«ՄԵՐ ՄԱՅՐԵ՜ՐԸ, ՀԱ՛Յ ՄԱՅՐԵՐԸ»

«Մայրն է, որ իր կաթին հետ հոգեւոր սնունդ ալ կը ջամբէ.
ան է, որ իր գողտրիկ երգերով, քաղցր ժպիտով եւ անուշիկ
նայուածքով օրօրոցէն սկսելով, իր փոքրիկներուն մէջ կը ներշնչէ՝
սէր դէպի հայրենիք, դէպի ազգ, լեզու եւ սովորոյթ։
Ազգերու կեանքն ու փորձը բոլորին ալ համոզած է,
որ ազգերուն ոյժը կախում ունի ազգային ոգիով դաստիարակուած մայրերէն»

(Գէորգ Չորեքճեան Կաթողիկոս)

Ժամանակաշրջանը որ կ՚ապրինք, մեզ դարձուցած է անտարբեր եւ անհոգ մեզ շրջապատող արժէքներուն, բարքերուն եւ աւանդութիւններուն նկատմամբ: Նոյն բանը կարելի չէ ըսել, սակայն, մայրերու նկատմամբ մարդուն ունեցած վերաբերմունքին մասին, բայց, միաժամանակ, կարելի ալ չէ չնկատել փոփոխութիւնը այդ ծիրէն ներս ալ, այսինքն՝ ծնողներուն, յատկապէս մայրերու նկատմամբ այսօրուան մարդուն վերաբերմունքի փոփոխութեան:

Արդարեւ, մարդ արարածին համար ՄԱՅՐը զինք շրջապատող բոլոր արարածներուն ամենէն նուիրական ու սուրբ անձնաւորութիւնն է, որուն նկատմամբ մարդ իւրայատուկ վերաբերմունք եւ կապուածութիւն ունի: Մարդը իր առօրեայի ընթացքին եւ կամ ընդհանրապէս, իր կեանքի ամբողջ ընթացքին ունեցած դժուարութիւններուն, ձախորդութիւններուն եւ հակառակը՝ յաջողութիւններուն եւ ուրախ պահերու ընթացքին, եթէ ո՛չ յայտնապէս կամ բարձրաձայն կերպով, բայց մտովին եւ լռելեայն միշտ իր մօր հետ է, միշտ իր մօր օրհնութեան, կարեկցանքին կը դիմէ, հաւատալով եւ վստահ ըլլալով, որ իր մայրը՝ թէեւ իրմէ հեռու, բայց միշտ ներկայ է իր հետ, իր իւրաքանչիւր քայլափոխին իր կողքին՝ որպէս պահապան հրեշտակ եւ բարեխօս:

Մայրերը մարդկային մեր այս կեանքին փարոսներն են, որոնք մեզ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ կ՚առաջնորդեն: Աւելին, ո՛չ միայն կ՚առաջնորդեն, այլ՝ կ՚օժանդակեն, որպէսզի մեր դիմաց յայտնուած դժուարութիւններն ու արգելքները յաղթահարենք, ու շարունակենք մեր ընթացքը: Մայրերը, մեր մարդկային կեանքը գեղեցկացնող ու պայծառացնող այն լուսաւոր էակներն են, որոնք պատրաստ են ամէն տեսակի տանջանքներ ու զրկանքներ կրելու, կարեւորը իրենց ընտանիքին անդմաները առողջ ու հանգիստ ըլլան:

Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեանը (թէ՛ Կ.Պոլսոյ եւ թէ՛ Երուսաղէմի Պատրիարք եղած է) խօսելով կնոջ մասին, կու տայ հետեւեալ նկարագրութիւնը.

«Կինն իբր մայր վիճակին մէջ ճանչցած եմ միայն... անոր գեղեցկութիւնը՝ զգայական հրապոյրներէ զերծ՝ մայրենի նուիրականութեան մը պաշտամունքին մեծարանքովը վսեմացած տեսեր եմ միայն. մանկութեան մէջ ընտանեկան յարկի դասն ա՛յս եղած է միշտ:

Կինն հոմանիշ է կեանքին:

Քրիստոնէութեան առաքեալներէն մէկը՝ կնոջ փրկութեան պայման նկատած է որդեծնութեան օրհնութիւնն ու մայր ըլլալու պաշտօնը:

Մէն մի ծնունդ փրկանքն է մօր:

Մայրական սրտի կաթումներն ու տրոփումները չունեցող կամ իրմէ բխող կենդանի շառաւիղներու մէջ չբազմապատկուած կինը ապաժաման կը մնայ իր ճակատագրին մեծութեանը:

Մանուկներու երկրպագութիւնը չվայելող կինն իր պատուանդանէն գլորուած արձան մըն է, որ սրբավայր չունի:

Մայրութիւնը պաշտամունքն է ընտանիքին: Իսկ այդ պաշտամունքին խորհրդականութիւնը անեղծ կը պահուի բարի համբաւով անառագաստ սրբութեամբը ընտանեկան տաճարին»:

Ի՜նչ փառաւոր նկարագրութիւն կնոջ մասին, որու հիմնական առաքելութիւնը մայրանալն է, մայրութիւնն է: Մայրութիւն, որ առաջին հերթին «փրկանք» է իւրաքանչիւր կին արարածի համար, միաժամանակ գործնական մասնակցութիւն է Աստուծոյ ստեղծագործութեան՝ շարունակողը դառնալով այդ ստեղծագործութեան, յատկապէս՝ մարդաստեղծումին… Որդեծնութիւնը, արդարեւ, իւրաքանչիւր կնոջ համար օրհնութիւն է, որով իր առաքելութիւնն ու կոչումը իրագործելով ա՛լ աւելի կը գեղեցկանայ, կը կատարելագործուի, կ՚ազնուանայ (ներող թող ըլլան իգական սեռի բոլոր այն ներկայացուցիչները, որոնք ի՜նչ-ինչ ակամայ պատճառներով չեն կրնար իրագործել իրենց կոչումն ու առաքելութիւնը, յոյսով եւ աղօթքով, որ Ամենաբարին Աստուած իւրաքանչիւրին իր սիրտին համաձայն տայ: Ապաւինեցէ՛ք ու վստահեցէ՛ք Ամենակարողին, եւ Ան ձեզ ամօթով ու անպատասխան չի՛ ձգեր): Միւս կողմէ ի՜նչ դաժանութիւն անզաւակ մայրերու համար՝ «մանուկներու երկրպագութիւնը չվայելող կինն իր պատուանդանէն գլորուած արձան մըն է, որ սրբավայր չունի», պատուանդանէն գլորուած ըլլալ, այլ խօսքով՝ կոչումէն դատարկուած ըլլալ, դառնալ անապատին մէջ աննպատակ դեգերող մը, որ չի՛ գիտեր ո՞ւր կամ ինչպէ՞ս ընթանայ: «Սրբավայր» չունենալ… Ի վերջոյ՝ «Մայրութիւնը պաշտամունքն է ընտանիքին», եւ ի՜նչ երանելի են այն ընտանիքները, որոնք ունին այդ պաշտամունքին «անառագաստ սրբութիւնը», անբասիր սէրն ու կապուածութիւնը, ջերմութիւնն ու հոգածութիւնը:

Այսքանը ընդհանուր մայրերու եւ մայրութեան մասին: Հիմա անդրադառնանք հայ մայրերուն, որոնք առանց վարանելու կրնանք ըսել, թէ կը տարբերին աշխարհի միւս մայրերէն, եւ քիչ ժողովուրդներ կան աշխարհիս վրայ, որոնք իրենց տառապանքով ու իրենց ապրած դժբախտութիւններով կը նմանին հայ մայրերուն:

Արդարեւ, մեր ամբողջ պատմութիւնը վկայութիւն մըն է հայ մայրերու ունեցած պողպատէ սիրտին, անդրդուելի համբերութեան եւ կեանքի դժուարութիւններէն չվախցող ու չկոտրուող քաջութեան եւ վեհանձնութեան: Յատկապէս մեր ժողովուրդի յետ քրիստոնէականացման, մեր մայրերը դարերով տառապած են ու կը շարունակեն տառապիլ մինչեւ այսօր, վկայ Արցախի վերջին պատերազմը եւ այդ պատերազմին պատճառած ահաւոր հետեւանքները: Հայ մայրերուն կեանքը, արդարեւ, մնայուն կերպով եղած է Գողգոթայի ճանապարհ մը. ճանապարհ մը լեցուն դժուարութիւններով ու նեղութիւններով, վիշտերով ու տառապանքով, միաժամանակ սակայն յարութեան վառ յոյսով ու հաւատքով, ինչ բանի պատճառով հայ մայրերը հակառակ իրենց կրած անասելի ու անպատմելի տառապանքներուն ու տանջանքներուն, չեն դադրած կեանքով լեցնել իրենց շրջապատը, չե՛ն դադրած ամոքել ու սփոփել իրենց հարազատներուն վէրքերն ու վիշտերը, չե՛ն դադրած ոգեւորել ու ներշնչել իրենց ամուսիններն ու մնացած զաւակները չյուսահատելու, չընկրկելու եւ ղայիմ մնալու իրենց որդեգրած ճանապարհին մէջ, չե՛ն դադրած նամանաւանդ սիրել. սիրել կեանքը՝ հակառակ անոր պատճառած վիշտերուն եւ դժբախտութիւններուն, եւ այդ սիրով վարակել նաեւ իրենց ընտանքին անդամները առաջին հերթին, եւ իրենց շրջապատը:

Հայ մայրերը մայրութեան ռահվիրաներ են, որոնք կեանքի ամենադաժան բովերէն անցնելով, տակաւին իրենց մէջքը կանգուն եւ շիտակ պահած են, յանուն իրենց ընտանիքներուն, յանուն իրենց հարազատներուն, յանուն իրենց ազգին գոյապահպանման ու շարունակականութեան, այն գիտակցութեամբ, թէ «մայրերուն ափին մէջ պէտք է փնտռել ազգերուն ճակատագիրը» (Գարեգին Նժդեհ):

Ըսինք, որ հայ մայրերը իւրայատուկ են եւ շա՜տ քիչ ազգերու ու ժողովուրդներու մայրեր կարենան նման ըլլալ հայ մայրերուն: Դժուար թէ գտնուին այլ ազգերու պատկանող մայրեր, որոնք կրած ըլլան հայ մայրերուն տառապանքն ու դժբախտութիւնը, այն ալ դարերով եւ դարերով:

Աւարտելով, ընթերցողներու ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել Վահրամ Մավեանի «Անկապ օրագիր»էն հատուած մը, որ վառ վկայութիւն մըն է հայ մայրերու ապրած Գողգոթաներուն:

«Երուսաղէմ, Ապրիլ. 18.

Պանդոկը ուր կը մնամ քանի մը օրէ ի վեր լեցուն է թուրիսթներով: Ճմռթկուած դէմքերու վրայ պճլտուն աչքերով, սպիտակ մազերով, եօթանասուննոց ամերիկացի կամ անգլիացի պառաւներ են բոլորն ալ: Ոմանք՝ վիզերէն կախուած լուսանկարչական գործիքներ ունին նոյնիսկ:

Այս առաւօտ, նախաճաշի ընթացքին, պանդոկի ճաշարանին մէջ, իմինիս անմիջապէս քովի սեղանէն «հէփի պըրթհ տէյ թու եու» սկսան երգել՝ քարայրներու խորերէն հասնող ձայներով: Ասոնց իսկոյն միացան նաեւ, ինչպէս կ՚ըլլայ սովորաբար նման առիթներու, ճաշարանին մէջ միւս սեղաններուն վրայ գտնուողները: Երբ երգը մարեցաւ քանի մը վայրկեան վերջ, շնորհակալութիւն յայտնելու համար ոտքի ելլողը ծերուկ կին մըն էր՝ որուն եօթանասունվեցերորդ տարեդարձն էր որ կը տօնէին իր սեղանակիցները:

Միտքիս մէջ գծուեցաւ պատկերը մե՛ր մայրերուն՝ որոնք յիսունէն առաջ փլած էին արդէն: Ժլատ եղաւ կեանքը անոնց հանդէպ: Ինչե՜ր չտեսաւ ամենէն բախտաւորը անոնց սերունդին: Ահաւոր փոթորիկէն վերջ ողջ մնացած ըլլալը՝ իրենց եղած մեծագոյն շնորհն էր կեանքին կողմէ: Այլապէս ալ, ինչպէ՞ս կրնային տօնել ծննդեան թուական մը՝ որ անծանօթ էր իրե՛նց նոյնիսկ, երբ ծնած էին Մեծ Պահքին երրորդ Երեքշաբթին կամ «կաթէն կտրուած»՝ Նիկողոս Եպիսկոպոսին ձեռնադրութենէն երկու շաբաթ ետք եւ Աստուածածինէն շաբաթ մը առաջ: Յետոյ, ինչո՞ւ տօնէին թուական մը՝ որ անիծած էին տարիներով, թուական մը՝ որ եղած էր «սկիզբը երկանց»:

Մեր մայրե՜րը, հա՛յ մայրերը, ժամանակի, թուականներու չկապուող իրենց կեանքով, յիշատակով։ Մուսաճակատ, խունկ ու աղօթք բուրող մեր մայրերը՝ որոնք ծերացած էին արդէն իրենց երիտասարդութեան, ու մեռան, մեռա՜ն այն ատեն՝ երբ արդար էր որ վայելէին վերջալուսային խաղաղութիւնը իրենց յառաջացեալ տարիներուն:

«Հէփի պըրթհ տէյ թու եու…»

Նոյն աշխարհին մէջ կեանքերու այս ի՜նչ հակադրութիւն» (Վահրամ Մավեան, «Ամբողջական երկեր», Բ. հրատարակութիւն, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 323):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1 հոկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2021