ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ԲՆՈՅԹԸ (Բ.)
Գ) ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ
Կրօնական եռանդը այնքան եռուն էր, որ ժողովուրդը սոսկ հին երգերով եւ բացագանչութիւններով չէր բաւարարուեր, ուստի նոր երգեր յօրինուեցան, որոնք իրենց նիւթը քաղած էին Աստուածաշունչէն, սաղմոսներէն եւ մարգարէական օրհնութիւններէն։ Բայց դժբախտաբար այդ հոգեւոր երգերու հեղինակները ծանօթ չեն մեզի, ուստի չենք գիտեր, թէ ո՞ր դարու գործեր են։ Թորգոմ Պատրիարք այս իրողութեան առնչաբար կը հաւաստէ՝ ըսելով. «Ուր որ կեանք կայ եւ աճումի օրէնք, հոն միշտ ընդլայնում կայ եւ բարձրացում. իրը՝ իրողութեան, անհատը՝ ընկերութեան եւ գործը՝ դրութեան վերածուելու ընդունակութեամբ» (Գուշակեան Թորգոմ Պատրիարք, Բարեկարգութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, Երուսաղէմ, 1940, էջ 53)։
Ինչպէս վերեւ նշեցինք, նոր երգերու մուտքը եկեղեցւոյ մէջ՝ ազատ է եղած։ Այս ազատութիւնը առիթ տուած է, որ շարականագիրներ նորանոր կցորդներ յօրինէին։ Հոգեւոր երգը կը ստեղծագործուէր գործնական մէկ նպատակի համար, այն էր՝ որ երգիչը կարողանար իր Եկեղեցւոյն մէջ երգել իր յօրինած եղանակը, նաեւ յոյս ունենալով՝ որ իր երգը Եկեղեցւոյ մէջ կ՚ընդունուի։ Յետագային, շարականագիրները աստիճանաբար հեռանալով կցորդներէն՝ կը յօրինեն իմաստալից հոգեւոր երգեր, թէպէտ Ս. Գրքի ասացուածքներով եւ պատկերներով շարադասուած, բայց Ս. Գիրքէն անկախ, որոնք այլեւս ոչ թէ իբրեւ Ս. Գրքի երգի կցորդ, այլ իբրեւ բոլորովին անկախ տօնական երգեր կը կազմեն, ինչպիսին է Հռիփսիմեանց «Անձինք նուիրեալք» շարականը։
Ըստ աւանդութեան, մեր առաջին մեծ շարականագիրներն են՝ Ս. Սահակն ու Ս. Մեսրոպը, որոնցմէ առաջինին կը վերագրուի Ղազարոսի յարութեան եւ Աւագ շաբթուան երգերու մեծամասնութիւնը, իսկ Ս. Մեսրոպին՝ Ապաշխարութեան օրհնութիւնները։ Անհաւական է կարծել, թէ Ե. դարուն այսպիսի մեծ օրհներգութիւններ գրուած ըլլան, որովհետեւ յունական օրհներգութիւնները, զորս շատ մեծ ազդեցութիւն են թողած մեր եկեղեցական թէ՛ երաժշտութեան, թէ՛ բանաստեղծութեան վրայ, Զ. եւ Է. դարերուն տակաւին իրենց նոր ծաղկումը կ՚ապրէին։ Յարութիւն Մկրտիչեան կը բացատրէ, թէ յոյն շարականները ինչպիսի՛ ազդեցութիւն ձգած են հայ շարականներուն. «Դիտելի է որ յոյն Եկեղեցին կանուխէն ունէր ութը ձայներու կանոնաւոր դասաւորում մը, եւ մեր այսօրուան ութը ձայնք ըսուածը յունականին կատարեալ նմանութիւնն է, նոյնիսկ բառական թարգմանութեամբ, հաւանական է ենթադրել եւ ընդունիլ՝ թէ Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ, նոյնպէս եւ յետագայ դարերու հայրեր, նոյնութեամբ ընդունած են այս դասաւորութիւնը՝ անոնց տալով հետզհետէ որոշ ձեւ եւ նշանակութիւն» («Լոյս», Բ. Հատոր, անդ՝ էջ 396)։ Սա նշանակ է, թէ յոյն Եկեղեցին առաջին Եկեղեցին է եղած, որ սկսած է շարականներ յօրինել։
