ԹՈՒԱՅՆԱՑԱԾ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Քոյրս սենեակէն բղաւեց. 

-Մէկ վայրկեանէն կու գամ, ընկերոջս հետ համակարգչային խաղ կը խաղամ։ 

-Ո՞վ է այդ ընկերդ, հարցուցի։

-Fenqs ծածկանունով մէկը, պատասխանեց։ 

-Իսկ ի՞նչ է այդ ընկերոջդ իսկական անունը։

-Չեմ գիտեր, պատասխանեց քիչ մը զայրացած։ 

-Ո՞ր երկրէն է, հարցուցի։

-Կարծեմ Կիպրոսէն։ Օհ, ոչ գուցէ ան պուլկարացի է։ Չեմ գիտեր։ Հիմա սա կարեւոր չէ, ան արդէն դուրս մնաց խաղէն եւ անոր տեղը կը զբաղեցնէ «պոթ» մը։ 

-Այսինքն արհեստական բանականութի՞ւնը կը փոխարինէ ընկերդ։ 

-Այո, բայց սա կարեւոր չէ, յաճախ կը պատահի, խաղը կը շարունակուի։

Իրականութեան մէջ մեր օրերուն խաղացողներու մեծամասնութիւնը տարբերութիւն չեն տեսներ «պոթ»ի մը կամ մարդու մը հետ խաղալու միջեւ։ Թէեւ անոնք զիրար «ընկերներ» կը սեպեն, սակայն երբեք չեմ հասկնար, թէ ինչպէս Fenqs-ը եւ իմ քոյրը կրնան իրականութեան մէջ իսկապէս ընկերներ ըլլալ։ Հետաքրքրական է, թէ արդեօք նախահամացանցային դէմ առ դէմ ընկերութիւնը կը մնա՞յ համացանցէն յետոյ։ 

Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ընկերութիւնը եղած է «լաւ կեանք»ի մեր ըմբռնման կարեւորագոյն մասերէն մէկը։ Բարեկամութիւնը, ընկերութիւնը գլխաւոր նիւթ դարձած են բազմաթիւ գիրքերու, նկարներու եւ ամէն տեսակ արուեստական ստեղծագործութիններու... Ամէն տարի մեր կեանքի առաւել ու առաւել մասը կ՚անցընենք թուային միջավայրի մէջ։ Ըստ ուսումնասիրութեան մը, աշակերտներու մեծ մասը իրենց օրուայ գրեթէ 12 ժամը կ՚անցընեն համակարգիչի դիմաց, որովհետեւ այժմ իրենց դասերու վարժութիւններն ու պարտականութիւնները կ՚ընեն առցանց։ 2018 թուականի «Pew Report»ի համաձայն, 18-29 տարեկան մարդոց 90 տոկոսը կանոնաւոր ձեւով կ՚օգտագործեն ընկերային ցանցերը։ 2016 թուականին Ամերիկեան մանկաբուժութեան ակադեմիան նախազգուշացնող յայտարարութիւն մը հրապարակած է. «Երեխաները, որոնք կ՚օգտագործեն ընկերային ցանցերը, վտանգի տակ կը գտնուին խնդրայարոյց համացանցէն օգտուելու համար, իսկ շատ յաճախ տեսախաղեր խաղացողներ կախուածութիւն կ՚ունենան խաղալու»: Նոյնիսկ Սիլիքոնեան հովիտը հետզհետէ թերահաւատօրէն կը մօտենայ թուային իւթոփիային։ Փորձագէտներու 32 տոկոսը այժմ կը կարծէ, թէ թուային կեանքը կը վնասէ մեր հոգեկան առողջութիւնը յառաջիկայ տարիներուն։ Բայց մտերմութեան կորուստը կարծէք չ՚անհանգստացներ առցանց միջավայրի մօտ հասակ առնող երիտասարդները. անոնք կը յայտնեն, որ իրենց ընկերային կեանքը կ՚աշխուժանայ լայն շրջանակին կողմէ համացանցային «ընկերներու», զորս երբեք չեն տեսած դէմ առ դէմ: Աւելի լայն լսարանի կողմէ «լայք»եր ստանալը կը հաստատէ անոնց ինքնարտայայտումը։ 

