ԽՈՐ ՄՈՒԹԻՆ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան, Չորրորդ Լեւենտի «Karanlık İşler» համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ համերգ մը, որ ձօնուած էր Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի վախճանման 80-րդ տարելիցին։ Նկատի ունենալով, որ Կոմիտաս Վարդապետ Փարիզի մէջ վախճանած է 22 Հոկտեմբեր 1935 թուականին, ձեռնարկի կազմակերպիչները փափաքած էին, որ համերգը զուգադիպէր նոյն օրուան։ «Karanlık İşler»ի տէր եւ տնօրէն Նուրի Քայա եւ մեր համայնքէն Արթիւր Պաղտասարեան համատեղ աշխատանքով կազմակերպած էին այս երեկոյթը։ Հարկ է նշել, որ երէկուանը վերջին տարիներուն վերոյիշեալ համալիրէն ներս կազմակերպուած Կոմիտասի վերաբերեալ հինգերորդ ձեռնարկն էր։
«Խոր մթութեան մէջ» գործադրուեցաւ այս երաժշտական յայտագիրը, որու ընթացքին մեներգներով հանդէս եկան Արթիւր Պաղտասարեան եւ Դալար Շիլէլեան-Պաղտասարեան։ Մեներգիչներուն երգակցեցան՝ Սայաթ Պետիկեան, Սեւան Պետիկեան եւ Մասիս Արամ Կէօզպէք։ Երեկոյթին մասնակցեցան նաեւ «Հորիզոն», «Նառ» եւ «Սիրենէ» խումբերը, ինչպէս նաեւ Պողազիչի համալսարանի ճազի երգչախումբը։
Երաժշտասէրները ամբողջութեամբ լեցուցած էին դահլիճը, ուր աչքի կը զարնէին նաեւ մեր համայնքէն բազմաթիւ երաժշտասէրներ։ Ձեռնարկի խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ, երեկոյթի մասնակիցները Բագրատ Էսդուգեանի ձայնագրութեան հիման վրայ իրենց մատուցուած տուեալներով հաղորդ դարձան Կոմիտասի կենսագրութեան տուեալներուն, կեանքի առանցքային դրուագներուն եւ յուշերուն։ Իսկ Արթիւր Պաղտասարեան մեներգներուն զուգահեռ մանրամասնութիւններ հաղորդեց օրուան երգացանկին մաս կազմած գործերու մանրամասնութիւններուն շուրջ, մասնաւորապէս կեդրոնանալով այդ բոլորին Կոմիտասի կողմէ ինչպէս հաւաքուած ըլլալուն վրայ։ Այդ տեղեկութիւններն ալ լուրջ նպաստ մը բերին ունկնդիրներու աւելի ամբողջական պատկերացում մը կազմելուն։
Համերգէն վերջ երաժշտասէրները արձակուեցան խորապէս տպաւորուած ձեւով եւ հրաժեշտի պահուն ջերմօրէն շնորհաւորեցին կազմակերպիչներն ու արուեստագէտները։