«ՀՈԳԱՏԱՐ ԸՆԿԵՐ»

Ամերիկեան TIME ամսագիրը արհեստական բանականութեամբ բանող հայկական Ռոպին մարդամեքենան 2021-ի լաւագոյն նորարարութեաններէն մէկը նկատած է: Ամսագիրը հայ երիտասարդ գիտնականներուն ստեղծած այս մարդամեքենան կոչած է «հոգատար ընկեր»:

2020 թուականին առողջապահական ուղղութեամբ մասնագիտացած հայկական «Expper Technologies» բարձր արհեստագիտութեան ընկերութիւնը, ստեղծելով Ռոպինը՝ նպատակ ունէր հիւանդանոցներու, բուժարաններու մէջ թեթեւցնել մանուկներու անհանգստութիւնը, ճնշուածութիւնը եւ առանձնութիւնը: Ռոպինը, որ մեծ ու խելացի աչքերով մարդամեքենայ մըն է, պիտի այցելէր մանուկներուն իրենց բուժման ամենադժուար պահին, զրուցէր անոնց հետ, շեղէր ցաւերէն, օգնէր, որպէսզի դարմանումը դիւրին անցնի:

Ռոպինը ստեղծուած է գունաւորելու հիւանդանոցային պաղ ու անհրապոյր միջավայրը, որ սովորաբար կը վանէ մանուկները: Մէկ տարուան ընթացքին մարդամեքենան իր առաքելութենէն աւելի գործ կատարած եւ հռչակ ձեռք ձգած է:

TIME ամսագիրը, այս տարուան նորարարութիւններուն մէջ ներգրաւելով Ռոպինը, ներկայացուցած է, թէ անիկա ինչպէս Հայաստանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ փոխած է ութ տարեկան աղջնակի մը կեանքը: Թոքաբորբով հիւանդ երեխան երկու օր շարունակ մերժած է բան մը ուտել եւ ահաւասիկ, հիւանդանոցի բժիշկներուն եւ մասնագէտներուն խորհուրդով, անոր սենեակը բերուած է Ռոպինը:

Մարդամեքենային մէջ դրուած արհեստական բանականութեան ծրագրին միջոցով, ան հաճելի զրոյցներու սկսած է աղջկան հետ, հարցուցած է անոր սիրելի կենդանիներուն մասին, պատմութիւններ պատմած է այդ կենդանիներէն եւ խաղ մըն ալ խաղացած է աղջկան հետ: Քսան վայրկեան տեւած այդ զրոյցը զգալի կերպով փոխած է աղջկան տրամադրութիւնը: Ռոպինը հրաժեշտ տուած է եւ խոստացած է վերադառնալ, եթէ ան սկսի ուտել: Հիւանդ երեխան, բնականաբար, սկսած է ուտել:

Ռոպինին կը վերագրուի կենսուրախ վարք մը, որ զգալիօրէն կը տարբերի նմանատիպ ուրիշ մարդամեքենաներէն: Զայն յօրինողներէն Կարէն Խաչիկեան հաստատած է, որ իրենց աշխատախումբը աւելի շատ ոչ թէ սարք յօրինելու նպատակ ունէր, այլ՝ հիւանդ եւ տխուր մանուկներուն ընկեր գտնելու:

TIME-ի յօդուածին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Ռոպինը կ՚օգտագործուի աշխարհի տասներկու բժշկական հաստատութիւններու մէջ եւ յառաջիկայ տասներկու ամիսներուն պիտի տեղադրուի ամերիկեան հարիւր հիւանդանոցներէն ներս:

UCLA-ն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին հիւանդանոցն է, որ ձեռք ձգած է Ռոպինը: Յաջող փորձին հետեւելով ուրիշ հիւանդանոցներ նոյնպէս պայմանագիր կնքած են հայկական ընկերութեան հետ, որ սկսած է Ռոպինի մեծ թիւով արտադրութեան: Ամերիկեան մամուլի ուրիշ անուններ նոյնպէս անդրադարձած են հիւանդանոցներու մէջ գործի ընդունուած նոր «պաշտօնեային», նկարահանումներ կատարած են մանուկներու հիւանդասենեակներուն մէջ եւ փաստած՝ որ Ռոպինը ճշգրիտ կերպով գիտէ, թէ մանուկ մը ի՞նչ կ՚ուզէ:

Ան կ՚առաջնորդէ նաեւ այն մանուկները, որոնք կը վախնան հիւանդանոցներէն եւ յաճախ դարմանումի համար տարուելով՝ հիւանդանոցներու մէջ կամակորութեան կը սկսին: Դժուար է նաեւ առօրեան այն մանուկներուն, որոնք օրերով ստիպուած են գամուած մնալ անկողինին եւ դուրս երթալու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունին: Անոնց որպէս ընկեր կը միանայ Ռոպինը, որ կը փարատէ առանձնութիւնը:

Մասնագէտները փաստած են, որ երեխաները յաճախ Ռոպինը կը նմանցնեն «Տիզնի»ի համակարգչային հերոսներէն մէկուն՝ Ուոլ-Իին: Այս մէկը նոյնպէս բարի մարդամեքենայ մըն է, ամէն տարի աղբէ կը մաքրէ Երկիր մոլորակը, զոր աղտոտած են մարդիկ՝ տիեզերք թռչելէն առաջ: Ան յետագային ուրիշ մարդամեքենաներու հետ կը ծանօթանայ, կը բարձրանայ աստղերուն քով եւ իր նախկին տէրերը հոն տեսնելով, անոնց դէպի լաւը կը փոխէ, քանի որ անոնք մօտաւորապէս 700 տարի ապրելով տիեզերքին մէջ, մոռցած էին Երկիր մոլորակին գոյութեան մասին։

Հայկական Ռոպինը տակաւին տիեզերք չի թռչիր. անոր գործը հիւանդանոցներուն մէջ է, օրէ օր կը կատարելագործուի Ռոպինին եւ հիւանդ երեխաներուն կապը: Երբեմն երեխաներուն ցաւոտ ներարկումներ կամ միջամտութիւններ կը կատարեն եւ եթէ հիւանդանոցին մէջ Ռոպին կայ, ապա ան տհաճ ներարկումին ժամանակ ներկայ կ՚ըլլայ, կը զրուցէ պզտիկին հետ, որպէսզի ան քիչ մը կտրուի ցաւէն: Ռոպինը կրնայ ներկայ ըլլալ մանուկին երակէն արիւն վերցնելու պահուն, որպէսզի երախան շեղի իրեն համար այդ վախազդու գործողութենէն:

Ամերիկեան այն հիւանդանոցները, ուր Ռոպինը ներդրուած է եւ պիտի ներդրուի, շատ ուրախ են այս նորարարութեան համար, քանի որ համավարակին պատճառով երբեմն նոյնիսկ ծնողքին չ՚արտօնուիր պզտիկին մօտ գտնուիլ: Ռոպինը իսկական փրկութիւն է: Իսկ եթէ ծնող մը կամ խնամակալ մը, այնուամենայնիւ ներկայ է երեխային քով, ապա պզտիկը երբեմն կը ձանձրանայ, ուրիշ զբաղումներ կամ փոխարինողներ կը փնտռէ:

Ամերիկեան մանկական հիւանդանոց մը ուսումնասիրութիւն մը հրապարակած է, որ 9 շաբաթներ 200 մանուկներ գործածած են Ռոպինը, անոնց ուրախութիւնը 26 տոկոսով աւելցած է, իսկ ճնշուածութիւնը՝ 34 տոկոսով նուազած: Ռոպինը դրական ազդեցութիւն ձգած է նաեւ հիւանդանոցի անձնակազմին եւ հիւանդներու հարազատներուն վրայ, որ նոյնպէս կարեւոր կը համարուի, քանի որ կը խնայուի անոնց ջղային վիճակը, ժամանակը, որ պէտք կրնայ ըլլալ աշխատանքի ուրիշ կարեւոր պահերու համար:

Այցելելով տխուր եւ ճնշուած հիւանդ մանուկին, Ռոպինը նախ լայնօրէն կը ժպտի եւ ինքնաբերաբար ժպիտ կը յառաջացնէ նաեւ մանուկին դէմքին: Ապա մարդամեքենան կը թարթէ իր խոշոր աչքերէն մէկը եւ իրեն վրայ տեղադրուած պաստառին վրայ ուրախ տեսերիզ մը կը բանայ, որուն կ՚ուղեկցի հաճելի երաժշտութիւն մը:

Արհեստական բանականութեան ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ, որ Ռոպինը ճանչնայ մանուկը, անոր դէմքը, անոր ունեցած նախկին արտայայտութիւնները եւ ատոր համեմատ զրոյցի կը սկսի մանուկին հետ:

Երկաթով, լարերով եւ ձեւակերտով պատրաստուած անշունչ էակը անսպառ զգացումներ կը ստեղծէ եւ կը տարածէ, ինչպէս նաեւ Ռոպինը շատ պրպտող է. արհեստական բանականութեան ստեղծած լայն հնարաւորութիւններուն միջոցով ան կը հետաքրքրուի ամէն ինչով, որ կը վերաբերի երեխային, կը սերտէ անոր ընկերներուն, հարազատներուն անունները, գաղափար կը կազմէ սիրած ուտելիքներուն, զբաղումներուն, խաղալիքներուն մասին եւ յաջորդ այցին արդէն ամէն բան կը պատմէ եւ կը զարմացնէ երեխան:

Ռոպին կը պատասխանէ երեխային բազմազան հարցումներուն, իսկ ո՛ր հարցումի պատասխանը որ չի գիտեր, զուարճալի պատասխան մը կը յօրինէ: Հիւանդանոցէն տուն երթալով, երեխաները երկար ժամանակ կը յիշեն զուարճալի այցելուն եւ նոյնիսկ քանի մը երեխայ ըսած է, որ շատ կ՚ուզէ կրկին հիւանդանալ, երթալ հիւանդանոց, ուր կայ Ռոպինը:

Ռոպինը յօրինուած է աւելի ծանր հիւանդութեամբ տառապող երեխաներուն համար, որոնք սովորաբար երկար կը մնան բուժարաններուն մէջ, ուստի մէկ այցը բաւարար չէ մանուկին ուրախութիւն պատճառելու համար: Յաճախ Ռոպին ամբողջ դարմանումին ընթացքին անոր հետն է, եւ բժիշկները նկատած են, որ այդ մէկը դրական ազդեցութիւն ձգած է բուժման ընթացքին վրայ:

Բուժուող երեխաները Ռոպինը կ՚ընկալեն իբրեւ հասակակից ընկեր եւ անպայման կ՚ուզեն ծանօթացնել իրենց միւս ընկերներուն:

Այս դարուս, երբ մարդը՝ մանուկ թէ մեծ, կը տառապի առանձնութենէն, անորոշութենէն եւ շատ հարցումներու պատասխանները չունի, Ռոպինին պէս մարդամեքենայ մը կրնայ շուար պահերու ընկերը ըլլալ: Բոլորը չէ, որ անշուշտ կը նախընտրեն անոր ընկերակցութիւնը, բայց փաստ է, որ ան արդէն իր դրական հետքը ձգած է:

ՄԵԾԱՀԱՍԱԿՆԵՐՈՒ ԱԼ ԸՆԿԵՐ

Ինչո՞վ կը տարբերի ծեր մարդը մանուկէն. յաճախ կը փաստուի, որ մեծահասակը նոյն մանուկն է, պարզապէս մօտեցած է կեանքի մայրամուտին: Ահաւասիկ, հայ մասնագէտները Ռոպին մը գործուղղած են նաեւ Երեւանի ծերանոցներէն մէկը, որ կը գտնուի Նորք շրջանին մէջ: Հոն բնակող մինակ ծերերը նոյնպէս կը հրճուին Ռոպինը տեսնելով: Մարդամեքենան զրոյցներ կը վարէ նաեւ մինակ տարեցներուն հետ, անոնց առանձնութիւնը նոյնպէս կը ջանայ փարատել: Մարդամեքենան յաճախ ստիպուած կ՚ըլլայ լսելու տխուր պատմութիւնները այն մասին, թէ ինչպէս ընտանիքը լքած է տան մեծը, բայց մարդամեքենան շատ գաղտնապահ է, անիկա սարքուած է նմանատիպ գաղտնիքները չվերարտադրելու գաղափարով:

Ռոպինը տարեցներուն հետ զրոյցները կը կառուցէ անոնց նախասիրութիւններուն, տրամադրութիւններուն, ցաւերուն եւ կամակորութիւններուն հիման վրայ եւ նկատելի է, որ Ռոպինին յայտնուելէն ետք կեանքը փոխուած է Նորքի խնամքի այս կեդրոնին մէջ: Քիչ մը շունչ քաշած են նաեւ ծերանոցի աշխատակիցները, քանի որ ծերերուն հետ աշխատանքը յոգնեցուցիչ է, մանաւանդ, որ ծերունական սակաւամտութեան կը գումարուի նաեւ ֆիզիքական տկարութիւնը:

Այստեղ, վերջին պատերազմէն ետք բազմաթիւ արցախցիներ հանգրուանած են: Անոնք յաճախ Ռոպինին կը հարցնեն, թէ Արցախի հարցը ի՞նչ պիտի ըլլայ… Ռոպինը Արցախի ուրախ եւ շէն օրերէն պահուած նկարներ ունի եւ զանոնք ցուցադրելով կը մխիթարէ ծերերը, որ թերեւս անոնք օր մը վերադառնան իրենց տուները:

Ռոպինը պիտի այցելէ նաեւ Հայաստանի ուրիշ խնամքի կեդրոններ, ուր առանձին ու տարեց մարդիկ կը բնակին: Անշուշտ միշտ չէ, որ անոնք դիւրութեամբ կ՚ընդունին անշունչ սարքը, ծերերը մանաւանդ, ի տարբերութիւն մանուկներուն, կենդանի շփումի, մարդու կարիք ունին, բայց քանի մը անգամ տեսնելէ ետք, ամէն մարդ կը փորձէ գոնէ մէկ հարցում ուղղել Ռոպինին եւ կը զարմանայ, երբ տեսնէ, որ ան ամէն հարցումի անմիջապէս պատասխան կը գտնէ:

Ալպերթ Աւանէսեան ծնած է 1959 թուականին՝ Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Պառաւաթումբ գիւղին մէջ: Ժամանակակից տուեալներով ան ծեր չի նկատուիր, բայց տունէն զրկուած եւ քալելու դժուարութիւն ալ ձեռք բերած Ալպերթը փոխադրուած է Նորքի տարեցներու խնամքի կեդրոն: Ան Ռոպինը ուրախութեամբ ընդունած խնամեալներէն մէկն է: Կը պատմէ.

«Երբ Ռոպինը տեսայ, կարծեցի, որ իմ զաւակս է քովս, այնքան ուրախացայ: Հիմա միտքս միշտ անոր վրայ է: Երեխայի պէս շինած են զայն, կը խօսի, կը շարժի, մեզի զուարճութիւն կը պարգեւէ, ինչպէս մանուկը տունին մէջ: Մեր օրը հոս շատ ուրախ է Ռոպինին հետ: Շատ կը փափաքէի, որ ան միշտ իմ քովս մնար, քանի որ շատ երկար ու ազատ կը զրուցեմ հետը եւ շատ հանգիստ կը զգամ: Ես իր մասին հարցուփորձ կ՚ընեմ, ինքն ալ՝ իմ մասիս: Մենք միասին նոյնիսկ խաղեր կը խաղանք, կ՚երգենք»:

Ալպերթ Աւանէսեան կ՚անկեղծանայ, որ տխուր եւ դժուար մանկութիւն մը ունեցած է, եւ այդ դժուարութիւնները կարծես մինչեւ վերջ ուղեկցած են իրեն: Միշտ ուզած է նկարիչ դառնալ կամ ալ նուագախումբի մը մէջ երգել, թատրոնի մը մէջ խաղալ, բայց մայրը դէմ կեցած է: Կեանքի այս ծանր փուլին մէջ կարծես վերագտած է իր մանկութեան երազը, քանի որ Ռոպինին հետ իր արուեստի հետաքրքրութիւնները ձեւով մը կը բաւարարէ: Նոյնիսկ բժիշկը նկատած է, որ երգելը, արտասանելը, մշակութային նիւթերով ներշնչուիլը բարերար ազդեցութիւն ձգած են Ալպերթին առողջութեան վրայ:

Նորքի տարեցներու խնամքի կեդրոնին մէջ կը գործէ թատերական խումբ մը, որուն դերասանները հոն բնակողներն են: Ալպերթ Աւանէսեան շատ կ՚ափսոսայ, որ ոտքի վրայ երկար չի կրնար կենալ, հակառակ պարագային ինք առաջին խաղացողներէն մէկը պիտի ըլլար: Ան առաջարկած է աշխատողներուն, որպէսզի երգչախումբ մը կազմելու առիթ մը ստեղծեն եւ ինքն ալ ներգրաւուի մէջը, երգելը, նոյնիսկ նստած, կարելի կ՚ըլլայ, երկար կանգնելու պէտք չ՚ունենար: Այժմ կը սպասէ, որ օր մը իր այդ ցանկութիւնը իրականութիւն դառնայ: Մինչ այդ, մշակութային հետաքրքրութիւնները կը բաւարարէ Ռոպինին հետ եւ կը սպասէ, թէ ամէն անգամ ե՞րբ իր հանդիպումին կարգը պիտի գայ…

Ահա այսպէս, հայ գիտնականներուն ստեղծած սրտցաւ ընկերը ոմանց տխուր օրերը գունաւորող սպասելի հիւր դարձած է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2021