Ընկերութեան մասին առաջին փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններէն մին է Արիստոտելի «Բարոյագիտութիւն՝ Նիքոմաքոսին» հատորը, որու մէջ շեշտուած է, թէ ընկերութիւնները, որոնք հիմնուած են լաւ ժամանակ անցընելու եւ իրարմէ օգտուելու վրայ, հեշտութեամբ կը ձեւաւորուին, բայց նոյնպէս հեշտութեամբ կը քանդուին, քանի նման կապերը թոյլ են։ Միւս կողմէ, խոր ընկերային կապերը կը զարգանան առանց փոխադարձ շահու ակնկալութեան։ Սա անձնուրաց բարեկամութիւն է եւ այս ընկերներէն կրնաք միայն քիչ թիւով ունենալ, քանի սա կը պահանջէ երկար ժամանակ ու մեծ ջանք։ Միեւնոյն ժամանակ, պէտք է շատ ժամանակ անցընէք այդ մարդոց հետ։

Դասընկերները, գործընկերները, ինչպէս նաեւ մարզիկները, ամուսինները, զինուոարականները եւ այլն կարելի է համարել բնականոն ընկերներ։ Այս օրինակները ցոյց կու տան, որ հարազատ ընկերութիւնը պէտք է համապատասխանէ երեք չափանիշներու. հասարակաց փորձառութիւն, հաւատարմութին, ընդհանուր նպատակ կամ մտաւոր կապուածութիւն։ Կրնանք մեր փորձառութիւնները ուրիշներուն հետ բաժնել առցանց, սակայն այս փորձառութիւնները թոյլ են՝ մեր դէմ առ դէմ ունեցածներու բաղդատմամբ։ 

Խոր բարեկամութեան համար անհրաժեշտ «յարաբերակցութիւն»ը կը բացակայի առցանց հաստատուած կապերու մեծամասնութեան մէջ: Թերեւս խոր բարեկամութեան ամենավճռորոշ յատկանիշը «անոր համար ընել» մասն է։ Միայն ամուր կապերը, որոնք ստեղծուած են հասարակաց փորձառութեան միջոցով, ունին իսկապէս փոխզիջումներու երթալու ներուժ: Բայց վիճելի է, թէ ինչո՞ւ համացանցի «ընկերները» կ՚անհանգստանան՝ ընկերական յարաբերութիւններ հաստատելէ: Երբ ամէն ինչ կը դժուարանայ, իմ առցանց ընկերը չի՞ դիմեր իր պակաս խնդրայարոյց, նուազ պահանջկոտ ընկերներուն: Երբ ես հարցուցի իմ քրոջ, թէ կա՞յ մէկը, որ ապուր բերէ քու հիւանդութեան ժամանակ. ըսաւ, թէ կրնայ անմիջապէս առցանց ապուր պատուիրել։ 

Անուրանալի է, թէ ընկերային յարաբերութիւնները՝ մանաւանդ ընկերային ցանցերու տարածումով, փոխուած են։ Երբ խօսքը կը վերաբերի ընկերութեան, ինչպէս միշտ, կարեւորը որակն է, ոչ թէ քանակը: Լայն ընկերային ցանցը, անշուշտ, մեծ հնարաւորութիւններ կու տայ յարաբերութիւններ հաստատելու եւ գիտելիքներ ձեռք բերելու համար։ Բայց եւ այնպէս, երիտասարդ սերունդը, որ իր կենսակերպը դարձուցած է համացանցը, պէտք է գիտնայ, որ իսկական ընկերութիւնը այն է, որ կանգնիս մէկու մը դրան առջեւ եւ ըսես՝ «ես այստեղ եմ» եւ որոշ ժամանակ մը անջատուիս բջիջայիններէն կամ համակարգիչէն։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2022