ՏԱՃԱՏ ՐԷԻՍ ՓԱՅԼՈՒՆ ՉԻ ԳՏՆԵՐ ՁԿՆՈՐՍՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ
Առաւօտուն ժամը 3-ին “Աքշամճը գահվէսի” գացինք: Անկիւնադարձին մօտ, զոյգ մը պահակներ երկար ատեն մեզ հետապնդեցին, մինչեւ որ ներս մտանք սրճարանէն: Սրճարանին ներսը սիկառի ծուխով պատած էր: Կէս պղտորութեան մէջ նշմարեցի մարմիններ, որոնք փռուած էին տախտակէ աթոռներուն վրայ ու կը մրափէին անշարժօրէն: Հացի, կեանքի պայքարին սպասումն էր այս: Քիչ վերջ երբ րէիսը գար, իսկոյն պիտի արթնցնէր բոլորը եւ եալլահ՝ բոլորն ալ ծով պիտի բացուէին կէս գիշերուան քունը կիսատ ձգելով:
Տաճատ րէիսին ահա այս սրճարանին մէջ հանդիպեցայ: Նստած կը խօսէինք Գրիգոր րէիսին հետ: Ան, անգամ մը առաւօտեան առաջին պայծառութեան նայեցաւ պատուհանէն եւ սիկառէն շունչ մը քաշելէ վերջ, սապէս ըսաւ.
-Բօրեազը սըխը պիտի ըլլայ: Նայէ դուրսի սա ծառին եաբրախներուն, ինչպէս շարժիլ սկսան:
Այդ օրը ձուկի ելլելը կարծեմ անկարելի պիտի ըլլար, որովհետեւ ներկայ բոլոր ձկնորսները նոյն հարցին շուրջ կարծիքի փոխանակութիւն կ՚ընէին:
Ըսի իրեն.
-Տաճատ րէիս մը կայ եղեր, ո՞ւր է անիկա:
Պահ մը երեսս նայեցաւ, յետոյ ժպտադէմ պատասխանեց.
-Իշթէ ան թամ քուկին ուզած մարդդ է: Պերնէն ուզածիդ չափ մասալ կրնաս առնել: Երեք օրէ ի վեր ծովն է: Երէկ եկողները անիկա ատաներուն բացերը տեսեր են: Մինչեւ քի թամ վուրղուն չընէ նէ չի գար: Եթէ տեսնաք կը հասկնաք թէ ինչ խօշ մարդ է: Անխըտար շատ կը խօսի քի... Հին պալըխճի է:
-Էն հին պալըխճին ո՞վ է:
-Էն հին պալըխճին Յուսիկին հարն է: Գրիգոր րէիս կ՚ըսեն իրեն: Եաման մարդ էր: Առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը խմէր: Ամմա հարցուր քի ի՞նչ կը խմէր: Իսբիրթոյի շիշէն կա՞յ եա, իշտէ ատով րախի: Եթէ րախի չգտնար, իսբիրթօ կը խմէր:
Քովերնէս մէկը բարձրաձայն խօսքի խառնուեցաւ եւ հարցուց.
-Ծօ Խաչիկ, աս գիշեր իւլիւֆէր կա՞յ մի:
-Կայ ամմա, մատրապազ խապզիմալէն ի՞նչ կրնաս փրցնել քի:
Միւսը հայհոյելով պատասխանեց.
-Մարդը էնայիի տեղ դրած են պէ: Քառասունըհինգ ղրուշէն լիւֆէր կ՚առնէ կոր: Կը հոտեցնեմ տէ, իրեն ա բապուճներս կուտամ:
Ես շարունակեցի հարցնել.
