«ՄԽԻԹԱՐԱՆՔ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵՆԷՆ» (Բ)
Պոէթիուս բանտին մէջ կը շարունակէ զրուցել «Փիլիսոփայութեան» հետ, որ կ՚ըսէ.
«Մեր ունեցած արժէքաւոր իրերով «արժանապատիւ» չենք ըլլար։ Իսկ անոնցմով արժանապատիւ զգացող մարդը ինքզինք կը խաբէ։ Ինքզինք խաբողներ չեն կրնար հասնիլ երջանկութեան։ Եթէ որեւէ բան ինքնին երջանկութեան աղբիւր է, ուրեմն պէտք չէ դժուարութիւն յարուցէ։ Մինչդեռ հարուստներ ունին բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք աղքատներ չեն ունենար։ Օրինակ՝ անոնք իրենց օրուայ մեծ մասը կ՚անցընեն փողի մասին խորհելով, որպէսզի մրցակցին այլ հարուստներու հետ եւ ծրագրեր կազմեն՝ իրենց հարստութիւնը շարունակաբար աճեցնելու համար։ Բաց աստի, անոնք կ՚ապրին «փուշի վրայ»՝ գողերու կամ աւազակներու վախով։ Աղքատ մարդը չի վախնար ուշ գիշերին առանձին փողոցը քալելէ, բայց հարուստի համար այդ մղձաւանջ է։ Աղքատ մարդու համար խնդիր չէ դուռը բաց թողել, սակայն հարուստ մարդը բնակավայրը ապահով պահելու համար ամէն ջանք ի գործ կը դնէ։ Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ մարդ որքան հարստութիւն ունենայ, երբեք չի կրնար լիովին տիրապետել ստացուածքին եւ անոնք էապէս մեզ չեն կրնար լիարժէք երջանկութիւն պարգեւել։ Ընդհակառակը՝ նորանոր տագնապներու ծնունդ կու տան։ Մենք կրնանք ըլլալ հարուստ, սակայն ապարդիւն կը մնան հարստութեամբ երջանկութեան հասնելու մեր բոլոր ջանքերը»։
«Փիլիսոփայութիւն»ը կը սկսի «աթոռասիրութեան» մասին խորհրդածելու. «Որքան խեղճ են անոնք, որոնք երջանկութիւնը կը փնտռեն բարձր պաշտօնի, դիրքի հասնելու մէջ։ «Աթոռը» երբեք չի կրնար ըլլալ մարդու արժէքի որոշիչը։ Եթէ մարդ առաքինի է եւ ունի բարձր պաշտօն, կը հասկնանք, որ ան այդ դիրքին հասած է առաքինի աշխատանք կատարելով։ Մարդու արժէքի հիմքին պէտք է ըլլայ առաքինութիւնը, ոչ թէ բարձր դիրքեր ունենալը։ Եթէ բարձր պաշտօններ արժէք ունենային, ապա անոնք երբեք չէին ըլլար արհամարհելի մարդոց ձեռքերուն։ Օրինակ՝ պատմութեան ընթացքին եղած են դաժան, անարդար, մարդասպան մարդիկ, որոնք վարած են բարձր պաշտօններ։ Այդ պաշտօնները ի՞նչ «շնորհած» է անոնց։ Ոչինչ։ Միայն ու միայն յաջողած են երեւան հանել իրենց անհատականութեան խանգարումները։
«Գերակայութի՞ւն կ՚ուզես։ Այդ աթոռներով երբեք չէք կրնար գերակայութեան զգացում ունենալ։ Որքան բարձր տեղակայուած ըլլայ ձեր «աթոռ»ը, անպայման պիտի ըլլայ ձեզմէ «աւելի բարձր» մը։ Մի՛ մոռնաք, որ բարձր դիրքի հասնիլ իր հետ կը բերէ բազում նեղութիւններ։ Անոնք ծնունդ կու տան խարդաւանքներու, կը մտահոգեն այդ դիրքը կորսնցնելու հաւանականութեան մասին։ Եղած են բազմաթիւ թագաւորներ, որոնք չեն կրցած քնանալ առանց թուր մը ունենալու իրենց կողքին։ Անոնք կ՚ապրին սպաննուելու վախով, նոյնիսկ փողոցը առանց պահակի քալելը անոնց համար կը դառնայ անհաւանական»։
