ՀՌՉԱԿԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՏՈՂԱՆՑՔ

Ու­շագ­րաւ ցու­ցա­հան­դէս մը բա­ցուած է Ե­րե­ւա­նի Մաշ­տո­ցի պո­ղո­տա­յին վրայ գտնուող «Հայ-Ար­թ» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նին մէջ: «Յայտ­նի­նե­րը՝ հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու աչ­քե­րո­վ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը կը ներ­կա­յաց­նէ բա­ցա­ռիկ հա­ւա­քա­ծոյ մը, ո­ր կը պատ­կա­նի հայ­րե­նի ծա­նօթ լու­սան­կա­րիչ Վա­հան Քո­չա­րի հօ­ր՝ կրկին ծա­նօթ հայ լու­սան­կա­րիչ, Մեծ Ներ­գաղ­թի ժա­մա­նակ Ե­գիպ­տո­սէն Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թած եւ Հա­յաս­տա­նի գե­ղա­րուես­տա­կան լու­սան­կար­չու­թեան մէջ մեծ ա­ւանդ ու­նե­ցած Անդ­րա­նիկ Քո­չա­րին: Ան կը նկա­տուի գե­ղա­րուես­տա­կան լու­սան­կար­չու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը Հա­յաս­տա­նի մէջ: Անդ­րա­նիկ Քո­չար հե­ռա­ցած է կեան­քէն 1984 թուա­կա­նին եւ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ամ­բող­ջա­ցու­ցած է լու­սան­կար­չա­կան գոր­ծե­րու հա­ւա­քա­ծոյ մը, որ այ­սօր կը տնօ­րի­նէ որ­դին, որ ան ալ իր կար­գին տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հարս­տա­ցու­ցած եւ հա­մալ­րած է հա­ւա­քա­ծոն՝ ու­րիշ այլ գոր­ծե­րով, ինչ­պէս նաեւ իր լու­սան­կար­նե­րով:

«Հայ-Ար­թ» կեդ­րո­նին մէջ ցու­ցադ­րուած է այդ հա­րուստ հա­ւա­քա­ծո­յի մէկ մա­սը միայն։ Հա­ւա­քա­ծոն մե­ծա­թիւ լու­սան­կար­նե­րէ կազ­մուած է, եւ ինչ­պէս ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին տե­ղե­կա­ցուց Վա­հան Քո­չար, ինք իր հօ­րը, ա­պա՝ իր ըն­տա­նի­քին խնամ­քին տակ ե­ղած այդ հա­ւա­քա­ծոն ար­դէն նուի­րած է Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին, ա­ւե­լի ճիշդ՝ Ե­րե­ւա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին, պայ­մա­նով մը, որ ան ու­նե­նայ մշտա­կան ցու­ցադ­րու­թեան վայր մը: Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մէջ ա­րուես­տի հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը խոս­տա­ցած են Վա­հան Քո­չա­րին, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ կը բացուի հայ լու­սան­կար­չու­թեան թան­գա­րան եւ Անդ­րա­նիկ Քո­չա­րի լու­սան­կար­չա­կան հա­ւա­քա­ծոն կը ցու­ցադ­րուի այդ թան­գա­րա­նին մէջ: Վա­հան Քո­չար վստահ է, որ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող այդ գոր­ծե­րը այ­լեւս իր ըն­տա­նի­քին չեն պատ­կա­նիր եւ հան­րու­թեան սե­փա­կա­նու­թիւնն են, ինչ­պէս նաեւ, ցու­ցադ­րուե­լով, կրնան հե­տաքրք­րա­կան ըլ­լալ նաեւ Ե­րե­ւան քա­ղա­քի այ­ցե­լու­նե­րու, հիւ­րե­րու, զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հա­մար: Ըստ Վա­հան Քո­չա­րի, ե­թէ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիմ­նադ­րուի Լու­սան­կար­չու­թեան թան­գա­րա­նը, ա­պա ան ե­զա­կի պի­տի ըլ­լայ Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս:

