ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. «PIXAR»Ի ՆՈՐ ԿԱՐՃԱԺԱՄԿԷՏ ԺԱՊԱՒԷՆԸ

«Pixar»ի արուեստագէտները կը շարունակեն իրենց ազատ ժամանակները արժեւորել՝ հրաշալի պատումները վերածելով անիմասիոնի։ «Pixar»ի արուեստագէտներէն Էնտրու Քոթս եւ Լու Համու-Լաճ նոյն խումբին մաս կազմելով համագործակցաբար թողարկած են «Փոխ առնուած ժամանակը» կարճաժամկէտ անիմասիոն ժապաւէնը։

Քոթս եւ Լաճ, որ երկար տարիներ աշխատած են «Pixar»ի հիմնական արտադրութիւններու մէջ, աւարտած են «Tisch» արուեստի դպրոցը։

«Փոխ առնուած ժամանակը» հինգ տարուան ծաւալուն ու բծախնդիր աշխատանքի մը արդիւնքը եղած է։ Պատմելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմուտքէն շերիֆի մը կեանքի տխուր մէկ հատուածը՝ այս կարճաժամկէտ ժապաւէնը կը կեդրոնանայ վաղուց տեղի ունեցած դժբախտ պատահարի եւ մարդու ինքն իրեն ներելու գործընթացին վրայ։

Փորձառու շերիֆը կը վերադառնայ իր վրայ ազդած եւ իր կեանքին մէջ անջնջելի հետք թողած դժբախտ պատահարի վայրը: Երբ բոլոր ցաւալի յիշողութիւնները հեղեղաբար կը խուժեն, կրկնելով իր սխալը ան կը ստիպուի վերադառնալ անցեալին եւ կը ջանայ գտնել տոկունութիւն՝ իր կեանքի ճանապարհը շարունակելու համար։ «Փոխ առնուած ժամանակը» մեզի կ՚ապացուցանէ ներելու եւ ձեւով մը կեանքի ճանապարհը շարունակելու կարեւորութիւնը։

ԱՄՆ-ի արեւմուտքին շերիֆ մը եւ իր փոքր որդին կը ճամբորդեն: Ճամբորդութեան ընթացքին շերիֆը որդիին կու տայ իր գրպանի ժամացոյցը եւ գլխարկը, որպէսզի յաջողութիւն բերեն անոր։ Ճամբորդութեան ժամանակ անոնց  ինքնաշարժը կ՚ենթարկուի աւազակներու յարձակման։ Մինչ շերիֆը կը փորձէ պաշտպանուիլ, որդին կը սկսի քշել ինքնաշարժը, բայց կը կորսնցնէ ղեկին հսկողութիւնը եւ պատճառ կը դառնայ, որ շերիֆը իյնայ ժայռի մը եզրին։ Երբ երեխան կը նայի իր շուրջ, ան կը տեսնէ, թէ իր հայրը կախուած է ժայռի ստորոտէն: Ձեռքով կը փորձէ հասնիլ իր հօր, բայց չի կրնար հասնիլ անոր։ Այնուհետեւ, շերիֆը որդիին կու տայ իր հրացանը, որուն հետ կը ջանայ քաշել իր հայրը։ Մինչ որդին կը քաշէ հայրը դէպի ժայռին գագաթը, ան սխալմամբ կը կրակէ հրացանը ու կը սպաննէ հայրը։

Տարիներ անց որդին նոյնպէս կը դառնայ շերիֆ եւ կ՚այցելէ այն ժայռը, ուր մահացած էր հայրը: Վերյիշելով այդ օրուան իրադարձութիւնները՝ ան կը մտածէ ինքնասպանութեան մասին՝ չկարողանալով յաղթահարել մեղքի զգացումը։ Ան կը խորհի ինքնասպան ըլլալ, բայց երբ կը տեսնէ գրպանի ժամացոյցը, որ հայրը տուած էր իրեն, կը փորձէ դարձեալ մագլցիլ ժայռն ի վեր: Ան կը յաջողի ոտքի կանգնիլ եւ հանել գրպանի ժամացոյցը։ Ան խոր շունչ մը քաշելով ժամացոյցը կը տանի սրտին մօտ եւ ճիշդ այդ ժամանակ այն կը սկսի աշխատելու։

«Փոխ առնուած ժամանակը»ի թողարկումէն ետք վերոյիշեալ երկու արուեստագէտները հրապարակեցին նաեւ տեսահոլովակ մը եւս, որ դիտողին կը տեղեկացնէ ժապաւէնի արտադրման ընթացքին մասին: Տեսահոլովակին մէջ նշուած է, որ արուեստագէտները նախ կ՚ուզէին ապացուցանել, թէ այս ժապաւէնը միայն երեխաներու համար չէ։ Էնտրու Քոթս եւ Լու Համու-Լաճ հաւատարիմ մնալով իրենց խոստումին՝ արտադրեցին կարճաժամկէտ անիմասիոն մը, որ անկասկած բոլոր դիտողներուն մօտ կը յառաջացնէ զանազան յուզական հոգեվիճակներ։

Հարկ է նշել, որ Քոթս եւ Լաճ աշխատած են նշեալ ժապաւէնին վրայ իրենց ազատ ժամանակներուն՝ միեւնոյն ատեն իրենց ներդրումը ունենալով «Inside Out», «Brave», «The Good Dinosaur», «WALL-E» եւ այլնի նման անիմասիոններու արտադրութեան։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2022