ՕԳՈՍՏՈՍ 23. ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԴԷՊԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ

32 տարի առաջ այս օրը՝ 23 օգոստոս 1990 թուականին, դրուեցաւ Հայաստանի անկախութեան գործընթացին սկիզբը: Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը օգոստոսի 23-ի նստաշրջանին ընթացքին ընդունեց անկախութեան մասին հռչակագիրը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր փաստաթուղթը, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան հետ կը կազմէ երկրին երկու հիմնարար փաստաթուղթերէն մէկը։ Տարիներ անց, 1995 թուականին ընդունուած Հայաստանի Սահմանադրութիւնը խարսխուեցաւ Անկախութեան մասին հռչակագիրին մէջ ամրագրուած սկզբունքներուն եւ նպատակներուն վրայ, ուստի հռչակագիրը սահմանադրութեան հետ կը կազմէ մէկ միասնական ամբողջութիւն:

23 օգոստոս 1990 թուականի հռչակագիրը մեկնակէտ դարձաւ 21 սեպտեմբեր 1991 թուականի համար, երբ Հայաստանի ժողովուրդը, անկախութեան հանրաքուէին ժամանակ, կողմ քուէարկեց Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու օգտին եւ անկախութիւն հռչակեց:

Այսօր՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին համար զգայուն օրերուն, երբ մեր պետականութիւնը փխրուն վիճակ մը ունի, երբ հայոց երկրին սահմանները ձեւելու, վերաձեւելու հրամայականին առջեւ կանգնած է մեր ժողովուրդը, երբ անվըտանգութեան հարցերը տակաւին լուծուած չեն, անորոշ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղին կարգավիճակը, երկիրը լեցուն է տունը կորսնցուցած բազմաթիւ փախստականներով, իսկ տուն ունեցող շատ-շատերն ալ բռնած են արտագաղթի ճամբան, հարկ է անգամ մը եւս անդրադառնալ, թէ ի՛նչ ձեռքեբերումներ ունեցած էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաջին տարիներուն եւ անկախութիւնը իրեն հետ ի՛նչ ազատական բարեփոխումներ բերած էր, որոնց մէկ մասը այսօր տեսանելի չեն:

Նախ, օգոստոս 23-ին ընդունուած Անկախութեան հռչակագրին տասներկու կէտերը կարծես ամփոփ ու մտերմիկ Սահմանադրութիւն մը ըլլային՝ տակաւին չստեղծուած հայոց անկախ ու ժողովրդավարական պետականութեան համար: Այդ տասներկու կէտերը ձեւական բնոյթ չէին կրեր եւ մեծ մասը իրականութիւն դարձաւ ժողովուրդին եւ այդ ժամանակուան քաղաքական իշխանութեան պայքարին, զրկանքներուն ու զոհողութիւններուն շնորհիւ:

Հայոց տօնացոյցին մէջ օգոստոս 23-ը գրուած է ոսկեայ տառերով եւ դարձած է հայութեան մի քանի սերունդներուն երազանքը իրականութիւն դարձնելու կամքին ու վճռականութեան խորհրդանիշը: Պատահական չէ, որ հռչակագիրը ընթերցած Արամ Մանուկեան (այդ ժամանակուան ՀՀՇ-ական երեսփոխան) քանիցս խոստովանած է, որ հռչակագիրը ընթերցելու պահուն իր ծունկերը դողացած են: Անկախ պետականութիւն ունենալու, ազատ, անկախ երկրի մէջ ապրելու հայերուն դարաւոր երազանքը իրականութիւն կը դառնար եւ զայն աշխարհով մէկ ընթերցելու պատիւը վերապահուած էր իրեն՝ իր անուն-մականունին, քանի որ 1918-ի գարնան կազմաւորուած Առաջին Հանրապետութեան իրական հիմնադիրը Արամ Մանուկեանն էր: Ի դէպ, օգոստոս 23-ին Արամ Մանուկեանը, հռչակագիրը կարդացած պահուն կրծքանշան կը կրէր, որ վերջերս նուիրեց Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին:

Անկախութեան հռչակումէն կարճ ժամանակ անց Հայաստանը ստացաւ համընդհանուր միջազգային ճանաչում։ Հայաստանի սահմանադրական նոր օրէնքով կը սահմանուէր իշխանութեան պետական կարգը, կ՚ապահովուէր օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններուն տարանջատումը։

