ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔՈՉԱՐԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ համահայկական իրադարձութիւն մը. Երեւանի մէջ բացուեցաւ երկար սպասուած Լուսանկարչութեան թանգարանը, որ կը կրէ 20-րդ դարուն Հայաստանի մէջ գործած նշանաւոր նկարիչ Անդրանիկ Քոչարի անունը: Թէեւ այս նախաձեռնութիւնը համահայկական բնոյթ ունի, սակայն անհատական ջանքերով մէջտեղ եկած է: Անդրանիկ Քոչարի որդին՝ արուեստագէտ Վահան Քոչար, երկար տարիներու աշխատանքի հետեւանքով իրականացուցած է նախ իր հօրը, ապա իր փափաքը՝ ունենալ թանգարան մը, որուն մէջ կը ցուցադրուին աշխարհի տարածքին ապրած եւ ստեղծագործած հայ նշանաւոր լուսանկարիչներուն գործերը:

Թանգարանը կը գտնուի Քոչարներու տան առաջին յարկը. վերի յարկը կը բնակի Վահան Քոչարի որդիին ընտանիքը, իսկ վարի յարկը կազմուած է թանգարանը՝ գողտրիկ վայր մը, որ իր դռները այցելուներուն համար բաց պիտի պահէ շաբաթ, կիրակի եւ երկուշաբթի օրերը:

Աւետ Աւետիսեան 19 հասցէին վրայ հիմնուած այս թանգարանի բացումին եկած էին արուեստագէտներ, լուսանկարչութեան սիրահարներ, որոնք պատերուն վրայ կախուած լուսանկարներուն միջոցաւ անգամ մը եւս տեսան հայ լուսանկարիչներուն աշխարհասփիւռ համբաւը:

Հոս անջատ պատի մը վրայ ներկայացուած են հայ լուսանկարիչներուն մէջ ժամանակագրական առումով ամենավաղ գործունէութիւն ունեցած Ապտուլլահ եղբայրներուն գործերը: 19-րդ դարու 50-ական թուականներուն, երբ աշխարհի մէջ լուսանկարչութիւնը տակաւին նոր կը զարգանար եւ արուեստագէտ լուսանկարիչները աշխարհի տարածքին միայն քանի մը հոգի էին, Ապտուլլահները անոնց մաս կը կազմէին եւ անոնց հիմնած ընկերութիւնը՝ իր ժամանակին նկատուած է լաւագոյնը ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին: Քոչարի անուան թանգարանին մէջ ներկայացուած են Ապտուլլահներու լաւագոյն լուսանկարներէն մաս մը, ինչպէս նաեւ անոնց ստացած շքանշաններէն:

Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծնած ուրիշ հայ լուսանկարիչի մը՝ Արամ Ալպանի լուսանկարները նոյնպէս պատ մը կը զբաղեցնեն: Ծնած ըլլալով Պոլիս, Ալպան գործած է Եգիպտոս, Պելժիա, Ֆրանսա եւ համաշխարհային համբաւ վայելող զանազան երկիրներու մէջ, իսկ յետագային վերադարձած է Գահիրէ, ուր որոշ ժամանակ մը գործելէ ետք կնքած է իր մահկանացուն:

Իրանի մէջ Ղաճարիներու հարստութեան ժամանակ (1785-1925) յայտնի եղած Անթուան խան Սեւրուկինի, գանատահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի, ամերիկահայ Հենրի Գունտաքճեանի, Գուրգէն Ռուզգերեանի, Երեւանի մէջ անցեալ դարասկիզբին գործած Յովսէփ Մելիք Աղամալեանի, վաւերագրական եւ մամուլի լուսանկարչութեան հայ անուններէն Պարգեւ Չոլաքեանի, տաղաւարային լուսանկարիչ Գեղամ Թարիվերդեանցի, Գրիգոր Տէր-Ղեւոնդեանի եւ այլոց լուսանկարները կը կազմեն թանգարանի հիմնական հաւաքածոյին հիմքը: Ցուցադրուած են նաեւ լուսանկարիչներու ունեցած լուսանկարչական կնիքները, լուսանկարչութեան առընչուող գիրքեր, իրեր, հնաոճ գործիքներ:

Թանգարանին մէջ տեղ գտած են նաեւ Անդրանիկ Քոչարի լուսանկարներէն, սակայն Անդրանիկ Քոչար, այս տարեվերջին, թանգարանին մէջ կ՚ունենայ անհատական ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած կ՚ըլլայ իր 100-ամեակին: Այս թանգարանը արդէն իսկ տուրք է Քոչարի 100-ամեակին, որ Եգիպտոսէն 1947 թուականին Հայաստան հայրենադարձուելով, անցեալ դարու կէսերէն Հայաստանի ծանօթ արուեստագէտներէն էր: Մինչեւ 1980-ականները՝ Անդանիկ Քոչար կատարելութեան հասցուցած էր իր լուսանկարչական արուեստը, իսկ կեանքէն հեռացած էր 1984 թուականին՝ 64 տարեկանին:

Լուսանկարչութեան թանգարանին բացումը նուիրուած է նաեւ լուսանկարչութեան գիւտի 180-ամեակին:

Թանգարանին մէջ, հարցազրոյց մը ունեցանք Անդրանիկ Քոչարի որդիին՝ Վահան Քոչարին հետ:

-Ինչպէ՞ս մտայղացաք նման թանգարան մը բանալ եւ բացումին ի՞նչ աշխատանքներ նախորդեցին:

-Թանգարանը նախ հօրս, ապա իմ փափաքս եղած է եւ երկար տարիներ պետական կառոյցներու դիմելէ եւ աջակցութիւն չգտնելէ ետք, մենք մեր ջանքերով հիմնեցինք այս թանգարանը, որուն դռները բաց են բոլորին: Մենք նոյնիսկ առանց տոմսերու՝ անվճար ըրած ենք մուտքը, որպէսզի մարդիկ գան, տեսնեն այն հսկայական հարստութիւնը, ծանօթանան այն փառքին, որ աշխարհի մէջ հայ լուսանկարիչները ունեցած են: Հանգամանքներու բերումով մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ սփռը-ւած է եւ հաստատուելով իրեն ապաստան տուած երկիրներու մէջ, կարճ ժամանակի ընթացքին ի յայտ բերած է իր ձիրքերը, որոնցմէ մէկը լուսանկարչութիւնն է: Հայրս շատ լաւ հասկցած է, որ մեծ էր հայերուն ներդրումը համաշխարհային լուսանկարչութեան մէջ եւ հաւաքած է այս լուսանկարները, որոնց հեղինակներուն մէկ մասը անձամբ ճանչցած է: Երկիր մը չկայ, ուր մեծ անունով հայ լուսանկարիչ մը չըլլայ: Ան նամակագրութիւն հաստատած է լուսանկարիչներուն հետ, կապեր ստեղծած է եւ լուսանկարներ հաւաքած՝ յետագային այս թանգարանը հիմնելու համար: Բազմաթիւ լուսանկարներ բնօրինակ են, իմ հօրս ղրկած են հեղինակները՝ իրենց ստորագրութիւններով: Անդրանիկ Քոչարի կեանքին ընթացքին չիրականացաւ իր երազը, բայց ես վստահ եմ, որ ան երկինքէն կը տեսնէ այս թանգարանը, այս գործը եւ կը փառաւորուի:

Մեր ունեցած տարածքը այնքան ալ մեծ չէ, որ ամէն ինչ կարենանք ցուցադրել, բայց մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ըրած ենք լաւագոյնը, հակառակ, որ հազարաւոր նկարներ տակաւին չեն ցուցադրուած: Բոլոր նկարները գրի առնուած, արձանագրուած են եւ պահ տրուած են թանգարանին: Այս տարուան վերջաւորութեան կը լրանայ հօրս 100-ամեակը, այս բոլոր նկարները ժամանակաւորապէս կը հանենք եւ մեծ ցուցահանդէս մը կը նուիրենք անոր 100-ամեակին՝ ցուցադրելով իր գործերը: 100-ամեակը կանուխ սկսած ենք նշել, տպագրած ենք երկու բարձրորակ օրացոյց, որոնցմէ մէկուն մէջ հօրս կատարած 24 բնանկարները տեղ գտած են, իսկ նկարներուն քով տեղադրած ենք հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն:

Երկրորդ օրացոյցը նուիրուած է լուսանկարչութեան գիւտի 180-ամեակին, եւ այնտեղ հրատարակուած է երեք հայ լուսանկարիչներու գործեր՝ Իրանի շահի անձնական լուսանկարիչ Սեւրուկինին, հայ գրող Պերճ Պռոշեանին, որ եղած է նաեւ նշանաւոր լուսանկարիչ, Ախալցխայէն Աւետիսով եղբայրներուն: Օրացոյցին մէջ կայ երեք էջ, ուր տեղ գտած են Երեւանի, Պաքուի եւ Թիֆլիզի հայ լուսանկարիչներու գործերը: Հօրս 100-ամեակին նուիրուած միւս ձեռնարկը Գայիանէ Առաքելեանի գիտական գիրքն է՝ «Անդրանիկ Քոչարի լուսանկարչական արուեստը» խորագրով եւ ահաւասիկ, թանգարանն ալ դարձաւ չորրորդ ձեռնարկը:

-Քանի՞ լուսանկարիչ ներկայացուած է թանգարանին մէջ, եւ հետաքրքրական է՝ ինչո՞ւ չկան Արա Կիւլէրի լուսանկարները:

-Թանգարանին մէջ այժմ տասնչորս հայ լուսանկարիչ ներկայացուած է, անոնք բոլորը հեռացած են կեանքէն, բացի ցուցադրուած մէկ լուսանկարիչէն, որ տակաւին ողջ է. ան ութսունը անց լուսանկարիչ Մանուկ Փոլատեանն է, որ կը բնակի Սան Փաուլօ եւ Պրազիլի մէջ շատ յայտնի է: Արա Կիւլէրի հետ ես անձամբ ծանօթացած եմ. ան ինծի, իր ստորագրութեամբ, նկարներու սկաւառակ մը նուիրած է: Ես, ի սկզբանէ, ուրիշ ցանկութիւն մը ունէի՝ ունենալ լուսանկարչութեան թանգարան մը, ուր համաշխարհային հռչակ ունեցող վեց հայ լուսանկարիչ պիտի ունենային իրենց անջատ սրահները, ատոնք պիտի ըլլային 19-րդ դարու մեծագոյն հայ լուսանկարիչները՝ Ապտուլլահ եղբայրները, Սեւրուկինը, թիֆլիզահայ Գրիգոր Տէր-Ղեւոնդեանը, իսկ միւս երեքը պիտի ըլլային 20-րդ դարու հայ նշանաւոր լուսանկարիչներ՝ Եուսուֆ Քարշը, Արա Կիւլէրը եւ Անդրանիկ Քոչարը: Բայց քանի որ Արա Կիւլէր իր հաւաքածոն նուիրեց Ազգային պատկերասրահին, իմ մտայղացումիս ընթացքը փոխուեցաւ: Շատ կը փափաքէի լուսանկարչութեան թանգարանին մէջ իր հաւաքածոն ալ ցուցադրուէր, քանի պատկերասրահին մէջ անոր գործերը չեն ցուցադրուիր, սենեակի մը մէջ պահեստային կերպով իբրեւ բեռ լեցուած են:

-Խորհրդային Միութիւն գալով Ձեր հայրը երբեւէ դժգոհա՞ծ է, մանաւանդ՝ փառքի արժանանալու առումով Խորհրդային Միութեան մէջ նոյն համբաւը չէ կրցած ունենալ, ինչպէս ըսենք, Քարշը՝ Գանատայի մէջ, եւ երկուքն ալ նոյն տաղանդի լուսանկարիչներ էին:

-Ոչ, ան երբեք դժգոհութիւն չէ ունեցած, հակառակ որ միշտ ուրիշ երկիր երթալու հնարաւորութիւն ունեցած է: Ան հայրենիք եկած է հաւատքով եւ իմ մօրս հետ ամուսնացած է հայրենադարձներ բերող «Պոպետա» նաւուն վրայ՝ այն յոյսով, որ հայրենիք ոտք պիտի դնէ ընտանիք կազմած: Հայրս Աղեքսանդրիայէն, մայրս՝ Գահիրէէն եկած են եւ անոնք իրենց ամբողջ կեանքը Հայաստանին նուիրուած ապրած են: Ինչ կը մնայ մեծութեան, այո, Անդրանիկ Քոչար պակաս մեծութիւն չէր, ինչ որ էր Քարշը, բայց ան նոյն ազատութիւնը, պատկերագիրքեր տպելու նոյն ճոխութիւնը չէ ունեցած. ինչ որ Քարշը ունէր Գանատայի մէջ: Ես մինչեւ հիմա հօրս պատկերագիրքերը չեմ կրցած տպել, մինչդեռ ան չորս պատկերագիրքի ժառանգութիւն ձգած է, որոնցմէ մին իր յուշերն ու յօդուածներն են: Համեմատելով Քարշին հետ, ես պատրաստած եմ սահիկահանդէս մը, որուն մէջ ներկայացուցած եմ երկու վարպետներուն՝ Անդրանիկ Քոչարի եւ Եուսուֆ Քարշի՝ նոյն բնագաւառէն նկարած նկարները: Եթէ Քարշի՝ Հռոմի Պապի լուսանկարը ներկայացուցած եմ, ապա զուգահեռ ցոյց տուած եմ հօրս նկարած կաթողիկոսի դիմանկարը, կամ եթէ Քարշը միջազգային ճանաչում ունեցած երաժիշտ մը նկարած է, ապա հայրս մեր հայ երաժիշտները նկարած է եւ այդպէս ան չէր զիջեր ոչ մէկ բնագաւառի մէջ: Այս սահիկահանդէսը նոյնպէս նուիրուած է լուսանկարչութեան գիւտի 180-ամեակին եւ կ՚ընդգրկէ իւրաքանչիւրէն երկու հարիւր լուսանկար, երկուքն ալ բարձր մակարդակի արուեստագէտներ եղած են: Սահիկահանդէսը կը ցուցադրուի թանգարանին մէջ: Ըսեմ, որ իմ հայրս քիչ նկարած է, ան կը սպասէր յարմար պահուն, կ՚ըսէր ասիկա փամփուշտ է, որ պիտի կրակես…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019