ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած «Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի» հա­մեր­գա­շա­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան շա­րու­նա­կուե­ցաւ քա­ղա­քիս մէջ։ Ե­րե­ւա­նէն վերջ այս ան­գամ ալ «Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի»նե­րը հնչե­ցին Իս­թան­պու­լի մէջ՝ ա­ռիթ հան­դի­սա­նա­լով մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան։ Թուր­քիա­յէն եւ Հա­յաս­տա­նէն ե­րա­ժիշտ­ներ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի բե­մին վրայ ար­ձա­նագ­րե­ցին փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն մը եւ ունկն­դիր­նե­րը խո­րա­պէս տպա­ւո­րուե­ցան ա­նոնց խա­ղա­ղու­թեան եր­գով։

Ծա­նօթ է, որ այս ծրագ­րին մէջ ներգ­րա­ւուած ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու շար­քին էր մեր հա­մայն­քէն հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Սի­պիլ, ո­րուն ա­ռըն­թեր Թուր­քիա­յէն կան՝ Եուր­տալ Թոք­ճան, Կէօք­սէլ Պաք­տա­կիր, Պու­րաք Մալ­չոք եւ Մերթ Էլ­մաս։ Իսկ Հա­յաս­տա­նէն այս նա­խագ­ծին մաս­նակ­ցած է «The Beautified Project» խում­բը, ո­րու մե­ներ­գիչն է Անտ­րէ Սի­մո­նեան։

Ե­րէ­կուան ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Մաս­նակ­ցի­նե­րու շար­քին էին Իս­թան­պու­լի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­ւագ հիւ­պա­տոս Չարլզ Հան­թըր, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու եւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Բա­ցու­մին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, որ այս ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ ստանձ­նած էր լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն։ Ան մաղ­թեց, թէ ձեռ­նար­կը նպաս­տէ եր­կու եր­կիր­նե­րու երկ­խօ­սու­թեան։

Ա­ւե­լի վերջ սկսաւ յայ­տագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին մե­ներգ­ներ կա­տա­րե­ցին Սի­պիլ եւ Անտ­րէ Սի­մո­նեան։ Թէ՛ մե­ներգ­նե­րը եւ թէ նուագ­նե­րը իս­կա­պէս հա­ճե­լի պա­հեր պար­գե­ւե­ցին հան­դի­սա­տես­նե­րուն։

Ե­րե­կոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան Կէօք­սէլ Պաք­տա­կիր ունկն­դիր­նե­րուն հետ բաժ­նեց իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­մեր­գին շուրջ։ Ան ընդգ­ծեց, որ ինք եւ ըն­կեր­նե­րը ջերմ հիւ­րըն­կա­լու­թեան ար­ժա­նա­ցած էին այն­տեղ։ Այդ վառ տպա­ւո­րու­թեան ազ­դե­ցու­թեան ներ­քեւ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը վե­րա­դար­ձին ստեղ­ծա­գոր­ծած էին «Ե­րե­ւա­նէն Իս­թան­պուլ» գոր­ծը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ նուա­գուե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան։

Հան­դի­սա­տես­նե­րը հա­մեր­գի ա­ւար­տին ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին ե­րա­ժիշտ­նե­րը՝ թէ՛ ի­րենց կա­տա­րո­ղա­կան բարձր ա­րուես­տին եւ թէ խա­ղա­ղա­մէտ յանձ­նա­ռու­թեան հա­մար։ Փակ­ման հանգ­րուա­նին Անտ­րէ Սի­մո­նեան առ ի շնոր­հա­կա­լու­թիւն յու­շա­նուէր մըն ալ յանձ­նեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նին՝ գնա­հա­տե­լով ա­նոր վե­րա­բեր­մուն­քը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015