ՎԵՐՋԻՆ ՄԵԾ ԳՈՒՍԱՆԸ. ՀԱՒԱՍԻՆ

Վերջերս «ՀայՓոստ»ը թողարկած եւ շրջանառութեան մէջ դրած է դրոշմաթուղթ մը՝ նուիրուած Գուսան Հաւասիի ծննդեան 125-ամեակին: Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է հայ գուսանական արուեստին մէջ մեծ ներդրում ունեցած Գուսան Հաւասին՝ գուսաններու սիրելի նուագարանը՝ սազը ձեռքին:

Մոռցուած անուն մը, որուն մասին կրկին յիշեցինք «ՀայՓոստ»ի թողարկման առթիւ: Մինչդեռ, ժամանակին, հեռատեսիլէն եւ ձայնասփիւռէն յաճախ կը հնչէին Հաւասիին երգերը, որոնք մեր նոր շրջանի աշուղական արուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն են: Զանոնք կը կատարէին նշանաւոր երգիչներ, ինքը՝ Գուսան Հաւասին ալ ժամանակին պտտած է գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք եւ երգած: Անոր կը սպասէին գուսանական, ժողովրդական արուեստի սիրահարները: Համընդհանուր ճանաչման արժանացած էր թէ՛ իր ծննդավայր Վրաստանի, թէ՛ Հայաստանի մէջ, ուր ապրած է մինչեւ իր կեանքին վերջը:

ԿՈՅՐ ԳՈՒՍԱՆԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գուսանը կոյր էր: Ան չէր տեսներ, բայց լիակատար կը զգար աշխարհը, մարդիկը, մարդկային զգացումները, ապրումները, որոնց մասին ալ կ՚երգէր: Անշուշտ, իր կոյր ըլլալն ալ տառապանքի աղբիւր էր, որ նոյնպէս կը մղէր ստեղծագործելու: Բաց էին անոր հոգիին աչքերը:

Հաւասին տեսողութենէ զրկուած էր երեք տարեկանին՝ ծաղիկ հիւանդութեան պատճառով:

Բուն անուն մականունը Արմենակ Մարկոսեան էր, Վրաստանի Ծալկայի շրջանի Այազմա գիւղը ծնած էր, հողազուրկ հայ գիւղացիի մը ընտանիքին մէջ: Իրենց որդին բուժելու ծնողքին գործադրած ջանքերը ապարդիւն կ՚ըլլան: Արմենակին ծանր վիճակը շատ կը մտատանջէր ծնողքը, ելքեր կը փնտռէր, որ ան կեանքին մէջ իր տեղ գտնէ, զբաղում մը ունենայ եւ տեսողութեան պատճառով չմնայ տան մէջ փակուած:

Անոր հայրը՝ Պարսամ Մարկոսեան, իրենց գիւղին մէջ նշանաւոր երգասաց էր, հեքիաթներ կը պատմէր, հաճելի զրոյցներ կը վարէր: Ժամանակի ընթացքին հայրը նոյն ձիրքը կը նկատէ իր որդիին մէջ եւ կը հասկնայ, որ գուսան ըլլալը ճիշդ այն գործն է, որ կրնայ իր որդին աշխատիլ: Կը ղրկէ որդին դրացի գիւղը՝ աշուղի մը մօտ ուսանելու: Որդին կը սորվի սազ նուագել, աշուղական գործի նրբութիւններուն կը տիրապետէ եւ տասներկու տարեկանին, ընկերակցելով տեղի աշուղներուն, կը շրջագայի գաւառի գիւղերուն մէջ։

Արմենակին հայրը անձամբ կը ճանչնար Ախալքալաքի մէջ նշանաւոր աշուղ Թիֆիլին (Եղօ Մանուկեան)՝ աշուղ Ջիւանիին ժամանակակիցը եւ դասընկերը. իր որդին կը ղրկէ անոր քով՝ աւելի կատարելագործուելու:

Արմենակը հոն կը մնայ երկու տարի, կ՚ապրի Թիֆիլիի տան մէջ, որդիական կապով կը կապուի Թիֆիլիի կնոջ հետ, որուն իբրեւ մայր կ՚ընդունի, իսկ երկու տարի ետք վարպետը զայն կը հռչակէ աշուղ եւ կը կնքէ Հաւասի անունով, որ ունի ցանկութիւն, տրամադրութիւն, սէր, բայց ոչ՝ եռանդ իմաստները: Թիֆիլին նաեւ Արմենակին իր սազը կը նուիրէ, իսկ այդ մէկը աշուղական աշխարհի մէջ կարեւոր եւ նշանակալից բան մըն է եւ կը փոխէ Հաւասիի կեանքը:

1929 թուականին Հաւասին արդէն ընտանիք կազմած եւ երկու երեխայի հայր, մշտական բնակութիւն կը հաստատէ Ախալքալաքի մէջ։ Հոս երիտասարդ գուսանին համար նոր ասպարէզ մը կը բացուի, ան ելոյթներ կ՚ունենայ տեղի նշանաւոր երաժիշտներ՝ ջութակահար Աշօ Գրիգորեանին եւ տուտուկահար Յարութ Դաւթեանին հետ։

1944 թուականին Հաւասին փոխադրուած է Երեւան, ուր կոյր մարդոց համար հայերէն սորվելու եւ կարդալու աւելի շատ հնարաւորութիւններ կային: Կոյրերու համար նախատեսուած պրայլեան համակարգին միջոցով, շատ կարճ ժամանակի ընթացքին, ան գրել-կարդալ կը սորվի: Իսկ իբրեւ գուսան կը մասնակցի գուսանական մրցոյթներու եւ մրցանակներ կը շահի:

1945-1947 թուականներուն Աշուղ Հաւասին մասնակցած է հանրապետական աշուղական փառատօներուն, 1960-ականներէն՝ նաեւ Պաքու տեղի ունեցող աշուղներու համագումարին: Անոր երգերը հրատարակուած են առանձին գիրքերով՝ «Բուրմունք», «Երգեր», «Իմ քնարը», «Յասմիկ» եւ այլն: Սազէն զատ նուագած է նաեւ թառ եւ տափ:

Երեւան մեկնելէն ետք ախալքալաքցիները կարօտով կը սպասէին ուստա Արմենակին (այսպէս կը կոչէին զայն Ջաւախքի մէջ)։ Ան կ՚երթար, կ՚երգէր Ջաւախքի մէջ եւ Երեւան կը դառնար:

Երեւանի մէջ գրողներու եւ երաժշտահաններու միութիւններու անդամ էր, եզակի աշուղներէն էր, որ ընդունուած էին այդ միութիւններուն մէջ:

Երգչախումբերը կը կատարէին անոր երգերը եւ միշտ դահլիճներուն մէջ սպասուած հիւր էր: Մի քանի անգամ հանդիսաւորութեամբ նշուած են գուսանին յոբելեանները:

Արամ Խաչատուրեան Հաւասին մեծապէս գնահատած է, մանաւանդ մեղեդին եւ բառերը ճշգրիտ կերպով համադրելու անոր ձիրքը: Ան թէ՛ բառերը կը յօրինէր, թէ եղանակը եւ անձամբ ալ յաճախ կ՚երգէր իր երգերը, չէր զլանայ, կ՚աշխատէր նաեւ այն երգիչ եւ երգչուհիներուն հետ, որոնք պիտի երգէին իր երգերը:

Տեսողութենէ զրկուած Հաւասին չէր կրնար նօթագրել իր յօրինած մեղեդիները: Անոր երաժշտութիւնը փոխանցուած է բերնէ-բերան, նօթագրուած ժողովրդական երգարուեստ հաւաքող երաժշտահաններու կողմէ:

Կիրարկած է աշուղական դասական տաղաչափութեան աւելի քան քառասուն ձեւեր, տարբերակած է զանոնք, օգտագործած նաեւ հայ ժողովրդական բանաստեղծութեան չափեր ու ձեւեր:

Հաւասիին յօրինած եղանակները ելեւէջային յատկանիշերով կը բխին գիւղական երգէն եւ ատոնցմէ մի քանին մեր նշանաւոր դասական երաժիշտները մշակած են ձայնի եւ դաշնամուրի, երգչախումբի, ժողովրդական երգի ու պարի խումբի համար:

Մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանն ալ քանի մը անգամ խորհրդակցութիւններ ունեցած է Հաւասիին հետ եւ երաժշտական նշմարներ առած անկէ՝ իր գործերուն մէջ օգտագործելու համար:

1978 թուականին գուսանը կը մահանայ՝ ձգելով հարուստ ժառանգութիւն եւ անմահ անուն մը մեր երգարուեստին մէջ:

Հաւասին գրած է մօտաւորապէս 2000 երգ եւ 1500 քառեակ, 130-ի չափ ալ յօրինած է մեղեդիներ, համերգներու ժամանակ հեքիաթներ պատմած է եւ երգերը համեմած պատմութիւններով: Անոր բոլոր յօրինումները լաւատեսական ոգի ունին եւ երգերը՝ դրական տրամադրութիւն կը բաշխեն մարդոց:

Կոյր աշուղին կերպարը խորհրդաւոր կը թուէր մարդոց: Հաւասիին անունին շուրջ միշտ հետաքրքրութիւն կար, բայց ան այդ հետաքրքրութիւնն ու ուշադրութիւնը վաստկած էր իր երգերուն շնորհիւ, որոնք կարճ ժամանակի ընթացքին սիրելի դարձած են, այսօր ալ կ՚երգուին համերգներու ժամանակ:

Ծննդավայր Վրաստանի մէջ կանգնեցուած է Գուսան Հաւասիին արձանը, անոր մասին գիրքեր գրուած են, կեանքի ընթացքին արժանացած է ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին եւ իր 125-ամեակը առիթ դարձաւ անգամ մը եւս յիշելու տառապանքի ուղիով անցած, բայց հարուստ ժառանգութիւն ձգած մարդը:

Ամէն տարի, Վրաստանի Այազմա գիւղին մէջ, ուր ծնած է Գուսան Հաւասին, տեղի կ՚ունենայ անոր երգերու փառատօնը: Այդ գիւղին մէջ բացուած է անոր անունով հրապարակ մը:

Հաւասին մեր գուսանական արուեստի վերջին ներկայացուցիչներէն մէկն էր, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է աշուղական երգով զբաղիլ փափաքողներուն վրայ, սակայն իրմէ ետք հայ գուսանական արուեստը աւելի վառ անուն չէ ունեցած:

ՋԱՒԱԽՔԻ ԱՇՈՒՂԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ջաւախքը հինէն ի վեր նշանաւոր եղած է աշուղական արուեստով եւ աշուղներով, հոս ծնած է նաեւ հայ ամենայայտնի աշուղներէն մէկը՝ Ջիւանին: Այս տարի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արուեստի կաճառի նախաձեռնութեամբ «Ժողովրդական հոգեւոր եւ կանոնական երգատեսակներու կենցաղավարումն ու փոխակերպումները Ջաւախքի հայոց մշակոյթին մէջ» ծրագրին ծիրէն ներս, լոյս տեսած է Ակադեմիոյ Արուեստի կաճառի Ժողովրդական երաժշտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող, արուեստագիտութեան թեկնածու Զաւէն Թագակչեանի «Հոգեւոր երգատեսակները Ջաւախքի ժողովրդական աւանդոյթի մէջ» թուային գիրքը:

Աշխատութեան մէջ առաջին անգամ կը ներկայացուի Արուեստի կաճառի ձայնադարանին մէջ պահուող ժողովրդական հոգեւոր երգերու եւ եկեղեցական զանազան արարողութիւններու ընթացքին հնչող կանոնական երգերու ժողովրդականացուած տարբերակներու գիտարշաւային ձայնագրութիւններու (1927-1999) երաժշտագիտական քննութիւնը։

Ժողովածուն կը ներառէ 20-րդ դարու ընթացքին ջաւախահայերու կենցաղին մէջ լայնօրէն տարածուած հոգեւոր տաղերու, շարականներու, Ս. Պատարագի երգային հատուածներու, ժամագրոց երգերու, Ս․ Ծննդեան եւ Յարութեան աւետիսներու, երգուող աղօթքներու եւ աշուղական հոգեւոր երգերու ձայնանիշային ու բանաստեղծական թեքստերու վերծանութիւնները՝ զուգահեռաբար համադրելով ու վերլուծելով ժողովրդական եւ կանոնական հոգեւոր երգերու տարբերակները։

Ելեկտրոնային գիրքին խմբագիրն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Երեւանի Պետական համալսարանի Մշակութաբանութեան ամպիոնէն տոցենթ Հռիփսիմէ Պիկիչեան, իսկ գիրքին գրախօսը՝ արուեստաբան փրոֆ. Աննա Ասատրեան:

Գիրքը հասցէագրուած է Ջաւախքի մշակութային ժառանգութեամբ հետաքրքրուած անձերուն, երաժշտագէտներուն եւ բանագէտներուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021