Բայց որքան ալ հետեւած կամ ազդուած ըլլանք յոյն հոգեւոր երաժշտութենէն, կրնանք ըսել, թէ Զ. դարու վերջաւորութեան մեր եկեղեցական քնարերգութիւնը բաւական զօրացած պէտք է ըլլար, քանի որ Է. դարու առաջին քառորդին Կոմիտաս Կաթողիկոսի «Անձինք նուիրեալք» Հռիփսիմեանց շարականը կը վկայէ, որ մեր եկեղեցական երգը բաւական մեծ կատարելութեան հասած էր։ Այս շարականը այբուբենական կարգով եւ զուտ տաղաչափութեամբ գրուած է, որմէ ետք բոլոր այս տիպի շարականները կոչուած են «ԱՆՁԻՆՔ»։ Մանուկ Աբեղեան Կոմիտաս Կաթողիկոսի գրչին պատկանող «Հոգեւոր բանաստեղծութեան» մասին կ՚ըսէ. «Մեր հոգեւոր երգերի մէջ, որոնց մասին առանձին կը խօսուի, Կոմիտասի այս գործն ընտիրներից մէկն է թէ՛ իր իմաստով եւ թէ՛ ձեւի գեղեցկութեամբ…։ Բայց Կոմիտասը յարասութիւն չի անում, ոչ էլ ամբողջական պատմութիւն, այլ նոր ստեղծագործում է, այն էլ կազմելով հատ-հատ գեղեցիկ պատկերների մի շղթայ, որի բոլորի օղակների վրայ իշխում է մի տօնական ցնծագին հանդիսաւորութիւն» (Հայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն, անդ՝ էջ 385-386)։ Գեղեցիկ ճաշակ մը առնելու համար, հարկ կը սեպենք վերոյիշեալ գեղեցկահիւս շարականէն տուն մը մէջբերել.
«Անձինք նուիրեալըք սիրոյն Քրիստոսի,
Երկնաւոր նահատակք եւ կուսանք իմաստունք,
Ի պարծանըս ձեր բարձրացեալ տօնէ՜
Մայր Սիո՜վն դստերօքն իւրո՜վք»։
Դ) ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆԸ
Խօսելէ ու բացատրելէ ետք, թէ ի՞նչ է կցորդը, այժմ բացատրենք, թէ ի՞նչ է կանոնը կամ կարգը։
Մինչեւ Ը. դար, հոգեւոր երգերը այնքան բազմացած էին, որ իւրաքանչիւր Եկեղեցի սկսած էր ունենալ իրեն սեփական շարականները։ Թէեւ 360-ական թուականներուն գումարուած Լաւոդիկէի ժողովին 59-րդ կանոնը արգիլած էր մարդկային ստեղծագործական երգերը Եկեղեցի մտցնել, սակայն այս մէկը ժողովուրդը անիմաստ գտաւ եւ աւելի եւս շարունակեց ստեղծագործել եւ յօրինել զանազան քաղցրահունչ շարականներ։
Է. դարուն հոգեւոր երգերը այնքան բազմացած էին, զորս պէտք էր խմբագրել։ Կը պատմուի, թէ օր մը, եկեղեցական պաշտամունքի պահուն Ներսէս Կաթողիկոս, Վարդավառի տօնին առթիւ կը գտնուէր Բագաւան գաւառին եկեղեցիներէն մէկուն մէջ, ուր զանազան գաւառներէ մարդիկ հաւաքուած էին իրենց եկեղեցականներով եւ դպրաց դասերով։ Շարականներու երգեցողութեան ընթացքին շփոթ կը ստեղծուի, մէկ դասէն սկսուող «Հարց» շարականին միւս դասի դպիրները չեն կրնար պատասխանել, որովհետեւ իւրաքանչիւր գաւառ ունէր իր սեփական, աւանդական եւ ինքնուրոյն շարականները։ Այս պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մեր հոգեւոր բանաստեղծութեան ծագումին նպաստած է այն իրողութիւնը, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ դարեր շարունակ միատեսակ ժամերգութիւն եւ կանոնական պարտադիր երգեր չեն եղած, յետոյ է որ փորձեր կատարուած են շարականներու մէջ ընտրութիւն դնել եւ ժամերգութիւնը միատեսակ կանոնի վերածել։ Այս իրողութեան ականատես ըլլալով՝ Ներսէս Կաթողիկոս Բարսեղ Ճոն գիտնական վարդապետին կը յանձնարարէ, որպէսզի ընտրէ շարականներէն «պիտանին, օգտակարն ու արժանը…» (Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը Ըստ Հայ Շարականներու, անդ՝ էջ 62)։ Եւ այսպիսով, «Շարակնոց» մը կը կազմուի, որ կը կոչուի Ճոնընտիր։ Բայց որքան ալ երգերը բազմանային, մինչեւ Ը. դարը, թէ՛ յոյներու, թէ՛ հայերու մէջ բոլոր տօները իրենց յատուկ երգերը չունէին։ Այս դարերէն ետք է, որ ժամերգութեան մէջ մեծ փոփոխութիւն կը մտնէ, այն ալ՝ «կանոն»ի ներմուծութիւնն է։
Բարսեղ Ճոն Վարդապետի հսկայածաւալ եւ դժուարին գործէն ետք, Ստեփանոս Սիւնեցի շարականներու կարգաւորման երկրորդ ձեռնարկ մը կը կազմակերպէ, եւ կը փորձէ յունական Եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած կանոնի հետեւողութեամբ մեր շարականները խմբաւորել եւ դասաւորել։ Ինչպէս աւանդութիւնը կ՚ըսէ, թէ ան 147 սաղմոսները ութ անջատ խումբերու կը բաժնէ, որ յետագային այդ խմբաւորումները «կանոն» կը կոչուին։ Աղբալեան այս իրողութեան կապակցաբար կ՚ըսէ. «Ստեփանոս Սիւնեցին դասաւորեց մեր կցորդները ըստ եօթ (ոմանք կ՚ըսեն ութ) ձայներու եւ ըստ ինն օրհնութեանց։ Կցորդներու այս դասաւորուած շարքն է, որ կը կոչուի «կանոն» կամ «կարգ»» (Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան, անդ՝ էջ 421)։
- «Առաջին կանոնը կը պարունակէ թիւ 1-17 սաղմոսները, որոնք կը կոչուին «Երանեալ».
- Երկրորդ կանոնը՝ թիւ 18-35 եւ կը կոչուին «Երկինք պատմեն».
- Երրորդը՝ թիւ 36-54 եւ կը կոչուին «Մի նախանձիր».
- Չորրորդը՝ թիւ 55-71 եւ կը կոչուին «Հաստատեցաւ».
- Հինգերորդը՝ թիւ 72-88 եւ կը կոչուին «Իբրեւ».
- Վեցերորդը՝ թիւ 89-105 եւ կը կոչուին «Տէր ապաւէն».
- Եօթներորդը՝ թիւ 106-118 եւ կը կոչուին «Խոստովան».
- Ութերորդը՝ թիւ 119-147 եւ կը կոչուին «Ի նեղութեան» (Կռանեան Ա. Ծ. Վրդ., «Հայ Ծիսական Պաշտամունքը», Պէյրութ, 2001, էջ 102-103)։
«Աւագ օրհնութեան» շարականները Ստեփանոս Սիւնեցին ինք համակարգած է։ Այս վերջինիս քոյրն էր Սահակադուխտը, որ մեր առաջին բանաստեղծուհին ու երաժշտուհին է։ Սահակդուխտին կը վերագրուի «Սրբուհի Մարիամ» մեղեդին։ Նշենք, թէ այս կանոնի դրութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մէկ անգամէն չգործադրուեցաւ, այլ՝ «Խոսրով Անձեւացիի օրով, տասներորդ դարու կիսուն, կանոնը ընդհանրացած կ՚երեւի մեր Եկեղեցիին մէջ։ Կանոնին հաստատուելէն յետոյ յօրինուեցան նոր հոգեւոր երգեր, կազմելու համար տէրունի եւ սրբոց տօներու յատուկ շարականներ, որոնք նուազ կախում ունին Ս. Գրոց օրհնութիւններէն եւ սաղմոսներէն, եւ արդիւնքն են աւելի ազատ ներշնչումի» (Պողարեան Ն. Արք., «Ծիսագիտութիւն», Նիւ Եորք, 1990, էջ 30)։
Ինչպէս ասորական եւ յունական եկեղեցիները, նոյնպէս ալ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին ունեցած է իրեն ինքնուրոյն եւ իւրայատուկ կանոնը, որուն մէջ հետեւեալ խմբաւորումները կան.
1) «Օրհնութիւն». կ՚երգուի գիշերային ժամերգութեան ընթացքին, Մովսէս Մարգարէի «Օրհնեսցուք զՏէր, զի փառօք է եւ փառաւորեալ» օրհնութենէն յետոյ իբրեւ կցորդ։ Օրհնութիւնները ընդհանրապէս յօրինուած են նմանողաբար Հին կտակարանի մարգարէից օրհնութեանց։ Այլ խօսքով, «Օրհնութիւն»ը Աստուածաշունչի մասերէն քաղուած մարգարէներու երգերն են։ «Օրհնութեան շարականը կը բաղկանայ երեք մասերէ՝ պատկեր, քաղուածք, տէրունականք։
2) «Հարց». կ՚ըսուի իբրեւ կցորդ՝ «երից մանկանց» «Օրհնեալ ես, Տէր Աստուած հարցն մերոց» օրհնութեան։ ««Հարցը», որուն տակ ինկող շարականները գրուած են առհասարակ ի յիշատակ եւ ի պանծացումն երից մանկանց (Դանիէլի եւ իր ընկերակիցներուն) ի հնոցէ փրկութեան, իբրեւ խորհրդանշական նախատիպը Քրիստոսի փրկագործութեան խորհուրդին կամ մարդկութեան փրկութեան մեծ գործին» («Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը Ըստ Հայ Շարականներու», անդ՝ էջ 44)։ Կը կարծուի, թէ «Հարց» շարականը նախնագոյնն է մեր Եկեղեցւոյ մէջ։ Հայ Եկեղեցին ունի 190 հատ «Հարց»եր, որոնք 7 մասեր ունին, անոնք են՝ 54 հատ Տէրունական, 26 հատ յատուկ սրբոց, 2 հատ հարցեր առաքելոց եւ մարգարէից, 42 հատ յարութեան, 15 հատ մարտիրոսաց, 45 հատ պահոց, եւ 8 հատ հանգստեան։
3) «Գործք կամ գործատուն». նախորդ օրհնութեան՝ «Օրհնեցէք, ամենայն գործք Տեառն, զՏէր» մասի կցորդն է։
4) «Մեծացուսցէ». կ՚ըսուի իբրեւ կցորդ Ս. Աստուածածնի փառաբանութեան «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր»։ Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոսը իր գրքոյկին մէջ հետեւեալ մէջբերումը կատարած է Յովհաննու Օձնեցի Հայրապետի խօսքերէն. «Զկնի հարցինն՝ Մեծացուսցէ ասել, վասն զի հարկաւորապէս պարտի այն՝ որ զյարութիւն Քրիստոսի ճառէ, ընդ նմին եւ զգերեզման յիշել, եւ զսուրբ Կոյսն։ Զի եթէ ոչ էր ծնեալ, ոչ էր հնար եւ ոչ թաղել. եւ եթէ ոչ էր թաղեալ, ապա եւ ոչ յառնել. արդ գերեզմանն յընթեռնելոյ զաւետարանն յիշեալ լինի. իսկ զՍուրբ Կոյսն՝ ի Մեծացուսցէն ասելոյ յիշեմք» (Չէպէյեան Ղ. Արք., «Ծիսական Գիտելիքներ», Անթիլիաս, 1986, էջ 43)։ «Մեծացուսցէ» շարականներու հիմքը պէտք է նկատուի Մարիամի օրհներգութիւնը Աստուծոյ ուղղուած (Հմմտ Ղկ 1.46-55)։ Սա կը նշանակէ, թէ «Մեծացուսցէ» շարականներու բոլոր յօրինողները ազդուած են ու ներշնչուած են վերոյիշեալ օրհներգութենէն։ Այսօր, հայ շարականներուն մէջ կան 68 Մեծացուսցէ շարականներ՝ Աձ. 11 հատ, Ակ. 6 հատ, Բձ. 6 հատ, Բկ. 5 հատ, Գձ. 6 հատ, Գկ. 5 հատ, Դձ. 17 հատ, Դկ. 12 հատ։
5) «Ողորմեա». կցորդն է «Ողորմեա՛ ինձ, Աստուած» սաղմոսին։ «Ողորմեա» շարականները ընդհանրապէս գրուած են ապաշխարութեան եւ զղջումի ոգիով, հիմք ունենալով Դաւիթի 50-րդ սաղմոսը։
6) «Տէր յերկնից». կցորդն է «Օրհնեցէ՛ք զՏէր յերկնից» սաղմոսին, որուն մաս կը կազմեն այն շարականները, որոնք խմբագրուած են կցորդաբար 148, 149, 150 Սաղմոսներուն, գովաբանական նկարագրով։
