ԹՈՆԻ ՖԱՏԷԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ութերորդ անգամ ըլլալով նախագահական մրցանակ կը շնորհէ միջազգային ճանաչում ունեցող անձերու, որոնք համաշխարհային ներդրում ունեցած են Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT) ոլորտին մէջ: Հայաստանի նախագահի մրցանակի 2017 թուականի դափնեկիրը լիբանանեան ծագումով ամերիկացի գիւտարար Թոնի Ֆատէլն է, որ վերջին օրերուն Հայաստան այցելած էր՝ ստանալու համար իրեն շնորհուած մրցանակը եւ մասնակցելու այն ձեռնարկներուն, որոնք կազմակերպուած էին Հայաստանի մէջ ի պատիւ այս տարուան մրցանակակիրին:

Ֆատէլ iPod գործիքի յօրինողն է, ան աշխատած է Apple Inc. ընկերութեան մէջ, Apple-ի երաժշտական նուագարկիչին մէջ ունեցած իր ներդրման շնորհիւ կը նկատ-ւի iPod-ի հայրերէն մին եւ եղած է Սթիւ Ճոպսի անմիջական գործընկերը: 2010 թուականին ան հիմնած է Nest Labs ընկերութիւնը, որ յաջորդ տարին իսկ յայտարարած է իր առաջին արտադրանքի՝ Nest Learning Thermostat-ի, թողարկելուն մասին։ 2014 թուականին Google ընկերութիւնը Nest-ը գնած է 3.2 միլիառ տոլարով: Թոնի Ֆատէլ 2015 թուականի սկիզբէն մինչեւ 2016 թուականի Յունիս ամիսը գլխաւորած է Google Glass բաժինը։

Ֆատէլ Հայաստանի մէջ արժանացած է լաւագոյն ընդունելութեան: Նախագահին մրցանակը ստանալէ ետք Հանրապետութեան նախագահին անունով ընդունելութեան մը ընթացքին խօսք արտասանած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Թոնի Ֆատէլ:

Հայաստանի մէջ ստացած այս մրցանակը հերթականն է քսան տարիներէ աւելի սպառողական ելեկտրոնաբանութեան մէջ ունեցած Ֆատէլի գործունէութեան ընթացքին: Այդ տարիներուն ան հեղինակած է աւելի քան երեք հարիւր արտօնագրը-ւած արտադրանք։ 2012 թուականին ան ստացած է «Ալվա» մրցանակը՝ «մեծ գիւտերու շարքին համար»: 2013 թուականին «Պիզնըսը՝ ներսէն» լրատուական կայքը Ֆատէլը ճանչցած է արհեստագիտութեան 75 ձեւաւորողներէն մին, իսկ CNBC-ն Ֆատէլը յայտարարած է իբրեւ «Թոփ 50»ի ամենանորարարական մարդոցմէ մին: 2014 թուականին CNN-ը զայն ներառած է «10 մտածողներ» շարքին մէջ: Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան նախագահական նստավայրին մէջ անոր տալով մրցանակը, մասնաւորապէս ըսած է. «Ես այսօր ուրախութեամբ կը յանձնեմ մրցանակը «Նեսթ Լապս» ընկերութեան հիմնադիր Թոնի Ֆատէլին։ Ան, յիրաւի, այն մարդոցմէ մէկն է, որոնք այս թուային դարուն կը ձեւաւորեն մեր առօրեան ու կենսակերպը:

«Հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը մշտապէս ձգտած է իւրացնել եւ իր միջավայրին մէջ տեղայնացնել աշխարհի մէջ եղած յառաջադէմ ամէն ինչ: Այս մրցանակը եւս այդ մտածողութեան, աշխարհընկալման եւ մեր՝ նման ձգտումներու դրսեւորումներէն մին է:

«Կը կարծեմ, որ մեր մասնագէտներուն համար ուսանելի պէտք է ըլլան «այՓոտ» նուագարկիչներուն կամ այլ նորարարութիւններուն մէջ Պարոն Ֆատէլի լուծումները: Ան խորտուբորտ ճանապարհներ անցած է, դժուարութիւններ յաղթահարած է, բազմաթիւ նոր դասեր սերտած ու յաջողած է:

«Յարգելի՛ Պարոն Ֆատէլ,

«Այս մրցանակով մենք փափաքած ենք նշանաւորել Ձեր եւ Ձեր ղեկավարած խումբերու ձեռքբերումները՝ «այՓոտ» նուագարկիչներու, «այՖոն»ներու, թերմոկարգաւորիչներու, երեխաներու համար անվտանգ եւ խելացի խաղալիքներու ստեղծման եւ այլ ոլորտներէն ներս: Բոլորիս անունով անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ Պարոն Ֆատէլը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անոր վաստակին համար, որովհետեւ ան համամարդկային է, եւ անոր վաստակէն կ՚օգտուինք շատերս»:

Առնելով իր մրցանակը՝ համաշխարհային ճանաչում ունեցող արհեստագիտական ձեռներէց Թոնի Ֆատէլ յուզիչ խօսք արտասանած է նախագահական նստավայրին մէջ, ըսելով.

«Ասիկա շատ ազդեցիկ սրահ է: Երբ ես ներս մտայ, շատ զարմացայ տեսնելով ամէնքդ, տեսնելով, որ այս հրաշալի մարդոց խումբը ինծի կը սպասէ, շնորհակալութիւն:

«Նախ ես կը փափաքէի շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզի՝ Պարո՛ն Նախագահ, կը փափաքէի նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել վարչապետին, այն յանձնախումբի անդամներուն, որոնք զիս առաջադրած եւ ընտրած են այս մրցանակին համար: Ինծի համար մեծ պատիւ է, որ ես կրնամ գալ հոս եւ կիսուիլ ձեզի հետ իմ պատմութիւններս:

«Իսկ դուք, իրապէս կը հաւատաք, որ գտած էք այն ուղին, որով կարող էք ձեր երկիրը յառաջացնել, տեսնել, թէ ո՛ւր եղած է ան, ո՛ւր է այսօր եւ ո՛ւր կ՚երթայ: Ուստի, շնորհակալութիւն բոլորիդ, յատկապէս՝ Թոնի Մորոյեանին, որ մի քանի տարիներու ընթացքին ինծի հաստատակամօրէն կոչ կ՚ընէր գալ: Մենք զիրար կը ճանչնանք քսանհինգ տարիէ ի վեր, ինծի համար իրապէս պատիւ է այստեղ ըլլալը: Միայն անցած 24 ժամերուն ընթացքին ես պարզեցի, որ ամէն ինչ, որ լսած եմ Թոնիէն Հայաստանի մասին, ճշմարիտ եղած են, իսկ ինծի համար կարգ մը նախապաշարումներ ուղղակի անհետացան:

«Ձեր երկիրը, ձեր ժողովուրդը ապրած է հազարամեակներ, դուք այբուբեն ստեղծած էք հազարամեակներ առաջ, աշխարհի մէջ առաջին պետութիւնն էք, որ ընդունած էք քրիստոնէութիւը, այդպէս ալ կարող էք թուային հասարակութիւնը ընդունիլ, որ թուային աշխարհի մէջ բոլորին համար հաւասարութիւն կ՚ապահովէ եւ կրկին դուք հիմք կը դնէք, ինչպէս որ ըրած էք անցեալին»:

Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Թոնի Ֆատէլը ընդունելով նաեւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ գտնուելու օրերուն ան իր յաջողութեան պատմութիւնը կը կարողանայ ներկայացնել մեր ուսանողներուն եւ մասնագէտներուն ու քաջալերել զանոնք հասնելու նոր բարձունքներու:

Թոնի Ֆատէլ իրապէս կրցաւ ոգեւորել երիտասարդութիւնը: Հանդիպումը սկսելէ առաջ ան հաւաքուած հազարաւոր երիտասարդներուն ըսաւ, որ պատրաստ է ամէն տեսակ հարցումի պատասխանելու եւ նաեւ տեղեկացուց, որ ինք ոչ մէկ ընկերային ցանցէ կ՚օգտուի: Այս մէկը իսկապէս հետաքրքրութիւն, քիչ մըն ալ զարմանք յառաջացուց այսօր ընկերային ցանցերուն մէջ մխրճուած երիտասարդութեան, որ չկրցաւ պատկերացնել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ թուային ամենանորարարական գործիքներ յօրինող մարդը ընկերային ցանցերէ չ՚օգտուիր, այն պարագային, երբ ան կրցած է նախագծել եւ ստեղծել iPod ապրանքանիշը, որ այսօր կը հանդիսանայ հիմնական բջիջային հարթակներէն մին եւ որ փոխած է մեծ արդիւնաբերութիւնը, տնտեսութիւնը եւ մարդկութեան զարգացման ընթացքը:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ իր ստացած մրցանակին՝ Թոնի Ֆատէլ հայ երիտասարդութեան ըսաւ.

«Ինծի համար մեծ պատիւ է ստանալ այս մրցանակը եւ անկախ այն բանէն, թէ որքան փոքր կամ մեծ է ձեր երկիրը, մէկ անհատ կամ մէկ խումբ կրնայ աշխարհի մէջ մեծ փոփոխութիւն բերել: Եւ կարիք չկայ, որ դուք հասնիք Սիլիքոնի հովիտը՝ արդէն յաջողած նախաձեռնութիւնը կրկնելու: 1991 թուականին, նոյն թուականին, երբ Հայաստանը ձեռք բերաւ իր անկախութիւնը, ես առաջին անգամ մեկնեցայ Սիլիքոնի հովիտը, եւ այդ մէկը հրաշալի փորձառութիւն էր: Արդարեւ, ես որոշեցի, որ պէտք է շրջագայիմ ամբողջ աշխարհը, նախ՝ իմանալու համար աւելին, թէ ինչպէս արհեստագիտութիւնը կրնայ միաւորել տարբեր համայնքներ՝ զանոնք աւելի լաւ եւ ուժեղ դարձնելու համար: Ուրեմն, ես կը քաջալերեմ բոլոր անոնք, որոնք կը գտնուին Հայաստանի Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ կամ կը փափաքին մուտք գործել այդ ոլորտէն ներս, որպէսզի ներարկեմ վստահութիւն հաստատելով, որ կարելի է մեծ յաջողութիւններ արձանագրել եւ անոնց հասնիլ անձնական միջոցներով, պայմանաւ, որ բաց ըլլաք աշխարհին առջեւ»:

Թոնի Ֆատէլին հարց ուղղուեցաւ իր հիմնած Nest Labs ընկերութեան մասին, թէ՝ որո՞նք էին հիմնադրման առաջին տարիներուն թոյլ տրուած սխալները։

-Nest Labs-ը միակ դէպքն էր, որուն ծիրէն ներս մենք շատ սխալներ չենք գործած, իսկ ատոր նախորդած ինն-տասն ձեռնարկութիւններու սկզբնական փուլին ժամանակ եղան բազմաթիւ սխալներ: Առաջին գործի սկզբնական փուլին ժամանակ ամենամեծ սխալս այն էր, որ կը կարծէի, թէ շրջապատի մարդոց հետ կարող ենք ամէն ինչ ընել, իսկ ատիկա այդպէս չէ: Պէտք էր գտնել մեր շրջանակներէն դուրս աշխատող մարդիկը, որոնք աւելի շատ յաջողութիւններ արձանագրած են, պէտք էր խօսիլ անոնց հետ, դասեր քաղել անոնց սխալներէն:

Ես շատ կը ջանայի պատասխաններ փնտռել իմ մէջս, իմ ներսս, մինչ իրական պատասխանները դուրսն են՝ խելացի մարդոց փորձին եւ աջակցութեան մէջ:

Երկրորդ մեծ սխալս այս էր՝ երբ բան մը ձեռնարկած ես՝ պէտք չէ սահմանափակ-ւիլ միայն ատով եւ համարել, որ ատիկա բաւական լաւ է կամ՝ հիասքանչ:

Որպէս ձեռնարկատէր՝ հասկցած եմ, որ հիմնական ուղերձը պէտք է ներկայացնել ոչ միայն արհեստագիտութեան կամ վաճառքի մասնագէտներուն, գործարարներուն եւ ներդրողներուն, այլեւ՝ յաճախորդներուն: Պէտք է տեղ հասցնել յաճախորդներու սպասելիքները, բացատրել անոնց, թէ ինչո՞վ կարեւոր է քու ստեղծած արտադրանքդ, եւ ի՞նչ ցաւ կը դարմանէ: Ուրեմն, նախ պէտք է կարողանալ ձեւակերպել սպառողին ունեցած խնդիրը, յետոյ դարմանը առաջարկել: Այդ ձեւով դուն շատ աւելի օգնած կ՚ըլլաս սպառողներուն եւ յաճախորդներուն: Իրականութեան մէջ ես կարող եմ իմ սխալներուս մասին գիրք գրել, ժամեր շարունակ խօսիլ անոնց մասին, որովհետեւ անոնք չափազանց շատ եղած են:

-Ո՞րն է Ձեր ամենէն մեծ նուաճումը, որուն մասին հանրութիւնը տեղեակ չէ։

-Հիանալի հարց է: Եղած է, եւ հնարաւոր է, որ ատիկա ձեռնարկատիրութեան եւ արհեստագիտութեան հետ կապ չունենայ: Այդ մէկը կապուած է առաջնորդութեան հետ: Երկար տարիներ ես զբաղած եմ մասնագէտներու հաւաքագրմամբ, զանոնք աշխատանքի ընդունելով եւ աշխատանքէն հեռացնելով: Հիմնական դասը, որ քաղած եմ՝ այն է, որ մարդիկ իրականութեան մէջ կը գործեն ինքնապարտադրը-ւած սահմաններէ ներս, ընդ որում՝ այդ սահմանները իրենք իրենց համար կը գծեն եւ որոնք հիմնականին մէջ վախերն են:

Ամենակարեւոր բանը, որ կարելի է ընել, ատիկա մարդիկը դրդել, սեղմելն է, որպէսզի անոնք դուրս գան այդ շրջագիծէն, որովհետեւ այդ սահմանափակումը զանոնք կը նետէ անյարմար եւ ոչ շահաւէտ իրավիճակի մէջ: Եթէ ատիկա յաջողիս ընել, մէկ կամ երկու տարի անց անոնք կը վերադառնան եւ կ՚ըսեն քեզի՝ անհաւատալի բան ըրիր ինծի հետ, ես կրցայ յաղթահարել սեփական սահմաններս, մինչդեռ ժամանակին չէի հաւատար, թէ ընդունակ եմ ատոր… Այսօր, երբ ես արդէն ունիմ երեխաներ, զուգահեռներ եւ նմանութիւններ կը տեսնեմ նաեւ անոնց պարագային: Նոյն բանը ծնողները կ՚ընեն երեխայի հետ՝ ձգելով, որ ան հանդիպի վտանգներու, յաղթահարէ զանոնք եւ կայունանայ:

Միայն այս ճանապարհով է, որ անոնք կարող են դառնալ մասնագէտներ եւ այդ է միակ մնայուն արժէքը ձեռնարկատիրոջ համար: Արհեստագիտութեան միջոցները կու գան եւ կ՚երթան, բայց յղկուած ու կոկուած մասնագիտական եւ անձնական որակներով մարդիկը՝ կը մնան:

-Ինչո՞ւ հեռացաք Apple-էն:

-Ծանօթացայ կնոջս հետ, ամուսնացանք: Այդ ժամանակ երկուքս ալ Apple-ի մէջ կ՚աշխատէինք՝ Սթիւ Ճոպսին քով, երկու երեխայ ունէինք՝ մէկ տարեկան եւ մէկուկէս տարեկան: Օր մը ես ու կինս աշխատանքէն տուն դարձանք, եւ մեր որդին, որ այդ պահուն շատ տխուր էր, բարկացած ու անհանգիստ, փոխանակ այդ վիճակին մէջ ան վազէր իմ կամ իր մօրը մօտ, վազեց դայեակի գիրկը: Երբ դուն ծնողք ես, եւ երեխադ կը վազէ օտարին քով, ասիկա ծնողքին, տուեալ պարագային՝ իմ կնոջս, սիրտը կոտրեց: Մենք կարող էինք շարունակել մնալ Apple-ի մէջ եւ բազում-բազում յաջողութիւններ ունենալ, բայց ես ու կինս հասկցանք պարզ բան մը, որ երեխաներու մանկութեան տարիները այլեւս ոչ մէկ գումարով կրնաս գնել, ուստի մենք որոշեցինք դուրս գալ Apple-էն եւ աւելի շատ ժամանակ անցընել մեր երեխաներուն հետ: Այս էր պատճառը, ուրիշ բան չէր:

-Որպէս գիւտարար, ինչպէ՞ս կը յօրինէք: Որեւէ բան կը պատկերացնէք, յետոյ կը հետապնդէ՞ք այդ գաղափարը, թէ՞ յանկարծակի միտք մը կը ծագի եւ կը հասկնաք, որ այդ է Ձեր ուզածը:

-Ես ուշադրութիւն կը դարձնեմ աշխարհի մանրամասնութիւններուն: Շատ քննադատաբար կը դիտարկեմ մանրամասնութիւնները եւ կը նկատեմ խնդիրները: Իմ նպատակս այդ խնդիրները լուծելն է: Վերցնենք օրինակ iPod-ը: Ես տիճէյ էի եւ միշտ բազմաթիւ սկաւառակներ կը տանէի իմ հետս… Այսպէս ստեղծուեցաւ iPod-ը: Նոյնն էր նաեւ Nest Labs-ի պարագային: Տուն կը կառուցէի եւ չէի գտներ իմ սիրտով ջերմալծորդք, այդ պատճառով ալ նախագծեցի ու կեանքի կոչեցի իմ պատկերացուցած ջերմալծորդքը:

Մեզ շրջապատող աշխարհը լի է բազմաթիւ խնդիրներով, եւ պէտք է պարզապէս բանալ գոց աչքերը, դիտել, յետոյ գործածել մեր ունեցած փորձառութիւնը եւ արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները՝ լուծել այդ խնդիրները: Բոլորդ ալ կարող էք լուծել այդ խնդիրները, պէտք է պարզապէս փնտռել ատոնք ձեզ շրջապատող աշխարհին մէջ եւ գիտնաք, որ ատոնք լուծելի են եւ դուք ստիպուած չէք համակերպիլ եւ ապրիլ այդ խնդիրներուն հետ:

-Ինչպէ՞ս կ՚ընթանան Ձեր աշխատանքային եւ ոչ աշխատանքային օրերը:

-Իմ իւրաքանչիւր առաւօտս կը սկսի 1-2 ժամ մարզուելով: Այդ մէկը ես կ՚ընեմ՝ առանց զուգորդումներու՝ առանց երաժըշ-տութեան եւ այլն: Այդ մէկը նման է շարժական մտախոհութեան, երբ կը շարժիս, կը մարզուիս եւ յընթացս նաեւ կը խոկաս յառաջիկայ ժամանակի մասին, կը վերլուծես նաեւ անցած օրը, ու այդ խորհրդածական գործընթացին իբրեւ հետեւանք կը սկսին ծնիլ եւ ձեւաւորուիլ նոր գաղափարներ: Յետոյ արդէն սովորական աշխատանքային օրս է, որ կ՚անցընեմ գրասենեակին մէջ: Հանդիպումներուս մեծ մասը կը գերադասեմ անցընել գրասենեակէն դուրս, բայց կայ բան մը, որ միշտ ըրած եմ մանուկ հասակէն եւ տակաւին կ՚ընեմ մինչ օրս՝ ահռելի ծաւալի տեղեկատուութիւն եւ լուրեր կ՚ընթերցեմ եւ կը ջանամ այդ ամբողջը կլանել-իւրացնել: Կեանքի, հասարակութեան, ամէն ինչի մասին միշտ ջանացած եմ գիտնալ եւ սորվիլ:

Հայաստան եկած եմ նոյնպէս այդ պատճառով: Հոս եմ, որպէսզի աւելի լաւ ճանչնամ ձեզ, ձեր երկրին մասին տեղեկատուութիւն քաղելով՝ փորձեմ սորվիլ, որովհետեւ միայն ուսումնասիրելով եւ սորվելով կարելի է աւելի լաւ պատկերացնել աշխարհն ու իրականութիւնը: Կը փորձեմ նաեւ վայելել, հաճոյք ստանալ կեանքէն: Կը զբաղիմ հեծանիւային մարզանքով, շատ համերգներու կ՚երթամ, ժամանակ կ՚անցընեմ ընկերներուս հետ: Աշխատանքը թթուածինի աղբիւր է ուղեղիս համար, բայց այս բոլոր զուարճալի եւ լիցքաթափման միջոցները եւս կարեւոր են մարդոց կեանքին մէջ: Կարեւոր բան մըն ալ կայ՝ ես իմ կեանքէս բացառած եմ ընկերային ցանցերը:

-Դիւրի՞ն է արդեօք ելոյթներ ունենալ հարիւրաւոր մարդոց առջեւ:

-Աւագ դպրոցին կամ գոլէճին մէջ, երբ նոյնիսկ քսան հոգիի առջեւ ելոյթ կ՚ունենայի, մեծ վախ եւ զզուանք կ՚ապրէի այդ երեւոյթէն: Երկար ժամանակ կ՚առնէր պատրաստութիւնս եւ ունէի խորհրդատու: Բան մըն ալ ըսեմ Ձեզի՝ Սթիւ Ճոպսի մօտ շնորհանդէսները շատ լաւ տեղի կ՚ունենային, որովհետեւ ան եւս ունէր խորհրդատու, որ Ճոպսին կը սովորեցնէր, թէ ինչպէս պէտք է ատիկա ճիշդ կերպով ընել: Նախագծելու, քալելու, խօսելու, շնորհանդէս ընելու եւ միշտ՝ պէտք է իյնալ եւ վեր կենալ ու սորվիլ, անվերջ սորվիլ: Միայն այս ձեւով հնարաւոր է յառաջանալ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2017