ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԾԱՂԿԱՔԱՂ («ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ«ՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

6 նոյեմբեր 2021-ին Թերթիս մէջ լոյս տեսաւ մեր՝ «Կիրակմուտքի խորհրդածութիւններ» շարքին առաջին գրութիւնը: Այսօր, պահը եկած է դադրեցնելու այս շարքը: Շուրջ երկու տարի մեր սիրելի եւ յարգելի ընթերցողներուն հետ նաւարկեցինք Կիրակմուտքի եւ Կիրակնօրեայ խորհրդածութիւններով, մեր մտածումները եւ ապրումները անոնց հետ կիսելով, խորհրդածելով ու աղօթելով:

Այսօր, երբ այս շարքին վերջին շղթան կու գանք միացնելու նախորդ 106 խորհրդածութիւններուն, կը փափաքին մեր ընթերասէրներուն հետ վերաքաղ մը ընել անցնող այս ճանապարհորդութեան, կազմելով ամփոփ ոսկեփորիկ մը:

Խնդրանքս ու փափաքս է, որ մեր սիրելի ընթերցողները իրենց ամէնօրեայ աղօթքներուն մէջ յիշեն տրուպս՝ մեր Երկնաւոր Հօրմէն ողորմութիւն խնդրելով: Ինչպէս նաեւ յիշէք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ ընտանիքը, գլխաւորութեամբ երախտարժան խմբագիր՝ Արա Գօչունեանը, որովհետեւ առանց իրենց համաձայնութեան, գործակցութեան եւ քաջալերանքին, կարելի պիտի չըլլար այս ճանապարհորդութիւնը սկսիլ, առաւել եւս իր աւարտին հասցնել:

*

Կ՚ուզե՞նք որ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնները դրական ըլլան եւ Աստուած Իր օրհնութիւնն ու իմաստութիւնը մեր վրայ պահէ միշտ, ապա հեռո՛ւ պէտք է վանենք մեզմէ հպարտութիւնն ու ամբարտաւանութիւնը: Հնազանդինք Աստուծոյ պատուիրաններուն, միշտ խնդրենք, որպէսզի Իր Սուրբ Կամքը կատարուի, որով մեր կեանքը կը դառնայ հեզասահ, եւ հակառակ մեր առօրեայի ընթացքին ունեցած դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն, զանոնք քաղցրութեամբ եւ համբերութեամբ կը տանինք («Անտարբերութեան եւ ամբարտաւանութեան դարաշրջան», 13-11-2021)։

Այսօրուան մարդը հաւատքի ճշմարտութիւններուն մասին տարրական գիտելիքն անգամ չունի, հակառակ իր եկեղեցասէր ու Աստուածասէր ըլլալուն. այսօրուան մարդը զԱստուած, եկեղեցին կը սիրէ, բայց չի՛ գիտեր ինչո՞ւ համար կը սիրէ, չի՛ գիտեր ի՞նչն է այդ սիրոյ պատճառը: Ասոնց կողքին, այսօրուան մարդը կ՚անգիտանայ, թէ ինք Աստուծոյ տաճարն է, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ բնակարանն է, ուր Աստուած կը կամենայ բնակիլ: Եւ մարդ ինչքան ալ փորձէ խուսափիլ այս ճշմարտութենէն՝ ինքզինք արդարացնելու պատճառաբանութիւններ փնտռելով, սակայն մարդուն Աստուծոյ տաճար ըլլալու հանգամանքը բացարձակ ճշմարտութիւն է եւ կը մնայ այդպիսին, ու մարդուն կը մնայ ընտրութիւն կատարել՝ Աստուծոյ տաճար ըլլալ կամ ոչ («Մարդը՝ Աստուծոյ տաճարը», 20-11-2021):

Աստուած, մեր Տէրը, հակառակ չէ հարուստներուն եւ ո՛չ ալ հարստութեան, ընդհակառակը, մարդոց իմաստութիւն շնորհած է ճակտի արդար քրտինքով աշխատելու, հարստանալու եւ այդ հարստութեան բաժնեկից դարձնելու ո՛չ միայն ինքզինք, իր հարազատները, այլ՝ բոլորը: Աւելին, Աստուած կ՚ուզէ, որ մեր աշխարհիկ հարստութեամբ յաջողինք ժառանգակից դառնալ Արքայութեան, յաւիտենական կեանքին ու երանութեան, եւ ո՛չ թէ յաւիտենական տանջանքին ու դատապարտութեան («Ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ», 27-11-2021):

• «Եթէ կրնաս՝ ցո՛յց տուր հաւատքդ, առանց գործերու։ Սակայն ես կրնամ գործերուս ընդմէջէն քեզի ցոյց տալ իմ հաւատքս», Յակոբոս առաքեալին այս խօսքերը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար պէտք է կողմնացոյց ըլլան, որպէսզի չշեղինք ճշմարտութեան ճանապարհէն, չմոլորինք ուղղափառ հաւատքէն՝ յայտնուելով սատանային կողմէ մեզի պատրաստուած սադրանքներուն մէջ, որով կորսնցնենք մեր յաւիտենականութեան ժառանագակից ըլլալու հնարաւորութիւնը («Հաւատքի կեանք ապրիլ», 18-12-2021):

Արդարեւ, ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի հաճելի դառնանք Տիրոջ՝ եթէ ոչ Իրեն նմանինք, մարդասէր ըլլանք՝ որով ձեռք կը ձգենք ճշմարիտ Աստուածասիրութիւն, քանի որ եթէ մեր նմանը չենք սիրեր, զուր տեղ է, որ կը յոխորտանք՝ թէ զԱստուած կը սիրենք: Ըլլանք ողորմած, հոգատար, ներողամիտ, գթառատ: Գործադրենք աստուածային պատուիրաններն ու թելադրութիւնները եւ մեր վարք ու բարքով լաւ օրինակ ծառայենք ուրիշներուն, որպէսզի իրենք եւս գան դէպի Աստուած, հասնին ճշմարտութեան եւ ժառանգակից դառնան Աստուծոյ Արքայութեան: Այսպէս եթէ վարուինք, ապա մեր կեանքը ԼԱ՛Ւ կերպով շահարկած կ՚ըլլանք եւ մեր վարձատրութիւնը ո՛չ թէ այստեղ՝ ժամանակաւոր ու անցաւոր կ՚ըլլայ, այլ՝ յաւիտենականութեան մէջ եւ մնայուն: Որոշողը մե՛նք ենք («Ինչպէ՞ս շահարկել մեր կեանքը», 25-12-2021):

Եթէ մենք մեր այսօրուան կեանքը ուշադրութեամբ քննենք, պիտի նկատենք, որ մենք վերածուած ենք մէկական դերասաններու, որոնք ո՛չ թէ բեմերու վրայ կը խաղան, այլ կեանքի բեմին վրայ կը խաղան: Մեզմէ շատեր այնքան խորացած են, որ իրենց դերերը կատարելապէս կը խաղան, առանց թերութիւններու: Եւ ահա, այստեղ է, որ կու գայ կարեւորագոյն հարցադրումներէն մէկը.

-Ո՜վ մարդ, շրջապատդ կրցար խաբել, դուն քեզ խաբեցիր ու կը շարունակես խաբել ամէն օր, հապա զԱստուած ինչպէ՞ս պիտի խաբես, որ քու ամէն ինչդ գիտէ, որովհետեւ՝ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է եւ ազդու, աւելի հատու՝ քան որեւէ երկսայրի սուր, եւ կը թափանցէ մարդուս շունչին ու հոգիին մէջ, մինչեւ ողն ու ծուծը, եւ կը քննէ մտածումներն ու սրտին խորհուրդները: Եւ չկայ արարած մը որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի: Անիկա պարզ ու յստակ կը տեսնէ ամէն ինչ, իրենց ամբողջ մերկութեամբ: Եւ Անոր է, որ հաշիւ պիտի տանք» (Եբր 4.12-13): Այս հարցումն է, որ դժբախտաբար սկսած ենք անտեսել եւ անտեսելուն հետեւանքով մեր դերասանական «տաղանդ»ները գործի դրած աւերներ կը գործենք մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին («Աստուծմով եւ առանց Աստուծոյ ապրուած կեանքին տարբերութիւնը», 22-01-2022):

Տմարդի, անգութ. այսօրուան մարդը իր տմարդութեամբ ոչինչով կը տարբերի շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ Տէր Յիսուսը խաչ հանող հրեաներէն, կամ հռոմայեցի այն զինուորներէն, որոնք անտանելի չարչարանքներով չարչարեցին զԻնք: Եւ այդ տմարդութեան պատճառով է, որ այսօր աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ կը շարունակուին վայրագութիւններն ու բարբարոսութիւնները անզէն եւ անօգնական մարդոց հանդէպ («Վերջին ժամանակներու մարդոց նկարագիրը», 12-02-2022):

ա) Մենք որպէս Քրիստոսի Սուրբ Արեամբ գնուածներ, մոռցած ենք մեր Տիրոջ զոհագործումը մեր փրկութեան համար եւ անառակացած ենք Անոր գծած ուղիէն։ Առ այդ, մեզմէ իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն է գիտակցիլ, զղջալ եւ անդրադառնալ մեր անառակութեան եւ ամէն ջանք թափել վերստին վերադառնալու մեզի ընծայուած շնորհքին («Մեծ Պահոց Գ. Կիրակի. Անառակին», 12-03-2022)։

Երանի՜ մեր հոգիներուն համար մեր ապրած իւրաքանչիւր օրը առաջին Զատիկ ու Կրկնազատիկ դարձնենք, որպէսզի Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուած կարենանք յաջողութեամբ, եւ մեր դիմաց գլուխ բարձրացուցած դժուարութիւնները եւ փորձութիւնները յաղթահարելով հասնիլ Ճշմարիտ Լոյսին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսին, Որուն փառք, Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն («Նոր Կիրակի. Կրկնազատիկ», 23-04-2022):

Հոգեւոր Սարդարապատը այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար, վերագտնելու մեր ինքնութիւնը, հասկնալու մենք մեզ, մեր էութիւնը, գտնելու մեր հոգին, վեր հանելու մեր հոգին փոշիին ու խաւարին մէջէն, ըլլալու համար հոգեւոր երկրպագուները հոգեւոր մեր Տիրոջ (տե՛ս Յհ 4.23-24), Որուն փառք Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: («Հոգեւոր Սարդարապատի փնտռտուքով. Երկրորդ Ծաղկազարդ», 28-05-2022):

Այսօր, այսպէս կոչուած «ապաշխարած»ներ, «փրկուած»ներ ու «հաւատացեալ»ները, որոնք ԱՂԱՆԴԱՒՈՐներ ու ՄԱՐԴՈՐՍՈՐԴներ են՝ սատանային արբանեակները բազմացնելու նպատակով աշխատող, Քրիստոսի անունով կը հիւծեն մեզ: Այս բոլորը ՄԵՐ անտարբերութեան եւ անհոգութեան պատճառով: Իսկ ասոնց պատճա՞ռը, դարձեալ ու դարձեալ մեր ծայրայեղ հաւատացեալի, եկեղեցասէրի եւ ազգասէրի կերպարն է: Մեր անուշադրութեան պատճառով՝ մենք նուաճուած ենք սատանայէն, որովհետեւ ահաւոր կերպով սկսած ենք տառապիլ երեւութապաշտութեան ախտով: Աստուծաշունչէն մէկ երկու համար անգիր ընելով, եկեղեցական աւանդութենէն մի քանի բան անգիր ընելով կը կարծենք, թէ ճիշդ ճամբուն մէջ ենք: Սակայն, դժբախտաբար կը սխալինք, որովհետեւ մենք թերացած ենք, մենք շեղած ենք ճշմարտութենէն, մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքն իրեն համար «Աստուծաշունչ» մը յօրինած է եւ անով կ՚առաջնորդուի, մոռնալով ճշմարիտ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉը, որ միակ ճամբան է դէպի կեանք եւ ճշմարտութիւն («Հոգեգալուստ. Անտարբերութի՞ւն, թէ՞ սատանայէն նուաճուածութիւն», 04-06-2022):

Հետեւաբար, մարդ որպէսզի հաճելի ըլլայ Աստուծոյ, նախ եւ առաջ պէտք է հեռանայ աշխարհէն, այսինքն՝ մարմնական եւ աշխարհիկ մտածելակերպէն, մարմնական եւ աշխարհիկ հաճոյքներուն գերի ըլլալէն, որովհետեւ «անոնք որ Տէրը կը թողուն, բնաջինջ պիտի ըլլան» (Ես 1.28), ընդհակառակը՝ մօտենայ Աստուծոյ եւ հնազանդի Անոր օրէնքներուն եւ պատուիրաններուն, որով ինքզինք անուշահոտ խունկ ընէ Աստուծոյ առջեւ («Աստուծոյ հաճելի ըլլալ», 02-07-2022):

• -Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք.

Այո՛, հակառակ մեր ունեցած այսօրուան յարմարութիւններուն եւ առաւելութիւններուն, սակայն այսօրուան մարդը աւելի քան երբեք վախկոտ ու թերահաւատ դարձած է, քանի որ հակառակ իր բոլոր ձեռքբերումներուն եւ նուաճումներուն, մայր բնութիւնը երբեմն-երբեմն զգացնել կու տայ մարդուն փոքրութիւնն ու ոչնչութիւնը: Վկայ, նաւակին մէջ եղող աշակերտներուն խառնաշփոթը՝ բարձրացած փոթորիկի ժամանակ: Վիճակը նոյնն է նաեւ այսօր. ի՞նչ է պատճառը այդ խառնաշփոթին. մեր վախկոտութիւնն ու թերահաւատութիւնը, որովհետեւ նիւթի գերութեան յանձնելով մենք մեզ, մոռցած ենք որ նիւթէն շատ աւելի Մեծ ու Հզօր Աստուած մը ունինք, որ ամէն ինչի կարող է, Որուն համար անկարելի ոչինչ կայ: Աւելին, Ինք մեր նեղութիւններն ու դժուարութիւնները ունեցաւ, ճաշակեց, զգաց, ապրեցաւ, սակայն չյուսահատեցաւ, ընդհակառակը մեզի հետեւեալ քաջալերական պատուէրը տուաւ, ըսելով.

-Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին (Յհ 16.33):

Հետեւաբար, քաջալերուի՛նք, զօրանա՛նք, գօտեպնդուինք եւ Յիսուսով յաղթենք աշխարհին, հասնելու համար յաւիտենական երանութեան ու հանգիստին, փառաւորելու եւ օրհնաբանելու համար Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն («Յիսուսով յաղթենք աշխարհին», 27-08-2022):

Թող Սուրբ Խաչը պահէ ու պահպանէ մեզ ամէն տեսակի յարձակումներէ ու փորձութիւններէ, կամուրջ ըլլայ մեզի համար որու վրայէն անցնելով հասնինք յաւիտենականութեան, հասնինք մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսին, վայելելու Անոր ներկայութիւնը եւ փառաբանելու ու օրհներգելու համար զԻնք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն («Խաչվերացի տաղաւար տօնը», 10-09-2022):

Քննենք ու փորձենք մենք մեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէ՞ջ ենք, մեր մէջ կը զգա՞նք Տէր Յիսուսի ներկայութիւնը, եւ զգալէ անդին կ՚ապրի՞նք Անոր ներկայութեամբ եւ թելադրութիւններով: Սիրենք մեր նմանները եւ զԱստուած: Համերաշխ ու խաղաղ ապրինք բոլորին հետ, որպէսզի խաղաղութեան եւ սիրոյ Աստուած թագաւորէ մեր կեանքերուն վրայ, որով եւ արժանի ըլլանք Առաքեալին այս օրհնութեան, թէ՝ «Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլան: Ամէն» (Բ. Կր 13.13) («Քննենք ու փորձենք մենք մեզ», 01-10-2022):

Մարդ ո՛չ թէ աշխարհի համար պէտք է հարուստ ըլլայ, այլ՝ ամէն բանէ առաջ պէտք է Աստուծոյ աչքին հարուստ ըլլայ:

Ոմանք կրնան հարցնել, թէ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ Աստուծոյ աչքին հարուստ երեւալ: Պատասխանը պարզ է. Անոր կամքը կատարելով եւ գործադրելով Անոր պատուիրանները, առաքինութեան գործերով զարդարելով ու սիրելով բոլորը: Հարստութեան պարագային կարելի է աւելցնել նաեւ, իր ունեցածով բաժնեկից դառնալ իր նմաններուն, այսինքն՝ մարդոց: Այստեղ բնականաբար ըսել չենք ուզեր, թէ իր ամբողջ ունեցածով բաժնեկցի իր նմաններուն հետ, ո՛չ, այլ՝ ըստ յարմարութեան վարուիլ իր ունեցուածքին հետ, գիտակցելով թէ իր այդ ունեցածը ո՛չ թէ միայն իր սեփական շնորհքի արդիւնքն է, այլ՝ Աստուծոյ իրեն պարգեւած օրհնութիւնը, որով ինք եւս իմաստութեամբ պէտք է վարուի իր ունեցուածքին հետ, որպէսզի աշխարհի մէջ ձեռք ձգած անցողակի ու փճացող հարստութեամբ, կարենայ երկինքին մէջ անանցանելի ու չփճացող հարստութիւն ձեռք ձգէ («Զգուշանալ ագահութենէն», 26-11-2022):

զ. Պարկեշտ ու հանդարտ կեանք մը ապրիլ. Ի վերջոյ Սրբազան Առաքեալը կը թելադրէ Թեսաղոնիկեցիներուն եւ անոնց միջոցով բոլոր ժամանակներու մարդոց պարկեշտ ու հանդարտ կեանք մը ապրիլ: Մարդ որպէսզի պարկեշտ ու հանդարտ ապրի, առաջին հերթին պէտք է հեռու մնայ մեղքի կեանքէն եւ կառչի Աստուծոյ, ամուր բռնէ Անոր պատուիրանները եւ իր կեանքը ըստ այնմ դասաւորէ, որով հակառակ դուրսէն՝ աշխարհէն եկած նեղութիւններուն ու յարձակումներուն, ներքնապէս հանդարտ ու խաղաղ կ՚ըլլայ, եւ այդ հանդարտութեամբ ու խաղաղութեամբ կը վարակէ իր շրջապատը: Իսկ ներքին խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն ունեցող մարդը պարկեշտ կ՚ըլլայ, որովհետեւ խաղաղութիւնն ու հանդարտութիւնը կը սիրեն պարկեշտութիւնը, եւ զայն իրենց համար որպէս զարդ եւ միաժամանակ որպէս վահան կը զգենուն («Ապրիլ Աստուծոյ հաճելի կեանքով», 03-12-2022):

Աստուծոյ մեզի պարգեւած բոլոր օրհնութիւններն ու շնորհները ընտիր են, բարի են: Ստեղծագործութեան ժամանակ յիշենք, իւրաքանչիւր բան ստեղծելէ ետք, Աստուած կը տեսնէր, թէ այն բարի է: Հետեւաբար, Աստուած միայն բարի պարգեւներ կու տայ մարդոց, երբ մարդիկ Իրեն կը դիմեն, Իրեն կ՚ապաւինին, եւ շատ յաճախ նոյնիսկ եթէ չդիմեն, Աստուած տեսնելով մարդուն սիրտի ուղղութիւնը կու տայ անոր, եւ՝ առատօրէն կու տայ («Կանայի հարսանիքը», 14-01-2023):

բ. Մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր. քննենք մենք մեզ եւ մեր շրջապատը. քաջութիւն ունենանք մեր նկատածը բարձրաձայն յայտարարելու, թէ այո՛, այսօրուան մարդը, ընդ որում մեզմէ իւրաքանչիւրս՝ դարձած ենք անձնասէր, մենք մեզմով եւ մեզի համար ապրող, անտեսելով մեր շրջապատը, անտեսելով մեր բարեկամներն ու մտերիմները, անտեսելով մանաւանդ աղքատներն ու կարիքաւորները, որոնք շատ յաճախ իրենց ձեռքը մեզի կ՚երկարեն չնչին օգնութիւն մը՝ բարոյական թէ նիւթական ակնկալելով:

Անձնասիրութիւնը նաեւ մարդս կը հեռացնէ Աստուծմէ: Մեծագոյն պատուիրանը զԱստուած սիրելն է, իսկ երկրորդ պատուիրանը, որ ասոր համազօր է մեր նմանը սիրելը (կարդա՛ Մտ 22.34-40), իսկ զԱստուած սիրելուն ճանապարհը կը սկսի ու կ՚անցնի մեր նմանը սիրելով նախ եւ առաջ, որովհետեւ ինչպէս Յովհաննէս առաքեալը կը գրէ. «Այն մարդը որ կ՚ըսէ՝ "ես կը սիրեմ զԱստուած", բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է: Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ: Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է.- Ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա. Յհ 4.20-21) («Վերջին ժամանակներու մարդոց նկարագիրին մասին», 04-02-2023):

Յարութի՛ւն առնենք Տէր Յիսուսի հետ: Վերադառնա՛նք մեր նախկին վիճակին, երբ Աստուծոյ հնազանդութեան մէջ էինք տակաւին: Գերեզման չիջած՝ մեղքի կապանքներէն ազատուինք, որովհետեւ մէյ մը եթէ այդ կապանքներով գերեզման իջնենք, այլեւս չե՛նք կրնար ազատուիլ ատոնցմէ: Հեռո՛ւ մնանք դժոխքի դռներէն, որոնք մահուամբ լեցուն են: Հանե՛նք մեր վրայէն Հին Ադամը եւ հագնի՛նք Նորը, որպէսզի Նոր Ադամով նորոգուած հասնինք յարութեան, ի Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, Որուն՝ Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, փա՜ռք եւ երկրպագութիւն յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Յարութեան հետքերով ընթանալով ու արժանապէս հասնելով յարութեան, ուրախութեամբ ողջունենք զիրար, ըսելով՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ («Յարութեան հետքերով», Աւագ շաբաթ, 08-04-2023):

ե. Խաչը մեզի համար պարծենկոտութի՞ւն է, թէ՞ կեանք. այսօրուան նիւթականացած մարդուն համար խաչը եւս նիւթականացած է, այսինքն, ամէն մէկը կերպով մը կը մօտենայ խաչին: Այսօր, մեր միջավայրին մէջ յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք իրենց վիզերէն մեծ-մեծ խաչեր կախած կ՚ըլլան՝ ոսկիէ, արծաթէ կամ ադամանդէ, կամ ինքնաշարժներուն մէջ, կամ տուներէն ներս: Անդին, ոմանք իրենց մարմինին վրայ խաչին նշանը կը դաջեն՝ տարբեր-տարբեր արդարացումներով ու պատճառաբանութիւններով: Ոմանք ալ երբ եկեղեցիի մը, գերեզմանատան մը, խաչքարի մը կամ մատուռի մը դիմացէն անցած ժամանակ կը խաչակնքեն, մէկ, երկու կամ երեք անգամ… Առաջին հայեացքով այս բոլորին մէջ տարօրինակ բան պէտք չէ նկատել (բացի դաջուածքէն, որ ո՛չ մէկ արդարացում ունի եւ սխալ է). սակայն, երբ այդ մարդոց մօտենաս ու խաչին մասին հարցնես, թերեւս անոնցմէ ո՛չ ոք կարենայ տրամաբանական պատասխան մը տալ քեզի… Առ այդ հարցնենք. լաւ, այս մարդոց խաչ կրելը կամ խաչակնքելը ի՛նչ կու տայ իրենց… Ծնողներէն ժառանգած սովորութիւնները արդարեւ ո՛չինչով կրնան օգնել, կամ ծնողներուն տուած զգացական բացատրութիւնը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունին, երբ խաչին իսկական իմաստը չենք գիտեր, եւ կամ խաչին զօրութիւնը չե՛նք զգացած մեր կեանքին մէջ («Երեւումն Սուրբ Խաչի», 06-05-2023):

Ի վերջոյ, արդեօք մեղքի, անասնական, պղծութեան կեանքը մեզի համար աւելի նախընտրելի ու հաճելի՞ է, քան մարդկային, բարոյական, մաքուր ու առաքինի կեանքը, ուր կ՚արտացոլուի Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը, որով մարդ իր ապրած կեանքով կ՚ըլլայ տիպար մը ո՛չ միայն ինքն իր համար, այլեւ՝ իր շրջապատին ու իր ապրած ընկերութեան համար:

Հետեւաբար, ջանանք ու փորձենք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ներսիդիէն արմատախիլ ընէ Բահաղը ու անոր բերած վատ ու յոռի սովորութիւնները, եւ փոխարէնը տեղ տայ Աստուծոյ, որպէսզի գայ ու բնակի մեր ներսիդին ու մեզ զարդարէ Իր Սուրբ Հոգիին շնորհներով… («Մերժել Բահաղը եւ ընտրել զԱստուած», 03-06-2023):

Ընդհանրապէս երբ կ՚ըսուի ամուսինները պարտաւոր են իրարու պէտքերը բաւարարելու, մարդոց մտածումը անմիջապէս ֆիզիքականին կ՚երթայ, ինչը շա՜տ բնական է, որովհետեւ ա՛յդպիսին է մարդուն կազմախօսութիւնը: Սակայն, ֆիզիքականէն աւելի ու առաջ, զոյգերը պարտաւոր են իրարու հոգեւոր պէտքերը բաւարարելու. ինչպէ՞ս կարելի է այդ. զիրար սիրելով, յարգելով, փոխադարձ հասկացողութեամբ, միասնաբար Աստուածաշունչ կարդալով, աղօթելով, հոգեւոր խորհրդածութիւններ կատարելով, զրուցելով, հոգեւոր գրականութիւն կարդալով, եկեղեցի երթալով՝ Սուրբ Պատարագի եւ այլ արարողութիւններու մասնակցելով: Որովհետեւ իրենք չե՛ն ամուսնացած մի միայն իրարու մարմնական պէտքերը բաւարարելու, այլ այս կերպով թէ՛ իրենք զիրենք եւ թէ իրենց զաւակները որպէս անուշահոտ պատարագ մատուցելու Հայր Աստուծոյ, այլ խօսքով, իրենց կազմած օճախը, ընտանիքը՝ որ Աստուծոյ օրհնութեամբ միացած ու կազմուած է վերածելու «փոքրիկ եկեղեցիի» մը, ինչպէս կ՚ըսէ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսը («Ամուսնութեան հասկացողութիւնը», 29-07-2023):

• -Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք։

Վախկոտ չըլլանք, այլ՝ Քրիստոսով զօրաւոր:

Անհաւատ չըլլանք, այլ՝ Ս. Հոգիով հաւատացեալ:

Վախկոտ չըլլանք, այլ՝ մեր գործերով համարձակ:

Անհաւատ չըլլանք, այլ՝ մեր կեանքով վկայող:

Վախկոտ չըլլանք, այլ՝ սիրով գօտեպնդուած:

Անհաւատ չըլլանք, այլ՝ հաւատքը որպէս վահան առնենք մեր վրայ, որպէսզի կարենանք չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը մարել (տե՛ս Եփ 6.16):

Վախկոտ չըլլանք, այլ՝ աղօթքով պարսպապատուած չարին բոլոր յարձակումներուն դէմ:

Անհաւատ չըլլանք, այլ՝ Սուրբ Հոգիով զԱստուած փառաբանողներ: («Դադրէ՛, հանդարտէ՛», 26-08-2023):

Ապահարզանի՝ ամուսնալուծութեան հարցը ինչպէս անցեալին, ներկայիս նաեւ կը շարունակէ մնալ մարդու առօրեան չարչրկող ամենէն աւերիչ գործօններէն մէկը: Անցեալին, յստակ օրէնքները կային այս ուղղութեամբ եւ մարդիկ այսպէս կամ այնպէս այդ օրէնքներով կ՚առաջնորդուէին: Ներկայիս, հակառակ այն իրողութեան, որ դարձեալ օրէնքներ՝ աւելի բարոյական օրէնքներ կան այս ուղղութեամբ, սակայն նկատի ունենալով մարդուն արժէնքերէ դատարկուած ըլլալու իրողութիւնը եւ կամաւորաբար ու գիտակցաբար նիւթի ու նիւթականի տիրապետութեան գերի դառնալուն հանգամանքը, ո՛չ միայն բարոյական օրէնքները չեն գործեր, այլեւ իրաւական օրէնքներն ալ, որով մարդուն ներկայի կեանքը վերածուած է կենդանաբանական այգիի մը, ուր իւրաքանչիւր ոք կ՚ապրի, կը շարժի ու կը գործէ իր ուզածին պէս, իր հասկցածին ու ըմբռնածին համաձայն: Իսկ այդ կենդանաբանական այգիին տէրն ու տիրականը, թագաւորն ու արքան սատանան է («Ամուսնալուծութեան մասին», 23-09-2023):

…Տէր Յիսուս մեզի կու գայ սորվեցնելու, թէ տրուածին քանակը չէ՛ կարեւորը, այլ՝ մարդուն սիրտին դիրքը, տալու դրդապատճառն է կարեւորը: Մարդ կրնայ լաւ դիրքի, կոկիկ հարստութեան մը տէր ըլլալ, եւ առ ի պարտականութիւն, կամ մարդոց ի ցոյց աջ ու ձախ գումարներ նուիրաբերել, նոյնիսկ եկեղեցւոյ գանձանակին կամ եկեղեցիին նուիրել, պարզապէս միտում ունենալով ցոյց տալ իր արարքը, կամ գովասանքի խօսքեր լսելու ակնկալիքն ունենալով: Բնականաբար, այստեղ նուիրաբերուած գումարը եթէ ճիշդ մարդոց ձեռքին մէջ յայտնուի, ապա ճիշդ նպատակի համար կը գործածուի եւ օգուտ կու տայ եկեղեցւոյ, կամ հաստատութեան, կամ կառոյցին, բայց ցաւալին այստեղ այն է, որ նուիրողը ինք ո՛չինչ կը շահի բացի անցաւոր քանի մը գովասանական խօսքերէ, որ իր հոգիին փրկութեան համար ո՛չինչ կու տան իրեն: («Այրի կնոջ լուման», 14-10-2023):

գ. Պատճառ ըլլալ որ Աստուած փառաւորուի եւ գովուի. երանելի՜ է ան մարդը, որուն պատճառով Աստուած կը փառաւորուի եւ կը գովուի: Հարցնենք. Աստուած ե՞րբ կամ ինչպէ՞ս մեր պատճառով կը փառաւորուի ու կը գովուի. երբ մենք մեր կեանքերով թարգման դառնանք Անոր Աստուածութեան, Անոր կամքին, այլ խօսքով՝ լիիրաւ կերպով մեր մէջ արտացոլացնենք Անոր պատկերը, որ մեզ ստեղծած ժամանակ շնորհեց մեզի:

Աստուած մեր պատճառով կը փառաւորուի ու կը գովուի նաեւ այն ատեն, երբ մարդիկ տեսնեն մեր գոհունակ վիճակը եւ ամէն բանի համար շնորհակալութիւն յայտնելու պատրաստակամ մեր սիրտը («Աստուծմով եւ Աստուծոյ համար ապրիլ», 18-11-2023):

Հետեւաբար, Տիրոջ հրաւէրը մերժողներ չըլլանք, ընդհակառակը՝ Տիրոջ հրաւէրը ընդունողներ ըլլանք: Ո՛չ միայն ընդունողներ ըլլանք, այլ՝ մեր օրինակով ուրիշներու ալ առիթ ու պատճառ հանդիսանանք այդ հրաւէրը ստանալու եւ ուժ գտնելու իրենց մէջ այդ հրաւէրը ընդունելու՝ Հանդերձեալին մէջ արժանանալու սեղանակից դառնալ Մեծ Խնճոյքին, յաւիտեանս յաւիտենից փառաբանելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը: Ամէն («Ո՞վ հրաւիրել», 09-12-2023):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

18 դեկտեմբեր 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2023