ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՍԵՆԵԱԿԸ՝ «ԵՐԵՒԱՆ» ՊԱՆԴՈԿԻՆ ՄԷՋ

Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող «Կրանտ հոթել Երեւան» պանդոկին մէջ օրերս բացուեցաւ աշխարհահռչակ հայ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի անունը կրող սենեակը: Բարձր դասի առաջնակարգ սենեակ մըն է, որ ամբողջութեամբ կը կրէ համաշխարհային դասական երաժշտութեան անուանի հսկային շունչն ու ոգին:

Այսպէսով, Արամ Խաչատուրեանի սենեակը եկաւ համալրելու հինգ աստղանի պանդոկին մէջ գործող միւս հայ մեծերուն անուններով կոչուած սենեակներուն կարգը:

«Կրանտ հոթել Երեւան»ի մէջ նախորդ տարիները բացուած են նաեւ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի, արձանագործ, նկարիչ Երուանդ Քոչարի, բեմադրիչ, նկարիչ Սերկէյ Փարաճանովի եւ ֆրանսահայ երաժիշտ Շարլ Ազնաւուրի անունով բարձր դասի առաջնակարգ սենեակներ: Անուններուն ընտրութիւնը պատահական չէ. այս մարդիկ, Երեւան կեցութեան օրերուն զանազան տարիներ, նախընտրած են այս պանդոկը, որ Երեւանի սիրտին մէջ գտնուելով նաեւ մայրաքաղաքի հնագոյն եւ մտերմիկ պանդոկներէն է: Աւելի՛ն, անոնցմէ ոմանք երկար ժամանակով նոյնիսկ բնակած են պանդոկին մէջ՝ հոն ստեղծագործած են, ընդունած հիւրեր, կազմակերպած ընտանեկան եւ զանազան ձեռնարկներ:

Այդպէս եղած է նաեւ Արամ Խաչատուրեանի պարագային: Ան, ծնած ըլլալով Թիֆլիզ եւ ապրելով ու ստեղծագործելով հիմնականօրէն Մոսկուա, յաճախ կ՚այցելէր Հայաստան: Արամ Խաչատուրեան Երեւանի մէջ առաձնատուն մը ունեցած է շատ աւելի ուշ. 1947 թուականին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը երաժշտահանին նուիրած է այն տունը, որուն հիման վրայ ստեղծուած է եւ այսօր ալ կը գործէ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը: Խաչատուրեան այդ տան մէջ միշտ չէ բնակած, հոն կը բնակէին իր մայրն ու եղբայրը, եւ ինքն ալ Երեւան այցելած միջոցին այնտեղ կը մնար:

Երեւան պանդոկին մէջ Խաչատուրեան շատ աւելի առաջ բնակած է՝ 1935 եւ 1937 թուականներուն: Նախապէս Աստաֆեան կոչուող այս փողոցը ինչպէս այսօր, նախորդ դարի սկիզբը նոյնպէս կը գրաւէր Երեւան այցելողները: Երեւանի առաջին գլխաւոր Ճարտարապետ Նիկողայոս Բունիաթեանի նախագիծով 1926-ին կառուցուած պանդոկը Երեւանի առաջին մեծ հասարակական շէնքն էր: Պանդոկը այնպէս նախագծուած էր, որ ժամանակաւոր հիւրեր ընդունելէ զատ յարմար էր նաեւ որոշ սենեակներ մշտական բնակիչներու տրամադրելու համար: Այդ աւանդոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ անցեալ դարու վերջերը, եւ շէնքը իտալական ընկերութեան վաճառուելէ ետք, կացութեան պայմանները վերափոխուեցան:

1935 թուականին, երբ կը նկարահանուէր հայկական առաջին հնչիւնային շարժանկարը՝ «Պեպօ»ն, Արամ Խաչատուրեան կը բնակէր Երեւան պանդոկին մէջ եւ հոն տեղադրուած դաշնամուրին վրայ ալ կը գրէր «Պեպօ» շարժանկարին երաժշտութիւնը։ Պանդոկին մէջ հանգրուանած էին նաեւ շարժանկարի նկարահանող խումբի միւս անդամները, այդ կարգին՝ բեմադրիչ Համօ Պեկնազարեանը:

Այժմ Արամ Խաչատուրեանի նորաբաց սենեակին պատը կը զարդարէ «Պեպօ» շարժանկարին երաժշտութեան նուիրուած պաստառ մը: Բաւական է անոր վրայ դրուած արագ արձագանգման նշագիրին վրայ պահել հեռաձայնը, որ լսուի հանճարեղ երաժշտահանին գրած այդ երաժշտութիւնը: Արագ արձագանգման նշագիրեր դրուած են նաեւ պատի այլ նկարներուն վրայ, որոնց միջոցով կարելի է Արամ Խաչատուրեանէն ուրիշ կտորներ ունկնդրել: Պատին կախուած են նաեւ երաժշտահանի համերգային պաստառներէն՝ «Գայիանէ» եւ «Սպարտակ» պալէներու ազդագրերը: Սենեակին դիմահար պատին Արամ Խաչատուրեանի դիմանկարն է, լրագրասեղանին դրուած է ձայնարկիչը, որմէ կը հնչեն խաչատուրեանական նուրբ մեղեդիներ:

Համաշխարհային դասական երաժշտութեան ասպարէզի նշանաւոր դէմք մը ըլլալով, Արամ Խաչատուրեան իր հայեացքը միշտ պահած է հայրենիքին եւ անոր երաժշտական կեանքին զարգացման վրայ: Ան հայկական առաջին պալէի, առաջին երգակցութեան եւ առաջին դաշնականուագի հեղինակն է եւ հայկական առաջին շարժանկարի երաժշտութեան յօրինողը: Հետեւելով ռուսական երաժշտութեան աւանդոյթներուն՝ երաժշտահանը իր ստեղծագործութիւններուն մէջ լայնօրէն գործածած է հայկական եւ կովկասեան, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ազգային երաժշտութիւնը:

1935-էն ետք Արամ Խաչատուրեան Երեւան պանդոկին մէջ հանգրուանած է 1937-ին՝ այս անգամ գրելու «Զանգեզուր» շարժանկարին երաժշտութիւնը: Անոր տուն-թանգարանին նամակներուն մէջ խնամքով կը պահուին այն նամակներն ու գրութիւնները, որոնք վարպետը գրած է «Երեւան» պանդոկէն: 1937-ին Խաչատուրեան իր ազգականներուն նամակ կը գրէ՝ յայտնելով, որ ինքը եւ կինը կը բնակին «Երեւան» պանդոկի երկսենեականի հիւրատան մէջ, որ շատ յարմարաւէտ է ստեղծագործելու համար:

Թանգարանը որոշ իրերու եւ նամակներու կրկնօրինակներ տրամադրած է «Երեւան» պանդոկին եւ Խաչատուրեանի անունով սենեակ ունենալու գաղափարն ալ իրագործուած է թանգարանին հետ համատեղ:

Սենեակի բացման ընթացքին դաշնամուրային կատարումով հանդէս եկաւ թանգարանի տնօրէն, դաշնակահարուհի Արմինէ Գրիգորեան: Արամ Խաչատուրանի սենեակին բացումը ան կարեւորագոյն իրադարձութիւն նկատեց համաշխարհային մեծութեան հայ երաժիշտին անունը նաեւ այս միջոցով օտարներուն ներկայացնելու, անոր արուեստը ոգեկոչելու առումով:

Պանդոկի իտալացի տնօրէն Նիքոլա Մանտոլլինին Արամ Խաչատուրեանի սենեակը կոչեց փոքրիկ թանգարան մը, ուր կարելի է նաեւ ապրիլ: Ան, նախորդ մեծերու անուններով սենեակներու այցելուներուն դրական արձագանգն ու վառ տպաւորութիւնները փոխանցելով՝ յայտարարեց, որ այս նախագիծը յաջողած է եւ անպայման շարունակութիւն պիտի ունենայ: Պանդոկը ապագային հոս հանգրուանած ուրիշ մեծերուն նուիրուած սենեակներ նոյնպէս պիտի բանայ:

Հայ մշակոյթի եւ արուեստի մեծերուն նուիրուած այս քարոզչական նախագիծին շնորհիւ պանդոկը կառավարող իտալական ընկերութիւնը ինքնատիպ թանգարան մը ստեղծած է պանդոկին ներսը: Բազմաթիւ օտար հիւրեր կը նախընտրեն մանաւանդ այս պանդոկը եւ անոնք կրնան զատել նաեւ մշակութային շունչ ունեցող այս սենեակները, ուր ինքնատիպ միջավայր մը ձեւաւորուած է՝ ժամանակէն դուրս եւ միեւնոյն ատեն՝ ժամանակին համահունչ:

ԵԶԱԿԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ

Արամ Խաչատուրեանի սենեակին մէջ եզակի լուսանկարներ կան, որոնց մէջ Արամ Խաչատուրեան կ՚երեւի իր ժամանակի մեծերուն հետ: Լուսանկարները կը ներկայացնեն հանդիպումներ Հռոմի Պապին հետ, հիւրընկալութիւն Չափլինի տունին մէջ, դրուագներ ամերիկացի գրող Հեմինկուէյի հետ հանդիպումէն եւ այլ պատկերներ, որոնցմով օտարները պատկերացում մը կը կազմեն 20-րդ դարու ամենանշանաւոր հայ երաժշտահանին մասին:

1960-ին Խաչատուրեան հրաւիրուած է հեղինակային համերգներով հանդէս գալու Քուպայի մէջ՝ ղեկավարելու Հաւանայի սիմֆոնիք նուագախումբը։ Պանդոկի նախասրահին մէջ պատահաբար հանդիպած է գրող Հեմինկուէյին, որ օգտուելով հնարաւորութենէն՝ Խաչատուրեանը տիկնոջ հետ հրաւիրած է իր բնակարանը։ Խաչատուրեան, Հեմինկուէյի գրականութեան սիրահարը ըլլալով, առաջարկը սիրով ընդունած է։ Հանդիպումէն յետագային ան յիշած է, որ Հեմինկուէյ խոր հոգեբան է, որ հայեացքէն ու առաջին խօսքէն կրնայ հասկնալ, թէ ինչպիսի՛ մէկը կանգնած է իր առջեւ։ Հեմինկուէյ ըսած է, որ Խաչատուրեանի երաժշտութեան միջոցով փորձած է ճանչնալ Հայաստանը եւ անոր երաժշտութենէն ենթադրած է, որ Հայաստանը աշխարհի գեղեցկագոյն երկիրներէն մին է։

Հանդիպումը անցած է ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Երկար զրոյցէն պարզ դարձած է, որ ոչ միայն Խաչատուրեանը կը սիրէ Հեմինկուէյի ստեղծագործութիւնները, այլ նաեւ Հեմինկուէյը՝ Խաչատուրեանի գործերը։ Հանդիպման անմիջականութեան մասին կը փաստէ դրուագ մը, որ կը ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէնը. «Հիւրասիրուած սունկով ապուրը Խաչատուրեանի կինը՝ Նինա Մակարովան շատ հաւնած է, Հեմինկուէյ առաջարկած է երկրորդ բաժինը։ Սակայն պարզուած է, որ ապուրը արդէն վերջացած է, Հեմինկուէյ իր պնակի ապուրը լեցուցած է Խաչատուրեանի կնոջ պնակին մէջ»:

Հանդիպման Խաչատուրեան նշանաւոր գրողը հրաւիրած է Խորհրդային Միութիւն, ինչ որ Հեմինկուէյ ընդունած է սիրով, սակայն չէ կրցած այցելել:

Անոնց հանդիպման լուսանկարը ներկայացուած է Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին եւ Քուպայի Հեմինկուէյի թանգարանին մէջ եւ այսօր արդէն՝ «Երեւան» պանդոկին մէջ: Ի դէպ, նշուած համերգին ներկայ եղած են նաեւ երկրի նախագահը՝ Ֆիտէլ Քասթրօ, նաեւ Չէ Կուավերա։

Հեմինկուէյ դժբախտաբար ներկայ չէ գտնուած Խաչատուրեանի համերգին, քանի որ պիտի աւարտէր իր գիրքերէն մէկը։ Փոխարէնը ներկայ եղած է Հեմինկուէյի կինը՝ Մերին։ Համերգէն յետոյ գրողը Խաչատուրեանին ուղարկած է փոքրիկ երկտող մը, ուր նշած է, որ այդ երեկոյ երկու հրաշք տեղի ունեցած է Հաւանայի մէջ, առաջինը՝ Խաչատուրեանի ղեկավարութեամբ բոլորովին այլ ձեւով հնչող Հաւանայի սիմֆոնիք նուագախումբի կատարումը, իսկ երկրորդը՝ Խաչատուրեանի «Երկրորդ սիմֆոնի»ի կատարումը:

Միւս լուսանկարը, որ կը զարդարէ Արամ Խաչատուրեանի սենեակին պատը, համաշխարհային շարժանկարի ամենայայտնի դէմքերէն մէկուն՝ Չարլի Չափլինի հետ կայացած հանդիպումը կը փաստէ:

Արուեստագէտին հետ հանդիպումը կայացած է Խաչատուրեանի՝ Զուիցերիա այցելութեան ժամանակ՝ 1965 թուականին, երբ ան հրաւիրուած էր այդ երկիր՝ որպէս միջազգային մրցոյթի դատակազմի անդամ: Արդէն պատկառելի տարիք ունեցող Չարլի Չափլին այդ ժամանակ ապրած է քիչ մը մեկուսացած, Ժընեւէն դուրս գտնուող իր առանձնատան մէջ եւ շատ հազուադէպ հիւրեր ընդունած է: Արամ Խաչատուրեան փափաք յայտնած էր տեսնել արուեստագէտը: Չափլին մաէսթրոն իր կնոջ եւ որդիին՝ Կարէնին հետ սիրով հիւրընկալած է իր առանձնատան մէջ: Անոնք մի քանի ժամ տեւողութեամբ զրոյց ունեցած են: Չափլին Արամ Խաչատուրեանը հրաւիրած է իր առանձնասենեակը, բացած պահարաններէն մէկը, ուր դրուած է Խաչատուրեանի «Ջութակի քոնչերթօ»ի ձայնապնակը եւ ըսած, որ ան իր ամենասիրելի ստեղծագործութիւններէն մէկն է, զոր յաճախ կ՚ունկնդրէ աշխատելու ատեն: Ինչպէս յայտնի է՝ Չափլինի ֆիլմերուն մէջ ալ յաճախ հնչած են Չափլինի ստեղծած մեղեդիները: Մեծ կատակերգակը փորձած է մօտենալ դաշնամուրին եւ ներկայացնել իր ստեղծագործութիւններէն փոքր հատուած մը, բայց վերջին պահուն չէ համարձակած՝ ըսելով, որ յուզուած է եւ չի կրնար մեծ մաէսթրոյին մօտ հնչեցնել իր երաժշտութիւնը:

Շրջագայութեան աւարտին Արամ Խաչատուրեանը առողջական խնդիրներու պատճառով տեղափոխած են հիւանդանոց: Չափլին, լսելով այդ մասին, փոքրիկ երկտող մը եւ վարդերու գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը ուղարկած է՝ մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում: Մեծ կատակերգուին այս նախաձեռնութիւնն ու նուէրը կարեւոր նկատելով Խաչատուրեան այդ ծաղկեփունջը բերած է Մոսկուայի իր տունը եւ դրած դաշնամուրին վրայ՝ իր աչքին առջեւ եւ մինչեւ կեանքին վերջը այդ չորցած ծաղկեփունջը մնացած է այնտեղ:

Խաչատուրեան-Չափլին նշանաւոր հանդիպման մասին կը վկայեն հետաքրքրական լուսանկարները, որոնք կը պահպանուին Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի պահոցին եւ ցուցասրահներուն մէջ: «Երեւան» պանդոկի այցելուները նոյնպէս հնարաւորութիւն ունին տեսնելու այդ պատկերը:

Արամ Խաչատուրեան միաժամանակ եղած է Խորհրդային Միութեան առաջին քաղաքացին, որ հանդիպած է Հռոմի Յովհաննէս 23-րդ Պապին՝ 1963-ին, Վատիկանի մէջ: Այդ պատմական հանդիպման լուսանկարը նոյնպէս կը զարդարէ պանդոկի սենեակին պատը:

ՊԱՆԴՈԿԻ ՄԷՋ ԱՅԼ ՀԻՒՐԵՐ

«Երեւան» պանդոկի առաջին հիւրը եղած է ռուս գրող, քննադատ Անտրէյ Պելի։ Պանդոկը այդ ժամանակ անաւարտ էր։ Ռուս յայտնի գրողը Հայաստան այցելած է երկու անգամ եւ այդ երկու անգամներն ալ իջեւանած է «Երեւան» պանդոկին մէջ ։

1928 թուականին, այս պանդոկին մէջ իջեւանած է ռուսական կերպարուեստի նշանաւոր դէմք նկատուող գեղանկարիչ Կէորկի Եաքուլով, որ հայ էր՝ Գէորգ Եաքուլեան:

1928 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Երեւան վերադարձած է նկարիչ, հասարակական գործիչ Փանոս Թերլեմեզեան, որուն յատկացուած է պանդոկի ընդարձակ սենեակներէն մէկը, որ նկարիչը վերածած է արուեստանոց-ցուցասրահի։

Ծանօթ է, որ 1935 թուականին, Հայաստան իր այցին ժամանակ, ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեան նոյնպէս հանգրուանած է «Երեւան» պանդոկին մէջ: Գրողին 110-ամեակին առթիւ «Երեւան» պանդոկը ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր պանդոկին ներսը, իսկ մուտքին ցուցադրած էր Սարոյեանի հեծանիւը, որ կը պահուի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:

Ֆրանսացի ովկիանոսագէտ, ճանապարհորդ Իվ Քուսթօ նոյնպէս Երեւանի մէջ իջեւանած է այս պանդոկը: Հոս զանազան տարիներ հանգրուանած են ֆրանսացի լեզուաբան Անտրէ Օտրիքուր, «Նիւ Եորք Թայմզ»ի թղթակիցներ Ուոլթըր Տիւրանթի եւ Ա. Տաուսըն (1934 թուական), «Տը Նէյշընըլ» թերթի թղթակից Լուի Ֆիշըր, անգլիացի հնագէտ Ռիչմըն Պրոուըն, Ժան Ռիշար Պլոք (Ֆրանսա), Ճոն Պոյտըն Փրիստլի (Անգլիա), Ժորժի Ամատուն (Պրազիլ)։

Պանդոկի հիւրերէն եղած են նաեւ արեւելագէտ, հասարակական գործիչ Յովսէփ Օրբելի, իտալացի աշխարհահռչակ երաժիշտ Ռիքարտօ Մութթի եւ «Լա Սքալա»ի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, սպանացի օփերայի երգիչ, խմբավար Փլասիտօ Տոմինկօ, իտալացի երգիչ Անտրէա Պոչելլի, Վիեննայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, Լոնտոնի Թագաւորական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, ծագումով թուրք գերմանացի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքըն, իտալա-թունուզցի դերասանուհի Քլաոտիա Քարտինալէ, իրանցի բեմադրիչ Ապպաս Քիառոստամի, ֆրանսացի դերասանուհի Ֆանի Արտան եւ այլք:

Պանդոկին մէջ հանգրուանած են 1932-1945 թուականներուն կաթողիկոսական ընտրութիւններու համար Երեւան ժամանած պատուիրակութիւնները, 1939 թուականին «Սասունցի Դաւիթ» էպոսի 1000-ամեակի տօնակատարութեան հիւրերը, 1946 թուականին Հայաստանի Գրողներու միութեան երկրորդ համագումարի արտասահմանեան պատուիրակները, 1953 թուականին Սթալինի թաղման մասնակցելու համար Մոսկուա մեկնող թուրք դիւանագէտներու պատուիրակութիւնը, 2001 թուականին Քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակի տօնակատարութեան բարձրաստիճան հոգեւորականները, թագաւորական ընտանիքի ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ եւ այլ մեծ իրադարձութիւններու մասնակիցներ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2022