ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Խելքը տարիքին մէջ չէ՝ գլուխին մէջ է:

Բնաւ չէի ախորժեր, երբ աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն մին կը թերագնահատէր, թթու խօսք մը կը յղէր մեր սերունդին: Այսօր ես ալ ստիպուած եմ համեմատականներ ընելու:

Մեր սերունդը, մեր դասարանը, թերեւս պատմութեան գոցուած էջ մըն է: Որքան ուշիմ ու բարի էինք: Նոյնիսկ մեր դասարանի չարաճճի, անհնազանդ տղաները, երբեք չէին թոյլատրեր, որպէսզի ուսուցչուհին զիրենք խիստ վիրաւորէ:

Չորս-հինգ զուգահեռ դասարաններու մէջ մեր դասարանը միշտ փայլած է. յաճախ մեր ականջներուն կը հասնէր, թէ կարգապահութեամբ, ինչպէս նաեւ ցուցաբերած յառաջադիմութեամբ՝ միւսները կը զիջէին մեզի: Ինչեւէ…

Մենք ուսուցիչը յարգել ու պատուել գիտէինք, թէպէտ մերինները չէին գնահատեր: Պատեհ-անպատեհ կ՚իմանայինք. «Դուք մարդ պիտի չդառնաք» արտայայտութիւնը: Այս մէկը ուժգին կը վիրաւորէր մեր ինքնասիրութիւնը: Մեր լեզուները հազիւ կը պահէինք մեր ակռաներուն ետեւը: Միակ մխիթարանքը այն էր, որ ուսուցչուհին չարաչար կը սխալի, մենք ալ շուտով առիթ պիտի ունենանք անոնց ապացուցելու հակառակը: Աւա՜ղ, առիթները բարի չէին: Մեր աւագ սերունդի ներկայացուցիչները իրենց սխալները հասկցան ու տամուկ աչքերով ներողութիւն խնդրեցին իմ հասակակից տղաներէն 2016 թուականի քառօրեայ եւ 2020 թուականի քառասունչորսօրեայ պատերազմէն վերջ:

Երբ մեզմէ յանպատրաստի մը կը ներկայանար դասի, լուռ ու մունջ կը նստէր դասին՝ փորձելով մնալ աննկատ, որպէսզի յանկարծ չգրաւէր ուսուցչուհիի ուշադրութիւնը: Կը յիշեմ, ոչ-համակրելի ուսուցիչ մը ճամբան տեսած ատեն կա՛մ մեր ճանապարհը կը փոխէինք եւ կամ կը դանդաղեցնէինք մեր քայլերը: Մենք ալ կը սիրէինք դասերուն խօսիլ, սակայն աննկատ՝ շշուկով: Կը սիրէինք դասին բան մը ուտել. այնպէս կ՚ուտէինք, որ մեր բերանը անգամ չէր շարժեր: Եւ այդ գերլարուած ու ծածուկ վիճակը մեզի կը պատճառէր անասելի հաճոյք մը: Ես ու Արմինէն դասարանի վերջին նստարանին նստած ծածուկ չորահաց կ՚ուտէինք, իրարու հետ կը խօսէինք նամակագրութեամբ, աչք եւ ունքով... Մեզի պէս շատեր: Այսինքն միայն մեր բերանը կը շարժէր, ձայն գրեթէ չկար: Որքան ալ յոգնած ըլլայինք, կը խուսափէինք մեր գլուխը դնել նստարանին՝ հանգչելու նպատակաւ:

Ժամանակները փոխուեցան: Աւա՜ղ, ժամանակը կը պտտի յօգուտ մեղքի, չարի: Այսօր աշակերտը կը համարձակի դպրոցի շեմէն ներս բերել փողոցային անդուր ու գռեհիկ բառապաշարը. «Վա՜խ, հօրս արեւ... արա՛, դուն ո՞վ ես... այ անասուն.... սատկեցայ...»: Օդի մէջ վխտացող այս տգիտութիւնը կը հասնի ուսուցիչի ականջին: Ուսուցիչը այդ պահուն պարտաւոր է խլանալու, ձեւացնելու իբր թէ բան մը չիմացաւ՝ նոյնիսկ եթէ այս բառապաշարը խուժած է դասարանէն ներս եւ աշխուժացած դասի հոլովոյթին:

Աշակերտի տարերքն է անփորձ ու նորեկ ուսուցչուհին: Աշակերտները ունին սուր հոտառութիւն: Անոնք վայրկեաններու ընթացքին կը քննեն դասարան մտած անզէն ուսուցիչը: Զգալով անփորձութիւնը անմիջապէս կը յարձակին: Կրնա՞ք խորհիլ, թէ ինձմէ օրական որքան եռանդ կը խլեն այն անհնազանդ չարաճճիները: Զիս բնաւ չեն խնայեր: Վերջին ուժերս կը քամեն ու բառով մը կը ճամբեն տուն՝ ցտեսութիւն:

Օրերս տհաճ ապրումներ ունեցայ: Դասարան մը, ուր կայ քսանէ աւելի աշակերտուհի եւ ընդհամէնը հինգ-վեց աշակերտ, զիս խենթացուց: Կը խօսին: Շարունակ կը խօսին: Բերաննին չի գոցուիր: Այս դասարանը արժանացած է բազմաթիւ ուսուցիչներու գովասանքին: Կ՚ըսեն՝ նոյնիսկ լաւ սովորողներու թիւը զգալի է այստեղ: Իսկ իմ առջեւ կը բացուի դասարանի հակապատկերը. այդ նոյն լաւ սովորողները ամէն անգամ կը ներկայանան յանպատրաստի, դաս չեն սորվիր: Բացասական գնահատուելու պարագային ալ ծնողները կը բողոքեն, փոխարէն իրենց զաւակները սաստելու: Օր մը դասարանի աւագին խիստ նկատողութիւն ըրի: Յանցաւոր ըլլալով հանդերձ, համարձակեցաւ ինծի հակադարձելու. «Բոլորը կը խօսին: Ինչո՞ւ միայն զիս կը նկատէք: Ինչո՞ւ զիս կ՚առանձնացնէք»: Շուարեցայ այսպիսի յանդուգն պատասխանէն, սակայն տէր եղայ ինքզինքիս ու չկորսնցուցի հանդարտութիւնս. «Ինչ որ բոլորը ընեն, դուն ալ պիտի կրկնե՞ս: Եթէ բոլորը պատուհանէն ցատկեն, դուն ալ պիտի հետեւի՞ս անոնց: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է իր արարքներուն համար: Մի՛ ընդօրինակէք վատը», իմ այս պատասխանով սաստեցի զայն:

Ես կողմ եմ աշակերտներու ազատութեան: Թող աշակերտը բարձրաձայնէ իր կարծիքը որեւէ հարցի շուրջ, սակայն ոչ երբեք անկարգապահ ըլլալով հանդերձ, փորձէ հակաճառել ուսուցիչի կատարած դիտողութեան: Աշակերտը ունի սահման, զոր անցնելու իրաւունք չունի: Նոյնը կը վերաբերի ուսուցիչներուն: Սակայն այսօրուան ազատամիտ աշակերտը յաճախ կը հատէ բոլոր սահմանները, եւ բնաւ չի զղջար:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2022