-Ձեր ապրանքները սիկօրթա կրնա՞ք ընել:
-Նասը կ՚ըսեն պէ քարտաշըմ, ձգէ աղերը, մօթօռները պիլէ սիկօրթա չեն ըներ կոր: Մեզի Աստուած սիկօրթա ըրած է:
Բնութիւնը այս մարդոց առջեւ ամէն քայլափոխի արգելք մը կը հանէ: Ես իմ հաշւոյս գոհունակութիւն կը զգամ որ առիթը ունեցայ ճանչնալու այս մարդիկը, որոնք ոչ թէ մեզի պէս սալոններու մէջ նստած կը խօսին, այլ կը պայքարին բնութեան հետ ի խնդիր իրենց ապրուստին:
Ասկէ առաջ ձկնորսները միանալով քօօբէրաթիֆ մը կազմեր են, սակայն ատկէ քանի մը հոգիէ զատ ոչ մէկը կրցեր է օգտուիլ: Պահեստի գումարն ալ լմնցեր է ու այսպէսով կործաներ է իրենց քօօբէրաթիֆը: Բայց իրենց գլխաւոր թշնամին խապզիմալներն են, որոնք չորս հինգ հոգի են եւ իրարու հետ միացած են ձկնորսներուն դէմ: Ամէն ձուկի գինը հարիւրին 60 համեմատութեամբ կը զեղչեն եւ ատկէ վերջ է որ կ՚առնեն: Ասոր արգելք հանդիսանալ կարելի չէ, որովհետեւ ուրիշ ծախու առնող մէկը գոյութիւն չունի:
Իրենք այս կացութեան սապէս ճար մը գտած են: Կ՚ուզեն որ ժողովուրդը վարժուի ձուկ ուտելու: Այո, կ՚ուզեն որ ժողովուրդը ձուկ ուտէ, որովհետեւ Թուրքիոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը որ Միջին Անատօլու կը բնակի, անծանօթ է ձուկին:
Կը փափաքին որ փոխադրական կազմակերպութիւն մը ըլլայ երկրին բոլոր քաղաքներուն ու բազմաթիւ գիւղերուն միջեւ: Ասկէ զատ կ՚ուզեն նաեւ որ կառուցուի սառնարան մը, որպէս զի ամառ թէ ձմեռ սպառում ունենան ամէն տեսակի ձուկերը: Բանակը դեռ շատ ձուկ չի գներ, մինչդեռ եթէ միսի չափ ձուկ ալ գնէ, այդ միայն բաւարար է իրենց:
Կը վախնան աժան ձուկ տալէ: Բայց ասոր կարելի չէ արգելք հանդիսանալ, մինչեւ որ խապզիմալներուն կազմած միութիւնը չը վերնայ: Կ՚ըսեն թէ բոլոր այս դժուարութեանց պատճառը անոնք են:
Ձուկի գիները յաճախ անկում կը կրեն, սակայն միայն ձկնորսէն ծախու առնուած ատեն: Ժողովուրդին ծախուած ատեն միշտ նոյնն են գիները եւ ձկնորսին տուած գինէն շատ աւելի բարձր են:
Եթէ այս բոլորը նկատի առնուին, այնպէս կը յուսան թէ ձկնորսութիւնը կրնայ նախանձելի դիրքի մը հասնիլ:
Ձկնորսներէն մէկը, զոր մինչեւ այդ պահը նշմարած չէի, ինծի մօտենալով ըսաւ.
-Քանի որ լրագրող ես, ըսեմ տէ գրէ: Բացերը եունուսները շատ են եւ յաճախ կը շրջագային խորունկ ջուրերու մէջ: Հիմա ատոնք որսալու կ՚աշխատին, որովհետեւ իր իւղին քիլօն 150 ղրուշէն ծախու կ՚առնեն շատ մը գործարաններ: Ասիկա մեզի սկսաւ մեծ վնաս պատճառել, որովհետեւ երբ անոնք բացերը կը շրջագային, միւս բոլոր ձուկերը, որոնք սակարանին մէջ գին ունին, անոնցմէ խրտչելով կը փախչին: Հիմա ձուկերը այս պատճառաւ սկսած են կամաց կամաց հեռանալ ցամաքի ջուրերէն: Ասիկա մեզի մեծ վնաս կը պատճառէ, որովհետեւ թէ՛ շատ կը սպասենք, թէ շատ օրական կուտանք աշխատողներուն եւ թէ շատ կը յոգնինք:
Հարցուցի թէ փոթորիկներու պատճառաւ երբեք հայ ձկնորս մը խեղդուա՞ծ էր մինչեւ այսօր:
-Ոչ, պատասխանեց ծեր ձկնորսներէն մին:
Ճիշդ այդ պահուն, սրճարանին դուռը բացուեցաւ ու բարձրահասակ, կոշտ քալուածքով, սակայն առնական կեցուածքի տէր մարդ մը ներս մտաւ սրճարանէն:
Այտերը կարմրած, չածիլուած ու մազերը իրար խառնուած էին: Պահ մը իր նայուածքները մեր բոլորին վրայ պտտցուց, օտարական մը ըլլալուս համար երկար ինծի նայեցաւ եւ յետոյ միայն “բարեւ” մը ըսելով սեղան մը նստաւ:
Միւսները սկսան խօսիլ անոր հետ:
-Է՜յ, Տաճատ րէիս, ըսէ տեսնենք, ծովուն պարգեւածը ի՞նչ է այսօր:
Միւսը հայհոյանք մը ընելէ վերջ քովինին դարձաւ եւ հրամայեց.
-Սիկառ մը տուր նայինք:
-Անկիւնը ժպտադէմ ծերունի մը նստած էր: Գէորգ րէիսին հարցուցի թէ ո՞վ էր ան:
-Հայկ ուստա կ՚ըսեն անոր, ըսաւ ըստախօզճի է: Հիմա արասըրա կօյկօյճիութիւն կ՚ընէ ասդիինին, անդիինին քով:
Կօյկօյճի բառը չէի հասկցած, հարցուցի թէ ի՞նչ կը նշանակէր: Տաճատ րէիսը խօսքի խառնուեցաւ, եւ հաստ ձայնով մը ըսաւ.
-Օղլում, կօյկօյճի ըսածդ եարտըմճի ըսել է: Էկէր րէիսներուն թէքնէները շատ ձուկ ըլլայ նէ եւ բռնուած ձուկը առնելու տեղ չունենայ նէ, այն ատեն աս կօյկօյճիները պզտիկ մօթօռներով ձուկը կը փոխադրեն: Իշտէ ատոնց կօյկօյճի կ՚ըսեն:
-Տաճատ րէիս, ըսի, քու քովդ քանի՞ հոգի կ՚աշխատի:
-Երկու կըրկըր ունիմ:
-Կըրկըր ի՞նչ ըսել է:
-Օղլում, կենանք տէ հիմա քեզի պալըխճի լիսանի՞ պիտի սորվեցընենք: Կըրկըրը ատ մեծ սանտալներուդ կ՚ըսեն: Ես երկու հատ ունիմ: Ամէն մէկուն մէջ տասվէրկու լազ կայ: Կ՚ընէ՞ մի քսանըչորս:
-Քանի՞ տարիէ ի վեր այդ մարդիկը քու քովդ կ՚աշխատին:
-Ամէն տարի նոր թայֆա կ՚առնեմ: Անանկները կան քի տահա չեմ ճանչնար պիլէ: Իմ հարըս ալ պալըխճի էր, ամմա ան ատենուան պալըխճիութիւնը ասօրուանին հիչ չի նմանիր: Հիմա արթըխ մեր զէնաաթն ալ ֆիյախալը եղաւ: Ամճաս գիտեմ քի եալընայախ տէրէպէյի պալըխճի մըն էր: Անոր անունն ալ Տաճատ է եղեր: Ատոր համար իմ անունս ալ Տաճատ դրեր են: Եաման մարդ է եղեր ամճաս, ամա օր մը զարկեր են: Աս աշխարհիս վրայ չափդ գիտնալու ես, եա չէնէ անոր պէս էշ նահատակ կ՚երթաս: Կնիկի խնդիր է եղեր:
Մատնանշելի խնդիր մը գտած էի։ Ուզեցի պրպտել թէ ի՞նչպէս եղեր էր դէպքը, բայց յանկարծ խօսքս կտրեց եւ ըսաւ.
-Զուրցեմ նէ ի՞նչ պիտի ընես քի: Հէլէ ադտեղը կեցիր նայինք: Կնիկի մէսէլէ է ըսի եա, իւսթ թարաֆը զաթէն իմ խելքս չէր հասներ, չիւնքիւ այդ օրերուն տակաւին վէլէթ եմ եղեր:
Խօսքը փոխեցինք եւ սկսանք խօսիլ ծովու մարդոց առողջութեանը մասին: Իր առաջին խօսքը սա եղաւ.
-Հարս 103 տարեկանին մեռաւ: Մեռած ատենը պիտի մեռնի տէյի վրան չէիր դներ, ամա մեռաւ իշտէ: 103 տարի պէ, խորհէ անգամ մը... ծովու մարդիկը ատոնք են իշտէ...
Պահ մը աչքերը պատուհանէն դուրս սեւեռեց եւ թէզպիխը հանելով մռլտալ սկսաւ.
-Չ՚ըլլար կոր, չ՚ըլլար կոր, արթըխ այս գործն ալ պաթմիշ կ՚ըլլայ կոր: Ենի եէթմէներուն ամէնն ալ եա թօռնաճի, եա թէսֆիյէճի կ՚ըլլան կոր: