ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ…

«Ես չորս անգամ պատերազմի գացած եմ. Ափրիկէ գացած եմ, Փիլիպեաններ, Արաֆաթի պատերազմին գացած եմ, չեմ գիտեր ո՛ւր գացած եմ եւ ողջ մնացած եմ: Հիմա հոս եմ, բայց կրնար ըլլար որ հոս չըլլայի, մեռած ըլլայի եւ ետ չգայի այդ պատերազմներէն», ըսաւ Արա Կիւլէր, 2013 թուականին Երեւանի մէջ:

Իր գացած վերջին պատերազմէն՝ մահուան դէմ պատերազմէն, ան տուն չվերադարձաւ…

Ինչպէս Իսթանպուլի ջուրերուն մէջ հեռուները գացող նաւ մը՝ ան հեռացաւ, իր ետին թողլով ալիքներ, որոնք երբեք պիտի չհանդարտին: Իր գրութիւններէն մէկուն մէջ Արա Կիւլէր ինքզինք նաւաստիի կը նմանցնէ.

«Ես նաւաստի մըն եմ: Այսօր այս նաւով, վաղը միւսով, ա՛լ ուրիշ օր մըն ալ ուրիշ նաւով մը ծով պիտի բացուիմ: Իմ աշխարհս անհուններն են: Եթէ փոթորիկը զօրաւոր ըլլայ ու ընկղմինք, ձուկերը խնջոյք պիտի սարքեն: Իսկ եթէ պատերազմի ընթացքին բլուրի մը ստորոտը անյագ բնութեան նորածին լոյսին ներքեւ կարծր ու տաք փամփուշտով մը անդիի աշխարհը ճամբորդեմ, այն ատեն ալ որդերը խնջոյքի պիտի տիրանան: Արդիւնքը նոյնը ըլլալէ վերջ, ես՝ բարձրահասակ նաւաստիս, օրս օր ընել կ՚աշխատիմ…»:

Ինքզինքը բաց ծովուն մէջ կը զգար, իր առջեւ բաց էին բոլոր սահմանները: Բոլոր ազգութիւնները, կրօնները, մարդոց մորթին գոյները նոյնն էին իրեն համար, քանի որ ինք յաւերժութեան մարդն էր: «Մինչեւ հիմա ըրածներէս ո՛չ մէկուն համար կը զղջամ: Մինչեւ այսօր փափաքածներս ըրի, ասկէ վերջ դարձեալ պիտի ընեմ: Եթէ ուզեն, երկրին վրայ ապրող բոլոր մարդիկը ինծի հետ գժտուիլ, ես դարձեալ անոնց ցաւերուն հետ ցաւ պիտի զգամ», գրած էր Արա Կիւլէր:

Իր անունն ու գործը պիտի չմոռցուին… Արա Կիւլէր, իբրեւ բաց ծովու մէջ մնացած նաւաստի մը, լողալով գնաց դէպի անմահութիւն:

Իսթանպուլի, Հայաստանի եւ ողջ աշխարհի մէջ սգացին անոր հեռացումը՝ միշտ յիշելով անոր անմահ գործը, որ ան ըրաւ ո՛չ թէ Թուրքիոյ, Հայաստանի, այլեւ՝ համայն աշխարհի համար: Ան աշխարհի լուսանկարիչն էր:

Արա Կիւլէրի վերջին այցը Հայաստան՝ իրադարձութիւն դարձած էր հայաստանեան հանրութեան համար: Արուեստասէր հանրութիւնը փայփայեց իր ազգակից մեծ լուսանկարիչը, որ ամբողջ աշխարհը պտըտած, բոլոր ազգերը ճանչցած, նախագահներ, դերասաններ, մեծ արուեստագէտներ նկարած էր, բայց մնացած էր կեանքի պարզագոյն ճշմարտութիւններուն հաւատարիմ մէկը, որուն համար կեանքի ամենէն հետաքրքրական պահերը ընթացած են իր ոսպնեակին միջոցով:

Երբ Երեւանի մէջ անոր հարցում ուղղեցին երջանկութեան մասին, ան ըսաւ, թէ ամբողջ կեանքը վազած է երջանկութեան ետեւէն եւ իսկական երջանկութիւնը չէ գտած։ «Թերեւս ալ գտած եմ եւ անոնք եղած են այն պահերը, երբ ես դիտած եմ լուսանկարչական մեքենայիս մէջէն», քիչ մը խորհելէ ետք այսպէս ըսաւ:

Արա Կիւլէր Երեւանի մէջ կը խօսէր Պոլսոյ բարբառով՝ թրքերէն բառերը խառնելով իր խօսակցական լեզուին, բայց այնքան հասկնալի էր իր լեզուն, ակնյայտ էր, թէ ինչի մասին կը խօսէր, քանի որ կը պատմէր ամբողջ սիրտով եւ հոգուով, իր փայլուն աչքերով պատմութեան մասնակից ըլլալով եւ հասկցնելով, թէ որքան անկեղծ է այն պատմութիւնը, որուն մասին կը խօսի:

Հայաստան իր այդ այցը՝ 2013 թուականին, Կիւլէրի հինգերորդ այցելութիւնն էր հայրենիք: Չորս անգամ ան հայրենիք եկած էր Խորհրդային Միութեան տարիներուն: Նախորդ այցերէն մէկուն եկեղեցիներ նկարելու նպատակ ունէր: Այդ լուսանկարները ցուցադրուած էին Երեւանի մէջ «Բարեւ ձեզ» խորագրով իր ցուցահանդէսին: Արա Կիւլէր նաեւ հարիւրէ աւելի լուսանկարներ նուիրաբերած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին եւ պատկերասրահը իր մշտական ցուցադրութիւններուն մէջ ներառած է զանոնք: Նոյն այդ այցին ընթացքին կը խօսուէր նաեւ անոր արխիւը ընդհանրապէս Հայաստանին նուիրելու մասին, բայց որոշ ժամանակ անց այդ խօսակցութիւնները դադրեցան…

Ինք՝ Արա Կիւլէր, Հայաստանի հետ զգացական կապով մը կապուած էր, ամենայն մանրամասնութեամբ կը յիշէր անուններ, դէպքեր, որոնք զինք տպաւորած էին նախորդ այցերու ընթացքին, հակառակ անոր որ տարիներ անցած էին, հասարակարգ փոխուած էր… Կը յիշէր համայնավար ղեկավարներու անուններ, ռուսական մականուններ, որոնց հանդիպած էր իր այցելութիւններու ժամանակ… Իր վերջին այցին ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ նախորդ անգամներուն կիները այսքան բարձր կրունկով կօշիկ չէին հագուեր եւ այդ մէկը արձանագրեց իբրեւ փոփոխութիւն:

Գեղեցիկը նկատող, գեղեցկութիւնը գնահատող արուեստագէտը գեղեցկութեան մասին մէկ ճշմարտութիւն գիտէր. «Գեղեցկութիւնը անցողակի է, մարդու հոգին եւ բնաւորութիւնն են կարեւորը»:

Նոյն մտածումները ան ունէր նաեւ նախագահներու եւ արուեստագէտներու մասին: Երբ Կիւլէրին կը հարցնէին իր նկարած նախագահներուն, երկրի ղեկավարներուն մասին, ան կ՚ըսէր. «Նախագահները ժամանակաւոր են, արուեստագէտները մնայուն են: Նախագահները կու գան եւ կ՚երթան, իսկ Փիքասոն, Սալվատոր Տալին մինչեւ վերջ պիտի ըլլան»: Սպանացի մեծագոյն նկարիչներէն Սալվատոր Տալիի տան մէջ ան չորս օր մնացած էր: Յիրաւի պատմական իրողութիւն մըն էր այդ մէկը, որ ինք շատ սովորական ձեւով կը պատմէր, կը նկարագրէր. «Վտանգաւոր էր զայն նկարելը, սուրը կը հանէր, աջ ու ձախ կը քաշէր, եկուր ալ նկարէ, դաշոյնը աչքիս քովէն կ՚անցնէր, ինչպէ՞ս պիտի նկարէի, բայց նկարեցի»: Այսօր աշխարհահռչակ են ո՛չ միայն Տալիի անոր լուսանկարները, այլեւ՝ Պերթրան Ռասըլէն մինչեւ Ուինսթըն Չըրչիլ, Արնոլտ Տոնպիէն՝ Փիքասօ, Ուիլիըմ Սարոյեանէն՝ Մարք Շակալ, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ յառաջատար արուեստագէտները:

Ամէն մէկ լուսանկարը առանձին պատմութիւն մը ունի, նոյնքան հետաքրքրական ու արժէքաւոր են պատմութիւնները, որքան՝ լուսանկարները: Արա Կիւլէր կը յիշէր բոլոր լուսանկարներուն պատմութիւնները, որոնցմէ ակնյայտ կը դառնար, որ ան ապրած է իր գործին բոլոր պահերը: Փիքասոյի հետ հանդիպումին մասին ան կը յիշէր.

«Նիհար կազմուածքով, կարճահասակ, պարզ մարդ մըն էր: Երբ լսեցի, որ գիրքի հրատարակման համար ան հրատարակչատուն կ՚երթայ, ըսի. «Ես ալ Ձեզի հետ կու գամ, նաեւ Ձեր օրը կը նկարեմ»»:

Այսպէս տեղի ունեցած է Փիքասոյի հետ հանդիպումը: Իսկ Փիքասոն Արա Կիւլէրին ըսած է. «Դուն ֆրանսացի նկարիչ Սեզանին կը նմանիս: Կեցի՛ր, նկարեմ քեզ»: Արա Կիւլէր կ՚ապշի, բայց կը նստի նկարուելու եւ Փիքասոն նկարելէ ետք կը ստորագրէ զայն եւ կու տայ անոր։

«Թուրքիոյ մէջ Փիքասոյէն բնօրինակ մը միայն կայ, ան ալ իմ տանս մէջն է», կ՚ըսէր Արա Կիւլէր, տեսակ մը հպարտութեամբ:

Նկարած է նաեւ աշխարհահռչակ կիներ, ինչպէս՝ Ինտիրա Կանտի, Սոֆիա Լորէն… Իտալացի հռչակաւոր դերասանուհի, օսքարակիր աստղ Սոֆիա Լորէնի լուսանկարները ունին հետաքրքրական պատմութիւն մը, որ Արա Կիւլէր երբեք չէր մոռնար եւ միշտ կը պատմէր իր հանդիպումներուն ընթացքին: Բազմաթիւ անգամներ ներկայ եղած է Քաննի փառատօնին, ուր տեսած է Սոֆիա Լորէնը։ «Երբ տեսայ, որ կ՚երթայ դէպի վերելակը, ես ալ անոր հետ բարձրացայ: Պանդոկի սենեակին կեդրոնը մահճակալ մը կար, Լորէն յոգնած էր: Կօշիկները հանեց, նստաւ մահճակալին վը-րայ: Այդ պահուն ըսի. «Կրնա՞մ Ձեզի լուսանկարել», ան «այո» ըսաւ։ Քանի մը հատ նկարեցի, Թուրքիա ղրկեցի: Թուրքիոյ մէջ, յաջորդ օրը, թերթին մէջ նկարը տպած էին եւ գրած. «Մեր թղթակից Արա Կիւլէրը՝ Սոֆիա Լորէնի ննջասենեակին մէջ»»:

Նոյն զուարթութեամբ կը պատմէր նաեւ անգլիացի եւ ամերիկացի մեծ բեմադրիչ Ալֆրէտ Հիչքոքի հետ կատարուած աշխատանքը, որ սկսած է առաւօտեան ժամը 11.00-ին եւ աւարտած երեկոյեան՝ 17.00-ին: «Սկիզբը զիրար չսիրեցինք, յետոյ յարմարեցանք, սկսանք կատակել: Տեսաւ, որ ես իրմէ աւելի կոշտ եմ, հանգիստ աշխատեցանք: Ես ալ միտքէս կ՚ըսէի՝ Ես Փիքասոյի եւ բազմաթիւ մեծերու հետ աշխատած եմ, դուն ո՞վ ես: Եթէ դուն Հիչքոքն ես, ես ալ Արա Կիւլէրն եմ»:

Կիւլէր նկարած է նաեւ հայ բեմադրիչ, նկարիչ Սերկէյ Փարաճանովը. անոր նկարներուն մասին կ՚ըսէր. «Փարաճանովը սովորոյթ մը ունէր, քաշած նկարս կ՚առնէր, կը կտրէր մկրատով, քոլաժ կ՚ընէր, եթէ իմ նկարս պիտի տեսնէիր, տասը հատ քոլաժի պիտի նայէիր, որպէսզի գիտնայիր, թէ իմ նկարս ո՞ր մէկն է»:

Հետաքրքրական են նաեւ անոր հանդիպումները Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ: Կիւլէր Սարոյեանը քանի մը անգամ տեսած է, բայց զայն բազմաթիւ անգամներ Փարիզի մէջ լուսանկարած է՝ 1973 թուականին: Ծանօթ է նաեւ Սարոյեանի լուսանկարը, Հայաստանի մէջ, ի ձեռին քարի մեծ կտոր մը. այդ մէկն ալ Կիւլէր նկարած է: «Ի՞նչ պիտի ընես այդ քարը, հարցուցած են Սարոյեանին: «Ամերիկա պիտի տանիմ, ով որ Հայաստանի մասին գէշ խօսի, գլխուն պիտի զարնեմ», ըսած է Սարոյեան»:

Հայ անուանիներէն նոյնքան յիշարժան է Արա Կիւլէրի եւ երգահան Արամ Խաչատուրեանի հանդիպումը: Երեւան իր այցին Արա Կիւլէր պատմած է, որ Մոսկուայի մէջ տեսած է Արամ Խաչատուրեանը՝ գրող Կոնստանդին Սիմոնովի միջոցաւ:

«Զիս տարին անոր բնակած վայրը, որ Կորքի փողոցին վրայ քսանհինգ-քսանվեց յարկանի շէնք մըն էր, մէջը թատրոն կար, ուրիշ բաներ ալ կային: Ելանք իր քով, քսաներորդ յարկը կը մնար: Ես ալ գիտեմ, որ եթէ հայ է, հայերէն պիտի խօսի, բայց հայերէն չէր գիտեր, անգլերէն չէր գիտեր, ֆրանսերէն չէր գիտեր, ռուսերէն կը խօսէր, ես ալ ռուսերէն չեմ գիտեր: Իր անունն ալ որ ստորագրեց՝ Արամ Իլիչ գրեց՝ ռուսական ձեւով: Հասկցուցի, որ նստի, նկարեմ, ինք նստաւ եւ այնպիսի դիրքեր ընդունեց, որ չսիրեցի, 1901-ի նկարներուն դիրք ընդունեց, ես անանկ նկարներ չեմ քաշեր, հասկցուցի, որ բան մը նուագէ: Հազիւ նկար մը առի, գացի որ լոյսը փոխեմ, իմ տարած լոյսս միացուցի ելեկտրականութեան, բոլոր լոյսերը մէկ անգամէն պայթեցան: Ոչ միայն իր տան, այլեւ քսան յարկէ աւելի այդ շէնքին լոյսերը պայթեցան, ելեկտրականութիւնը չքաշեց իմ դրած լոյսը: Այդ շէնքին մէջ, այդ պահուն համերգ կ՚ըլլար, թատրոն կ՚ըլլար, ամէն ինչ կեցաւ… Ըսի՝ ի՞նչ է այս սովետը, երկու հատ լամբ կը միացնես, կը պայթի՞: Շէնքէն ալ չես կրնար իջնել, քսաներերոդ յարկն էր: Երկու ժամ նստանք, մութին մէջ իրարու կը նայէինք, բան մը չէինք կրնար խօսիլ: Անօթեցայ, պահարանները բացինք, որպէսզի բան մը ուտենք, բան մը չգտանք: Խաչատուրեանին կինը նոր մահացած էր, բան մը չկար ուտելիք, կտոր մը պանիր գտանք եւ մութին մէջ Արամ Խաչատուրեանին հետ կերանք»:

Այս պատմութիւնը Արա Կիւլէր տարիներու հեռաւորութենէն աւելի ու աւելի զուարթ ու կատակով սկսած էր պատմել եւ իրեն յատուկ խօսքերով կը համեմէր հայ մեծ երաժիշտին հետ հանդիպումը: Հակառակ այդ ձախորդութեան, ան կրցած էր նկարել Խաչատուրեանը:

Երեւանի իր ասուլիսին ժամանակ ան արդէն չէր լսեր իրեն ուղղուած հարցումները, կարծես կը մենախօսէր: Եւ իր միտքին եկածը կ՚ըսէր՝ ժամանակ առ ժամանակ դառնալով եւ երիտասարդ լրագրողներուն բարի հեգնանքով հարցնելով՝ դուն ծնա՞ծ էիր այն ատեն:

- «Իմ նկարածներս հոս բերած եմ, կ՚երթաք կը նայիք, հաւնեցաք՝ հաւնեցաք, չհաւնեցաք՝ ի՛նչ ընեմ…»:

- «Հարուստ ընտանիքի մը զաւակը եղած եմ, ինչ որ ուզած եմ՝ ունեցած եմ: Պապաս կառավարութեան բոլոր մարդիկը կը ճանչնար, շարժարուեստի մարդիկը կը ճանչնար, թատրոնի մարդիկը կը ճանչնար»:

- «Իմին գործս լուսանկար քաշել չէ: Լուսանկարը կարեւոր բան մը չէ: Լրագրութիւնը կարեւոր է. ես ֆոթոլրագրող եմ, լուսանկարիչ չեմ: Ինչպէս ատամնաբոյժը եւ տոքթորը՝ տարբեր բաներ են»:

- «Աշխարհի չորս կողմը այնքան աղուոր եկեղեցիներ չկան, որքան՝ Հայաստանի մէջ: Ամենաաղուոր եկեղեցիները մեր եկեղեցիներն են»:

- «Չեմ յիշեր առաջին նկարս, բայց որքան որ կը յիշեմ՝ Աթաթուրքի արձանը կոտրած էին եւ առաջին քաշած նկարս այդ ըլլալու էր»:

- «Իմ ընկերներուս բոլորն ալ թատրոնի մարդիկ էին, ես թատրոնի մէջ մեծցած եմ, բոլոր թատրոններն ալ ետեւէն տեսած եմ, այնտեղէն կրնաս տեսնել, որ այս գործը՝ թատրոնը կեղծ է, շինծու է»:

- «Մամայիս կողմէն չորս հարիւր տարուան պոլսեցի եմ, պապայիս կողմէն՝ շապինգարահիսարցի»:

- «Կարեւորը մարդոց պատկերները չեն, կեանքի պատկերները բռնելն է»:

- «Իմ հայրենիքս աշխարհն է: Աշխարհին վրայ կ՚ապրինք: Ամէնքս ալ հողին պիտի երթանք: Հայրենիքը հոն է»:

- «Ես աշխարհը պտըտած եմ, բոլոր ազգերը տեսած եմ, բայց ամենամեծ տպաւորութիւնը Հնդկաստանը ձգած է իմ վրաս»:

- «Ես միշտ պատրաստ եմ նկարելու: Նման եմ զէնքով որսորդի մը, որ ձեռքը կը տանի դէպի գրպանը ու կը կրակէ: Նախապէս ոչինչ կ՚որոշեմ, ուղղակի կը վազեմ քաղաքով մէկ, ամէն վայրկեան պատրաստ…»:

*

Այսօր, երբ սղագրութիւններ կը կատարեմ Արա Կիւլէրի հարցազրոյցներէն եւ երեւանեան հանդիպումներէն, Երեւանի մէջ տօն է, կը տօնուի համայն հայութեան մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2800-ամեակը: Կ՚արժէր, որ տօնական պաստառներուն, լուսանկարներուն եւ գրութիւններուն մէջ նաեւ Արա Կիւլէրի անունը փայլէր, իբրեւ այս քաղաքէն անցած եւ այս քաղաքին մէջ հետք ձգած առասպելական արուեստագէտ, որ քալած է Երեւանի փողոցներէն եւ իր ներկայութեամբ քանի մը օր զարդարած է քաղաքը: Կ՚արժէր անոր լուսանկարները դուրս հանել եւ պատկերասրահի մը պատին ցուցադրել իր պատմական գործերը:

Երեւանի մէջ ճազային նուագախումբը կը նուագէ հին մեղեդի մը, Իսթանպուլի ջուրերուն մէջ նաւ մը, օրօրուելով կը հեռանայ ափերէն: Կեանքի ուրախ եւ տխուր պատկերները կը յաջորդեն իրարու, Արա Կիւլէրի սեւ եւ ճերմակ նկարներուն պէս: Օրերը հերթաբար կու գան ու կ՚երթան՝ մէյ մը ճերմակ, մէյ մը սեւ…

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018