ՓԱՒՍՏՈՍ ՊԱՏՄԻՉԻ ԳՐԻՉՈՎ՝ ՀԱՅՈՑ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
Հայ եկեղեցականութեան ցուցաբերած մեծ եռանդին չնայելով՝ «հեթանոս հայ»ը քրիստոնէաբար կրթել, նկատի չունենալով Աշտիշատի Ժողովի դրած օրէնքները՝ որով ժողովականները «հայ աշխարհի բոլոր բնակիչները վանական միաբաններ դարձուցին՝ բացի միմիայն ամուսնութեան կողմէ», ինչպէս կը վկայէ Փաւստոս պատմիչ, բայց եւ այնպէս այդ ջանքերը ընդհանրութեան համար ապարդիւն անցան եւ այս երեւոյթի պատճառը ճշմարտախօս Փաւստոս պատմիչ հետեւեալ խօսքերով կը բացատրէ։
«Քանի որ հին ժամանակներէ ի վեր, երբ հայերը «քրիստոնեայ» կոչուեցան, անոնք այդ կրօնը ընդունեցին իբրեւ մարդկային կրօն եւ ոչ թէ ջերմեռանդ հաւատով, անոնք ընդունեցին այդ կրօնը իբրեւ «մարդկային մոլորութիւն» մը՝ պահանջքէ ստիպուած, բռնադատուած, եւ ոչ թէ ինչպէս պէ՛տք է ըլլայ, գիտութեամբ, եւ այսպէս ընդունեցին անոնք միայն, որոնք քիչ-շատ յունարէն կամ ասորերէն գիտէին, իսկ որոնք որ այս գիտութիւնը չունէին - ստրուկներու խառնիճաղանճ բազմութիւնը, ժողովուրդը, նախարարները կամ շինականները (շինական=գիւղի բնակիչ, գիւղացի) շատ խեղճ էին, եւ եթէ վարդապետները գիշեր ու ցերեկ յորդահեղեղ անձրեւի նման իրենց քարոզութիւնը թափէին անոնց գլխուն, անոնցմէ ո՛չ ոք եւ ո՛չ մէկ խօսք, եւ ո՛չ կէս խօսք եւ ո՛չ փոքր բան մը կրնային հասկնալ, քանի որ անոնց միտքը անօգուտ, անպիտան բաներով միայն զբաղուած էր եւ կարեւոր բաներու մասին ամենեւին հոգ չտանելով՝ անոնք իրենց կեանքը կը մաշեցնէին չնչին բաներ սորվելու, իրենց հին հեթանոսական սովորութիւնները կատարելու, իրենց վիպասանական-առասպելական երգերը սիրելու…» եւ այլն։
Այս ընդհանուր տեսարանը եւ նկարագիրը լուսաբանող փաստեր եւս կը բերէ Փաւստոս Բիւզանդ եւ այն՝ թէ՛ աշխարհականներու եւ թէ հոգեւորականներու կեանքէն։ Յուսիկ Հայրապետի երկու որդիները անառակ կեանքի կատարեալ մարմնացումն են՝ որոնք անպատկառ կերպով կը ծաղրէին ամէն սրբութիւն։ Մրջիւնիկ երէցը պարգեւի ակնկալութեամբ Սուրբ Հաղորդութեան բաժակի մէջ թոյն է խառնած եւ թունաւորած է Ողիմպիա թագուհին։ Փառէն Հայրապետի որդին՝ Յովհաննէս Եպիսկոպոսը՝ արծաթսիրութեամբ խեղկատակութիւններ կատարած է թագաւորի արքունիքի մէջ կամ բռնաբար անարժաններ ու տգէտներ քահանայ ձեռնադրած է։ Մուշեղ Մամիկոնեանի ազգականները տակաւին կը հաւատային «Առլէզներ»ու գոլութեան եւ անոր դիակը բարձր աշտարակի վրայ կը դնէին՝ որ կենդանանայ, եւ այլն եւ այլն, որոնք կը պատմէ Պատմիչը։
Արդարեւ այս երեւոյթը հարաւ կարելի է բացատրել անով՝ որ դարերով հեթանոս ժողովուրդը կարող չէ՛ր միանգամէն կերպարանափոխուիլ, որչափ եւ ջանք գործ դրուէր, ինչ որ հասկնալի է եւ բնական։
