Զարգացող Լեզուն

Մարդ­կա­յին լե­զուն կեն­դա­նի է եւ, ինչ­պէս մար­դը,  ան  ա­նընդ­հատ զար­գաց­ման ու փո­փո­խու­թեան են­թա­կայ է:

Մին­չեւ 19-րդ ­դար, երբ լե­զո­ւա­բա­նու­թիւ­նը  տա­կա­ւին չէր ձե­ւա­ւո­րո­ւած իբ­րեւ ինք­նու­րոյն գի­տու­թիւն, կարգ մը լե­զո­ւա­բան­նե­րու քով կ՚իշ­խէ՛ր այն սխալ կար­ծի­քը, թէ լե­զո­ւի իւ­րա­քան­չիւր փո­փո­խու­թիւն ա­նոր ա­ղա­ւա­ղումն ու փճա­ցումն է:

Ար­դի լե­զո­ւա­բա­նու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րը հա­սան այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ լե­զո­ւի իւ­րա­քան­չիւր փո­փո­խու­թիւն կա­րե­ւոր է՝ որ­պէս ա­նոր պատ­մա­կան զար­գաց­ման մէկ հանգ­րո­ւա­նը: Լե­զո­ւա­բան­նե­րէն ո­մանք նաեւ նկա­տե­ցին, որ լե­զո­ւի զար­գաց­ման շար­ժիչ ու­ժը «ժո­ղո­վուր­դի ո­գին» է, ցե­ղա­յին կամ ազ­գա­յին իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը:

Լե­զո­ւի զար­գա­ցու­մը ոչ միայն ա­նոր ձե­ւա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներն են, այլ՝ բա­ռա­յին կազ­մի,  բա­ռի­մաս­տա­յին եւ քե­րա­կա­նա­կան  փո­փո­խու­թիւն­նե­րը:

Լե­զո­ւի զար­գա­ցու­մը, ինչ­պէս պատ­մու­թիւ­նը ցոյց կու տայ մե­զի, կ՚ար­տա­յայ­տո­ւի ա­նոր բա­ռա­յին կազ­մի հարս­տաց­ման «նո­րա­նոր բա­ռե­րով, կեան­քի բազ­մա­կող­մա­նի ե­րե­ւոյթ­նե­րու հա­մար անհ­րա­ժեշտ բա­ռե­րու ստեղ­ծու­մով», քե­րա­կա­նա­կան կա­ռու­ցո­ւած­քի կա­տա­րե­լա­գործ­ման, բա­րե­լա­ւու­մին, յղկման ու մշակ­ման մի­ջո­ցով:

Լե­զո­ւի զար­գա­ցու­մը տե­ղի չ՚ու­նե­նար  յան­կար­ծա­կի պայ­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով՝ մէկ ան­գա­մէն, այլ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող քե­րա­կա­նա­կան կա­նոն­նե­րուն աս­տի­ճա­նա­կան, եր­կար  ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կրած փո­փո­խու­թիւն­նե­րով, նոր կա­նոն­նե­րու յա­ռա­ջա­ցու­մով, հի­նե­րուն վե­րա­ցու­մով եւ բա­ռա­յին կազ­մի հարստա­ցու­մով: Ու­րեմն  փո­փո­խու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նա՛ն անն­կա­տե­լիօ­րէն:

Կեան­քի մէջ կա­տա­րո­ւող իւ­րա­քան­չիւր փո­փո­խու­թիւն իր ար­տա­ցո­լու­մը կը գտնէ մեր լեզո­ւի բա­ռա­յին կազ­մին մէջ: Նոր մե­քե­նա­նե­րու ե­րե­ւան գա­լը, գի­տա­կան նոր յայտ­նա­գոր­ծու­թիւն­ներ, հա­սա­րա­կա­կան նոր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, կեն­ցա­ղի մէջ ստեղ­ծո­ւած նոր ե­րե­ւոյթ­ներ բո­լորն ալ ի­րենց բա­ռա­յին նոր ա­նո­ւա­նում­նե­րը կը ստա­նան եւ ի­րենց անդ­րա­դար­ձը կ՚ու­նե­նա՛ն լե­զո­ւին վրայ: Միւս կող­մէ հին ե­րե­ւոյթ­նե­րու, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րու վե­րա­ցու­մը երբ լե­զուն իր  բա­ռա­յին կազ­մէն դուրս կը մղէ հա­մա­պա­տաս­խան բա­ռե­րը: Զար­գաց­ման պատ­ճա­ռով տե­ղի կ՚ու­նե­նայ նաեւ բա­ռե­րու հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րու,  նշա­նա­կու­թիւն­նե­րու փո­փո­խու­թիւն, ի­մաս­տա­փո­խու­թիւն: Այս­պէ­սով լե­զո­ւի բա­ռա­յին կազ­մը կ՚են­թար­կո­ւի ե­րեք կար­գի փո­փո­խու­թեան. ա) նոր բա­ռե­րու յա­ւե­լում, բ) հին­ցած բա­ռե­րու կո­րուստ, գ) ո­րոշ քա­նա­կով բա­ռե­րու ի­մաս­տա­յին փո­փո­խու­թիւն: Ընդ­հան­րա­պէս քա­նա­կով ա­ւե­լի շատ բա­ռեր կ՚ա­ւել­նան լե­զո­ւին վրայ, քան դուրս կը մղո­ւին կամ կ՚ան­հե­տա­նան ան­կէ:

Հա­սա­րա­կու­թեան մէջ մուտք գոր­ծող բա­ռե­րը,  ո­րոնք տա­կա­ւին չեն ընդ­հան­րա­ցած կը կո­չո­ւին նո­րա­բա­նու­թիւն: Այս բա­ռե­րը կը նպաս­տեն բա­ռա­պա­շա­րի հարս­տաց­ման, եր­կու ձե­ւով՝ ներ­քին եւ ար­տա­քին:

Բա­ռա­պա­շա­րի հարս­տաց­ման ներ­քին մի­ջո­ցը,  նոյն լե­զո­ւի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով նոր բա­ռեր կազ­մելն է, օ­րի­նակ՝ հա­յե­րէն աշ­խար­հա­բա­րի մէջ օ­դա­նաւ բա­ռը կազ­մո­ւե­ցաւ օ­դա­նա­ւի ստեղ­ծո­ւե­լէն ետք, մինչ մենք ու­նէինք օդ եւ նաւ ար­մատ­նե­րը: Նոյն­պէս՝ ինք­նա­շարժ, հե­ռա­տե­սիլ, հե­ռա­ղեկ, հա­մա­կար­գիչ, եւայլն: Լե­զո­ւի բա­ռա­պա­շա­րը ներ­քին մի­ջոց­նե­րով հարս­տաց­նե­լու հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծո­ւին բո­լոր բա­ռա­կազ­մա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, զորս ու­նի տո­ւեալ լե­զուն: Ներ­քին մի­ջոց է նաեւ տո­ւեալ լե­զո­ւի տար­բե­րա­կա­յին ձե­ւե­րէն ընդ­հա­նուր լե­զո­ւին անց­նող բա­ռե­րը: Ժա­մա­նա­կա­կից հա­յե­րէ­նի ներ­քին փո­խա­ռու­թիւն­նե­րու աղ­բիւր­ներ են գրա­բա­րը, մի­ջին հա­յե­րէ­նը, բար­բառ­նե­րը, ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը «ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին  հա­մար», ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը «ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նին  հա­մար»:

Բա­ռա­պա­շա­րի հարս­տաց­ման ար­տա­քին մի­ջո­ցը, ու­րիշ լե­զու­նե­րէ կա­տա­րո­ւող փո­խա­ռու­թիւն­ներն են, այս­պէս՝ ստեղ­ծե­լով գի­տա­կան եւ մշա­կու­թա­յին նո­րու­թիւն­ներ, նոր մե­քե­նա­ներ գոր­ծիք­ներ, մենք շատ ան­գամ ա­նոնց ա­նուն­նե­րը  կը ստի­պո­ւինք վերց­նել այն լե­զո­ւէն, ո­րոնց մի­ջո­ցով հա­ղոր­դա­կից դար­ձած ենք այդ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն: Օ­տար լե­զո­ւի բա­ռը ուղ­ղա­կի կը թարգ­մա­նո­ւի, ինչ­պէս՝ ֆրան­սե­րէն chemin de fer-ը՝ եր­կա­թու­ղի: Այս ե­րե­ւոյ­թը բա­ռա­պատ­ճէ­նում կը կո­չո­ւի: Ինչ­պէս՝ քե­րա­կա­նու­թիւն յու­նա­րէն gram-matica-էն, են­թա­կայ լա­տի­նե­րէն subiectus-էն ե­ւայլն: Յա­ճախ ոչ միայն ա­ռան­ձին բա­ռեր կը պատ­ճէ­նո­ւին, այլ ամ­բողջ բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւն­ներ, դար­ձո­ւածք­ներ եւ ո­ճեր: Նաեւ կա­րե­լի է փոխ առ­նել բա­ռա­կազ­մա­կան ձե­ւեր՝ ա­ծանց­ներ «ինչ­պէս՝ իզ-միստ մաս­նիկ­նե­րը, օրինակ՝ սիո­նիզմ-սիո­նիստ», եւայլն։

Ու­րիշ լե­զու­նե­րէ կա­տա­րո­ւող փո­խա­ռու­թիւն­նե­րը եր­կու տե­սակ կ՚ըլ­լան՝ ան­մի­ջա­կան եւ միջ­նոր­դա­կան: Ան­մի­ջա­կան են այն փո­խա­ռու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք տո­ւեալ բա­ռի սկզբնաղ­բիւր հան­դի­սա­ցող լե­զո­ւէն կը կա­տա­րո­ւին, օ­րի­նակ՝ վրա­ցե­րէ­նէն փոխ առ­նո­ւած՝ գու­թան, խոփ, փա­րախ, փո­շի, ջախ­ջա­խել եւ ու­րիշ բա­ռեր. պահ­լա­ւե­րէ­նէն՝ «մի­ջին պարս­կե­րէն» փո­խա­ռեալ՝ ա­զատ, ազգ, ա­կա­մայ, ան­գամ, ա­պա­կի, ապս­տամբ, զրահ, թո­շակ եւայլն, այս բա­ռե­րը հա­յե­րէ­նի մէջ ուղ­ղա­կի կեր­պով մուտք գոր­ծած են:

Միջ­նոր­դա­կան են այն փո­խա­ռու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ոչ թէ տո­ւեալ բա­ռի սկզբնաղ­բիւր հան­դի­սա­ցող լե­զո­ւէն կը կա­տա­րո­ւին, այլ՝ ու­րիշ լե­զո­ւէ մը, որ նոյն­պէս այդ բա­ռը փոխ ա­ռած է, օ­րի­նակ՝ թրաք­թոր, որ լա­տի­նա­կան ծա­գում ու­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը զայն փոխ ա­ռած է ռու­սե­րէ­նէ:

