ՄԵԾ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ
Մինչ Հայաստանի մէջ քաղաքական կիրքերը օրէ օր կը բորբոքին, Արցախը բոլորովին ուրիշ տրամադրութեան մէջ է: Տօնական եռուզեռ մը կը տիրէ Արցախի մէջ: Յունիսի սկիզբը տեղի պիտի ունենայ շատ մեծ մարզական ձեռնարկ մը, որ Արցախի մէջ մինչեւ այժմ կազմակերպուած ամենէն մեծ զանգուածային ձեռնարկը կը յաւակնի ըլլալ:
Չճանչցուած երկիրներու Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյենութիւնը այս տարի որոշուած է կազմակերպել Արցախի մէջ: Յունիսի 1-9 թուականներու միջեւ տեղի ունենալիք ֆութպոլի հրավառութեան, որուն կը սպասէ Արցախ շուրջ մէկ տարիէ ի վեր։ Արդէն իսկ պատրաստ են ֆութպոլի բաժակի պաշտօնական նշանը, քայլերգը, պաստառները, կայքը եւ միւս պաշտօնական խորհրդանիշները, որոնք պիտի գոր-ծածուին 2019-ի մրցաշարքի ընթացքին:
Արցախի մէջ եւրոպական նման նշանաւոր մրցաշարքի մը կազմակերպման որոշումը ընդունած է CONIFA-ն (ՔՈՆԻՖԱ՝ Անկախ ֆութպոլի ընկերակցութիւններու դաշնակցութիւն - The Confederation of Independent Football Associations): Ասիկա ՖԻՖԱ-ի կազմին մէջ չներգրաւուած ֆութ-պոլի, ֆութսալի եւ լողափնեայ ֆութպոլի ընկերակցութիւններու միջազգային կառավարող մարմինն է, որ հիմնադրուած է Շուէտի մէջ 7 յունիս 2013-ին, բայց բացի ՖԻՖԱ-էն, ՖԻՖԱ-ի օրինակով մրցաշարքեր կազմակերպելու փորձերը սկսած են տակաւին 1990-ականներու վերջերուն: Կազմակերպութիւնը ստեղծուած է, որպէսզի վերահսկէ չճանչցուած պետութիւններու միջեւ ֆութպոլի մրցումներու կազմակերպումը եւ ներկայիս պատասխանատու է չճանչցուած պետութիւններու ֆութպոլի համաշխարհային եւ Եւրոպայի ախոյենութիւններու կազմակերպման համար:
Համաշխարհային հասարակական այս կազմակերպութիւնը իր հիմնադրման օրէն աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ազգերու, փաստացի անկախ պետութիւններու, մարզերու, փոքրամասնութիւններու եւ մեկուսացած տարածքներու մարզիկներուն՝ դրսեւորելու իրենց կարողութիւնները, զարգանալու որպէս մարզիկներ եւ անհատներ։ Միութիւնը նաեւ ֆութպոլի, մշակոյթի եւ ընկերային արժէքներու միջոցաւ ազգերու եւ մեկուսացուած տարածքներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու, խտրականութեան վերացման ու արդար մրցակցութեան տարածման, աշխարհի տարածքին խաղաղութեան հաստատման նպատակները կը հետապնդէ։ Կազմակերպութեան մէջ այսօր յիսունչորս դաշնաւորումներ եւ համապատասխանաբար՝ յիսունչորս հաւաքական խումբեր կան:
Հիմնադրումէն տարի մը ետք՝ 2014 թուականին, CONIFA-ի հովանիին ներքոյ, սկսած են կազմակերպել ֆութ-պոլի համաշխարհային եւ Եւրոպայի ախոյենութիւններ: 2014 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի ֆութպոլի հաւաքականը, որ սովորաբար զրկուած էր միջազգային խաղերուն մրցելու հնարաւորութենէն՝ մասնակցած է CONIFA-ի առաջին Աշխարհի բաժակի խաղերուն՝ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ։ Ան գրաւած է 12-էն 9-րդ տեղը։ Այժմ հաւաքականը ամէնօրեայ մարզումներու մէջ է:
ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
CONIFA-ի առաջին աշխարհի ախոյենութիւնը տեղի ունեցած է 2014 թուականի յունիսին՝ Շուէտի Օստերսունտ քաղաքին մէջ։
Համաշխարհային երկրորդ ախոյենութիւնը տեղի ունեցած է 2016 թուականին՝ Աբխազիայի մէջ: Աշխարհի երրորդ ախոյենութիւնը կազմակերպուած է 2018 թուականին՝ Սոմալիի Պարաւա քաղաքին մէջ, իսկ 2020 թուականին կը կայանայ CONIFA-ի չորրորդ ախոյենութիւնը։