Հռչակագրին մէջ յատուկ յօդուածով կ՚ընդունուէր հանրապետութեան օրէնքներուն գերակայութիւնը՝ Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն նկատմամբ: Եթէ Խորհրդային Միութեան տուեալ օրէնքը հաւանութիւն չէր ստանար Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին կողմէն, ապա ան չէր գործեր մեր հանրապետութեան մէջ: Հռչակագրին մէջ ամրագրուած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան պետութիւն է՝ օժտուած պետական իշխանութեան գերակայութեամբ, անկախութեամբ, լիիրաւութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կը գործեն միայն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները։

Հռչակագրով Պետական դրօշ հաստատուեցաւ եռագոյնը՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյնը, որ առաջին հանրապետութեան դրօշն էր։ Այնուհետեւ ընդունուեցաւ նոր պետականութեան միւս խորհրդանիշը՝ զինանշանը, որ նոյնպէս Առաջին Հանրապետութեան խորհրդանիշն էր: Հայաստանը պէտք է վարէր աշխոյժ արտաքին քաղաքականութիւն, ունենար իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները զանազան երկիրներու մէջ։ Բան մը, որ շատ արագ իրականութիւն դարձաւ յաջորդող տարիներուն: Միայն մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանը անդամակցեցաւ տասնեակ միջազգային կառոյցներու եւ դիւանագիտական կապեր հաստատեց աշխարհի վաթսուն երկիրներուն հետ, միացաւ իրաւունքի եւ այլ ասպարէզներու կարեւորագոյն հռչակագիրներուն ու միջազգային համաձայնագրերուն: Այս բոլորին շնորհիւ Հայաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ նկատուեցաւ ժողովրդավարութեան կղզեակ մը:

Փաստաթուղթին տնտեսական բաժնին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի տարածքին հողը, անոր ընդերքը, ձեռնարկութիւնները կը նկատուին հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը։ Երկրին տնտեսութեան հիմքին մէջ պէտք է դրուած ըլլային մասնաւոր սեփականատիրական եւ ազատ շուկայական յարաբերութիւնները, Հայաստանը պէտք է ունենար սեփական դրամական համակարգ, որ նոյնպէս իրականացաւ:

Մշակութային բաժնին մէջ յատուկ ուշադրութիւն յատկացուած էր հայերէնին իբրեւ պետական լեզու կիրարկման հարցին։ Հանրապետութեան մէջ ներքին ամբողջ գործավարութիւնը պէտք է կատարուէր միայն հայերէնով։ Հայերէն ըսելով կը հասկնանք նաեւ արեւմտահայերէնը՝ հայերէնը կազմող երկու գրական ճիւղերէն մէկը, ուստի անկախութեան հռչակագիրը հիմք կու տար նաեւ արեւմտահայերէնի ամրագրման երկրին ու պետական համակարգին մէջ: Դժբախտաբար, այդ կէտը պատշաճ կերպով չբացատրուեցաւ ժողովուրդին եւ պետական համակարգէն ներս, շատեր հայերէն ըսելով հասկցան միայն արեւելահայերէնը:

Հռչակագիրը կ՚արտօնէր մարդու իրաւունքներու յարգում, խիղճի, կուսակցութիւններու, ժողովներու եւ մամուլի ազատութիւն։ Մենք բոլորս ականատես եղանք, թէ ինչպէս յաջորդող տարիներուն Հայաստանի մէջ սկսան տպագրուիլ աւելի քան հարիւր թերթեր, ամսագիրներ, տեղեկագիրքեր, ստեղծուեցան մի քանի տասնեակ ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի կայաններ:

Համեմատելու համար նշենք, որ անկախութենէն առաջ՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ կը գործէին երկու հեռատեսիլային ալիքներ ու մէկ ձայնասփիւռի կայան, կը տպագրուէին սահմանակափակ թերթեր եւ բոլորն ալ կը գտնուէին խորհրդային գրաքննութեան հսկողութեան տակ:

Հռչակագրով կը վերականգնուէին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իրաւունքները։

Ինչպէս Հայաստանի սահմանադրութեան նախաբանին դրոյթները, այնպէս ալ Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրին պահանջքները ունին պարտադիր, անսակարկելի բնոյթ։

