ԱՓ ՄԸ ԹՈՒԹ
Պտղաշատ էր մեր այգին: Տեսակ-տեսակ խնձորենիներ, տանձենիներ, սեւ ու սպիտակ թթենիներ, վիթխարի թզենի, հրապոյր բալենի մը, որ ամէն ամառ կը զարդարուէր իր անմահական պտուղներով. պնդուկի, արքայանարինջի, զկեռի ու հոնի ծառեր: Չմոռնամ նշել ազնուամորիի ու երկու-երեք տեսակ խաղողի թուփերը:
Մեր երկյարկանի հպարտ առանձնատան դիմաց կը պարզուէր աւելի քան հազար քառակուսի մեթր տարածութիւն զբաղեցնող մեր եդեմական պարտէզը: Ես զայն միշտ նմանցուցած եմ դրախտի: Գրեթէ բոլոր ծառերը տնկած էր պապս ու անոր հայրը՝ Սամսոն տետոն:
Պարտէզի մուտքին, ճիշդ սանդուխներուն քովը, թոնրատան դիմաց դէպի վեր կը խոյանար հսկայ պնդուկի ծառ մը: Այս ծառը ամէն տարի այնքան բերք կու տար, որ վերջինիս ճիւղերը պնդուկի առատութենէն կը խոնարհուէին մինչեւ գետին: Քանի մը քայլ անդին նոյն վիճակին մէջ կը գտնուէին երկրորդ ու երրորդ պնդուկի ծառերը, որոնց մէջտեղն ալ կը պճնուէր սքանչագեղ բալենին: Ի դէպ, իմ տեսած ծառերէն ամենագեղեցիկը ծաղկած բալենին է:
Մեր պարտէզի գրեթէ կեդրոնական հատուածը կը զբաղեցնէր վիթխարի սեւ թթենին, իսկ մրգաստանի ստորին հատուածին մէջ տնկուած էր խոշոր հոնի ծառ մը, զոր ամէն աշնան կը հիացնէր մեզ իր գեղեցկութեամբ եւ կարմրաթուշ ու ձուաձեւ պտուղներու առատութեամբ:
Սեւ թթենիէն քիչ մը անդին պապս տնկած էր նաեւ սպիտակ թթենի մը, որ իմ յիշողութեան մատեանին մէջ առանձնայատուկ տեղ չէ զբաղեցուցած, կարծեմ պատճառը սեւ թութի նկատմամբ ունեցած իմ տկարութիւնն է:
Ամէն ամրան դրացիներով, ընկեր-բարեկամներով կը մէկտեղուէինք ու կը թափէինք մեր պարտէզի թթենիները: Խիզախ ու անվախ տղամարդ մը, ձեռքին հաստ, երկար ու կլորաւուն փայտ մը, կ՚ելլէր թթենիին վրայ ու թափ կու տար: Մենք ալ՝ ժիր ու անհոգ մանուկներս, մեծահասակներու հետ միասին ծածկոցի փեշէն բռնած կը հրճուէինք, երբ այդ հաստ ու կլորաւուն փայտի մէկ զարկով կը տեղար թութի անձրեւ: Այսպէս՝ ծածկոցի փեշէն բռնած, ծառի չորս կողմը կը դառնայինք, մինչեւ թթենին քիչ մը կը թեթեւնար: Ընթացքին քանի մը անգամ տաշտակներու մէջ կը պարպէինք ծածկոցի պարունակութիւնը:
Ամենէն նշանաւորը կ՚ըլլար վերջին թափը: Այս անգամ չէինք շտապեր ծածկոցի մէջ հաւաքուած հարիւրաւոր թութի հատիկները պարպել տաշտակի մէջ: Ծածկոցը խոտածածկ գետնի վրաւ փռելով չորս կողմը կը նստէինք ու հատիկ-հատիկ կը վայելէինք թութը: Ես ու իմ ընկերուհիները սեւ թութով կը ներկէինք մեր շուրթերը, այնուհետեւ կը պարծենայինք մեր շրթներկով: Անտարակոյս մեր ձեռքերուն ու ոտքերուն կը մնային թութի հետքեր: Սակայն հոգ չէր, մեր մեծերը գաղտնիքը բացայայտած էին: Նոյն ծառէն տակաւին չհասունցած կարմիր թութով կը մաքրէինք մեր մարմիններու տարբեր մասերուն վրայ գոյացած սեւ թութի հետքերը: Հակառակ պարագային մուգ կարմրամանուշակագոյն հետքերը քանի մը օր չէին լքեր մեզ:
Իսկ յետմիջօրէին թութ թափելու արարողակարգին մասնակցած բոլոր ներկաներուն թաս մը թութով կը ճանապարհէինք իրենց տուն...
Հետաքրքրական է, այսօր բոլոր պըտ-ղավաճառները բաւական սուղ գիներով կը վաճառեն ափ մը թութ: Անոնք քիլօկրամ կ՚ըսեն, ես ափ մը, քանզի մէկ քիլօկրամ թութը մեր լայնարձակ ծածկոցի վրայ կը զբաղեցնէր ափ մը տեղ:
Ո՞վ կը մտածէր, թէ թութը կրնան վաճառել...
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան