ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ
Աստուածաշունչ մատեանը կը հաստատէ. որ Ադամ եւ Եւա Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուեցան եւ Աստուծոյ կողմէ այս երկրի վրայ հաւասարապէս, միասնաբար բազմանալու ու իշխելու պարտաւորութեան կոչուեցան (Հմմտ. Ծն 1,27-28): Արեւելքի մէջ ընկերութիւնը ենթակայ ըլլալով արական սեռի տիրապետութեան, նաեւ Հին Կտակարանին մէջ կինը կը տեսնենք ընդհանրապէս նոյն պատկերով ներկայացուած:
Նոր Կտակարանին մէջ կնոջ պատկերը ամբողջութեամբ շրջուած կը ներկայանայ: Կինը Աստուծոյ շնորհքին կ՚արժանանայ, Աստուծոյ Որդին կը մարդեղանայ կնոջ ճամբով (Հմմտ. Ղկ 1,26-38): Այս իրողութիւնը ինքնին մեծ յեղաշրջում մըն էր արական սեռի գերիշխանութեան տակ գտնուող ընկերութեան մէջ: Եւ աւելի՛ն. Քրիստոս կը դառնայ կնոջ ազատագրիչը: Կինը ներկայութիւն կը դառնայ ո՛չ միայն Քրիստոսի առակներուն, հրաշքներուն ու ուսուցումներուն մէջ, այլ նաեւ փրկագործական խորհուրդին մէջ՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ճամբով որպէս տիպար կին եւ օրինակելի մայր: Կնոջ հանդէպ իրենց ցուցաբերած յատուկ նախանձախնդրութենէն մղուած, Քրիստոս ու ապա առաքեալները կը մերժեն հրեաներու, յոյներու ու հռոմայեցիներու մօտ ընդունուած տղամարդուն գերակայութիւնն ու կնոջ ստորակայութիւնը եւ կը շեշտեն այր ու կնոջ հաւասարութիւնը:
Քրիստոս Ինք դատապարտեց բոլոր անոնք, որոնք կը մերժէին կինը որպէս արհամարուած արարած: Աշակերտներ երբ տեսան, որ Յիսուս Սամարացի կնոջ հետ կը խօսէր. զարմացան, «Բայց անոնցմէ ոչ ոք հարցուց՝ «Ի՞նչ կ՚ուզես», կամ «Ի՞նչ կը խօսիս անոր հետ»» (Յհ 4.27): Նոյնպէս Քրիստոս մերժեց տեղի տալ Փարիսեցիներու պնդումներուն. երբ մեղաւոր կինը «արցունքներով Անոր ոտքերը կը թրջէր եւ մազերով կը սրբէր, կը համբուրէր ոտքերը եւ իւղով կ՚օծէր զանոնք» (Ղկ 7.38)։ Եւ այս բոլորէն ետք, Քրիստոս դառնալով մեղաւոր կնոջ յայտարարեց, «Հաւատքդ քեզ փրկեց. խաղաղութեամբ գնա՛» (Ղկ 7.50): Նոյնքան գօտեպնդիչ են Պօղոս Առաքեալի խօսքերը ուղղուած Կորնթացիներուն, ուր կ՚ըսէ. «Քրիստոնէական հասկացողութեամբ՝ չկայ կին առանց մարդու, ոչ ալ մարդ՝ առանց կնոջ» (Ա,Կր 11.11)։
Արդարեւ, կանանց սարկաւագութեան կոչում շնորհելու հարցը նոր երեւոյթ մը չէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ համար։ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը լեցուն է սրբուհիներու լուսապսակ փառապանծ վարքով: Իններորդ դարէն սկսեալ, Հայ Եկեղեցւոյ պատմագրութեան մէջ աւելի յստակ տեղեկագրութիւններ կը գտնենք կոյսերու, քոյրերու եւ սարկաւագուհիներու մասին, ուր կը նկարագրուին անոնց կատարած աստուածահաճոյ ծառայութիւննները, ուսուցումն բանին կենաց. խնամել որբեր եւ ծերեր, մխիթարել զրկուածներն ու կորուսեալները. եւ խրատել կիները՝ իրենց ընկերային դժուարութեանց մէջ:
Ներկայ յօդուածով, հակիրճ տողերու մէջ խօսած ենք սարկաւագուհի հասկացողութեան մասին։ Նոր Կտակարանի մէջբերումներով փորձած ենք հիմնաւորել սարկաւագուհիի պաշտօնը եւ ապա ներկայացուցած ենք այրի կիներու եւ սարկաւագուհիներու ներկայութիւնը Քրիստոնէական եւ Հայ Եկեղեցիներու ծառայական անդաստանէն ներս։
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Հռոմայեցիներուն ուղղուած նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ Ֆիպէին սարկաւագուհի («Diakonos») անունը կու տայ. «Ձեզի կը յանձնարարեմ Կենքրայի Եկեղեցիին ծառայող մեր Ֆիպէ քոյրը (Յունարէնի մէջ սարկաւագուհի բառը կը գործածուի), որպէսզի Տիրոջ անունով ընդունիք զայն՝ ինչպէս որ հաւատացեալներուն կը վայելէ, եւ տէր ըլլաք իրեն՝ երբ ոեւէ բանի պէտք ունենալով դիմէ ձեզի, որովհետեւ ինքն ալ շատերուն տէր եղաւ եւ ամենէն աւելի՝ ինծի» (Հռ 16.1-2)։ Այս նիւթի շուրջ աստուածաբաններ հանդէս կու գան թեր ու դէմ կարծիքներով, որոնք, առաքեալի տուած «Diakonos» անունին մէջ, եկեղեցական կոչումին վերաբերեալ մասնաւոր իմաստ չեն գտներ, առարկելով՝ որ նախնական Եկեղեցւոյ կոչման գաղափարը անորոշ էր, եւ «Diakonos» կամ «Diakonia» բառերը որոշակի ծառայութիւններ կամ եկեղեցական բնորոշող իւրայատկութիւն չունէին։ Իսկ ուրիշներ Պօղոս առաքեալի Փիլիպպեցիներուն ուղղուած սա համարին վրայ կը հիմնուին. «Պօղոս եւ Տիմոթէոս, Քրիստոս Յիսուսի ծառաներս, կը գրենք ձեզի՝ Քրիստոս Յիսուսի միացած բոլոր հաւատացեալներուդ, որ Փիլիպպէի կողմերը կը բնակիք, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն ու սարկաւագներուն» (Փլպ 1.1)։ Առաքեալը կ՚ողջունէ բոլոր քրիստոնեաներն ու եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ սարկաւագները։ Աստուածաբաններ դիտել կու տան, որ այդ ժամանակաշրջանին սարկաւագ («Diakonos») բառը եկեղեցական կոչում ունենալու յստակ իմաստը կ՚արտայայտէր։ Միւս կողմէ, աստուածաբաններ նոյնպէս կը պնդեն, որ սարկաւագուհի («Diakonissa») բառի իգական ձեւը առաքեալին ծանօթ չէր, հետեւեաբար, ըստ անոնց, սարկաւագ («Diakonos») բառի արական կիրառութեամբ առաքեալը սարկաւագուհիներն ալ նկատի ունէր։
Տիմոթէոսի ուղղած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Անոնց (սարկաւագներուն) կիները նոյնպէս պէտք է պարկեշտ ըլլան. ո՛չ թէ չարախօս, այլ՝ զուսպ եւ ամէն բանի մէջ վստահելի» (Ա.Տմ 3.11)։ Այստեղ կ՚ենթադրուի, որ Պօղոս առաքալին կողմէ սարկաւագուհիներուն ուղղուած խրատ մըն է, քանի որ այդ մէջբերումը սարկաւագներուն վերաբերող խրատներու ամբողջական շարք մըն է։ Այս առումով, մեկնիչներուն ընդհանուր եզրակացութիւնը այն է, որ վերոյիշեալ հատ-ւածը ուղղուած է սարկաւագուհիներուն, որոնք, սակայն, յետագայի հասկացողութեամբ՝ տակաւին եկեղեցական որոշակի կարգ չունէին։
Սարկաւագուհիներուն մասին կատարուած Նոր Կտակարանի երրորդ յիշատակութիւնը Ա.Տմ 5.3-16 համարներն են։ Այստեղ խօսքը այրիութեան կարգի եւ պարտականութիւններու մասին է։ Առաքեալը կը յորդորէ, թէ այրիացած երիտասարդ կիներէն պէտք է հրաժարիլ. «Երիտասարդ այրիները մերժէ. որովհետեւ երբ իրենց ցանկութիւնները արթննան՝ ամուսնանալ կ՚ուզեն եւ Քրիստոսի դէմ կը դառնան, եւ դատապարտութեան կ՚ենթարկուին, որովհետեւ կ՚արհամարհեն Անոր հաւատարիմ մնալու իրենց սկզբնական յանձնառութիւնը» (Ա.Տմ 5.11)։ Առաքեալը խօսելով այրի կիներուն մասին՝ կը թելադրէ ըսելով. «Իսկական այրին ան է՝ որ մէկը չունի, յոյսը միայն Աստուծոյ վրայ դրած է եւ գիշեր-ցերեկ աղօթքով ու խնդրանքով կ՚անցընէ իր ժամանակը…։ Այրի սեպէ միայն այն կիները՝ որոնք վաթսունը անց են, մէկ անգամ ամուսնացած, եւ բարի գործերով վկայուած են» (Ա.Տմ 5.5-8)։ Յունարէն կարգ մը թարգմանութեանց մէջ «Այրի սեպէ միայն այն կիները» նախադասութիւնը նաեւ այսպէս թարգմանուած է՝ «անոնք այրիներու կարգին թող ընդունուին»։ Բազում աստուածաբաններ կը հաստատեն, որ Պօղոս առաքեալ այս նախադասութեամբ վկայութիւն կու տայ այն մասին, որ նախկին Եկեղեցիին մէջ սարկաւագուհիի նման «կարգ» գոյութիւն ունեցած է։
Արեւելեան Եկեղեցւոյ ամբողջ աւանդութիւնն ու իր փայլուն ներկայացուցիչներէն յատկապէս՝ Որոգինէս Աղեքսանդրացի, Յովհան Ոսկեբերան եւ Կղեմէս Աղեքսանդրացի հայրապետները, Նոր Կտակարանի վերոյիշեալ երեք համարներուն մէջ տեսած են կանանց սարկաւագութեան ծագումը։
ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ 3-6 ԴԱՐԵՐՈՒՆ
Կանանց սարկաւագութիւնը ասորական միջավայրի եւ եկեղեցական մշակոյթի արգասիքն էր։ Այս առումով՝ կարեւորագոյն աղբիւր կը համարուի ասորական «Վարդապետութիւն Առաքելոց»ը՝ խմբագրուած 3-րդ դարու սկիզբներուն: Այստեղ, այրիներն ու սարկաւագուհիները իրարմէ յստակօրէն կը տարբերին, եւ իւրաքանչիւրը՝ հանգամանօրէն կը նկարագրուի։
Այրին համայնքին մէջ աշխարհական ճգնաւոր էր։ Այրիին թոյլատրուած չէր ծիսական արարողութիւններ կատարել կամ քարոզել։ Այրի կնոջ հիմնական պարտականութիւնը համայնքի համար աղօթելու եւ հիւանդներ խնամելու մէջ կը կայանար։ «Վարդապետութիւն Առաքելոց»ի 12-րդ եւ 13-րդ գլուխներուն մէջ, այրիներու կողքին, առաջին անգամ նաեւ սարկաւագուհիները կը յիշուին։ Անոնց պարտականութիւնը աւետարանել եւ մկրտութեան ժամանակ օգտակար հանդիսանալն էր։ «Տուներ կան, ուր հեթանոսներէն զգուշանալով, կիներուն մօտ չես կրնար այր սարկաւագ ղրկել», յիշուած է սոյն գրքին մէջ։ Սարկաւագուհիի հիմնական պաշտօնը, կին մկրտուողները ջուր մտնելէն առաջ, իւղով օծելու մէջ կը կայանար, իսկ մկրտութենէն ետք քահանան կամ եպիսկոպոսը կին մկրտուածի ճակատը կ՚օծէր։ Այնուհետեւ, անոր հոգեւոր դաստիարակութեամբ զբաղուելու պարտականութիւնը սարկաւագուհին կը ստանձնէր։
ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ս. Սահակ Հայրապետի անունով մեզի հասած կանոնախումբի 16-րդ կանոնին մէջ կը կարդանք. «Մկրտութիւն առնել երկիւղածութեամբ, եւ կանայք ի ժամ մկրտութեան մերձ առ քահանայսն մի՛ իշխեսցեն կալ, որպէս սովորեցին ոմանք առնել յանդգնաբար եւ մկրտիլ ընդ նոսա, այլ ի տեղւոջ իւրեանց աղօթեսցեն» (Յակոբեան Վշ, Կանոնագիրք Հայոց, Ա. Երեւան, 1964, էջ 377-578)։ Միեւնոյն կանոնը կը հաստատէ Դուինի Բ. 454-5-ի ժողովը։ «Եւ կանայք առ քահանայս մի՛ իշխեսցեն կալ, բայց սարկաւագունքն սպասաւորեսցեն, եւ կանայքն իւրեանց տեղին աղօթեսցեն, եւ մի՛ եղիցին (կանայք) գործակիցք քահանայիցն, որպէս լսեմք ունելով զտեղիս սարկաւագացն» (Տէր Միքելեան Ա., Հայոց Եկեղեցական Իրաւունքը, 1903, Ա. Շուշի, էջ 380)։
Մեր Եկեղեցւոյ պատմութենէն գիտենք, որ կարգ մը Եկեղեցւոյ հայրեր. ինչպէս՝ Ներսէս Լամբրոնացին եւ Պօղոս Տարօնեցին դէմ էին սարկաւագուհիներու գոյութեան եւ կ՚ուզէին փակել անոնց կուսանոցները: Մինչդեռ՝ Մխիթար Գօշ (1130-1213) ջատագով եղած է եւ քաջալերած սարկաւագուհիներու գոյութիւնը՝ ըսելով. «Են եւ ի կանանց սարկաւագունք ձեռնադրեալք. որք կոչին սարկաւագուհիք. վասն քարոզելոյ կանանց եւ ընթեռնուլ Աւետարան. զի մի՛ մտցէ անդ այր. եւ մի՛ նա արտաքս քան զվանսն ելանիցէ: Բայց յորժամ մկրտութիւն առնեն քահանայքն. գան յաւազանն. զի զկանայսն նոքա լուանան ջրով քաւութեանն՝ ներքոյ վարագուրին: Սքեմ է նոցա ամենայն հաւատաւորաց. բայց ի ճակատն խաչ լինի. եւ քուշկէն ի յաջմէ կողմանէ ի կախ ունենալով: Մի՛ ինչ նոր եւ անկարգ վարկցիս զայս. քանզի ի սրբոյ առաքելոյն աւանդութենէ ուսանիմք. քանզի ասէ՛ յանձն առնեմ ձեզ զՖիպէ քոյր մեր. որ է սպասաւոր Եկեղեցւոյն» (Մխիթար Գօշ, Դատաստանագիրք, էջ 136-137):
Սարկաւագուհիներու մասին նման վկայութեանց նաեւ կը հանդիպինք Սմբատ Սպարապետի 1165-ին խմբագրուած «Դատաստանագիրք»ին մէջ. «Եւ եթէ հրամայէ քահանայն, նաեւ սարկաւագուհիք էլ կարեն ձեռնադրել, որ եւ նոքա եւս կարեն քարոզ ասել կանանց, եւ Աւետարան կարդալ, ուր եւ այր մարդ չմտցէ… եւ կարեն լուանալ տղայք եւ կանայք քաւութեան ջրովն… եւ ի հայոց կանանց վաղ է ջնջած այս կարգս։ Բայց այս այն է, զոր գրել է առաքեալն՝ թէ յանձն առնեմ ձեզ զՖիպէ քոյր մեր, որ է սպասաւոր Եկեղեցւոյն» (Սմբատ Սպարապետ, Դատաստանագիրք, աշխ. Ա. Գալստեան, Երեւան, 1958, էջ 66-67)։
1299-ին, Սիւնիքի Արքեպիսկոպոս Ստեփանոս Օրբէլեանը ինք եւս իր «Պատմութիւն նահանգին Սիսական» գիրքին մէջ սարկաւագուհիներու մասին անդրադարձ կատարած է։ 13-րդ դարու սկիզբին խըմ-բագրուած թիւ 199 ձեռագրին մէջ կը հանդիպինք «Ձեռնադրութիւն սարկաւագ կանանց. որ են սարկաւագուհիք» կանոնին։ Իսկ Կիլիկիոյ եւ Տաթեւի մէջ գրուած «Մաշտոց»ներուն մէջ դարձեալ կը հանդիպինք «Կարգ սարկաւագուհեաց» կանոնին։
Պատմութեան ընթացքին կը յիշատակուին զանազան վանքերու-կուսանոցներու մէջ սարկաւագուհիներու-քոյրերու գոյութիւնն ու առաքելութիւնը: ԺԷ. դարուն, Մովսէս Տաթեւացի Կաթողիկոս, Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան կողքին, քաջալերեց կանանց հոգեւոր ուսուցումը եւ անոնց առաքելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն ներս:
ՀԱՅ ԿՈՒՍԱՆՈՑՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ
Կիլիկիոյ եւ Հայաստանէն դուրս առաջին անգամ կուսանոցներու կը հանդիպինք Նոր Ջուղայի Ս. Կատարինէ վանքին մէջ։ Ըստ աւանդութեան, վանքը հիմնուած է 1623-ին, Շահ Աբբասի Հայաստան կատարած բռնագաղթի ժամանակ Նոր Ջուղայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ ապաստանած Ուռուքսանա Թագուհի, Հռիփսիմէ եւ Գայիանէ կուսաններու կողմէ։ Կուսանոցը ունեցած է բարձր պարիսպներ, կեդրոնը գտնուող Եկեղեցւոյ շուրջ մենաստաններ եղած են։ Վանքը նաեւ «անապատ» կոչուած է։ Իր գոյութեան առաջին 50 տարիներու ընթացքին, միաբաններու թիւը հասած է մինչեւ 33, որմէ ետք հետզհետէ նուազած է։ 1954-ին վանքը դադրած է գործելէ։ Վանական ուխտադրութենէն ետք, 20 տարիքը թեւակոխած աղջիկները եպիսկոպոսէն չորս աստիճաններ կը ստանային։ Վանքին մէջ սարկաւագուհիներ ձեռնադրելու սովորութիւնը, 1851-ին, Թադէոս Արք. Պէկնազարեանի կողմէ հաստատուած է։ Աւետարանելու եւ եկեղեցական որոշ սպասարկութիւններ ինքնաբաւ կերպով վանքին մէջ կատարելու համար, հաւանաբար կուսաններէն միայն քանի մը հոգի ձեռնադրուած են, իսկ մնացեալ մեծ մասը եկեղեցական չորս փոքր աստիճանները ստացած է։
Ս. Կատարինէ վանքէն բացի, նաեւ երեք կուսանոց-վանքեր կը յիշուին, ուր սարկաւագուհիներ ձեռնադրելու աւանդութիւն կիրառուած է։ Առաջինը՝ Կատարինէ վանքի օրինակին հետեւելով եւ իր հիմնադրութենէն մէկ հարիւրամեակ ետք, Թիֆլիսի մէջ հիմնուած Ս. Ստեփանոսի կուսանոցն է։ Ծանօթ ըլլալով Նոր Ջուղայի Ս. Կատարինէ կուսանոցին, նմանը Թիֆլիզի մէջ հիմնելու ցանկութիւն ունեցած է Իշխան Աշխարբէգ Րեհբութեանցը (1724-26-ին)։ Ինչպէս Ս. Կատարինէ կուսանոցին մէջ, այստեղ նոյնպէս սարկաւագուհի ունենալու սովորութիւնը Թադէոս Արքեպիսկոպոսը ներմուծած է։ Վանքի մեծաւորուհին միշտ ունեցած է աւագ սարկաւագութեան կոչում՝ կրելով մէկ կամ երկու լանջախաչ, իսկ մատնեմատի վրայ՝ մատանի։
Կուսանոցներ հիմնուած են նաեւ Արցախի մէջ եւ իրենց գոյութիւնը պահպանած են երկար տարիներ: Աւելի ուշ տարբեր երկիրներու մէջ այլ կուսանոցներ եւս հիմ-նըւած են՝ Աստրախան (Ռուսաստան), Եազլովիեց (Լեհաստան), Թիֆլիզ (Վրաստան), Պոլիս (Թուրքիա), Պուրսա (Թուրքիա) եւ Լիբանան (Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյն), ուր տակաւին կը գործեն երեք քոյրեր:
ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ԶԳՍԵՍՏԱՒՈՐՈՒՄԸ
12-րդ դարէն բոլոր հեղինակներու կողմէ մեզի հասած վկայութեանց վրայ հիմ-նըւելով՝ կրնանք ըսել, թէ սարկաւագուհիները մշտապէս միանման հագած են՝ ճակատէն կախուած մետաղեայ փոքրի խաչ եւ ձախ ուսէն՝ ուրար մը ունենալով։ Մխիթար Գօշ սարկաւագուհիներու զգեստաւորման մասին հետեւեալը գրած է. «Սքեմ է նոցա ամենայի ինչ հաւատաւորաց, բայց ի ճակատն խաչ լինի, եւ քուշկէն (ուրար) ի յաջմէ կողմանէ ի կախ ունելով»։
Գրեթէ նոյն տեղեկութիւնները տուած են Սմբատ Սպարապետն ու Ստեփանոս Օրբէլեանը։ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու լուսանկարներուն մէջ կը տեսնենք, որ արարողութեան ժամանակ սարկաւագուհին գլուխէն գրեթէ մինչեւ գետին հասնող սպիտակ շղարշով կը ներկայանայ։
ԻՍԿ ԱՅՍՕՐ
1866 թուականին, Պոլսոյ մէջ հիմնուած է Գալֆայեան միաբանութիւնը, որ հիմնուած է Սրբուհի Գալֆայեանի կողմէ։ Միաբանութեան անդամուհիները ձեռնադրեալ սարկաւագուհիներ էին։ Այս միաբանութեան վերջին անդամը ձեռնադրուած էր 1982-ին երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի կողմէ եւ վախճանած 2007 թուին։
Այսօր, Հայաստանի մէջ, Մուղնիի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կողքին փոքրիկ կուսանոց մը գոյութիւն մը ունի, որ կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքոյ: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ հիմնած է «Գայիանեան» քոյրերու միաբանութիւնը մի քանի անդամուհիներով, սակայն ոչ ձեռնադրեալ սարկաւագուհիներով։
Կաթոլիկ եւ Օրթոտոքս եկեղեցիները սարկաւագուհիները փոխարինած են մայրապետական դրութեամբ եւ զանոնք գործուղած դէպի կրթական, բարեսիրական ու բարեգործական հաստատութիւններ։ Վերջերս, Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը յայտարարած է. «Եկեղեցին չի՛ կրնար առանց կիներու դերին ըլլալ։ Կանանց հանճարը կարեւոր է՝ երբ կարեւոր որոշումներ կ՚առնենք»։ Հետեւաբար, Սրբազան Պապը պատրաստակամութիւն յայտնած է յանձնախումբ մը նշանակել՝ ուսումնասիրելու համար, թէ արդեօք կիներ կրնա՞ն իբրեւ սարկաւագուհիներ ծառայել Կաթոլիկ Եկեղեցիէն ներս։
Իսկ այսօր, Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու երգչախումբերու մեծ մասը բաղկացած է բարեպաշտ կիներէ եւ աղջիկներէ, որոնք Եկեղեցւոյ երգեցողութեան տարբեր երանգ ու կշիռ կու տան։ 7 Սեպտեմբեր, 2017-ին, Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Սեպուհ Արք. Սարգիսեան յայտարարած էր. «Այսօր մեր Եկեղեցին ինքն իրեն վերատեսելու, ինքնաքննութեան ենթարկելու անհրաժեշտ հրամայականի առաջ է կանգնած։ Հարկ է աշխուժացնել մեր ժողովուրդի մասնակցութիւնը Եկեղեցու ընկերային, կրթադաստիարակչական եւ սպասաւորութեան ոլորտներում։ Մեր խոր համոզումն է, որ իգական սեռի գործօն մասնակցութիւնը մեր Եկեղեցու կեանքին. առաւել խանդ ու եռանդ այլեւս կապուածութիւն եւ յանձնառութիւն արտայայտելու են հայ կանայք եւ մեծ սիրով նուիրուելու են անշահախնդիր ծառայութեան, սպասաւորութեան։ Սարկաւագուհին վստահաբար կը լինի նաեւ հաւատաւոր ու եկեղեցանուէր մայր, դաստիարակ եւ ինչու չէ նաեւ իր վարք ու բարքով օրինակելի տիկին։ Այս խոր համոզումով է, որ մենք կատարելու ենք սարկաւագուհու ձեռնադրութիւն. յուսալով որ մենք առաջինն ու վերջինը չենք լինելու»։ Իսկ 25 Սեպտեմբեր 2017-ին, Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը Թեհրանի Սուրբ Սարգիս Մայր Եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագուհիի եւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն կատարեց յանձինս՝ Բարշ, Անի-Քրիստի Սարկաւագուհի Մանուէլեանի եւ Բրշ. Մայիս Սարկաւագ Մատթէոսեանի։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Աբէլ Աբեղայ 1993 թուականին «Էջմիածին» պարբերաթերթին մէջ հրապարակած «Հայ Եկեղեցու սարկաւագուհիները կանոնական տեսանկիւնէն դիտուած» խորագրեալ յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «Ճիշդ է, որ մեր Եկեղեցում սարկաւագուհիներ գոյութիւն ունեցել են ու տակաւին կայ, բայց ընդհանուր Հայ Եկեղեցու վրայ տարածուող կանանց սարկաւագութեան մնայուն մի աւանդութեան մասին խօսք չի կարող լինել, որովհետեւ այդ մեր Եկեղեցում պարզապէս տեղական բնոյթ է ունեցել եւ ունի…։ Կանանց սարկաւագութիւնը Եկեղեցում հովուական, աւելի՝ ծիսական մի կարիքի ծնունդ էր։ Կինը եկեղեցական ծառայութեան էր կոչում այնտեղ, որտեղ սարկաւագի կամ քահանայի առաքելութիւնը, պատշաճութեան պահանջով, սահմանափակուում էր։ Հայ Եկեղեցւում, կանացի սարկաւագութիւնը համեմատաբար աւելի ուշ շրջանի ծնունդ լինելով, չէր կարող պատշաճութեան պահանջի հետեւանք լինել, քանի որ հայոց մէջ, եթէ ոչ սկզբից, գոնէ 9-րդ դարից յետոյ, վստահաբար կարելի չէ մկրտուող ամբողջ մարմինը օծելու ծիսական նման մի սովորութիւն գտնել, ինչ որ պարագան, տակաւին մինչեւ այսօր ասորիների մօտ է։ Ուրեմն, թէ կանացի սարկաւագութիւնը Հայ Եկեղեցում ինչպիսի՛ կարիքի արդիւնք է, առ այժմ՝ մնում է անորոշ, բայց որոշ է այն, որ այդ ո՛չ ծիսական, եւ ո՛չ էլ հովուական է։ Թէ՛ Սահակ Պարթեւի, եւ թէ՛ Դուինի Բ. ժողովի կանոններից պարզւում է, որ կանանց սարկաւագութեան սկզբնաւորութիւնը հայոց մէջ, որեւէ ձեւով կարելի չէ մկրտութեան հետ կապել։ Շատ աւելի հաւանական է, որ այդ մեր Եկեղեցում էլ գոյութիւն ունեցած, կանանց կրօնաւորութեան կամ վանականութեան ծնունդն է, որտեղ հասկնալի, բնական պատճառներով, եկեղեցական որոշ սպասարկութիւնների մէջ ինքնաբաւ լինելու նպատակն է հետապնդուել»։
Հայ կինը մշտապէս իր ծառայութիւնն ու մասնակցութիւնը բերած է Հայ Եկեղեցիէն ներս։ Այսօր աւելի քան երբեւէ, հայ երիտասարդ աղջիկները եւ կիները իրենց մասնակցութիւնը պէտք է բերեն Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս՝ ի պանծացումն եւ ի բարգաւաճումն առաքելահիմն եւ լուսաւորչահաստատ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