւակատիքը եւ նո՛ր են երգերը, նոյնպէս եւ կրկին Զատիկ է եւ հոգեւոր ուրախութիւն ու ցնծութիւն։ Դարձեալ Նոր Կիրակի եւ Կրկնազատիկ կ՚ըսուի այն պատճառով, որովհետեւ մեզի նոր կը կրկնուի Աւետարաններուն ընթեցումները։ Որովհետեւ, Յարութենէն ետք այս ութ օրերը՝ մինչեւ այսօր, նշանաւոր Աւետարանները ընթերցուեցան, որոնք Քրիստոսի յարութեան հաւատարիմ վկաներն են։ Եւ իւրաքանչիւր Աւետարաններէն (Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս) ընթերցուեցաւ. երեքէն՝ նոյն օրուան մէջ, եւ մէկէն՝ յաջորդ օրը. որովհետեւ օրէնքին մէջ գրուած է, թէ “երկու կամ երեք վկաներով պէտք է հաստատուի ամէն բան” (Բ. Օր 19.15)։ Արդ, որովհետեւ Քրիստոս Աստուած է, նոյնպէս եւ՝ մարդ։ Երեքը մարդկութեան վկաներն են, եւ մէկը՝ Աստուածութեան. ինչպէս չորս Աւետարանիչները. երեքը՝ Քրիստոսի մարդկութեան վկայ էին, որու պատճառով մարմնաւոր ծնունդէն սկսան. եւ մէկը՝ Աստուածութեան կը վկայէր, որովհետեւ Յովհաննէս Աստուածութենէն սկսաւ։

Իսկ ասկէ ետք, առաւօտեան Ղուկասու (Աւետարանը) կը կարդան, Ճաշու (Ժամերգութեան)՝ Յովհաննէսինը. իսկ երեկոյեան՝ նախ Մատթէոսինը եւ ապա Մարկոսինը։ Այս է խորհուրդը. Ղուկասը բժիշկ էր, եւ բժիշկներուն սովորութիւնն է հիւանդներուն առաւօտեան դեղ տալ, մինչ ուրիշ կերակուր տակաւին չէ կերած. իսկ ճաշի ժամանակ կու գան եւ կը նային դեղը գործի ծառայած է, թէ՝ ոչ։ Այսպէս, առաւօտեան Ղուկասը մեզի հոգեւոր դեղ կու տայ. ճաշի ժամանակ առաքեալներուն հետ միասին կու գայ տեսնելու մեզ. որովհետեւ այն ալ Ղուկաս գրած է։ Իսկ Պատարագի ժամուն Յովհաննէսը կը խօսի մեզի. ինչպէս որ մարմնաւոր փեսան ոչ ոքի հետ կը խօսի, այլ՝ փեսան եղբայր անուանեց։ Այսպէս, Եկեղեցւոյ Փեսան՝ Քրիստոսն է, ինչպէս որ Ի՛նք ըսաւ. “Կարելի՞ է հարսանիքի հրաւիրեալներուն ըսել որ սուգ պահեն, երբ տակաւին փեսան իրենց հետ է” (Մտ 9.15)։

Իսկ Փեսային եղբայրը՝ Յովհաննէսն է, որովհետեւ խաչին վրայէն Մարիամին ըսաւ. “Ահաւասիկ զաւակդ. -եւ Յովհաննէսին ըսաւ- Ահաւասիկ մայրդ” (Յհ 19.26-27)։ Այդ պատճառով երբ Քրիստոս սեղան բազմած ըլլայ, մեր հետ Յովհաննէսը կը խօսի։

Իսկ երեկոյեան ժամուն երբ արեգակը կը խոնարհի, Մատթէոսը կը խօսի. որովհետեւ անիկա վերէն՝ Աբրահամէն սկսաւ եւ եկաւ մինչեւ Յովսէփն ու Մարիամը, որ ցոյց կու տայ Բանին մեր մօտ խոնարհիլը, արեւնամուտին նման. իսկ կատարումին՝ Մարկոսը (կը խօսի), որովհետեւ կ՚ըսէ. “…ճերմակ զգեստ հագած երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստած էր” (Մր 16.5), որ ցոյց կու տայ, թէ՝ ժամերգութեան վայրէն (որ է Եկեղեցին) նորոգուած եւ պայծառացած հոգիով տուն կ՚երթանք։

Այսքան Նոր Կիրակի եւ Կրկնազատիկ կոչուած օրի մասին» (Գիրք Ձմեռան, հատուած Նոր Կիրակիի քարոզէն, էջ 650-651)։

Երանի՜ մեր հոգիներուն համար մեր ապրած իւրաքանչիւր օրը առաջին Զատիկ ու Կրկնազատիկ դարձնենք, որպէսզի Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուած կարենանք յաջողութեամբ, եւ մեր դիմաց գլուխ բարձրացուցած դժուարութիւնները եւ փորձութիւնները յաղթահարելով հասնիլ Ճշմարիտ Լոյսին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսին, Որուն փառք, Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022