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի բաժակի ախոյենութիւններուն, ապա CONIFA-ի Եւրոպայի ախոյենութիւններ մինչեւ հիմա տեղի ունեցած են երկու անգամ՝ 2015 թուականին Հունգարիոյ, 2017 թուականին՝ Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ։ Երրորդ ախոյենութիւնը Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ եւ իբրեւ գլխաւոր հովանաւոր հանդէս կու գայ մարզական խաղադրոյքներու միջազգային sportsbet.io առցանց ընկերութիւնը:
Երբ 2013 թուականին ձեւաւորուած է CONIFA-ն, առաջին իսկ տարուընէ Արցախի Հանրապետութեան հաւաքականը անդամակցած է այդ կազմակերպութեան: Այդ ժամանակէն սկսած են բանակցութիւնները, թէ ինչպէս կարելի է ընել, որպէսզի մրցաշարք մը կազմակերպուի Արցախի մէջ: Անմիջական բանակցութիւններ սկսած են Արցախի կառավարութեան եւ CONIFA-ի ղեկավարութեան միջեւ: Արցախեան կողմը շահագրգռուած էր նման միջազգային տարողութեամբ ձեռնարկի մը կազմակերպումով Արցախի մէջ, քանի որ այդ մէկը ո՛չ միայն մարզական եռուզեռ կը ստեղծէ, այլեւ աշխարհը ուրիշ տեսանկիւնէ կը սկսի ճանչնալ Արցախը:
Արդէն կազմուած է քարոզչութեան եւ հանրային կապերու խումբ մը, որուն ղեկավարին՝ Հրաչուհի Բարսեղեանին հետ կապ հաստատելով, մանրամասնութիւններ ստացանք այս հետաքրքրական ձեռնարկին մասին: Ան նախ ըսաւ, որ CONIFA-ն ապաքաղաքական կառոյց մըն է, որեւէ տեսակի քաղաքական հարցեր չեն ներգրաւուիր եւ կազմակերպութիւնը ներսէն կը հետեւի, որ նման բան չպատահի: Ինքնաբերաբար, աշխարհը կը սկսի լաւ ճանչնալ այն երկիրը, ուր տեղի կ՚ունենայ այս ձեռնարկը:
Հրաչուհի Բարսեղեան վստահ է, որ աշխարհը, այս ձեռնարկին միջոցով, Արցախը կը տեսնէ բոլորովին ուրիշ տեսանկիւնէ, կը հասկնայ, որ լեռներու եւ գողտրիկ բնութեան մէջ ծուարած այս փոքրիկ պետութիւնը երիտասարդ, զարգացող, աշխոյժ երկիր մըն է, ուր կարելի է կազմակերպել այսպիսի ձեռնարկներ: Արցախը կը սկսին ճանչնալ նաեւ իբրեւ ֆութպոլ ունեցող երկիր մը, որ իր ետին նաեւ մշակութային մեծ ժառանգութիւն ունի:
Ախոյենութիւնը կը նպաստէ, որ Արցախի ենթակառուցուածքները զարգանան եւ արդէն իսկ մէջտեղ եկած է ենթակառուցուածքներու ամուր ցանց մը, երկիրը պատրաստ է ինն օրուան մէջ ընդունիլ շուրջ ինն հազար զբօսաշրջիկ: Արցախի պանդոկային տնտեսութիւնը միջազգային չափանիշներու հասցուած է, սակայն կառավարութիւնը կը քաջալերէ նաեւ վճարովի տուներու մէջ, նոյն չափանիշներուն համապատասխան, հիւրերու ընդունելութիւնը:
Խաղերը բաշխուած են ոչ միայն մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, այլեւ՝ Մարտունիի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի մէջ: Չորս քաղաքներու մէջ մարզադաշտերը նորոգուած, միջազգային չափանիշներու հասցուած են:
Արցախի մէջ կազմակերպուող այս ախոյենութիւնը ունի մեծ թիւով աջակիցներ, բացի Արցախի կառավարութենէն, նաեւ անհատներ, բարեսիրական կազմակերպութիւններ, ձեռնարկատիրական ընկերութիւններ յանձն առած են պատշաճ կերպով Արցախը ներկայացնելու գործը: Կազմակերպչական գործին մէջ ներառուած են կամաւորներ, որոնք հիմնականօրէն Արցախէն են. այս մէկը, մարդկային ներուժը ներկայացնելու առումով նոյնպէս կարեւոր մասնակցութիւն մըն է: Երկու հարիւր հոգիէ կազմուած կամաւորներու խումբը արդէն պատրաստ է, անոնք զանազան ձեւերով աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն մասնակիցներուն եւ հիւրերուն՝ թարգմանութիւններէն սկսեալ, մինչեւ ժամանցի կազմակերպում, փաստաթուղթերու կարգաւորում, հաղորդակցութիւն եւ այլն:
Հրաչուհի Բարսեղեան խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի արձագանգին մասին, նշելով, որ բոլոր այն մեծ ու փոքր ձեռնարկները, որոնք Արցախի մէջ կը կազմակերպուին՝ ատրպէյճանական կողմէն որոշ արձագանգ անպայման կը ստանան, այդ մէկը սպասելի է, բայց ամէն ինչ պէտք է ընել, որ այդ արձագանգները որեւէ կերպով չանդրադառնան ձեռնարկին վրայ, ձեռնարկը մնայ ապաքաղաքական բնոյթ ունեցող մարզական-մշակութային հրավառութիւն մը, որ միայն ուրախ եւ գեղեցիկ տրամադրութիւն պիտի պարգեւէ մարդոց: Իսկ այս նպատակին հասնելու լաւագոյն տարբերակը, ըստ Հրաչուհի Բարսեղեանին, լաւագոյն ֆութպոլ ցոյց տալն է: Միայն լաւ կազմակերպուած ախոյենութեամբ կարելի է աշխարհին ցոյց տալ, որ Արցախը խաղաղասէր պետութիւն է, յարձակողական բնոյթ չունի:
Ինչ կը վերաբերի մարզադաշտերուն, ապա անոնք ընդարձակ են. Ստեփանակերտի մարզադաշտը կ՚ընդունի 10 հազար մարդ, Ասկերանինը՝ 650, Մարտակերտինը՝ 2 հազար: Մարտունիինը՝ 1800: Կ՚ակնկալուի, որ զբօսաշրջիկներ, մարզասէրներ ներկայ ըլլան ոչ միայն Հայաստանէն եւ Արցախէն, այլ արտասահմանէն: Մասնակից խումբերը իրենց հետ կը բերեն իրենց եր-կըրպագուները, անոնց կ՚ընկերանան նաեւ օտար զբօսաշրջիկներ: Իսկ մասնակից երկիրները արդէն յայտնի են՝ անոնք նախկին խորհրդային տարածքէն եւ Եւրոպայէն են: Արցախէն բացի, չճանչցուած երկիրներու ֆութպոլի Եւրոպայի ախոյենութեան կը մասնակցին Աբխազիոյ, Սեկէյի Լանտի, Նիսի կոմսութեան, Տոնեցքի, Սափմիի, Չամերիոյ, Լուքանսքի, Սարտինիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ, Փաթանիոյ ֆութպոլի հաւաքականները: 12 խումբեր յունիս 1-9 թուականներու միջեւ կը պայքարին ախոյեանի տիտղոսին համար:
Ըստ հաստատուած խաղերու աղիւսակին, հաւաքականները կը բաժնուին չորս խումբերու միջեւ, իւրաքանչիւր խումբի խաղերը տեղի կ՚ունենան որեւէ մարզադաշտի մէջ: Ատկէ ետք, ըստ ֆութպոլին ախոյենութիւններուն համար սահմանուած կանոններուն, իւրաքանչիւր խումբի մէջ առաջին երկու տեղերը զբաղեցուցած հաւաքականները կ՚անցնին քառորդ եզրափակիչ, այնուհետեւ՝ կիսաեզրափակիչ, որմէ ետք՝ եզրափակիչ: Տեղի կ՚ունենայ նաեւ երրորդ տեղի համար պայքար: Ի տարբերութիւն ուրիշ ընդունուած ձեւաչափերու, որոնք սովորաբար կը կիրարկուին աշխարհի մէջ, այս ախոյենութեան երրորդ տեղը զբաղեցնող խումբերը նոյնպէս կը խաղան հինգերորդէն մինչեւ տասներկրորդ տեղերուն համար: Արդիւնքին կ՚ըլլայ բոլոր տեղերը զբաղեցնող սանդղակ մը:
Ընդհանուր առմամբ, նախատեսուած է քսանութ խաղ, որմէ առաջին կիսաեզրափակիչ եւ եզրափակիչ խաղերը կ՚ըլլան Ստեփանակերտի կեդրոնական մարզադաշտին մէջ, իսկ մնացեալ խաղերուն հաւասարապէս ներգրաւուած կ՚ըլլան բոլոր մարզադաշտերը:
Հակառակ որ այս ախոյենութիւնը քաղաքական նշանակութենէն զուրկ է, բայց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը, որ ընկերակցութեան անդամ է, արդէն յայտարարած է, որ ախոյենութեան պիտի չմասնակցի եւ պատճառը Արցախի մէջ տեղի ունենալն է:
Մասնակիցներուն համար հետաքրքրական պիտի ըլլայ ոչ միայն մրցաշարքը, այլ նաեւ նոյն ճակատագիրը ունեցող երկիրներէն վայրի մը մէջ հաւաքուած մարդոց հետ հաղորդակցիլը:
CONIFA-ի պաշտօնական կայքէջը կը բացուի Արցախը խորհրդանշող տարբերանշանով, հոն տեղադրուած է նաեւ այս տարուան ախոյենութեան քայլերգը՝ «Լոխ լաւա» խորագրով (Արցախի բարբառով՝ «Ամէն ինչ լաւ է»): Այս երգի երաժշտական հեղինակը Արտեմ Վալթերն է, երգը կը կատարէ «Արցախի ձայներ» երաժշտական խումբը: «Լոխ լաւա» բառերով Արցախը ամրան սկիզբը կը դիմաւորէ բազում մարզասէրներ եւ զբօսաշրջիկներ: Նախատեսուած է նաեւ մեծ թիւով լրատուամիջոցներու Արցախ այցելութիւնը: Ախոյենութեան խաղերը ուղիղ հեռարձակում կ՚ունենան, որ հնարաւորութիւն կու տայ տեղւոյն վրայ դիտել խաղերը: CONIFA-ի պաշտօնական կայքէջը հրապարակած է նաեւ խաղերը սպասարկող մրցավարական կազմը: Կ՚ըսուի, թէ ըն-տըրւած է արհեստավարժ մրցավարական խումբ մը:
Յատկանշական հանգամանք մը. CONIFA-ի Արցախի կազմակերպչական կոմիտէն յայտարարած է, որ ախոյենութեան բոլոր խաղերուն, ինչպէս նաեւ՝ բացումի, փակումի արարողութիւններուն մուտքը ազատ է։
Այս ախոյենութիւնը Արցախի համար աննախադէպ պիտի ըլլայ թէ՛ մարզական, թէ՛ մշակութային առումներով: Բացումը տեղի կ՚ունենայ յառաջիկայ յունիսի 1-ին՝ Ստեփանակերտի «Ստեփան Շահումեան» մարզադաշտին մէջ, տօնական ձեռնարկով, իսկ բուն խաղերը կը սկսին յունիսի 2-ին: Նախատեսուած է նաեւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին հրաժեշտ կը տրուի մասնակցիներուն: Մշակութային ձեռնարկները, ցուցահանդէսները, համերգները, փառատօները կը շարունակուին նաեւ ամէն օր՝ խաղերէն առաջ եւ վերջ:
Շուշիին, իբրեւ Արցախի մշակութային մայրաքաղաքի, մեծ դեր տրուած է այս հանդիպումներուն ընթացքին: Հիւրերը կ՚այցելեն Շուշի եւ Արցախի այլ պատմամշակութային վայրեր, կը վայելեն արցախցիին ջերմ հիւրընկալութինը եւ համեղ ուտելիքները:
Արցախի զարգացման տեսանկիւնէն CONIFA-ի ախոյենութիւնը դրական է Արցախի համար: Տնտեսութեան զարգացման համար, այս մէկը, անշուշտ, կարեւոր քայլ մըն է, բայց ամենակարեւոր շեշտադրումը Արցախի անունը՝ որպէս չճանչցուած երկիր, աշխարհի մէջ անգամ մը եւս հնչեցնելն է:
Մինչ Ատրպէյճանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը դատապարտած է «Հայաստանի կողմէ զբաղեցուած ատրպէյճանական տարածքներուն» վրայ մրցաշարք կազմակերպելը, եւ խոստացած է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ իրաւական քայլերը, ինչպէս նաեւ պաշտօնապէս դիմել ՖԻՖԱ-ին եւ Եւրոպական ֆութպոլի միութիւններու ընկերակցութեան, սակայն Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզի նախարար Նարինէ Աղապալեան յայտարարած է, որ մրցաշարքը մարզական, մշակոյթի եւ բարեկամութեան հրաշալի տօն է:
Ի դէպ, այս տարի Արցախի մէջ կը սպասուի մեծ մարզական ձեռնարկի մը եւս: Համահայկական խաղերու բացումը, ինչպէս յայտնի է, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոս 8-ին, Արցախի մէջ: Բացումէն ետք խաղերուն մէկ մասը կը տեղափոխուի Հայաստան, բայց տասնեօթ մարզաձեւերէն տասնմէկը տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ: Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն նախատեսուած է մասնակցութիւնը՝ սփիւռքի երեսունհինգ քաղաքներէն մարզիկներու:
Արդէն կարելի է պատկերացնել ամառնային հետաքրքրական մարզական եւ մշակութային օրերը՝ Արցախի զով գիրկին մէջ, հեռու քաղաքական անիմաստ բանավէճերէ եւ ցեխարձակումներէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