ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

Ճարտարագէտ Ռաֆֆի Քորթոշեան ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը՝ 1979 թուականին։ Արմատներով Խարբերդի Եղէգի գիւղէն է: 1990 թուականին աւարտած է Ազգային Հայկազեան վարժարանը, իսկ 1996 թուականին՝ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը: 1996-1999-ականներուն մասնագիտական ուսում ստացած է Հալէպի Պետական համալսարանը:

Հայկական յուշարձաններու հանդէպ իր հետաքրքրութիւնները սկսած է գործունէութեան վերածել 2005 թուականին: 2020 թուականին Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի «Վարձք» հանդէսի խմբագրակազմի անդամ է եւ թողարկման պատասխանատու, միեւնոյն ժամանակ ան փոխ-տնօրէնն է Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամին, որ իր գործունէութեան իբրեւ կազմակերպութիւն սկսած է 1982 թուականին:

Ռաֆֆի Քորթոշեան ունի մօտաւորապէս երկու տասնեակ հրատարակուած գիրք եւ յօդուած: Բոլորովին վերջերս ալ ընթերցողին սեղանին դրաւ «Արտակ Արք. Մանուկեանի անուան Թեհրանի հայոց ազգային-ազգագրական թանգարանի հաւաքածոյ» պատկերազարդ հատորը, ուր ամփոփուած են 2008 թուականէն սկսեալ Թեհրանի մէջ գործող այդ ինքնատիպ հայկական թանգարանին մէջ պահուող, ուսումնասիրողներուն քիչ ծանօթ եւ հայագիտութեան համար մեծ արժէք ներկայացնող նիւթեր:

Այդ առիթով Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը ունեցանք Ռաֆֆի Քորթոշեանին հետ:

*

-«Արտակ արք. Մանուկեանի անուան Թեհրանի հայոց ազգային-ազգագրական թանգարանի հաւաքածոյ» հատորին ի՞նչ աշխատանքներ նախորդած են:

-Թանգարանէն ներս պահուող ցուցանմոյշները ուսումնասիրելու հնարաւորութիւն ստացած եմ 2017 թուականին՝ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի բարեհաճ արտօնութեան շնորհիւ, թանգարանի տնօրէնութեան, մանաւանդ՝ տիկին Ալիս Շահմուրատեանի սիրայօժար օժանդակութեամբ եւ Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնի տնօրէն Շերլի Աւետեանի հրաւէրով:

Թանգարանին մէջ կատարուած երեք օրուայ իմ պրպտումներուս հիմնական նպատակը եղած է հաւաքել եւ աւելի ուշ նաեւ գիրքի տեսքով ուսումնասիրողներուն սեղանին դնել թանգարանին մէջ պահուող ցարդ չուսումնասիրուած եւ հայագիտութեան համար մեծ արժէք ունեցող իրերու արձանագրութիւնները, ձեռագրերուն յիշատակարանները եւ տպագիր գիրքերուն մակագրութիւնները: Այս նպատակով մէկ առ մէկ ստուգած եմ մի քանի հազար ցուցանմոյշ եւ ընտրողաբար կատարած եմ մօտաւորապէս 900 լուսանկար: Յետագային, աշխատութիւնը ի մի բերելով, նպատակայարմար գտանք գիրքը բաժնել երեք գլուխներու՝ «Եկեղեցական իրեր», «Ձեռագրեր» եւ «Տպագիր գիրքեր»:

-Իսկ ի՞նչ մշակութային արժէք կը ներկայացնէ Արտակ Արք. Մանուկեանի անուան հայոց ազգային-ազգագրական թանգարանի հաւաքածոն, որո՞ւ միջոցներով հաւաքուած է, եւ ովքե՞ր կը հետաքրքրուին այդ թանգարանի գործերով:

-Թեհրանի թեմական խորհուրդի յանձնարարութեամբ գոյքահաւաքման աշխատանքները իրականացուցած է ճարտարապետ Շերլի Աւետեան, որ նաեւ նշանակուած է հաստատութեան առաջին տնօրէն: Թանգարանին մէջ կը պահուին Իրանի հայկական համայնքներուն մէջ կամ այլուր ստեղծուած եւ տեղի հայկական եկեղեցիներուն մէջ գործածուած 19-20-րդ դարերու եկեղեցական հարիւրաւոր իրեր ու սրբապատկերներ, 15-18-րդ դարերու՝ շուրջ երկու տասնեակ ձեռագիր մատեաններ, 17-20-րդ դարերու տպագիր բազմաթիւ գիրքեր, պատմական քարտէսներ, արխիւային նիւթեր, տարազներ, ծիսական հանդերձանք եւ իրանահայ ժամանակակից արուեստագէտներու աշխատանքներ (գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն, լուսանկարչութիւն), ինչպէս նաեւ՝ երջանկայիշատակ Արտակ Արք. Մանուկեանի անձնական իրերն ու փաստաթուղթերը: Նշելով տեղւոյն վրայ առկայ իրերուն ցանկը, կը կարծեմ ինքնաբերաբար կարելի եղաւ պատասխանել անոր մշակութային արժէքին վերաբերող հարցումին, մանաւանդ՝ հայագիտութեան զանազան ճիւղերու համար:

-Ի՞նչ նորայայտ ձեռագրեր, իրեր կամ այլ նմոյշներ ներառուած են գիրքին մէջ:

-Ինչպէս ըսի, գիրքին մէջ կարեւորութիւն տուած եմ ցուցանմոյշներուն եւ արձանագրութիւններուն, որոնք կը պարունակեն կարեւոր տեղեկութիւններ, մանաւանդ՝ պատմական:

«Եկեղեցական իրեր» բաժնին մէջ ներառնուած է 28 արձանագրութիւն՝ հնագոյնը կը թուագրուի 1850-ին: Տեղանուններով եւ անձնանուններով հարուստ այս բոլոր արձանագրութիւնները կը հրատարակուին առաջին անգամ:

Իւրօրինակ է 1855 թուականին Շուշի քաղաքի բնակիչ Արսումենց Թադէոսին կողմէ Թեհրանի Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ նուիրուած սաղաւարտը, որուն վրայ գրուած է. «Յիշադ(ա)կ է ոսկէզօծ վակաս եւ սաղավարթն ընծաեց ի Թէրանա Ամենափրկիչ եկ(ե)ղէցուն, ի Շուշի քաղիքացի Արսումէնց Թաթէոսն, իւր ծնօղացն մայտէսի Յակօփի եւ մայր Նանակուլին եվ եխբար վաղաթառամ Առաք(ե)լին, որօ շիրիմն է Ս(ուր)բ Թաթէոսի եկ(ե)ղէցուն բարիսբ(ու)մն, 1855 աբր(ի)լի 1»:

«Ձեռագրեր» բաժնին մէջ կան մանրանկարչութեամբ հարուստ 18 ձեռագիր մատեաններ, որոնցմէ վեցին մէջ ամբողջութեամբ կը պահպանուին գրչութեան ժամանակի գլխաւոր յիշատակարանները. անոնցմէ չորսը նորայայտ են: Առանձնապէս արժէքաւոր է 1420 թուականին Երզնկայի Պրաստինք գիւղի գրչօճախին մէջ ընդօրինակուած Աւետարանը, որ նշուած վայրին մէջ ստեղծուած եւ գիտութեան յայտնի ԺԵ. դարու միակ ձեռագրէն աւելի հին է 39 տարիով:

Այստեղ առաջին անգամ կը հրապարակուին նաեւ 1470 թուականին Ակգոր գիւղին մէջ, 1666 թուականին Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ եւ 1673 թուականին Նախիջեւանի Ագուլիս գիւղի Միջի թաղի Սուրբ Ընձայեաց լոյս եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուած ձեռագրերը:

Յատկանշական է նաեւ, որ որոշ ձեռագրերու մէջ աւելցուած են յետագայի կարեւոր յիշատակարաններ, ինչպէս նաեւ նորօրեայ պատմութեան քաղաքական տարաբնոյթ իրադարձութիւններուն (օրինակ՝ 1946 թուականի հայրենադարձութեան) վերաբերող յիշատակագրութիւններ:

Յայտնութիւն է Թամպուրի Արութինի (18-րդ դարու հայ երաժիշտ, պատմագիր, ծնած Կ.Պոլիս) «Պատմութիւն Թահմազ Ղուլի» հայատառ թրքերէն աշխատութեան երրորդ ձեռագիր տարբերակը, որմէ մինչ օրս ծանօթ էր երկուքը՝ առաջինը կը գտնուի Վենետիկի, իսկ երկրորդը Երեւանի Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ:

«Տպագիր գիրքեր» բաժնին մէջ առկայ են ձեռագիր տարաբնոյթ յիշատակութիւններ եւ կնքադրոշմներ պարունակող 37 միաւոր հնատիպ գիրք: Կարեւոր է Նահապետ Ա. Ուռհայեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1691-1705) կնիքը, ինչպէս նաեւ ինծի համար շատ արժէքաւոր, Խրիմեան Հայրիկի մակագրութեամբ, 1893 թուականին Թաւրիզի Արամեան դպրոցին նուիրուած «Հրաւիրակ երկրին աւետեաց» գիրքը, նաեւ լեզուաբան եւ մանկավարժ Միքայէլ Սալլաթեանցի մակագրութեամբ 1832-ին գրող եւ մանկավարժ Մեսրոպ Թաղիադեանին նուիրուած (Մոսկուայէն Շիրազ) «Պատասխանիք առ անիրաւ զրպարտութիւնս իմաստակի ուրումն ընդդէմ նոր քերականութեանն գրաբառ լեզուիս հայոց» աշխատութիւնը:

-Վերջերս տեղեկացանք, որ Արտակ Արք. Մանուկեանի անուան Թեհրանի հայոց ազգային-ազգագրական թանգարանը ներգրաւուած է Իրանի զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ մատնանշուած թանգարաններու շարքին: Ծանօթ ըլլալով թանգարանին, ի՞նչ կրնաք ըսել՝ ի՞նչ յատկանիշներ նկատի առնուած են այս քայլին համար:

-Ասիկա յաւելեալ ապացոյց մըն է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը, հնագոյն մշակոյթի կրողը ըլլալով, կը յարգեն եւ կը պահպանեն իրենց երկրի տարածքին մէջ գտնուող ուրիշ ազգերու մշակոյթը: Այս մէկը քաղաքակրթական օրինակելի մօտեցում է, որ դժբախտաբար կը բացակայի տարածքաշրջանի ուրիշ պետութիւններու գործելաոճին մէջ:

-«Արտակ Արք. Մանուկեանի անուան Թեհրանի հայոց ազգային-ազգագրական թանգարանի հաւաքածոյ» աշխատութիւնը կը նուիրուի ճարտարապետութեան տոքթոր Արմէն Հախնազարեանի ծննդեան 80-ամեակին: Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք Արմէն Հախնազարեանի կեանքն ու գործը:

-Խորհրդանշական է, որ Թեհրան ծնած ճարտարապետութեան տոքթոր Արմէն Հախնազարեանը յաճախած եւ 1959 թուականին աւարտած է Քուշեշ-Դաւթեան դպրոցը, որու շէնքին մէջ, շատ տարիներ ետք՝ 2008 թուականին, հիմնադրուած է թանգարանը:

Ես անոր հետ ծանօթացած եմ 2006 թուականին, երբ որպէս կամաւոր անդամակցած եմ իր նախագահութեամբ գործող Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող կազմակերպութեան: Մեծատառով մարդ էր, որմէ կարելի էր ընդմիշտ սորվիլ: Ան թէ՛ հայր էր, թէ՛ եղբայր, թէ՛ ուսուցիչ՝ կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն համար: Անոր գործունէութիւնը պատմութիւնը կ՚արժեւորէ, իսկ ես մէկ նախադասութեամբ կրնամ ըսել, որ ան հայկական վտանգուած պատմական յուշարձաններու ուսումնասիրութեան եւ պահպանութեան գործին առաքեալն էր:

-Արմէն Հախնազարեանի 80-ամեակին անդրադարձ կայ նաեւ «Վարձք» հանդէսի վերջին թիւին մէջ: «Վարձք» հանդէսը ընդհանրապէս ի՞նչ նիւթեր կը հրապարակէ եւ ի՞նչ հետաքրքրութիւն կայ անոր շուրջ:

-Կիսամեայ հանդէսին խորհրդանշօրէն տրուած է «Վարձք» անունը՝ ի նշան նախնեաց յիշատակները վառ պահելու գաղափարին առջեւ սերունդներուն ունեցած պարտքին եւ զանոնք քայլ առ քայլ մատուցելու առաքելութեան գիտակցման:

Հանդէսը հիմնադրած է Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան՝ 2010-ին, եւ անդրանիկ թիւը ամբողջութեամբ նուիրուած էր երջանկայիշատակ Արմէն Հախնազարեանի մահուան տարելիցին:

2010-2016 թուականներուն շարունակաբար հրատարակուած է 12 թիւ եւս, որմէ ետք հանդէսը դադրած է լոյս տեսնելէ: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին շնորհիւ, 2020-ին հանդէսը վերստին սկսաւ հրատարակուիլ, անոր 13-րդ թիւը ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի կեանքին ու գործունէութեան: Հանդէսին միւս թիւերուն մէջ, սակայն, հիմնականօրէն տեղ կը գտնեն զանազան հայագիտական յօդուածներ՝ գլխաւորապէս նորայայտ դաշտային եւ գրադարանա-արխիւային նիւթերով հարուստ: Այդ բոլոր նիւթերուն ընթերցողը կրնայ ծանօթանալ մեր հաստատութեան կայքէջին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2021