Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԿԵՆԱԼԸ

Մարդոց մեծամասնութիւնը կ՚ընէ այն, որ իշխանութեան գործիչները կ՚ըսեն իրենց, նոյնիսկ եթէ իրենք համաձայն չեն: Կը պարզուի, որ պատճառը ուղեղին մէջ պահուըտած է: Լաւ լո՞ւրը: Կրնայ ատիկա փոխուիլ: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.» վերջերս հրապարակած է հետաքրքրական յօդուած մը:

*

Մենք կը սիրենք մտածել, որ մենք կրնանք ճիշդ բան ընել դժուարին կացութեան մը մէջ: Անհրաժեշտութեան պարագային, մենք դէմ կը կենանք մեր տնօրէնին, քայլ կ՚առնենք, եթէ տեսնենք, որ մէկը բռնաճնշումի (bullying) կ՚ենթարկուի, եւ ո՛չ կ՚ըսենք, եթէ մեզի հրահանգեն  ընել բան մը, ինչ որ մենք սխալ կը նկատենք: Փորձիչ է մտածել, որ մենք ունինք բնածին բարոյական կողմնացոյց մը, որ կը ղեկավարէ մեր արարքները, նոյնիսկ՝ ուրիշներու ճնշման ներքեւ:

Իրականութեան մէջ, սակայն, մեզմէ շատերը չափազանց վատ են իշխանութեան դէմ կենալու մէջ: Նոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ինչպէս մեր ուղեղը կը գործէ, կամ կը ձախողի գործել այդ դժուար կացութիւններուն մէջ: Ի վերջոյ, ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք մեր ուղեղը հզօրացնել եւ աւելի լաւ կառչիլ մեր գաղափարներուն, երբ անհրաժեշտ ըլլայ:

Ինչո՞ւ մեզմէ ոմանք կրնան դիմադրել իշխանութեան, մինչ մեծամասնութիւնը սովորաբար՝ ոչ:

Հոլանտայի ջղաբանութեան հաստատութեան մէջ ընկերային ջղաբան Էմիլի Կասպարի փորձարկումներուն ատեն կամաւորները իրարու ելեկտրական ցնցումներ տուին:

Նախ՝ մասնակիցներէն խնդրեցին ելեկտրական ցնցումներ տալ փոքր գումարի դիմաց (շուրջ մէկ տոլար իւրաքանչիւր անգամ): Երբ մասնակիցին կարելիութիւն տրուեցաւ իր ընկերոջ 60 ցնցում տալ, ոչ միշտ ուզեցին ատիկա ընել, իսկ մասնակցողներուն 10 առ հարիւրը նախընտրեց բոլոր 60 կարելիութիւններուն ալ ելեկտրական ցնցումի չենթարկել իր ընկերը:

Կասպար ապա կանգնեցաւ մասնակիցներուն մօտ  եւ հրամայեց անոնց տալ ելեկտրական ցնցումները: Այն ատեն, նոյնիսկ այն մասնակիցները, որոնք ոչ մէկ ցնցում տուած էին, սկսան սեղմել կոճակները:

Երբ Կասպար հրահանգները  տուաւ, մասնակիցներուն ուղեղի գործունէութիւնը նոյնպէս փոխուեցաւ: Ասիկա ցոյց տուաւ յատուկ գիտական սարքը (էլէկտրօանսէֆալոկրամ, EEG): Մասնաւորապէս, ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ ուղեղը նուազ յաջողութեամբ սկսած է արձագանգել հրահանգողին գործողութիւններու հետեւանքներուն:

Կամաւորներուն մեծամասնութեան համար իրենց գործունէութեան եւ պատասխանատուութեան զգացումը սկսած է չքանալ:

«Ես փորձարկած եմ աւելի քան 450 մասնակից, ցարդ միայն 3 հոգի մերժած է գործադրել հրահանգը: Այս մարդիկը ինչպէ՞ս տարբեր են միւսներէն», կ՚ըսէ Էմիլի Կասպար:

Ուղեղային վնասուածքով հիւանդներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնները կ՚օգնեն պատասխանելու այս հարցումին մէկ մասին: Երբ մարդոց ուղեղի հատուած մը վնասուած է, ճակատային հատուածի արտաքին շերտը, ուղեղը, այդ մարդիկ կարծես շատ աւելի հակուած են հետեւելու հրահանգներու, քան՝ ընդհանուր բնակչութիւնը:

«Անոնք իսկապէս շատ դիւրաւ պատրաստ են լսելու իշխանութիւններուն խօսքերը եւ նուազ կը կասկածին անոնցմէ», կ՚ըսէ Միացեալ Նահանգներու Ազատական արուեստներու Համլին համալսարանի հոգեբանութեան դասախօս Էրիք Ասփ: «Ատիկա կը նշանակէ, որ եթէ իշխանաւորը քեզի ըսէ՝ մէկը վիրաւորէ, դուն աւելի հաւանական է, որ գործադրես»:

ԲՈՂՈՔԻ ԿԵԴՐՈՆ

Ի՞նչ կարելի է ըսել ուղեղի այս հատուածին մասին, որ կ՚օգնէ մեզի դէմ  կանգնիլ իշխանութեան:

Խնդիրը կ՚ընկալուի փիլիսոփայական բնաբաններու՝ բնութեան եւ ջղային դրութեան հիմքի վրայ: Թէեւ պարզ գիտական համախոհութիւն չկայ, սփինոզեան բնատիպը ամենէն հաւանականն է: Ատիկա կ՚ենթադրէ, որ նոր գաղափարներ կամ փաստեր հասկնալու համար մեր ուղեղը ակնթարթի մը մէջ պէտք է ամբողջովին հաւատայ:

Իշխանութեան դէմ կենալու ուղեղի արարքը թէ՛ փիլիսոփայական, թէ՛ գիտական է:

«Հասկնալու արարքը հաւատալու արարք է: Ի՛նչ ալ ըլլան այդ հոլովոյթները, անոնք նոյնն են», կ՚ըսէ Ասփ:

Ակնթարթէ մը ետք, դուք ապա կրնաք կասկածիլ կամ մերժել այս նոր տեղեկութիւնը: «Դուք կրնաք օգտագործել առանձին ջղաբանական հոլովոյթներ, որպէսզի զգաստանաք եւ չհաւատաք այդ մտային ներկայացուցչութեան: Այլ խօսքով, դուք կը դառնաք եւ կը կասկածիք», կ՚աւելցնէ Էրիք Ասփ:

Ուղեղային վնասուածքով  հիւանդներու համար հոլովոյթի այս  երկրորդ մասն է, որ կը խանգարէ, կ՚ըսէ Ասփ: Այսպէսով, բառացիօրէն փոխանակ երկու անգամ մտածելու, թէ ղեկավարը ի՛նչ կ՚ըսէ, անոնք աւելի հաւանական է, որ ստանան, ընդունին այն, ինչ որ իրենք լսած են:

Եթէ ուղեղի ճակատային մասին մէջ կը գտնուի իշխանութիւնը կասկածի եւ հարցականի ենթարկելու կարողութիւնը, կայ ուրեմն միջոց մը, որ առողջ մարդուն այդ կարելիութիւնը կը զօրացնէ: «Ուղեղի ճակատային մասը որոշ ճկունութիւն, կերպընկալութիւն  մը ունի: Կը կարծեմ, որ ատիկա փոփոխելի է: Ատիկա կառուցուած չէ ուղեղի այն գործառնութիւնով, որ դուք ունիք. քարի վրայ չէ դրուած», կ՚ըսէ Ասփ:

Որպէսզի ուղեղը հասկնայ նոր գաղափարը, պէտք է հաւատայ ակնթարթի մը մէջ. բայց ատիկա մերժելու մէջ ոմանք աւելի լաւ են, քան՝ միւսները

Կրթութիւնը լաւագոյն միջոցներէն է, որ կը բարելաւէ կասկածելու ձեր ունակութիւնը, եւ ուրեմն՝ ձեզի ուղղուած հրահանգներու վերաբերեալ քննադատաբար մտածելու ձեր ունակութիւնը:

ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ

Կայ որոշիչ գործօն մը եւս, որ կ՚ազդէ ձեր վարմունքին վրայ:

Երբ ղեկավար մը մեզի կը հրահանգէ  բան մը ընել, մենք սովորաբար ատիկա կ՚ընենք, քանի որ մենք կը մղուինք հաւատալու անոր հրահանգի պատճառին», կ՚ըսէ Չեստըրի  համալսարանի դասախօս, հոգեբան Մեկան Պիրնի:

Պատմութեան ամբողջ ընթացքին մարդիկ դժգոհ եղած են հրամաններու հնազանդելով՝ հաւատալով, որ աւարտը կ՚արդարացնէ միջոցները։