7) «Մանկունք». կցորդն է «Օրհնեցէք Մանկունք զՏէր» սաղմոսին, որ կը պատշաճի արեւի ծագման ժամուն, իբրեւ արեւագալի աղօթք։ «Մանկունք» կոչուող շարականները երկու տեսակ են՝ մարտիրոսաց եւ պահոց, եւ անոնց մեծ մասը վերագրուած են Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսին։
8) «Ճաշու». զանազան սաղմոսներու կցորդ է եւ կ՚ըսուի «Ճաշու ժամերգութեան» ժամանակ։
9) «Համբարձի». կցորդն է «Երեկոյեան ժամերգութեան» «Համբարձի զաչս իմ ի լերինս» սաղմոսին, որուն շարականները յօրինուած են հիմք ունենալով 109-րդ սաղմոսը։
«Երգերու այս շարքը սովորաբար կը կոչուի յունարէն «կանոն» բառով, յաճախ նաեւ հայերէն «կարգ» բառով, ինչպէս՝ կարգ աւագ շաբթուան, կարգ ծննդեան, կարգ ապաշխարութեան, եւ այլն։ Որոշ դարձուածքով միայն կը գործածուի սարք բառը։ Կանոնի ամէն մէկ երգը առանձին առած կը կոչուի շարական, իսկ երգերու ժողովածուն ըստ կանոններու կ՚ըսուի՝ շարակնոց» («Հայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն», անդ՝ էջ 511)։
Երբ կանոնը մուտք գործեց մեր ժամերգութեանց մէջ, բնականաբար ժողովուրդը պիտի աշխատէր հին կցորդներէն ու հոգեւոր երգերէն երգերու շարքեր կազմել զանազան տօներու համար։ Արդ, կցորդ երգերը կը վերածուին շարական-երգերու, եւ կցորդ բառը առօրեայ գործադրութենէն վերանալով՝ տեղը կը գրաւէ «շարական» բառը։ Այս բոլոր նորութիւններէն ետք, վերջ ի վերջոյ ժամերգութեան մէջ առաջնակարգ տեղը կը տրուի նոր երգերուն, իսկ Ս. Գրքի երգերը կը մնան միայն «սկսուածքներ»։ Այսինքն՝ նախքան շարականի սկսիլը, անոնցմէ միայն մէկական խօսքեր կ՚երգուին։ Այսպէս. «Օրհնութիւն»էն առաջ կ՚երգուի միայն՝ «Օրհնեսցուք զՏէր, զի փառօք է փառաւորեալ», «Մանկունք»էն առաջ միայն՝ «Օրհնեցէք մանկունք զՏէր եւ օրհնեցէք զանուն Տեառն»։
Հին կցորդները որքան ալ թիւով շատ ըլլային, քիչ էին Եկեղեցւոյ տօներուն համար, որովհետեւ իւրաքանչիւր տօնի կանոնի համար շարք մը երգեր պէտք էին, մանաւանդ որ հետզհետէ նոր տօներ կը հաստատուէին, կամ նոյնիսկ տօն մը ո՛չ թէ մէկ օրով կը վերջանար, այլ քանի մը օրերու վրայ կը տարածուէր, օրինակ՝ Ս. Աստուածածնի Վերաբերումի տօնը։ Այս իմաստով, ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն, երբ կանոնը անհրաժեշտ կարգը եղած է ժամերգութեան, նորանոր երգերով եւ նոյնիսկ ամբողջական կանոններով «Շարակնոց»ը ընդարձակուած է։
Մեր շարականներու զարգացումը գրեթէ մէկ անգամէն կը դադրի ԺԳ. դարուն։ Այստեղ եւս մեր հոգեւոր երգը կը հետեւի յունական օրհներգութեան, որուն ծաղկումը վերջ կը գտնէ ԺԱ. եւ ԺԲ. դարերուն։ Ատոր պատճառն ալ այն է, որ ժամակարգութիւնը փակուելով, նոր երգերը ժամերգութեան կանոնին մէջ այլեւս չէին ընդունուիր։ Ահա այս շրջանին «Շարակնոց»ը կը խմբագրուի։ Նշենք, թէ Հայ Եկեղեցին ունեցած է նաեւ «պարականոն» շարականներ, որոնք ԺԴ. դարէն ետք գրուած են, սակայն դժբախտաբար չեն ներմուծուած այսօրուան մեր «Շարակնոց»ին մէջ։
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՑ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