ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ
Ոսկեդարու հայ մեծանուն պատմիչ՝ պատմահայր Մովսէս Խորէնացի (ծնած մօտաւորապէս 410 թուականին եւ մահացած 493-ին), իր նշանաւոր «Հայոց պատմութիւն» ծաւալուն աշխատութեան մէջ տուած էր հայ ազգին բնութագիրը. «Թէպէտ մենք փոքր ածու ենք եւ շատ սահմանափակ թիւով ու զօրութեամբ թոյլ, եւ շատ անգամ օտար թագաւորութեան տակ նուաճուած, բայց եւ այնպէս մեր աշխարհին մէջ ալ քաջութեան շատ գործեր կան գործուած, գրելու եւ յիշատակելու արժանի...»:
Արդարեւ, հայ ժողովուրդը իր գոյութեան առաջին օրուընէ սկսեալ բազում յաղթանակներ ու պարտութիւններ կրած է։ Քանի-քանի անգամ ինկած եւ նորէն կանգնած է, բաց ճակատով շարունակած իր ուղին։ Երբ հայեացք կը նետենք անցեալին, անթիւ ու անսահման հպարտանալու առիթներ կ՚ունենանք մեր ազնուազարմ ժողովուրդով։ Անթաքոյց, յաճախ ալ յուսահատութեան, ամօթի ու զայրոյթի ալիք մը բարձրանայ մեր հոգւոյն մէջ։ Բարկութեան պահուն կը գիտակցինք, թէ հայ ժողովուրդի թշնամին՝ մեծ մասամբ իր ազգի տականքները եղած են։ Սակայն երբ կը սկսինք տրամաբանօրէն խորհիլ, կը հասկնանք, որ մեր ազգը մրուրներ ունենալու մէջ բացառութիւն չէ։ Ււրաքանչիւր ժողովուրդ՝ ինչպէս հերոսներ, հանճարներ, այնպէս ալ իր տականքները, ներքին թշնամիները ունեցած է եւ ունի։ Ինչպէս սեւն ու ճերմակը, չարն ու բարին՝ այնպէս ալ այս երկու տեսակը միշտ քով քովի քալած են ու կը քալեն։
Գիտակից տարիքէ սկսեալ, երբ կը թերթէի հայոց պատմութեան ու գրականութեան էջերը, պարզապէս զարմանքէն կը քարանայի, կը շուարէի, թէ ինչպէս մենք այսօր գոյութիւն ունինք, առաւել եւս՝ տէրն ենք ազատ ու անկախ երկու հայկական հանրապետութիւններու։ Բազում հզօր, աշխարհակալ ազգեր ու ժողովուրդներ պատմութեան հողմի տակ մնացին։ Այսօր անոնց անուններն ու պատմութիւնները միմիայն պատմաբաններուն յայտնի է։ Իսկ մենք՝ ափ մը ժողովուրդ, շատ յաճախ առանց պետականութեան, ինչպէ՞ս կրցանք, ինչպէ՞ս յաջողեցանք ամուր ոտքերու վրայ մնալ, շարունակ վերագտնել ու կորսնցնել… Անպատասխան հարցեր…
Տարիներ շարունակ երկար խոկալէ ետք, կարծեմ, ի վերջոյ կրցայ գտնել զիս այդքան երկար հետապնդող հարցերուն պատասխանը։
Եւ այսպէս, ըստ իս՝ դարերու խորքէն ճողոպրելով՝ փառահեղ յաղթանակներով ու պարտութիւններով մեր օրերուն հասած աշխարհի հինաւուրց ժողովուրդներէն մին՝ հայը, հայ ազգը պատմութեան թոհուբոհի հոլովոյթին կրցած է իր գոյութիւնը պահպանել շնորհիւ քրիստոնէական հաւատքի։
Չէ՞ որ, հայ ժողովուրդի ծոցին մէջ կը գտնուի Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներու միջոցաւ Աւետարանի քարոզչութեան օրհնութիւնը։ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի խօսքով՝ «Մենք այն բացառիկ երանելի ածուն ենք, որ մէկի փոխարէն երկու առաքեալներ ունեցած ենք՝ Թադէոս ու Բարդողիմէոս»։ Յիրաւի մեր ժողովուրդը իր խոր արմատներուն մէջ ունի այդ առաքեալներու, անոնց սրբազան մասունքներու օրհնութիւնը, զոր անսասան կը պահէ մեզ։ Որեւէ մրրիկ կամ փոթորիկ անզօր է մեզ ի սպառ ջնջելու, հայու անունը սրբելու երկրի երեսէն։ Ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ծոցէն ելած մեծանուն հայրապետներու օրհնութիւնները կը շարունակեն ուղղորդել ազգս հայոց։
Կարծես Թադէոս ու Բարդողիմէոս առաքեալները, երբ ոտք դրին հայոց աշխարհ՝ աստուածահաճոյ ժողովուրդիս համար սկսան պատրաստել ապուր մը, որուն յետագային համեմունքներ եւ անհրաժեշտ պարագաներ աւելցնելու եկան մեր մեծանուն հայրապետները, սուրբերը ի դէմս՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Նարեկացիի եւ ուրիշներու։ Մինչեւ օրս չի վերջանար այդ կախարդական ապուրը, որ դարեր շարունակ կը սնուցանէ հայութիւնը։
Մեր մեծ հաւատացեալներն ու հոգեւոր հայրերը, սրբազաններն ու կաթողիկոսները հաւատամքով՝ ամէն անգամ փայտէ շերեփով խառնելով այդ կախարդական ապուրը, հրաշք տեղի կ՚ունենայ, ապուրը կը շատնայ։ Եւ ապուրի միջոցաւ ալ՝ անոնք Տիրոջ օրհնութիւնը կը տարածեն աշխարհասփիւռ ազգիս ու Հայաստան աշխարհիս վրայ։ Առաքեալներէն սկսեալ, բոլոր հայրապետներուն ու սուրբերուն օրհնութիւնը ամէնուր մեզ կը հետապնդէ։
Ուրիշ մէկ օրինակի համաձայն՝ մեր ժողովուրդը կը նմանի դարաւոր հսկայ կաղնիի մը, որու արմատները շատ խորն են եւ իրենց մէջ կը կրեն Տիրոջ օրհնութիւնը։ Հազարամեակներու ընթացքին շատեր փորձած են արմատախիլ ընել ծառերու հսկան, բայց ոչ մէկը յաջողած է, քանզի ան իր խորունկ արմատներուն մէջ օրհնութիւն կը պարունակէ… Ճիշդ է, շատ անգամ մեր հակառակորդները յաջողած են տապալել կաղնին, գրեթէ հողին հաւասարեցնել, սակայն այդ օրհնուած արմատները ամէն անգամ նոր շիւեր տուած ու սկսած են աճիլ…
Որեմն՝ եկէք միասնաբար համաձայնինք, թէ հաւատքն է որ փրկեց, կը փրկէ ու պիտի փրկէ ազգս հայոց…
Ահաւասիկ գաղտնիքը բացայայտուած է։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