Իսկ մին­չեւ լու­սան­կար­չու­թեան թան­գա­րան-ցու­ցաս­րա­հի հիմ­նու­մը՝ Վա­հան Քո­չար ո­րո­շած է հան­րու­թեա­ն ցու­ցա­հան­դէ­սով մը ներ­կա­յաց­նել հա­ւա­քա­ծո­յի ու­շագ­րաւ լու­սան­կար­նե­րէն՝ ա­ռան­ձին գրու­թիւն­նե­րով բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տա­լով հե­ղի­նակ­նե­րուն մա­սին:

Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ներ­կա­յա­ցուած աշ­խա­տանք­նե­րը ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում չեն տար Անդ­րա­նիկ եւ Վա­հան Քո­չար­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­յի մա­սին, բայց, դի­տե­լով, կա­րե­լի է զգալ հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու ա­մե­նա­տես աչ­քը, ա­նոնց լու­սանկար­չա­կան սար­քի ոսպ­նեա­կի ու­ժը, ո­ր սփ­ռուած է աշ­խար­հի տա­րած­քին: Լու­սան­կար­նե­րը կա՛մ նուի­րած են Քո­չար­նե­րուն, կա՛մ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը ի­րենք ձեռք բե­րած են, իսկ ո­րոշ լու­սան­կար­ներ ալ պար­զա­պէս բնօ­րի­նակ­նե­րէն բարձր ո­րա­կով ըն­դօ­րի­նա­կուած են:

«Հայ-Ար­թ» կեդ­րո­նին մէջ Անդ­րա­նիկ Քո­չա­րի հա­ւա­քա­ծո­յէն ներ­կա­յա­ցուած են 19-րդ դա­րա­վեր­ջի եւ 20-րդ դա­րու հա­յազ­գի շուրջ քսան լու­սան­կա­րիչ­նե­րու գոր­ծեր:

Սրա­հի ա­ռաջ­նա­յին պա­տե­րուն կա­րե­լի է տես­նել Եու­սուֆ Քար­շի, Անդ­րա­նիկ Քո­չա­րի, Ան­թուան Սեւ­րու­կի­նի, Ա­րա Կիւ­լէ­րի, Ար­թօ Գա­վու­քի, Գուր­գէն Րուզ­քե­րեա­նի, Ալ­պան Ա­համ Ալ­նաըղ­կեա­նի, Վրոյր Ա­րա­մի, Մա­նուկ Փո­լա­տեա­նի եւ շատ մը այլ հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու գոր­ծեր: Ա­նոնք նկա­րած են եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, հայ կա­թո­ղի­կոս­ներ, հո­գե­ւոր այլ ա­ռաջ­նորդ­ներ, յայտ­նի եր­գիչ­ներ, նշա­նա­ւոր կին գե­ղեց­կու­հի­նե­րու դի­ման­կար­ներ: Դի­մանկար­նե­րու կող­քին կան նաեւ նշա­նա­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ինչ­պէս՝ կա­թո­ղի­կոս­նե­րու հան­դի­պում, կամ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան դրօ­շի բարձ­րա­ցու­մը՝ ՄԱԿ-ի շէն­քին առ­ջեւ (1992 թուա­կան, Մարտ, ո­րու հե­ղի­նա­կը ան­ցեալ տա­րի կեան­քէն հե­ռա­ցած Հեր­ի Գուն­տաք­ճեանն է): Բա­ցի դի­ման­կար­նե­րէ եւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէ, ցու­ցադ­րուած են նաեւ բնու­թեան, մա­նուկ­նե­րու, կեն­դա­նի­նե­րու լու­սան­կար­ներ:

Ցու­ցադ­րուած գոր­ծե­րու հե­ղի­նակ­նե­րու մեծ մա­սը ապ­րած եւ ստեղ­ծա­գոր­ծած է Հա­յաս­տա­նէն դուրս, թէ­պէտ քիչ չեն նաեւ հա­յաս­տան­ցի լու­սան­կա­րիչ­նե­րը, ինչ­պէս՝ նոյ­նինք՝ Անդ­րա­նիկ Քո­չար, Վա­հան Քո­չար, Մար­տին Շահ­պա­զեան, Նեմ­րութ Պաղ­տա­սա­րեան: Նեմ­րութ Պաղ­տա­սա­րեան կը նկա­տուի Հա­յաս­տա­նի մէջ լու­սան­կար­չա­կան լրագ­րու­թեան հիմ­նա­դի­րը՝ 1920-ա­կան­նե­րուն: Հե­տա­գա­յին ա­նոր որ­դի­նե­րը՝ Հեր­պերթ եւ Մե­լիք Պաղ­տա­սա­րան­նե­րը շա­րու­նա­կած են եւ ա­նոնց­մէ Մե­լիք Պաղ­տա­սա­րեան տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ ի­րենց հօր գոր­ծը՝ տնօ­րի­նե­լով Հա­յաս­տա­նի նշա­նա­ւոր «Ֆո­թո­լու­ր» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը: Հա­յաս­տան­ցի ա­նուն­նե­րու կար­գին ու­շագ­րաւ են Վրոյր Ա­րա­մին գոր­ծե­րը, ով իբ­րեւ լու­սան­կա­րիչ 1915-1917 թուա­կան­նե­րուն մաս­նակ­ցած է Նի­կո­ղա­յոս Մա­ռի Ա­նիի հնա­գի­տա­կան պե­ղում­նե­րուն եւ այլ ար­շա­ւա­խում­բե­րու հետ լու­սան­կա­րած է պատ­մա­կան վայ­րեր: Ա­նոր անձ­նա­կան ար­խի­ւը այ­սօր պահ տրուած է «Է­րե­բու­նի» թան­գա­րա­նին, սա­կայն Ա­րամ Վրոյ­րէն լու­սան­կար­ներ կան նաեւ Քո­չար­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ:

Ցու­ցա­հան­դէ­սի մէջ մեծ թիւ կը կազ­մեն նաեւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան տա­րած­քին եւ Թուր­քիա ստեղ­ծա­գոր­ծած հայ լու­սանկա­րիչ­նե­րը:

ՀԱՅ ԼՈՒ­ՍԱՆ­ԿԱ­ՐԻՉ­ՆԵ­ՐԸ՝ ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻ ՏԱ­ՐԱԾ­ՔԻՆ

Ճա­կա­տա­գի­րը այն­պէս բե­րած է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի մեծ մա­սը սփռուած է աշ­խար­հով մէկ: Ա­մէն մէկ երկ­րի մէջ, ուր հանգրուա­նած է հա­յը, ան ցոյց տուած է իր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւնն ու տա­ղան­դը: Զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ ծնած եւ հան­րահռ­չակ դար­ձած հայ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու կար­գին փայ­լած են նաեւ լու­սան­կա­րիչ­նե­րը: Ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ա­ռու­մով ա­մե­նէն վաղ տուեալ­նե­րը կը պատ­կա­նին Ապ­տուլ­լահ եղ­բայր­նե­րուն: 19-րդ դա­րու կէ­սին, երբ լու­սան­կար­չու­թիւ­նը տա­կա­ւին նոր կը զար­գա­նար աշ­խար­հի տա­րած­քին, եւ գե­ղա­րուեստ ստեղ­ծող լու­սան­կա­րիչ­նե­րը տաս­նեա­կի չէին հաս­ներ, ա­նոնց շար­քին էին Ապ­տուլ­լահ եղ­բայր­նե­րը՝ Վի­չէն, Գէորգ եւ Ստե­փան, ո­րոնց վար­կը շատ բարձր էր սուլ­թա­նին մօտ: Եղ­բայր­նե­րուն կող­մէ լու­սան­կա­րուած են Ո­ւել­սի իշ­խա­նը, Միա­ցեալ թա­գա­ւո­րու­թեան գա­հա­ժա­ռանգ Է­տուըր­տ, Փրու­սիո­յի թա­գա­ւոր Ֆրե­տե­րիք Գ., Աւստ­րա-Հուն­գա­րիոյ կայսր Ֆրանց Ժո­զէ­ֆ եւ ու­րիշ շատ մե­ծա­նուն այ­րեր: Ե­գիպ­տո­սի Խտիւ Թե­վֆիք փա­շան, հիւ­րըն­կա­լուե­լով սուլ­թա­նին կող­մէ՝ Պոլ­սոյ մէջ, լու­սան­կա­րուած է Ապ­տուլ­լահ եղ­բայր­նե­րուն մօտ, ին­չ որ պատ­ճառ դար­ձած է նաեւ, թէ զա­նոնք հրա­ւի­րէ Գա­հի­րէ՝ լու­սան­կար­չա­տուն բա­նա­լու:

Ապ­տուլ­լահ­նե­րը հրա­տա­րա­կած են յի­սուն­մէկ լու­սան­կար­չա­կան ալ­պոմ՝ նուի­րուած Թուր­քիոյ եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի ազ­գե­րուն։ Այդ ալ­պոմ­նե­րը այ­սօր կը պահ­պա­նուին աշ­խար­հի հռչա­կա­ւոր գրա­դա­րան­նե­րուն մէջ:

 Ար­մե­նակ Արծ­րու­նի, Ա­ւե­տիս Շա­հի­նեան, Սար­գիս Համ­բար­ձու­մեան, Ա­րիս­տա­կէս Յով­հան­նի­սեան, Սկաութ Թու­ֆենկ­ճեան, Վեա­չես­լաւ Սարգ­սեան, Գա­րիկ Ա­ւա­նէ­սեան, Մա­նուկ Փո­լա­տեան, Մար­տի­րոս Դա­դա­յեանց... Աշ­խար­հի տա­րած­քին ստեղ­ծա­գոր­ծած հայ ա­նուն­նե­րը շատ են: Հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րը փայ­լած են օ­տար թեր­թե­րու եւ ամ­սագ­րե­րու է­ջե­րուն։ Ա­նոնք ստա­ցած են մի­ջազ­գա­յին մրցոյթ­նե­րու ոս­կեայ մե­տայլ­ներ։ Ա­նոնց­մէ ո­մանք ե­ղած են երկ­րի ա­ռա­ջին դէմ­քե­րու, հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րու անձ­նա­կան լու­սան­կա­րիչ­նե­րը՝ ուղեկցե­լով պաշ­տօ­նեա­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ եւ ար­ձա­նագ­րե­լով պատ­մա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ: Հե­տա­գա­յին հայ նշա­նա­ւոր լու­սանկա­րիչ­ներու գոր­ծե­րը ընդգր­կուած են մի­ջազ­գա­յին տա­րա­ծում վա­յե­լող պատ­կե­րա­գիր­քե­րու մէջ։ Ա­նոնց շա­տե­րու հայ ըլ­լա­լը ան­պայ­ման նշուած է կեն­սագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ:

Վա­հան Քո­չա­րի կազ­մած պատ­կե­րա­գիր­քէն կը տե­ղե­կա­նանք, որ Թիֆ­լի­զի հան­րա­յայտ լու­սան­կա­րիչ Բա­բա­լո­վ՝ Գրի­գոր Բա­բա­լեան, ար­ժա­նա­ցած է պար­գե­ւի՝ Նո­րին Կայ­սե­րա­կան Մե­ծու­թիւն Նի­քո­լայ Գ­.-ի կող­մէ: Ե­ղած է Պու­հա­րա­յի է­մի­րի լու­սան­կա­րի­չը, ինչ­պէս նաեւ՝ Պարս­կաս­տա­նի շա­հի պա­լա­տա­կան լու­սան­կա­րիչ­նե­րէն մին՝ ար­ժա­նա­նա­լով բարձ­րա­գոյն Ոս­կեայ Ա­ռիւ­ծի եւ Ա­դա­ման­դա­կուռ աստ­ղի:

Պա­քուի մէջ գոր­ծած ծա­նօթ լու­սան­կա­րիչ Դա­ւիթ Ռոս­տո­մեա­նի կնի­քը, որ պատ­կե­րուած է իր լու­սան­կար­նե­րուն վրայ, կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ վար­պե­տը ե­ղած է Պարս­կաս­տա­նի շա­հի ար­քու­նա­կան լու­սան­կա­րիչ­նե­րէն եւ նուէր­ներ ու շքան­շան­ներ ստա­ցած է իշ­խան­նե­րու, Պարս­կաս­տա­նի շա­հի, Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի, Բու­հա­րա­յի է­մի­րի կող­մէ: Ստա­ցած է Կրան-Փի՝ 1907 թուա­կա­նի Վիեն­նա­յի մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին:

19-րդ դա­րու վեր­ջի եւ 20-րդ դա­րու սկիզ­բի լու­սան­կա­րիչ­նե­րու գոր­ծե­րը կա­րե­լի է ճանչ­նալ ա­նոնց վրայ կա­տա­րուած լու­սան­կար­չա­կան կնի­քէն: Այդ կնի­քը լու­սան­կար­ի­չին ստո­րագ­րու­թիւնն է, ան­կէ կա­րե­լի է տե­ղե­կա­նալ թուա­կա­նին, ե՛րբ լու­սան­կա­րուած է լու­սան­կա­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ քա­ղա­քին եւ երկ­րին մա­սին, ուր գոր­ծած է լու­սան­կար­չա­տու­նը: Իսկ կնի­քը յա­ճախ ալ բարձ­րա­գոյն դիրք կը նշէր՝ այս կամ այն ար­քու­նի­քի, թա­գա­ւո­րա­կան նստա­վայ­րի կամ պաշ­տօ­նա­կան վայ­րի լու­սան­կա­րիչ ըլ­լա­լը փաս­տե­լով:

Հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րը մէկ վայ­րի մէջ հա­մախմ­բե­լու փա­փա­քը Վա­հան Քո­չար միշտ ու­նե­ցած է։ Ուս­տի այս ցու­ցա­հան­դէ­սը եւ ա­պա­գա­յին նաեւ Հայ լու­սան­կար­չու­թեան թան­գա­րան ու­նե­նա­լու գա­ղա­փա­րը այդ ա­ռու­մով ա­ռա­ջին նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը չէ։ Տա­կա­ւին տա­րի­ներ ա­ռաջ Վա­հան Քո­չար հրա­տա­րա­կած է «Հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­ր» պատ­կե­րա­գիր­քը, ո­ր հան­րա­գի­տա­րա­նա­յին եւ տե­ղե­կա­տուա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի։ Այդ պատ­կե­րա­գիր­քին մէջ ալ կա­րե­լի է գտնել չորս հա­րիւր ութ­սուն հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու մա­սին ամ­բող­ջա­կան տե­ղե­կա­տուու­թիւն, եւ այդ գիր­քի է­ջե­րէն ալ կա­րե­լի է տե­ղե­կա­նալ, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ ա­րա­բա­կան շատ մը եր­կիր­նե­րու մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ Կով­կա­սի, մա­նա­ւանդ՝ Թիֆ­լի­զի լու­սան­կար­չա­կան ա­րուես­տի զար­գաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րը մեծ ու ծան­րակ­շիռ ա­ւանդ ու­նե­ցած են: Աշ­խար­հաս­փիւռ հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը հա­մախմ­բե­լու ա­ռու­մով Վա­հան Քո­չա­րի կա­տա­րած զա­նա­զան աշ­խա­տանք­նե­րը տա­կա­ւին հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ե­զա­կի են:

Իսկ ցու­ցա­հան­դէ­սի այ­ցե­լու­նե­րը պար­զա­պէս կը հիա­նան սեւ եւ ճեր­մակ լու­սան­կար­չու­թեան խորհր­դա­ւո­րու­թեամբ, լու­սան­կար­չու­թիւն, որ շատ հե­ռու է եւ միա­ժա­մա­նակ ար­ժէ­քա­ւար է այ­սօ­րուան թուա­յին աշ­խար­հի վե­րամ­շա­կուած լու­սան­կար­չու­թե­նէն:

Մին­չեւ 12 Յու­լիս այս ինք­նա­տիպ ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի ըլ­լայ «Հայ Ար­թ­»ի եր­դի­քին ներ­քեւ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015