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ

Անկախութեան հռչակագիրը ընթերցող քաղաքական գործիչ Արամ Մանուկեան կազմած եւ հրատարակած է «Անկախութիւնը եւ ազատական բարեփոխումները» երկու բաժիններով գիրքը (որ թարգմանուած է նաեւ անգլերէնի): Գիրքին մէջ տեղ գտած յօդուածներուն հեղինակները Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ազատական բարեփոխումներու իրականացման գործին հիմնական պատասխանատու անձերն են, որոնք յօդուածներ գրած են 1990-ականներուն Հայաստանի մէջ իրականացուած ընկերային-տնտեսական բարեփոխումներուն վերաբերեալ:

Ընթերցելով պաշտօնեաներուն կամ գործիչներուն անունները, որոնք ղեկավարած կամ իրականացուցած են այդ գործընթացները, մտովի կը վերադառնանք 1990-ականներ, երբ Հայաստանը բռնած էր անկախացման գործընթացին շատ նուիրական ուղին եւ մենք ամէն օր կը լսէինք այս անունները:

Գիրքին մէջ կը տեսնենք Բաբգէն Արարքցեանի, Ժիրայր Լիպարիտեանի, Աշոտ Ոսկանեանի, Վահէ Ստեփանեանի, Գագիկ Ճիհանկիրեանի, Հրանդ Նազարեանի, Վլատիմիր Յովհաննիսեանի, Աշոտ Սարգսեանի, Նժդեհ Յովսէփեանի, Արամ Աբրահամեանի, Վահէ Սայաթեանի, Լուսինէ Խառատեանի, Խաչատուր Պէզիրճեանի, Վահագն Խաչատուրեանի, Հրանդ Բագրատեանի, Աշոտ Մարկոսեանի, Բագրատ Ասատրեանի, Եդուարդ Սանտոյեանի, Լեւոն Բարխութարեանի, Դաւիթ Համբարձումեանի, Լալա Անանիկեանի, Պաւլիկ Սաֆարեանի, Աշոտ Սաֆարեանի, Արմէն Կիրակոսեանի, Լեւիկ Խաչատրեանի, Աւետ Գրիգորեանի, Սամուէլ Քարաբէկեանի, Աշոտ Եսայեանի եւ Վահան Մովսիսեանի յօդուածները:

Յօդուածներու այս ժողովածոյին նպատակներէն է նաեւ կարելի եղած չափով հերքել 1998 թուականին իշխանութեան եկած ուժերուն՝ շուրջ քսան տարի իննսունականներու ժամանակաշրջանին մասին սանձազերծած վարկաբեկիչ կեղծիքները, որոնք դարձած են նոյնիսկ դպրոցական ու համալսարանական դասագիրքերուն անբաժանելի մասը՝ նսեմացնելով ու խեղաթիւրելով Ղարաբաղի շարժման ու ազատական բարեփոխումներուն էութիւնը։

Արամ Մանուկեան եւ գիրքին միւս կազմողները նպատակ ունին «Անկախութիւնը եւ ազատական բարեփոխումները» հատորները դարձնել օժանդակ ձեռնարկ մը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ եւ դրական արձագանգներ կան այդ առումով: Գիրքը կը մտնէ համալսարաններ, նոր սերունդը կը սկսի նոր հայեացքով նայիլ մեր անցեալին:

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄՏԱԾԵԼ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Մտածելակերպերու պայքարը

ԺԻՐԱՅՐ ԼԻՊԱՐԻՏԵԱՆ

Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան հռչակումէն երեք տասնամեակ անց պատմաբանը կրնայ յետադարձ ակնարկով հարց տալ, թէ որո՞նք եղած են այս ժամանակաշրջանի ամենակարեւոր փոփոխութիւնները։ Չէ՞ որ պատմութեան էութիւնը փոփոխութիւնները տեսնելը, գնահատելը, արժեւորելն է ու զանոնք աւելի լայն ծիրի մէջ տեղաւորելը։ Ընթերցողը կրնայ շատ արագ պատասխանել այդ հարցումին ու նշել մի քանի շատ յստակ երեւոյթ. ղարաբաղեան շարժում ու հակամարտութիւն, յետոյ՝ պատերազմ, անկախութիւն, ժողովրդավարութեան ու շուկայական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթաց, ներքին քաղաքական վերիվայրումներ։ Եւ այդ պատասխանը ճիշդ պատասխան կ՚ըլլայ։ Միայն թէ ամբողջական չ՚ըլլար:

Պատմութեան մէջ կան փոփոխութիւններ, որոնք այնքան ալ տեսանելի ու շօշափելի չեն, որովհետեւ չունին թուական, չունին պայթում, չունին տարեդարձ, չունին յուշարձան, սակայն առանց անոնց դժուար թէ տեսանելի երեւոյթներ տեղի ունենային։ Այդ փոփոխութիւնները կը վերաբերին մտածողութեան, ինչպէս քաղաքական մտածելակերպին մէջ, այնպիսի շրջադարձերու, որոնց ազդեցութիւնը երբեմն աւելի խոր է, քան իբրեւ յեղափոխութիւն որակուած ռեժիմային վերիվայրումները։ Երբ հարցականի կ՚ենթարկուին տիրապետող մտածելակերպին ենթադրոյթները, որոնք ընդունուած էին որպէս բնատուր ճշմարտութիւններ, որոնք այնքան անքննարկելի են, որ նոյնիսկ պէտք չունին ձեւակերպուելու. ենթադրոյթներ, որոնք ի վերջոյ կը մերժուին եւ մէկ կողմ կը ձգեն այդ տիրապետող մտայնութիւնը, ատիկա յեղափոխութիւն է։

Ինչ որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ՝ աննկատելիօրէն սկսելով 1970-ականներէն, հասունցաւ 1980-ականներուն եւ որպէս քաղաքական միտքին մէջ հիմնական նորութիւն՝ արտայայտուեցաւ ղարաբաղեան շարժման ստեղծած արագ զարգացումներուն ծիրին մէջ, ոչ այլ ինչ էր, քան յեղափոխութեան համահաւասար փոփոխութիւն։ Փոփոխութեան էութիւնը պարզ թուացող հարցումի մը պարզ պատասխանին մէջ էր. «Արդեօք Հայաստանը կրնա՞ր անկախ պետութիւն ըլլալ»։ Պատասխանը, որ մինչ այդ եղած էր «ո՛չ», դարձաւ «այո՛»։ Ոչ միայն ատիկա, այլ փաստօրէն՝ Հայաստանը դարձաւ անկախ պետութիւն։ Իսկ այդ յեղափոխական մտածելակերպին աղբիւրը «Ղարաբաղ» կոմիտէն էր, որ վերաճեցաւ Հայոց համազգային շարժում կուսակցութեան եւ ստանձնեց նոր մտածողութիւնը քաղաքականութեան վերածելու եւ այդ անկախութիւնը ձեռք բերելու քաջութիւնն ու պատասխանատուութիւնը։ Հայաստանը կրնա՞յ անկախ պետութիւն ըլլալ: Պետականութիւն ունենալու կամ անկէ զրկուած ըլլալու խնդիրը մեր ժողովուրդին պատմութեան եւ պատմագրութեան հիմնական առանցքներէն մէկն է։ Երբ պետականութիւն ունէինք, մեր ժողովուրդին առջեւ դրուած հիմնական խնդիրները աւելի լուծելի էին, իսկ մեր պատմագրութիւնը այդ կառոյցը ընդունած է որպէս առանցք։ Պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն տակ մեր ժողովուրդը շատ աւելի ծանր վտանգներու առջեւ կեցած է, իսկ մեր պատմագիրները դժուարութիւն ունեցած են պատում շարադրելու։

Նման ժամանակներուն, որ բուն Հայաստանի պարագային կ՚ընդգրկէ գրեթէ ամբողջ երկրորդ հազարամեակը, մեր ժողովուրդին զանազան դասեր մտածած են, երբեմն նոյնիսկ գործած՝ պետականութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ։ Հայ քաղաքական միտքը շարունակած է այս հարցը չարչրկել նոյնիսկ Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան մի քանի տարիներուն։ Այն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը տուած էր այդ հարցին պատասխանը, որ եղած է «ո՛չ»։ Այսինքն՝ Առաջին Հանրապետութեան որոշ յատկանիշներ եւ կառոյցներ մնացած են, սակայն անկախութիւնը չէ մնացած։ Հայաստանի կառավարման ձեւը, տնտեսական ու մշակութային զարգացման սկզբունքներն ու յատկանիշները, ինքնավարութեան աստիճանը եւ արտաքին ու պաշտպանական քաղաքականութիւնը ամբողջովին ճշդուած են ուրիշ տեղ։

Ուրեմն, հարցը մնացած է հետեւեալ ձեւակերպումով. Հայաստանը կրնա՞յ ձեռք բերել ռազմավարական եւ քաղաքական հնարաւորութիւն, ի զօրու ըլլալու իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, սահմանելու եւ տնօրինելու իր կենսական շահերը, թէ՞ պիտի շարունակէ պահպանել իր գոյութեան յանձնարարութիւնը, իբրեւ կայսերական իշխանութենէն կախեալ պետութիւն՝ ի հատուցումն վերջինիս խոստացած պաշտպանութեան:

Խորհրդայնացումէն ետք մի քանի տասնամեակ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան մէջ ազատութեան ու անկախ պետականութեան գաղափարները կը պահպանուէին սփիւռքի մէկ հատուածին մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ու իր համակիրներուն շրջանակէն ներս։ Սակայն 1970-ական թուականներէն սկսեալ՝ այդ կուսակցութիւնն ալ, սփիւռքի միւս կուսակցութիւններուն նման, Խորհրդային Հայաստանը որդեգրեց որպէս պետականութեան ընդունելի տարբերակ՝ անկախութիւն եւ ազատութիւն ձեռք բերելու նպատակը դատապարտելով երազային նշանաբաններու։ Ուրեմն, խնդիրը չէ եղած միայն, որ օտար, աւելի ուժեղ պետութիւն մը մեզմէ խլած է այդ անկախութիւնն ու ազատութիւնը, այլ մեր քաղաքական կուսակցութիւնները, համայնավարները՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, իսկ դաշնակցութիւնը, հնչակեաններն ու ռամկավարները՝ սփիւռքի մէջ, ազատութեան ու անկախութեան բացակայութիւնը ընդունած են ո՛չ միայն որպէս փաստ, այլ նաեւ՝ որպէս դրական տարբերակ։ Իսկ հայ քաղաքական միտքը, եթէ կարելի է այդ որակումը տալ նման երեւոյթի, այդ երկու իրաւունքներէն հրաժարած է՝ կացութիւնը պատկերացնելով որպէս փոխզիջումային տարբերակ։

Ըստ այդ տարբերակին, ազատութեան ու անկախութեան իրաւունքներէն հրաժարիլը անհրաժեշտ է՝ ստանալու համար կայսերական պետութեան մը պաշտպանութիւնը՝ Թուրքիայէն, որ, ըստ այդ պատկերացումին, պատրաստ է Հայաստանը ոչնչացնելու, եթէ Հայաստան չենթարկուի Ռուսաստանին եւ անկախ պետութիւն մը դառնայ։ Այդ բնաջնջման վախն է անկախութեան նկատմամբ ժխտական դիրքորոշման հիմքը՝ իր պարզեցուած, սակայն ոչ-պարզունակ ձեւակերպման մէջ: Ցեղասպանութեամբ յարուցուած, փանթուրքիզմի մշտական ուրուականով սնուցուած, իբրեւ զոհի եւ գաղութացուածի հոգեբանութիւն ներշնչած՝ Հայաստանի ինքնահռչակ դատապաշտպաններուն կողմէ հմտօրէն բանեցուած այդ վախն է, որ փաստօրէն աղճատած է ազգային շահերուն ընկալումը։ Խնդիրը այն է, որ այդ վախը շփոթուած էր ռազմավարական հիմնադրոյթին հետ: Ցեղասպանութիւնը, անոր շահարկումը եւ Թուրքիոյ վերաբերմունքը կաթուածահար ըրած էին հայ ժողովուրդին հաւաքական ոգին: Մեր ամբողջ պատմութիւնը եւ բոլոր կարելիութիւնները տրորուած էին, երբ ցեղասպանութեամբ սահմանուած էր մեր անցեալը։

Ազգ մը չի կրնար պատկերացնել անկախ ապագայ, եթէ ապագայի վերաբերեալ անոր միակ պատկերացումը կրկին զոհ դառնալու հեռանկարն է: Քաղաքականութեան հիմքին մէջ դրուած էին ցեղասպանութեան վախը եւ առկախուած անկախութեան կարելիութիւնը։ Այդ բոլորը ներկայացուած էր՝ որպէս իրապաշտ ու զգօն մտածելակերպ։ Այդ կուսակցութիւնները կարելի ամէն ինչ ըրին, որպէսզի այդ մտանութենէն դուրս ամէն բան նկատուի արկածախնդրութիւն, եթէ ոչ՝ դաւաճանութիւն։

Անկախութեան բերած նոր մտածելակերպը մեր քաղաքականութիւնը տեղաւորեց իրականութեան, պատասխանատուութեան ու լրջութեան գետնին վրայ։

(Հատուած Լիպարիտեանի յօդուածէն՝ «Անկախութիւնը եւ ազատական բարեփոխումները» գիրքին մէջ)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2022