Փորձարկումներէն մէկուն աւարտին Պիրնի եւ անոր գործընկերները փաստեցին, թէ քանի՛ մարդ ուզած է դուրս գալ փորձէն, ուր անոնց հրահանգած են ընել բան մը, որ բարոյապէս առարկելի է: Մասնակիցները ստիպուած էին բացասական եզրեր փակցնել լուսանկարներու մէջ գտնուող խումբ մը անձերու վրայ: Նկարները սկսած են խումբերով, որոնք  դիւրին է ատել, օրինակ՝ նացիականները կամ Քու քլուքս քլանը: Աստիճանաբար նկարները սկսած են ըլլալ աւելի չէզոք խումբերու եւ, ի վերջոյ՝ ընտանիքներու կամ երեխաներու  խումբերէ:

Անոնք, որոնք շարունակեցին փորձարկումը, կը հաւատային, որ իրենք կը նպաս-տեն կարեւոր բանի մը, որ մղեց զիրենք:

Անվնաս խումբերու մարդոց մասին ժխտական եզրեր դնելը հրահանգներուն նպատակն էր հոգեպէս յոգնեցնել եւ այնպէս ընել, որ մասնակցողներուն մեծ մասը անհանգիստ զգայ: Շատերը հրաժարեցան փորձէն, երբ ատիկա աւելի սաստկացաւ: Անոնք, որոնք կը շարունակէին, կը հաւատային, որ իրենք կը նպաստեն կարեւոր բանի մը՝ խստապահանջ, ճշգրիտ գիտական ուսումնասիրութեան, որ կը մղէր զանոնք:

«Հրաժարողներէն ոմանք պարտաւոր կը զգային ինծի հետ հաղորդակցելու եւ ներում հայցելու», կ՚ըսէ Պիրնի: Մասնակիցները Պիրնիին կ՚ըսեն այսպիսի խօսքեր. «Ես ներողութիւն կը խնդրեմ, կը յուսամ, որ ես չեմ խանգարած ձեր աշխատանքը, ես պարզապէս այնքան անհանգիստ կը զգայի, յուսամ՝ կը հասկնաք»: Բազմաթիւ պարագաներու մեղքի ուժեղ զգացում ունեցան, որ  չեն համագործակցիր:

«Երբ դուք տագնապալի վիճակի մէջ էք, դուք մրցակցող ձայներ ունիք: Մէկը ձեզի կ՚ըսէ՝ այո, միւսը՝ ոչ: Որո՛ւ հետ կը նոյնանաք, ո՛ր մէկը ճիշդ կը նկատէք, ատոր հետ կ՚ընթանաք, ատիկա կը գործադրէք», կ՚ըսէ Պիրնի:

Ասիկա վտանգաւոր կը դառնայ, երբ մարդիկ հարցի մը հետ այնքան ուժեղ կերպով կը նոյնանան, որ անոնք կը հետեւին ատոր, ո՛ւր որ առաջնորդէ: Կրնաս մտածել. «Շատ բան ըրած եմ, եւ այժմ կ՚ընեմ կարեւոր բան մը»:

Տրամաբանօրէն դուք կրնաք ակնկալել, որ տեղ մը դուք կը հասկնաք, թէ ի՛նչ որ կ՚ընէք, ահաւոր գաղափար մըն  է: Բայց եթէ մենք կը հաւատանք, որ մենք կ՚ընենք արժէքաւոր բան մը, որ աւարտը կ՚արդարացնէ միջոցները, այս կէտը կը դառնայ ամպամած կամ երբեք չի կրնար յայտնուիլ:

Իշխանութեան դէմ կարենալ կանգնիլը կախեալ չէ քաջութենէն կամ խիզախութենէն,  վստահութենէն կամ յամառութենէն: Ուղեղը կը սկսի հոլովոյթներու, որոնք կարեւոր են ղեկավարին գաղափարները բացայայտելու եւ մերժելու համար: Եւ դատի մը նուիրուածութեան մեր աստիճանը կըր-նայ ըլլալ ամենէն կարեւոր գործօնը՝ որոշելու, թէ մենք ո՛ւր կրնանք գիծը քաշել:

Նկատի առնելով այս բարդութիւնը, իշխանութեան դիմակայելու համար դուք ձեզ դաստիարակելու միջոցներ գտնելը, կրնայ անհաւատալի դժուար մարտահրաւէր մը թուիլ: Այդուհանդերձ, յստակ, ապացոյցի վրայ հիմնուած վերապատրաստման ոչ մէկ ծրագիր կայ, որուն մենք կրնանք հետեւիլ, որպէսզի աւելի լաւ գործենք այս դժուարին իրավիճակներուն մէջ: Բայց նման վերապատրաստման ծրագիրը Կասպարի «գիտական երազն է»:

«Իմ նպատակս է մարդիկը օժտել դիմակայելու կարողութեամբ: Նոյնիսկ բանակին մէջ զինուորները պարտաւոր են հետեւիլ հրահանգներու, բայց նոյնպէս՝ մերժելու ապօրինի կամ անբարոյ հրահանգներ: Կը մտածեմ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մարդիկը մղել աւելի շատ մտածելու իրե՛նց պատասխանատուութեան մասին, նոյնիսկ եթէ իրենք  պատասխանատու չեն զգար, քանի որ կը գործադրեն հրահանգ մը», կ՚ըսէ Կասպար:

«Մենք պէտք է պարզենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պատրաստել, վարժեցնել մարդիկը, որպէսզի կարենան ատիկա ընել, որպէսզի աւելի շատ պատասխանատու զգան այդ իրավիճակներուն մէջ»:

7 ՓԱՍՏԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԹԵՐԵՒՍ ՉԷԻՔ ԳԻՏԵՐ ՆԵԼՍԸՆ ՄԱՆՏԵԼԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

Կան մարդիկ, որոնք եկած են այս աշխարհ եւ ներշնչած են բոլորս: Մայր Թերեզա, Կանտի, Էնն Ֆրենք, Մարթին Լութըր Քինկ: Անուններ, որոնք ամբողջովին փոխած են պատմութեան ընթացքը եւ դրական ներդրում ունեցած են աշխարհին եւ բոլոր բնակիչներուն համար:

Նելսըն Մանտելա պատմութեան նշանաւոր դէմքերէն մէկն էր: Ինքզինք նկատեց Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդի ծառան եւ անոր համար փոխեց երկրին դիմագիծը եւ քաղաքացիներուն ապագան: Ցեղային հաւասարութեան պայքարի ղեկավարն էր եւ Հարաւային Ափրիկէի առաջին սեւ նախագահը, այս բոլորը՝ 27 տարի բանտարկութենէ ետք:

Բայց ասոնք չեն միակ պատճառները, որոնց համար 2009-ին ՄԱԿ-ը 18 յուլիսը հռչակեց Նելսըն Մանտելայի միջազգային օր, որ կը նշուի ամէն տարի:

Ի պատիւ իր տարեդարձին,  ահաւասիկ՝ 7 փաստեր, որոնք թերեւս չէիք գիտեր Մանտելայի մասին:

1) Ան ծնած է թեմպու ցեղի թագաւորական ընտանիքի մը մէջ

Ոգեշնչող է մտածել, որ այն մարդը, որ օգնեց աշխարհը փոխելու՝ հասակ նետած է փոքրիկ գիւղի մը մէջ, արեւելեան Քէյփի մէջ: 18 յուլիս 1918-ին Նելսըն Մանտելա ծնած է Մվեզոյի մէջ: Իր իսկանան անունը Ռոլիհլահլա Մանտելա էր, բայց իր  ուսուցիչներէն մէկը զինք կոչեց «Նելսըն»,  կը կարծուի, թէ ներշնչուած է բրիտանացի ազգային հերոս Հորաթիօ Նելսընէն: Զուգադիպութի՞ւն: Չեմ կարծեր:

2) Իր ընտանիքին մէջ առաջին անձն էր, որ պաշտօնական ուսում ստացաւ

Մանտելա ոչ միայն ծնած է շատ փոքր գիւղի մը մէջ, բայց նաեւ եղած է իր ընտանիքին առաջին անդամը, որ «շնորհքով ուսում» ստացած է եւ փաստաբանութեան վկայական առած է:

Ան նոյնիսկ իր համալսարանի տարիներուն գործիչ էր: Ֆորթ Հար համալսարանէն տարի մը ետք դուրս դրուեցաւ, որովհետեւ մասնակցած էր համալսարանին օրէնքները պոյքոթի ենթարկելու ցոյցին: Աւելի ուշ յաճախեց Ուիթուոթըսրենտ համալսարանը եւ աշխոյժ անդամ մըն էր ցեղային խտրականութեան դէմ շարժումներուն: Բանտարկութեան ընթացքին Լոնտոնի համալսարանէն փաստաբանութեան վկայական ստացաւ:

3) Առիթ ունէր բանտէն ելլելու եւ մերժած էր

Կը կարծես, որ երբ առիթը տրուի, ամէն բանտարկեալ կ՚օգտուի անկէ դուրս ելլելու համար: Բայց՝ ոչ Նելսըն Մանտելան: 23 տարի բանտը մնալէ ետք, նախագահ Պոթհա առաջարկեց զինք ազատ արձակել եթէ զինեալ պայքարը դադրեցնէ ափարթէյտի (խտրականութեան եւ ճնշման քաղաքականութիւն) դէմ:

Ան մերժեց՝ ըսելով. «Ի՞նչ ազատութիւն կ՚առաջարկուի ինծի, երբ ժողովուրդը ճըն-շումի տակ է: Միայն ազատ մարդիկ կրնան բանակցութիւններ վարել: Բանտարկեալը չի կրնար համաձայնութիւններու մէջ մտնել»:

4) Իր պատրաստակամութիւնը՝ մեռնելու դատին համար, զինք փրկեց մահապատիժէն

Մանտելա այնքան կը հաւատար իր պայքարին ափարթհէյտի դէմ, որ պատրաստ էր մեռնիլ ատոր համար: Եւ ատիկա զինք փրկեց մահապատիժէն: 20 ապրիլ 1964-ին Հարաւային Ափրիկէի խորհրդանիշ Ռիվոնիա տխրահռչակ դատերուն ընթացքին երեք ժամնոց պաշտպանողական խօսք արտասանեց:

Խօսքին խորագիրն էր՝ «Ես պատրաստ եմ մեռնելու»: Ատիկա կը համարուի 20-րդ դարու ամենէն կարեւոր խօսքերէն, եւ յատկանշական պահ մըն է Հարաւային Ափրիկէի ժողովրդավարութեան պատմութեան մէջ: Իր խօսքին մէջ ան կ՚ըսէ. «Ես գնահատած եմ ժողովրդավարական եւ ազատ ընկերութեան իտէալը, ուր բոլոր մարդիկ միասին կ՚ապրին ներդաշնակութեամբ եւ հաւասար առիթներով: Ատիկա իտէալ մըն է, որուն համար կ՚ուզեմ ապրիլ եւ իրագործել: Բայց եթէ անհրաժեշտ է, ատիկա իտէալ մըն է, որուն համար պատրաստ եմ մեռնելու»:

5) Ան դեր ստանձնած է «Մալքոմ իքս» ժապաւէնին մէջ

«Մալքոլմ իքս»ը թերեւս ամերիկեան ամենէն նշանաւոր ժապաւէններէն մէկն է, որ կը ներկայացնէ մարդկային իրաւունքներու նշանաւոր գործիչ՝ Մալքոլմի կեանքը: Մալքոլմ ոչ միայն հիմնական բանբեր էր իսլամութեան համար, ան նաեւ նշանաւոր բանբեր էր քաղաքացիական իրաւունքներու շարժումին համար:

Գիտնալով, որ այս երկու անձնաւորութիւնները որքան մօտ են հանգամանքով, զարմանալի չէր, որ Մանտելա կարճ յայտնութիւն մը ունեցաւ մրցանակակիր այս ժապաւէնին մէջ՝ իբրեւ քաղաքացիական իրաւունքներու գործիչ:

6) «Ահաբեկիչ» մըն էր, որ տիրացաւ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին

Դեկտեմբեր 1993-ին Մանտելա ստացաւ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը, բայց անոր անունը մինչեւ 2008-ը մնաց Միացեալ Նահանգներու հաւանական ահաբեկիչներու ցանկին վրայ:

7) Կայ հոգեբանական երեւոյթ, որ կոչուած է իր անունով

Երբեք համոզուա՞ծ ես, որ բան մը որոշ ձեւով պատահած է, եւ ապա բացայայտած ես, որ սխալ հասկցած ես: Ասիկա «Մանտելա ազդեցութիւն»ն է: Այս տարօրինակ երեւոյթը կը բացատրուի իբրեւ «գործնական երեւոյթ մը, որուն մէջ ժողովուրդին լայն շերտը սխալ կը յիշէ յատկանշական իրադարձութիւն մը կամ կը յիշէ իրադարձութիւն մը, որ տեղի չէ ունեցած»:

Նելսըն Մանտեալ ի՞նչ կապ ունի ասոր հետ: Կը յիշե՞ս, երբ ան մահացաւ դեկտեմբեր 2013-ին: Եթէ դուն պատասխանես՝ «Ոչ, ան բանտին մէջ մահացաւ 1980-ականներուն», ուրեմն դուն ինկած ես «Մանտելա ազդեցութիւն» թակարդին մէջ: Կ՚ըսուի, որ ասիկա առաջին համաշխարհային օրինակն է «Մանտելա ազդեցութիւն»ի եւ այդ պատճառով երեւոյթը իր անունով կոչուած է:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018