«Փիլիսոփայութիւն»ը կ՚անդրադառնայ մարդոց համբաւ ձեռք ձգելու ցանկութեան։
«Եթէ չես հաւատար հոգւոյ գոյութեան, ի՞նչ իմաստ կ'ունենայ քու անունի յիշատակուիլը։ Պահ մը խորհեցէք յայտնի փիլիսոփայ Չիչերոյի մասին։ Ան իր ետին թողած է վեց տառ։ Պարզապէս եթէ չէք կարդացած իր որեւէ աշխատանքը, ապա այս վեց տառը իմաստ մը չի ներկայացներ։ Ա՞յս է ձեր կեանքի ողջ տեւողութեան հետապնդած համբաւը։ «Ես կը մահանամ, սակայն անունս կ՚ապրի» խօսքը անիմաստ է, եթէ չէք ստեղծագործած առաքինի աշխատանքներ, ամէն ինչ անիմաստ է՝ դատարկ, խաւար։ Գիտութիւնը չէ՞ ապացուցած, թէ տիեզերքը միլիառաւոր անգամներ մեծ է Երկրէն։ Ուստի ինչո՞ւ կը ձգտիս «սահմանափակ» տարածքէ մը ներս համբաւ ձեռքբերելու։ Այդ սահմանափակ տարածքէն ներս թէեւ կրնաս երեւլի դառնալ, սակայն կրկին քեզ չճանցողներ պիտի գտնուին։ Այս ձեւով կարելի չէ կատարեալ երջանկութեան հասնիլ»։
Զրոյցի ընթացքին Պոէթիուս կ՚ըսէ. «Որպէս փիլիսոփայ՝ ես չեմ կրնար հաշտուիլ Աստուծոյ գոյութիւնը մերժելու գաղափարին հետ։ Աշխարհ բաղկացած է հակադիր եւ զանազան տարրերու համադրումով։ Եթէ այն չստեղծուէր «միաւորող» ուժի մը կողմէ, ապա աններդաշնակ բնութիւններ զիրար կը «քանդէին»։ Եթէ բնութեան մէջ կայ հաստատուած կարգ մը, որ ինքզինք կրնայ վերանորոգել, արդիւնքն է գերագոյն ուժի մը։
Ինչպէս բոլոր մարդիկ, ես եւս այս «ուժ»ը կ՚անուանեմ Աստուած»։
«Փիլիսոփայութիւն»ը կը պատասխանէ. «Ուրեմն պատրաստ եղիր երջանկութեան։
Աստուծոյ գոյութիւնը մերժել կը նշանակէ ընդունիլ, թէ տիեզերքը «կ՚ապրի» քաոսի մէջ։ Ան, որ կը հաւատայ, թէ տիեզերքը յառաջ եկած է քաոսի պատճառով, չի կրնար լուծել իր հոգւոյ մէջ տիրող քաոսը։ Եթէ չհաւատայ հոգւոյ գոյութեան, ապա այդ քաոսը լուծելու որեւէ հաւանականութիւն չի մնար։ Առաքինութիւնը սխալները ուղղելու համարձակութիւնն է։ Երջանկութիւնը նոյնպէս թաքնուած է այստեղ։
Այսպէսով մենք կրնանք ըսել, որ երջանկութեան առաջին պայմանն է ընդունիլ յաւերժական ուժի մը գոյութիւնը, որ կը գերազանցէ տիեզերքը, կը տիրապետէ բարիին եւ կատարելութեան»։
Պոէթիուս կ՚ըսէ. «Իսկ վատ մարդի՞կ: Ինչո՞ւ ամբարիշտներ յաճախ հզօր եւ հուժկու են։ Ինչո՞ւ Աստուած չի խանգարեր զանոնք»:
Ի պատասխան «Փիլիսոփայութիւնը» կ՚ըսէ. «Ամբարիշտներ աշխարհի ամենաթշուառ մարդիկն են: Մարդու մը չար արարքները կախեալ է կամքէ եւ զօրութենէ՝ ուժէ։ Մարդիկ չարիք կը գործեն, որովհետեւ կը հաւատան, թէ այդպէս կը հասնին երջանկութեան։ Աստուած անոնց ձեռքէն չի վերցներ ուժը։ Եթէ ընէ այդ, ամբարիշտներ կ՚ազատուին պատիժէ։ Կրնանք ըսել, որ այս աշխարհին ամենավատ պատիժը անոնց երջանկութեանէ զրկուիլն է։ Ինչպէս աւելի առաջ նշեցինք, աշխարհի մէջ փնտռուող որեւէ երջանկութիւն չի կրնար լիարժէք կատարելութիւն պարգեւել մարդոց։ Այնուամենայնիւ, ինչպէ՞ս կը մտածեն վատ ճանապարհներով հասնիլ երջանկութեան։ Ամբարիշտներ թշուառ են եւ անզօր. եթէ վատ ճամբով երջանկութեան հասնելու իրենց ձգտումները ձախողին, իրենք եւս պիտի տեսնեն, թէ իրականութեան մէջ որքան խեղճ եւ անկարող են անոնք»։
1500 տարի առաջ յառաջ քշուած վարկածը ապացուցուած է ժամանակակից հոգեբանական ուսումնասիրութիւններով, ըստ որոնց բարեգործութիւնը կ՚երջանկացնէ մարդիկը, իսկ չարիք գործելը պատճառ կը դառնայ ընկճուածութեան եւ անձկութեան։ Ամբարիշտներ վատ են, որովհետեւ չեն կրնար վերահսկել իրենց կամքը։ Անասուններ չեն կրնար վերահսկել իրենց կամքը. նենգամիտները կը նմանցնենք աղուէսի, վախկոտները՝ եղնիկի, շուայտները՝ խոզի։ «Հիմա կը հասկնաս, որ ամբարիշտներ իրենց պատիժը կը ստանան՝ Աստուծոյ «բարձրանալու» փոխարէն կենդանիներու նմանելով: Սա պատիժ է, որ կը գործէ միայն աշխարհի վրայ, այլ ոչ թէ յաւերժութեան: Իսկ անկեղծ եւ ազնիւ ըլլալ «պարգեւ» մըն է՝ շնորհուած մարդուն», կ՚ըսէ «Փիլիսոփայութիւնը»։
«Ամէն ինչ կարգին է», կը պատասխանէ Պոէթիուս ու հարց կու տայ. «Եթէ Աստուած ամէն ինչ գիտէ, եթէ ճակատագիր կայ, ինչ բանի կը տիրապետէ մարդը։ Ճակատագրակա՞ն է վատ ըլլալը»:
«Փիլիսոփայութիւնը» կ՚ըսէ. «Երբեք։ Աստուծոյ նախապէս բաներ գիտնալը ամբողջովին պայմանաւորուած է անոր անժամանակ դիրքով։ Աստուծոյ համար չկայ երէկ, այսօր կամ վաղը։ Աստուած բոլոր ժամանակներէն տեղեակ է։ Աստուծոյ նախախնամութիւնները չեն կանխեր մարդոց նախընտրութիւնները։ Օրինակ՝ ըսել, որ քայլող մարդ մը կը յառաջանայ, չի նշանակեր, թէ մենք կ՚որոշենք անոր յառաջ շարժուելուն մասին։ Մարդը ինքն է, որ կը քայլէ։ Իսկ Աստուած ունի այն զօրութիւնը, որ մեր ամէն քայլափոխէն տեղեակ է։ Չար արարք գործողներ պէտք է դադրին մեղադրելէ ճակատագիրը։ Միշտ ունինք «լաւ, բարի» ըլլալու հնարաւորութիւն։ Աստուած երբեմն վերացուցած է ոմանց ունեցուածքը, ոմանց հարազատը, ոմանց աթոռը, սակայն երբեք մարդոցմէ չէ խլած բարի ըլլալու հնարաւորութիւնը։ Հեռու մնանք չարէն, բարելաւենք մեր առաքինութիւնները, միշտ ըլլանք ազնիւ, քանի որ կ՚ապրինք «ամէն ինչ դիտող Դատաւոր»ի աչքի առջեւ»։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