Բա­ռե­րու այս միջ­նոր­դա­կան փո­խա­ռու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը հե­տաքրք­րա­կան է եւ ցոյց կու տայ բա­ռե­րու «ճամ­բոր­դու­թիւ­նը» լե­զո­ւէ լե­զու. օ­րի­նակ՝ թէյ բա­ռը չի­նա­րէն ծա­գում ու­նի: Չի­նա­րէ­նի հիւ­սի­սա­յին բար­բառ­նե­րուն մէջ այս բա­ռը գո­յու­թիւն ու­նի «չայ» ձե­ւով, իսկ հա­րա­ւա­յին բար­բառ­նե­րուն մէջ՝ «թօ» ձե­ւով: Այն ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, ո­րոնք թէ­յը հիւ­սի­սա­յին բար­բառ­նե­րէն ստա­ցած են, չայ ձե­ւով կը գոր­ծա­ծեն, ինչ­պէս՝ ռու­սե­րէ­նը, ա­րա­բե­րէ­նը, թրքա­կան լե­զու­նե­րու միջ­նոր­դու­թեամբ, «նաեւ՝ հա­յե­րէն բար­բառ­նե­րու մէջ օգ­տա­գոր­ծո­ւող»: Միւս ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, ո­րոնք թէ­յը հա­րա­ւա­յին Չի­նաս­տա­նէն ստա­ցած են՝ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կամ միջ­նոր­դա­բար թէյ ձե­ւը կ՚օգ­տա­գոր­ծեն: Այս­պէս, հա­րա­ւա­յին չի­նա­կան բար­բառ­նե­րէն այդ բա­ռը մա­լա­յե­րէ­նին ան­ցած է, ա­պա՝ եւ­րո­պա­կան լե­զու­նե­րուն, իսկ հոն­կէ ալ, հա­յե­րէ­նին՝ թէյ ձե­ւով:

Այս­պէ­սով, բա­ռե­րու փո­խա­ռու­թեան պատ­մու­թիւ­նը ոչ միայն լե­զո­ւա­բա­նա­կան տե­սա­կէ­տէն հե­տաքրք­րա­կան է, այ­լեւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու փո­խա­դարձ շփում­նե­րու եւ ա­նոնց պատ­մա­կան փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու   մա­սին գիտ­նա­լու հա­մար կա­րե­ւոր է:

Դէպ­քեր կան, երբ պատ­մա­կան ո­րոշ հան­գա­մանք­նե­րու շնոր­հիւ ո­րե­ւէ լե­զո­ւէ բազ­մա­թիւ բա­ռեր կը վեր­ցո­ւին, ո­րոնք լե­զո­ւի բա­ռա­յին կազ­մին մէջ չեն ար­մա­տա­նար եւ լե­զո­ւէն դուրս կը մղո­ւին կար­ճա­տեւ կեանք ու­նե­նա­լէ ետք, օ­րի­նակ, ըստ Հրաչեայ Ա­ճա­ռեա­նի, հա­յե­րէ­նը հին յու­նա­րե­նէն փոխ ա­ռած է 1069 բառ,  ժա­մա­նա­կա­կից հա­յե­րէ­նի մէջ ան­կէ կը գոր­ծա­ծո­ւի միայն 202 բառ: Այս կար­գի փո­խա­ռու­թիւն­նե­րը մեծ մա­սով օ­տար­նե­րու  բռնա­կա­լա­կան լու­ծին  ար­դիւնք են՝ «ինչ­պէս յու­նա­կա­նը հա­յե­րէ­նի մէջ»: Օ­տար տի­րա­պե­տու­թեան թօ­թա­փու­մէն ետք, ա­նոնք աս­տի­ճա­նա­բար լե­զո­ւէն կը մաք­րո­ւին՝  ա­ռանց ա­ղա­ւա­ղե­լու, «աղ­ճա­տե­լու» զայն: Ինչ­պէս՝ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան ժա­մա­նակ  թրքե­րէ­նի ազ­դե­ցու­թիւ­նը ա­րեւմ­տա­հայ խօ­սակ­ցա­կան լե­զո­ւին վրայ: Հե­տա­գա­յին կը տկա­րա­նայ  այդ  ազ­դե­ցու­թիւ­նը, հետզ­հե­տէ կը մաք-րըւի եւ կը բիւ­րե­ղա­նայ ա­րեւմ­տա­հայ լե­զո­ւա­ճիւ­ղը:

Իսկ այն բա­ռե­րը, ո­րոնք դրա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն կը վեր­ցո­ւին եր­կա­րա­տեւ բա­րե­կա­մու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ,  կ՚անց­նին լե­զո­ւի սե­փա­կան բա­ռա­յին կազ­մին եւ ա­նոր մնա­յուն սե­փա­կա­նու­թիւ­նը կ՚ըլ­լան:

Յստա­կօ­րէն կը տես­նենք, թէ բա­ռա­յին կազ­մի փո­փո­խու­թիւ­նը կա­պո­ւած է տո­ւեալ ժո­ղո­վուր­դի հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին հետ: Յա­ճախ բա­ռա­յին կազ­մի հարստա­ցու­մը սե­փա­կան կը դառ­նայ ոչ թէ տո­ւեալ լե­զո­ւի ամ­բող­ջու­թեան հա­մար, այլ՝ ա­նոր հա­սա­րա­կա­կան, այս կամ այն խա­ւին, կամ հա­տո­ւա­ծին: Ո­րոշ հա­տո­ւած­ներ կամ դա­սա­կար­գեր կը խու­սա­փին նոր բա­ռը օգ­տա­գոր­ծե­լէ, ինչ­պէս՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տո­ւող­նե­րը կը խու­սա­փին  ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մէջ ռու­սե­րէ­նէ մուտք գոր­ծած կամ փո­խա­ռո­ւած բա­ռե­րէն, իսկ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայտո­ւող­նե­րը կը խու­սա­փին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մէջ մուտք գոր­ծած նո­րա­բա­նու­թիւն­նե­րէն:

Հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի զար­գա­ցու­մը յա­ռաջ կը բե­րէ ոչ միայն նոր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եւ լե­զո­ւի նոր զար­գա­ցում կամ յա­ւե­լում, այլ նաեւ այդ զար­գաց­ման պատ­ճա­ռով հա­սա­րա­կու­թեան կեան­քէն ո­րոշ ա­ռար­կա­ներ, գոր­ծիք­ներ,  ե­րե­ւոյթ­ներ եւ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներ դուրս կը մղո­ւին: Ա­ւա­տա­տի­րա­կան կար­գե­րու վե­րա­ցու­մով սե­պուհ, մարզ­պան, սե­նե­կա­պետ, մարդ­պետ եւ այս տի­պի բա­ռեր դուրս կը մղո­ւին, կը վե­րա­նան մեր հա­սա­րա­կու­թե­նէն, ա­նոնց փո­խա­րէն նո­րե­րը կը յա­ռա­ջա­նան: Բազ­մա­թիւ ա­ռար­կա­ներ,  գոր­ծիք­ներ, հա­գուս­տի տե­սակ­ներ եւ զա­նոնք ար­տա­յայ­տող բա­ռեր չկան այ­լեւս մեր ժա­մա­նա­կա­կից լե­զո­ւին մէջ, ո­րով­հե­տեւ այդ ա­ռար­կա­նե­րը ա՛լ գո­յու­թիւն չու­նին մեր կեան­քին մէջ, օ­րի­նակ՝ Գե­ղարդ: Հին­ցած բա­ռե­րու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը  կը կո­չո­ւի հնա­բա­նու­թիւն:

Ինչ­պէս ցե­ղե­րը, ժո­ղո­վուրդ­ներն ու ազ­գե­րը, այն­պէս ալ ա­նոնց լե­զու­նե­րը ի­րար­մէ մե­կու­սա­ցած չեն ե­ղած: Իւ­րա­քան­չիւր լե­զու իր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ու­րիշ լե­զու­նե­րու հետ շփման մէջ ե­ղած է: Ա­նոնք փո­խա­դար­ձա­բար ի­րա­րու վրայ ազ­դած են եւ տա­կա­ւին կ՚ազ­դեն: Բայց ինչ­պէս որ ցե­ղե­րու, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եւ ազ­գե­րու մի­ջեւ ե­ղած շփումն ու փո­խա­դարձ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կրնան տար­բեր բնոյթ ու­նե­նալ, այդ­պէս ալ լե­զու­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը տար­բեր բնոյթ ու­նե­ցած է: Երբ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­ներ դա­րա­ւոր դրա­ցի­ներ ե­ղած են, ա­նոնց լե­զու­նե­րու փո­խազ­դե­ցու­թիւ­նը ե­ղած է տար­բեր, քան՝ այն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու լե­զու­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը, երբ մէ­կը միւ­սին վրայ տի­րա­պե­տած է: Ա­ռա­ջին պա­րա­գա­յին հա­մար կա­րե­լի է օ­րի­նակ բե­րել վրա­ցե­րէ­նին հա­յե­րէ­նին վրայ ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թիւ­նը, իսկ երկ­րորդ պա­րա­գա­յին՝ ա­րա­բե­րէ­նին կամ թր­քե­րէ­նին հա­յե­րէ­նին վրայ ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թիւ­նը:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի կազ­մա­ւոր­ման ըն­թաց­քին բազ­մա­թիւ այ­լա­լե­զու ցե­ղեր եւ տոհ­մեր հա­յե­րուն մէջ ձու­լո­ւած են: Ա­նոնց լե­զու­ներն ալ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պար­տո­ւած եւ մա­հա­ցած են, իսկ հա­յե­րէ­նը մնա­ցած է յաղ­թա­կան: Պատ­մա­կան այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ հա­յե­րէ­նը պարտո­ւած լե­զու­նե­րու հա­շո­ւոյն հարս­տա­ցած է՝ իր մէջ այդ լե­զու­նե­րէն ո­րոշ քա­նա­կով բա­ռեր առ­նե­լով, թե­րեւս նաեւ՝ բա­ռա­կազ­մա­կան մաս­նիկ­ներ, բայց ա­նոր քե­րա­կա­նա­կան կա­ռու­ց-ւած­քը պահ­պա­նո­ւած է՝ ա­ռանց պար­տո­ւած լե­զու­նե­րու քե­րա­կա­նա­կան կա­ռու­ցո­ւած­քի տար­րե­րէն ազ­դո­ւե­լու:

Փաս­տե­րը ցոյց կու տան, թէ ո­րե­ւէ լե­զո­ւի յաղ­թա­նա­կը այդ լեզո­ւով խօ­սող տոհ­մի (ցե­ղի կամ ժո­ղո­վուր­դի) յաղ­թա­նա­կով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է, իր գե­րիշ­խող դե­րով՝ պար­տո­ւած լե­զու­նե­րով խօ­սող տոհ­մե­րու (ցե­ղե­րու կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու նկատ­մամբ):

Հա­յե­րէ­նը յաղ­թա­կան ե­ղած է, ո­րով­հե­տեւ ա­նով խօ­սող հա­յա­սա-ար­մե­նա­կան ցե­ղա­խում­բը կազ­մա­կեր­պող դեր կա­տա­րե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի կազ­մա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ՝ յաղ­թած եւ իր մէջ ձու­լած է մնա­ցեալ տոհ­մերն ու ցե­ղե­րը: Ու­րար­տե­րէ­նը հարս­տա­ցու­ցած է հա­յե­րէ­նի բա­ռա­յին կազ­մը ո­րոշ քա­նա­կի բա­ռե­րով, իսկ ին­քը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մա­հա­ցած է:

Լե­զու­նե­րէն ոչ մէ­կը օժ­տո­ւած է ա­ռա­ւել «կեն­սու­նա­կու­թեամբ»: Տո­կու­նու­թիւնն ու դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը յա­տուկ է լե­զո­ւին: Միայն ո­րոշ լե­զու­նե­րու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն չէ, որ ա­նոնք բնա­կա­նէն յա­տուկ կեն­սու­նա­կու­թեամբ օժ­տո­ւած ըլ­լան, այլ՝ բո­լոր լե­զու­նե­րուն, քա­նի որ բո­լոր լե­զու­ներն ալ ի­րենց բա­ռա­յին հիմ­նա­կան ֆոնթն ու քե­րա­կա­նա­կան կա­ռու­ցո­ւած­քը ու­նին: Հե­տե­ւա­բար լե­զու­նե­րու յաղ­թա­նա­կը կամ պար­տու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է ոչ թէ ի­րենց իսկ՝ լե­զու­նե­րուն յա­տուկ ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ կեն­սու­նա­կու­թեամբ, այլ՝ ա­նոնց­մով խօ­սող հան­րու­թեան յաղ­թա­նա­կով կամ պար­տու­թեամբ: Այս տե­սա­կէ­տէն մեկ­նե­լով՝ կա­րե­լի է մտա­ծել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով խօ­սող հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք հայ­րե­նի հո­ղէն դուրս կ՚ապ­րին, ո­րոնց ֆի­զի­քա­կան ան­հե­տաց­ման վտանգ չի սպառ­նար թէեւ, բայց ա­նոնք իբ­րեւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն՝ են­թա­կայ են ու­ծաց­ման իսկ  ա­նոնց լե­զուն հա­լե­լու, ինչ­պէս՝ պտղունց մը ա­ղը սո­վո­րա­կան ջու­րին մէջ: (Ան­շուշտ ե­թէ պե­տա­կան լուրջ հո­վա­նա­ւո­րու­թե­նէ զրկո­ւած մնայ):

Գա­լով ա­րա­բե­րէ­նին՝ հա­յոց լե­զո­ւի պատ­մու­թե­նէն կ՚ի­մա­նանք, թէ Հա­յաս­տա­նի վրայ ա­րա­բա­կան տի­րա­պե­տու­թեան ժա­մա­նակ հա­յե­րէ­նը ա­րա­բե­րէ­նէն փոխ ա­ռած է 702 բառ, ո­րոնց­մէ աշ­խար­հա­բար գրա­կան լե­զո­ւին մէջ, ըստ Փրոֆ. Հրաչեայ Ա­ճա­ռեա­նին, կը գոր­ծա­ծո­ւի միայն 52 բառ, նկա­տի ու­նե­նա­լով այն բա­ռե­րը միայն, ո­րոնք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մէջ մուտք գոր­ծած են, ինչ­պէս՝ ռուպ, նշայ՝ «օս­լայ», հե­քիաթ, մկրատ, ժո­ղովր­դա­խօ­սակ­ցա­կան՝ վի­լա­յէթ, ճա­հել, ճա­տու, ամ «տա­րի»:

Ժա­մա­նա­կա­կից հա­յե­րէ­նին մէջ պահ­պա­նո­ւած է միայն 32 բառ: Ու­րեմն, բռնա­կա­լու­թեան իբ­րեւ հե­տե­ւանք մուտք գոր­ծած բա­ռե­րուն մե­ծա­գոյն մա­սը չէ դար­ձած հա­յե­րէ­նի բա­ռա­յին կազ­մի սե­փա­կա­նու­թիւ­նը եւ մեր լե­զո­ւէն դուրս մղո­ւած է ա­րա­բա­կան տի­րա­պե­տու­թեան վե­րա­ցու­մով:

Նոյն բա­նը պա­տա­հած է նաեւ թրքե­րէն բա­ռե­րուն հետ, հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­ներու իբ­րեւ հե­տե­ւանք բազ­մա­թիւ բա­ռեր թրքե­րէ­նէն հա­յոց լե­զո­ւի մէջ մուտք գոր­ծած են (Ա­ճա­ռեանի հա­մա­ձայն՝ շուրջ 4000 բառ), սա­կայն այդ բա­ռե­րը ոչ միայն մեր ազ­գա­յին գրա­կան լե­զո­ւին մէջ մուտք չեն գոր­ծած, այլ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին վտա­րո­ւած եւ տա­կա­ւին կը վտա­րո­ւին մեր բար­բառ­նե­րէն: Ա­նոնք նաեւ զգա­լի դեր չեն կա­տա­րեր լե­զո­ւի զար­գաց­ման ըն­թաց­քին վրայ եւ առ­հա­սա­րակ մեր լե­զո­ւին վրայ ազ­դե­ցու­թիւն չեն գոր­ծեր:

Ռու­սե­րէ­նի պա­րա­գա­յին, ճիշդ է, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կը մեր­ժէ բա­ռեր ըն­դու­նիլ ան­կէ, սա­կայն ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մի­ջո­ցով թարգ­մա­նա­բար մուտք գոր­ծած ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, ո­ճեր եւ բա­ռեր ան­ցած են ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին, ինչ­պէս՝ ընդ­հա­նուր լե­զու գտնել, ինչ կը վե­րա­բե­րի, օ­րա­կարգ եւայլն…

Նաեւ՝ շա­րա­հիւ­սա­կան ո­րոշ կա­պակ­ցու­թիւն­ներ, ինչ­պէս՝ ա­նո­րոշ դեր­բա­յի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը հրա­մա­յա­կա­նի փո­խա­րէն օ­րի­նակ՝ բարձր չխօ­սիլ, չծխել եւայլն):

Բա­ռա­պա­շա­րի կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մը լե­զո­ւի զար­գաց­ման ոչ մէկ հանգ­րո­ւա­նին, կա­րե­լի է դի­տել որ­պէս ա­ւար­տուն գոր­ծըն­թաց: Այն, ինչ որ այ­սօր կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւած կը նկա­տո­ւի, կրնայ վա­ղը փո­խա­րի­նո­ւիլ ա­ւե­լի կա­տա­րեա­լով՝ վա­ղո­ւան լե­զո­ւի զար­գաց­ման հանգ­րո­ւա­նին հա­մա­պա­տաս­խան: Այս ա­ռու­մով ժա­մա­նա­կա­կից հա­յե­րէ­նի բա­ռա­պա­շա­րը ա­ռա­ւել եւս յա­րա­շարժ եւ յա­րա­փո­փոխ վի­ճակ կը ներ­կա­յաց­նէ մշա­կոյ­թի, ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, գի­տու­թեան, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան նո­րա­նոր բնա­գա­ւառ­նե­րու զար­գաց­ման պատ­ճառ­նե­րով:

Բա­ռա­պա­շա­րի կա­տա­րե­լա­գոր­ծում ը­սե­լով՝ նաեւ կը հասկ­նանք լե­զո­ւի բա­ռա­յին կազ­մին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող այն­պի­սի փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւ­նը, որ կա­րե­լի է բնու­թագ­րել իբ­րեւ բա­ռա­պա­շա­րի ո­րա­կա­կան զար­գա­ցում: Կը նշա­նա­կէ, որ բա­ռա­պա­շա­րի կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մը, ոչ այն­քան նոր բա­ռե­րու մուտ­քով տե­ղի կ՚ու­նե­նայ տո­ւեալ լեզո­ւի բա­ռա­յին կազ­մին մէջ, որ­քան՝ ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բա­ռե­րու եւ բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւն­նե­րու զա­նա­զան փո­փո­խու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք կը մի­տին բա­ռա­պա­շա­րի մաք­րու­թեան եւ ո­րա­կա­կան ար­դիա­կա­նաց­ման: Այս ի­րո­ղու­թե­նէն կ՚եզ­րա­կաց­նենք, թէ իւ­րա­քան­չիւր լե­զո­ւի հա­մար, բա­ռե­րու ա­մէն կար­գի փո­փո­խու­թիւն՝ հնչիւ­նա­յին, ձե­ւա­կազ­մա­կան, ի­մաս­տա­յին, թէ բա­ռա­կազ­մա­կան, կա­րե­լի է դի­տել, որ­պէս տո­ւեալ լե­զո­ւի զար­գաց­ման ազ­դակ: Սա­կայն, միւս կող­մէ, կա­րե­լի չէ միեւ­նոյն ե­րե­ւոյ­թը բո­լոր լե­զու­նե­րուն հա­մար ընդ­հան­րաց­նել իբ­րեւ կա­տա­րե­լա­գործ­ման ար­տա­յայ­տու­թիւն: Իւ­րա­քան­չիւր լե­զո­ւի հա­մար այս կամ այն ե­րե­ւոյ­թը կրնայ դառ­նալ կա­տա­րե­լա­գործ­ման մի­ջոց:

Ե­թէ վերց­նե­լու ըլ­լանք ժա­մա­նա­կա­կից հա­յե­րէ­նի բա­ռա­պա­շա­րը, պի­տի տես­նենք, որ ան իր ծա­գում­նա­բա­նա­կան տե­սա­կէ­տէն բազ­մա­շերտ է: Հա­մա­հայ­կա­կան բա­ռա­պա­շա­րը միա­ւո­րո­ւած է գրա­բա­րեան, մի­ջին­հա­յե­րէ­նեան ժո­ղովր­դա­խօ­սակ­ցա­կան, ա­րեւմ­տա­հայ եւ ա­րե­ւե­լա­հայ, նաեւ բար­բա­ռա­յին բա­ռա­շեր­տե­րու հետ: Այս տար­բեր աղ­բիւր­նե­րէն մեր գրա­կան լե­զո­ւին մէջ մուտք գոր­ծած բա­ռե­րը, բնա­կա­նա­բար, ձե­ւա­կան եւ բա­ռա­կազ­մա­կան տար­բեր յատ­կա­նիշ­ներ ու­նին: Բա­ռա­պա­շա­րի զար­գաց­ման ընդ­հա­նուր գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, բա­ռա­յին տար­բե­րակ­նե­րու մրցակ­ցու­թիւն, կամ հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու ներ­քին պայ­քար տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, որ կը յան­գի իր լուծ­ման:

Բազ­մա­թիւ բա­ղադ­րու­թիւն­ներ գրա­բա­րէն ան­ցած են աշ­խար­հա­բար գրա­կան լե­զո­ւին եւ մնա­ցած են կեն­սու­նակ: Սա­կայն աշ­խար­հա­բա­րը իր սե­փա­կան բա­ռա­կազ­մա­կան օ­րի­նա­չա­փու­թիւն­նե­րը ու­նի, այդ թո­ւին մէջ եւ բա­ղադ­րա­կան հիմ­քե­րու իր հա­մա­կար­գը: Այդ հա­մա­կար­գին մէջ բա­ռին ու­ղիղ ձե­ւը, կամ ար­մա­տը կը ներ­կա­յաց­նէ բա­ղադ­րա­կան հիմ­քը: Այդ օ­րի­նա­չա­փու­թեան հի­ման վրայ յա­ռաջ կու գան նո­րա­տիպ հիմ­քե­րով բա­ղադ­րու­թիւն­ներ,  ինչ­պէս՝ հօ­րա­կան-հայ­րա­կան, աս­տե­ղա­յին-աստ­ղա­յին, աս­տե­ղա­գի­տու­թիւն-աստ­ղա­գի­տու­թիւն, եւայլն:

Եր­կու կար­գի տար­բե­րակ­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցող ներ­քին պայ­քա­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը լու­ծո­ւի մէ­կուն կամ միւ­սին օգ­տին: Բայց իբ­րեւ ընդ­հա­նուր ե­րե­ւոյթ՝ մեծ մա­սամբ՝ նո­րին, կեն­սու­նա­կին օգ­տին: Այս­պէս, աս­տեղ-հնա­տիպ եւ աստղ-նո­րա­տիպ բա­ղադ­րա­կան հիմ­քե­րով տար­բե­րակ­նե­րու պայ­քա­րը ար­դէն ա­ւար­տած ի­րո­ղու­թիւն է՝ նո­րա­տիպ հիմ­քի յաղ­թա­նա­կով, ըստ ո­րուն այժմ կեն­սու­նակ ձե­ւեր են աստ­ղա­յին, աստ­ղա­գի­տու­թիւն աստ­ղա­բաշ­խու­թիւն եւայլն.

- Բա­ղադ­րա­կան հիմ­քե­րու գրա­բա­րեան վերջ­նա­յանգ ն­-ով, ինչ­պէս՝ բա­ղեղ­նա­պատ-բա­ղե­ղա­պատ, վերջ­նա­յանգ ի ձայ­նա­ւո­րի եւ ա յօ­դա­կա­պի հնչիւ­նա­փո­խու­թեամբ ստա­ցո­ւած (է) ձայ­նա­ւո­րով, ինչ­պէս՝ ոս­կի-ոս­կե­ձոյլ, կամ պար­տէ­զա­գոր­ծու­թիւն-պար­տի­զա­գոր­ծու­թիւն: Այս ներ­քին պայ­քար­նե­րը կը յաղ­թա­նա­կեն ա­ռա­ւել մատ­չե­լիին օգ­տին:

Բա­ղադ­րա­կան, բա­ռա­կազ­մա­կան եւ ձե­ւա­բա­նա­կան բա­ռա­տար­բե­րակ­նե­րը բազ­մա­զան են, հի­նի եւ նո­րի, կեն­սու­նա­կի, զար­գա­ցո­ղի պայ­քար է, կամ ալ՝ գրա­կա­նի եւ ոչ գրա­կա­նի: Շա­րու­նա­կո­ւող գոր­ծըն­թաց է, որ կը տա­նի տար­բե­րակ­նե­րէն մէ­կուն կամ միւ­սին յաղ­թա­նա­կին: Ա­ւե­լորդ բա­ռա­զոյ­գի վե­րաց­ման, եր­կու տար­բեր, շատ ան­գամ զու­գա­հե­ռա­բար գոր­ծա­ծո­ւող ձե­ւե­րէն մէ­կուն ընդ­հան­րաց­ման, միւ­սին մերժ­ման եւ, ընդ­հա­նուր առմամբ,  բա­ղադ­րա­կան հիմ­քե­րու, բա­ռա­կազ­մու­թեան հետ կա­պո­ւած հնչիւ­նա­փո­խա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու միաս­նա­կա­նաց­ման:

Բայց կայ նաեւ ար­դիա­կա­նաց­ման հա­կա­ռակ ե­րե­ւոյ­թը, բա­ռա­յին հնա­տիպ տար­բե­րակ­նե­րը սո­վո­րա­բար գրա­բա­րեան կազ­մու­թիւն­ներ են եւ գրա­կան գոր­ծա­ծու­թեան ա­ւե­լի քան մէկուկէս հա­զա­րա­մեա­կի պատ­մու­թիւն ու­նին, գրա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ մին­չեւ մեր օ­րե­րը հաս­նե­լով՝ ա­նոնց­մէ շա­տե­րը լիո­վին կեն­սու­նակ մնա­ցած են եւ յա­ճախ այս տար­բե­րակ­ներն են յաղ­թա­նա­կող­նե­րը: Իսկ ա­նոնց կեն­սու­նա­կու­թիւնն ու կա­յու­նու­թիւ­նը կ՚ամ­րապն­դո­ւին մեր գրա-­կան լե­զո­ւի ա­ւան­դա­կա­նու­թեամբ:

Բա­ռա­պա­շա­րի ի­մաս­տա­բա­նա­կան կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մը նաեւ այս­պէս տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, երբ կը յաղ­թէ հո­մա­նիշ­նե­րէն ա­ւե­լի շատ գոր­ծա­ծա­կան ձե­ւը, օ­րի­նակ՝ խոր­հուրդ-հրա­հանգ, ամ­բաս­տա­նեալ-մե­ղադ­րեալ, գի­տուն-գիտ­նա­կան, այս պա­րա­գա­յին՝ երկ­րորդ ձե­ւե­րը: Նաեւ՝ տե­սիլ-տե­սա­րան, գրա­պա­հա­րան-գրա­դա­րան, դրու­թիւն-հա­մա­կարգ, ե­րե­ւալ-լոյս տես­նել:

Գրա­բա­րեան յաղ­թա­նա­կած բա­ռեր՝ գրա­բա­րա­բա­նու­թիւն­ներ կամ դրո­ւածք­ներ. օ­րի­նակ՝ աստ հանգ­չի, ջամ­բել, աստ, այր, ոս­տան, ակն ընդ ա­կան, խնդրոյ ա­ռար­կայ, ընդ ո­րում, յա­մե­նայն դէպս եւ բազ­մա­թիւ այլ բա­ռեր:

Գո­յու­թիւն ու­նի նաեւ ժո­ղովր­դա­խօ­սակ­ցա­կան եւ բար­բա­ռա­յին բա­ռե­րու գրա­կա­նա­ցում. մեր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ՝ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նպա­տակ­նե­րով, մա­մու­լի մէջ, մուտք կը գոր­ծեն նաեւ ժո­ղովրդա­խօ­սակ­ցա­կան լե­զո­ւի եւ բար­բառ­նե­րու բազ­մա­թիւ բա­ռեր: Այդ բա­ռե­րը կը պատ­կա­նին մեր գրա­կան լե­զո­ւի բա­ռա­պա­շա­րի ժո­ղովր­դա­կան եւ բար­բա­ռա­յին բա­ռա­շեր­տե­րուն: Սա­կայն բա­ռա­պա­շա­րի զար­գաց­ման ըն­թաց­քին ա­նոնց­մէ շա­տե­րը կը ստա­նան լայն գոր­ծա­ծու­թիւն եւ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը մտնեն գրա­կան լե­զո­ւի բա­ռե­րու շար­քին, ինչ­պէս՝ ա­ռա­ջո­ւան, ալ­րա­թա­թախ, ձնհալ, հնձո­ւոր, ար­ջառ, աչ­քա­լոյս, դա­հոյկ, եւայլն: Բա­ռա­պա­շա­րի զար­գաց­ման ըն­թաց­քին ինչ­պէս բազ­մա­թիւ հին­ցած բա­ռեր ի­րենց տե­ղը կը զի­ջին նո­րե­րուն, այն­պէս ալ շատ ան­գամ կը պա­տա­հի հա­կա­ռա­կը, երբ ոչ գոր­ծօն բա­ռեր վե­րա­կեն­դա­նա­նա­լով՝ կը դառ­նան գոր­ծա­ծե­լի, ինչ­պէս՝ զգլխիչ, ծի­ծա­ղա­խիտ, զգետ­նել, սա­ղա­ւարտ, սե­պուհ, մարզ­պան եւայլն:

Քա­նի մը օ­րի­նակ­ներ բե­րինք լե­զո­ւի բա­ռա­յին եւ հնչիւ­նա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րէն:

Աշ­խար­հի լե­զու­նե­րու թի­ւը մօ­տա­ւո­րա­պէս 2000 է, ո­րոնց մե­ծա­գոյն մա­սը պէտք ե­ղած չա­փով չէ ու­սում­նա­սի­րո­ւած: Ա­մենէն շատ ու­սում­նա­սի­րո­ւած ա­մե­նա­բազ­մա­լե­զու լե­զո­ւա­կան ըն­տա­նիք­նե­րէն մին՝ լե­զու­նե­րու հնդեւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քը, որ տա­րա­ծո­ւած է Եւ­րո­պա­յի, Ա­սիոյ, Ափ­րի­կէի, Ա­մե­րի­կա­յի, Աւստ­րա­լիոյ եւ Ով­կիա­նիա­յի եր­կիր­նե­րուն մէջ: Հա­յե­րէ­նը կը պատ­կա­նի լե­զու­նե­րու հնդեւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քին: Հա­յե­րէ­նը ու­նի մօտ 50 բար­բառ, ո­րոնք կը բաժ­նո­ւին ե­րեք ճիւ­ղի՝ ում, կը, ել: Այս բար-­բառ­նե­րէն շա­տե­րը կը մա­հա­նան, ինչ­պէս՝ Ա­գու­լի­սի, Մեղ­րիի եւ բազ­մա­թիւ այլ բար­բառ­նե­ր…­

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Օգ­տա­գոր­ծո­ւած աղ­բիւր՝ Լեզո­ւա­բա­նու­թեան հի­մունք­ներ­ Է. Բ. Ա­ՂԱ­ՅԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2015