ՃՈՅԻ ՀԱՄԱՐ
Կը կարդար։
Կը բանար ամէն մէկ ծալքը համացանցին, կը մտնէր ամէն մէկ ճեղքէն ներս անոր։ Կը պրպտէր, կը գտնէր, ու կը կարդար, որ գրէր։ Գրէր բանի մը մասին, որ իր ապրած միջավայրը, իր սիրած թաղն ու քաղաքն ու երկիրը, եւ աշխարհը վերջապէս, քիչ մը, կաթիլ մը աւելի լաւ դարձնէր, մազիկ մը առաջ տանէր։ Աղքատութիւն, արդարութիւն, իրաւունքներ, հաւասարութիւն...
Ու կը գրէր։
Կը սկսէր հաւաքել ցաք ու ցրիւ նօթերը, կը ժողվէր անոնք մէկ էջի մէջ, կը կարդար ծայրէ ծայր, ու կը սկսէր, վերջապէս, մշակել։ Նոր սկիզբ մըն էր ահա, ընթերցանութեան ու պրպտուքի երկար հանգրուանէն ետք։
Սուրճի բաժակն էր, որ անընդհատ պիտի երթար գար խոհանոցին ու աշխատասենեակին միջեւ, վերանորոգուէր, արթուն պահէր զինք, եւ ապահովէր նուազագոյն այն կեդրոնացումը, որ անհրաժեշտ էր միտքը յստակ շարադրելու, պնդումները լաւագոյնս ձեւաւորելու համար։
Սպիտակիլ սկսած մօրուքն էր, կախուած կզակէն, որ պիտի պահէր իր մտքի կշռոյթը, երբ մատները դադար առնէին, լքէին ստեղնաշարը, բայց ուղեղը չ՚ուզեր կտրուիլ յօդուածի ընթացքէն։ Մատերը կը տեղափոխուէին մօրուք, կը շոյէին զայն, կարծես աւելիով ամրացնելու համար կեդրոնացումը, մինչեւ կը ծնէր յաջորդ նախադասութիւնը կամ միտքը գուցէ, որ վերադառնային անոնք կոճակներուն, ու սեւ տառեր սկսէին շարուիլ դարձեալ կողք-կողքի։
Եւ այսպէս ժամեր։
Եւ այսպէս օրեր։
Ու չէր գիտեր, իրապէս կ՚արժէ՞ր այսքանը։ Ետեւի սենեակը կինն ու երեխան՝ երեք տարեկան Ճոյը, կը խաղային առանց իրեն։ Երբեմն լաց կամ ծիծաղ մը կու գար զինք շեղելու պաստառէն, ստեղնաշարէն, մտքերէն... կամ պիտի վերադառնար վերջիններուն, կամ պիտի չդիմանար, քիչ մըն ալ յանցաւոր զգար, ելլէր տեղէն ու երթար ներս, ամուր գրկէր երկուքին, բայց... չկարենար ամբողջովին մտովի կտրուիլ եւ երկար հեռու մնալ միւս աշխատանքէն, որ, արդեօք իրապէս ոչինչ կու տա՞ր Ճոյին, ինչպէս յաճախ կը պնդէր կինը, վիճաբանութեան ժամանակ։
Բայց Ճոյը այս աշխարհ եկած էր, ոչ ուրիշ տեղ։ Եւ Ճոյինն էր նաեւ աշխարհը այս, իր անարդարութիւններով, իր անհաւասարութեամբ, իր մարդածին դժբախտութիւններով։ Ինք Ճոյը իրենց տուփիկ-տան մէջ ապրելու համար չէր ունեցած։ Երկար մտածած էր դեռ ամենէն սկիզբէն, ամուսնութենէն ալ առաջ. կ՚արժէ՞ր երեխայ բերել այս աշխարհ։ Ու համոզուեր էր, որ կ՚արժէր միայն այն պարագային, եթէ եկուորը այս աշխարհի մարդը պիտի դառնար, այս աշխարհի զինուորը, բացի միայն զայն ծծողը, անոր օդն ու ջուրն ու բարիքները մսխողը ըլլալէ։ Այլապէս ինչո՞ւ. բաւականաչափ մարդ չկա՞ր արդէն։
Եւ ինք կը գրէր Ճոյի՛ն համար նաեւ։ Եթէ ոչ ոք ալ գրածները չկարդար, օր մը ա՛ն պիտի կարդար։ Թերեւս պիտի չհամաձայնէր, թերեւս պիտի չհաւնէր, թերեւս պիտի ափսոսար նոյնիսկ, որ հայրը ինչքան ժամանակ է վատներ եւ ինչքան քիչ ընթերցող ունեցեր։ Բայց պիտի տեսնէր, առնուազն, որ ըրե՛ր է բան մը հայրը։ Փորձեր է գոնէ ընել աւելին, քան խոտի պէս ապրիլ-մեռնիլն է։ Եւ ուրեմն ի՛նք ալ պիտի ընէր, վստահ աւելի՛ լաւը, աւելի՛ յաջողակը, եւ պիտի արդարացնէր, այդպիսով, թէ՛ ինքզինք, իր աշխարհ գալը, թէ՛ հօրը, որ զինք բերեր էր աշխարհ։
Եւ աշխարհը, գուցէ, քիչ մը, կաթիլ մը աւելի լաւ պիտի դառնար։
Ու կը գրէր...
ԵՐԱՄ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024