Բայց կային եւ այլ պատճառներ՝ որոնց մասին պէտք է խօսիլ մանրամասնօրէն եւ առանձին, գլխաւոր պատճառներէն մէկը հոգեւորականներու ուրիշ ազգերու պատկանիլն էր, իսկ միւսը այն՝ որ ժողովուրդի լեզուով եկեղեցական գրականութիւն չկա՛ր, որ եկեղեցիի ժամասացութիւնը կը կատարուէր այլազգի հոգեւորականներու լեզուով՝ ասորի կամ յոյն լեզուներով՝ որմէ ո՛չինչ կ՚օգտուէին հաւատացեալներ, ո՛չինչ կ՚օգտուէր հայ ժողովուրդը, ինչպէս կը նկատէ Փարպեցին, թէեւ Սուրբ Գրքի ընթերցումները թարգմանողներ եւ մեկնողներ եւս կային եկեղեցիներու մէջ, որոնք մասամբ կ՚օգնէին ժողովուրդին։
«Բարոյական կերպարանափոխութիւն» հայ ժողովուրդի մէջ մտաւ այն օրուընէ՝ երբ հանճարաշատ Մաշտոցի շնորհիւ հայերէն լազուի տառերը յօրինուեցան, հայ դպրոցներ բացուեցան եւ հայ գրականութիւն սկսաւ. եւ այդ իսկ ժամանակէն եւ Հայ Եկեղեցին «հայացա՜ւ»։
Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ «բարոյական կատարելութեան հասնելու ձգտում»ը մարդկութեան մէջ ամէն ժամանակ եղած է եւ կա՛յ, եւ այդ ստացած է տեսակ-տեսակ ուղղութիւններ։
Այս տեսակ ուղղութիւններէն մէկը եղած է ճգնաւորական ու անապատական կեանքը՝ յատուկ ո՛չ թէ միայն քրիստոնէութեան, այլ եւ աւելի հին արեւելեան կրօններու՝ պուտտայականութեան եւ հրէութեան։ Քրիստոնէութեան առաջին դարուն կատարելութեան ձգտող անհատներ չէին բաժնուեր մարդկային հասարակութիւններէն, այլ միայն կը նուիրուէին «աղքատիկ կեանք»ի, սրբութեան, պահեցողութեան եւ աղօթքի։ Ուստի միմիայն այս կեանքի նուիրուողներ՝ այսպիսի անհատներ «ճգնաւոր» կը կոչուէին։
Ինչպէս ըսինք, «բարոյական կերպարանափոխութիւն» եւ մանաւանդ «բարոյական կատարելութիւն» կը կարօտի հաստատամիտ աշխատութեան եւ երկար ժամանակի, շրջանի։
Բայց Գ. դարուն այսպիսի անհատներ հետզհետէ հեռացան մարդկային բնակութիւններէն՝ քաշուեցան անապատներ եւ առանձնական կեանք սկսան անցկացնել եւ կոչուեցան «անապատական» կամ «միայնակեաց»։
Անապատական այս կեանքը 340 թուականներուն կը կերպարանափոխուի Պաքոմիոսի ձեռքով՝ կը սկսի «վանական կեանք»ի, որ ապա կ՚ընդհանրանայ ամէնուրեք։
«Անապատական կեանք»ը հայերու մէջ Դ. դարուն բաւական զարգացած էր, ինչպէս Փաւստոս Բիւզանդ կը ներկայացնէ։ Բայց Դ. դարէն շատ հին ճգնաւորական կեանք գոյութիւն ունէր Հայաստանի հարաւային մասերուն մէջ՝ ուր լեռները կ՚ապրէին «Ոսկիք» կամ «Ոսկեանց» «խոտաճարակ» կոչուած ճգնաւորները, եւ որոնց հետեւող ու աշակերտ հանդիսացան «Սուքիասեաններ»ը։ (Խոտաճարակ=խոտակեր, խոտ ուտելով սնանող)։ Երբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայոց եկեղեցիի կազմակերպութիւնը գլուխ հանեց, ինքն ալ իր կեանքի վերջերուն ճգնութեան նուիրուեցաւ Եփրատի մօտ Ոսկիք կոչուած տեղը կամ Սեպուհ լեռը, ուր իր կեանքը կնքեց։ Անոր օրինակին հետեւեցաւ Դանիէլ ասորին՝ որու ճգնական կեանքի մասին մեծ յափշտակութեամբ կը խօսի Փաւստոս Բիւզանդ։ Ան ունեցաւ բազմաթիւ աշակերտներ՝ Շաղիտա, Եպիփան եւ Գինդ, որուն բովանդակ Հայաստանը կը կոչէր «վարդապետ», եւ որը ունեցաւ նո՛յնպէս բազմաթիւ հայ հետեւողներ։
Փաւստոս կ՚ըսէ, թէ՝ անոնք հեռացած էին աշխարհէն, Աստուծոյ սիրոյն համար…։
-Օգտուեցանք՝ «Հայոց Եկեղեցու Պատմութիւն»էն, 1908։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 17, 2016, Իսթանպուլ