ՀԱՅ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ...

Աշխարհին պէտք է մանուկի մը անմեղութիւն, մաքրութիւն ու ազնուութիւն: Այո, աշխարհին, իսկ Հայաստանին անհրաժեշտ է այս ամէնը գումարած առաքինութիւն, հայրենասիրութիւն, մեծ հաւատք՝ աստուածասիրութիւն, գրագիտութիւն եւ վերադարձ արմատներուն:

Այլեւս պայքարը սկսած է:

Ահեղ դատաստանէն հինգ պակաս չարը ելեր է ոտքի եւ կը փորձէ բանեցնել իր բոլոր, վերջին ջանքերն ու ճիգերը: Համոզուած է, թէ կրնայ յաղթել Քրիստոսին: Ան գիտէ, կը զգայ, որ մօտ է Քրիստոսի գալուստը: Եւ մինչեւ մարդու որդիի ժամանումը, ան կը փորձէ աշխարհը իրենով ընել, որպէսզի Քրիստոսի երկրորդ գալուստի ժամանակ ըսէ. «Դուն այստեղ ընելիք չունիս: Աշխարհի տէրն ու տիրականը ես եմ: Աստուածային կերպարանքով ստեղծուած մարդ արարածը այլեւս կ՚ենթարկուի, կը պաշտէ զիս: Գնա՛»:

Այո, ինչպէս կը վկայեն հոգեւոր հայրերը՝ մենք դատաստանի մէջ ենք: Հայն ու Հայաստանն ալ թիրախաւորուած է չարի կողմէ: Անհրաժեշտ է ոչնչացնել Տիրոջ ընտրեալ ժողովուրդը՝ քշել վերջիններս աստուածատուր իրենց երկիրէն: Սա իրականացնելու ուղիներէն մին ալ համաշխարհայնացումն է. Հայաստանի մէջ, մեր ազգադաւ իշխանութիւններու ձեռամբ, սկսած են բանեցնելու համաշխարհայնացումի սկզբունքը: Վտանգաւոր է, քանզի որոշակի յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն, մասնաւորապէս երիտասարդութեան շրջանակին մէջ:

Չարի որոգայթներու մէջ չյայտնուելու համար մենք պէտք է ամուր կառչած մնանք մեր հաւատքէն, հայրենիքէն, ազգային մտածելակերպէն, աւանդոյթներէն ու սովորութիւններէն: Սա թուածներս համաշխարհայնացումը սկսած է մանգաղով հնձել ու թափել:

Հունձքը ակներեւ է: Առաջքը առնելու համար պէտք է բանեցնենք երեք հիմնական գործիքներ՝ զէնքը, խաչն ու գրիչը: Առողջ ու ամուր արմատները յոյժ կարեւոր են այս գործին մէջ: Այսինքն մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք մանուկներու, սերունդներու դաստիարակութեան:

Արժանապատիւ հայ-քրիստոնեայ ու քաղաքացի դաստիարակելու համար վաղ հասակէն ես գործի կը դնեմ երեք հիմնական գործիքներ՝ զէնքը, խաչն ու գրիչը: Անսահման երջանիկ եմ, քանզի իմ որդիի մօտ կը նշմարեմ սէր դէպի գիրքը: Բոլոր տօներուն, պատեհ անպատեհ առիթներուն, ես անոր՝ հիմնական նուէրներէն զատ, կը նուիրեմ նաեւ գիրք մը: Այլեւս պզտիկ գրադարանի մը տէր դարձած է: Ամէն գիշեր ընթերցանութեան համար գիրք մը կը զատէ ու կը խնդրէ, որ կարդամ իրեն համար: Այսպիսով, կարծես թէ իմ փոքրիկի մօտ կը յառաջանայ սէր ու հետաքրքրութիւն դէպի գիրքը:

Խաղալիք զէնք ու զինամթերք ալ ունի: Համամիտ չեմ աշխարհի մէջ արմատացող այն մտքի հետ, թէ պէտք չէ որ երեխան խաղայ զէնքով: Ըստ իս, ոչ միայն պէտք է, այլեւ անհրաժեշտ: Իմ Զաւէնիկը գիտէ, որ զէնքը կարելի է գործածել միմիայն հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Այդ իսկ պատճառաւ կ՚ըսէ. «Պապա, եկուր Արցախ խաղանք»: Իմ այն հարցին, թէ ի՞նչ պիտի դառնաս երբ մեծնաս, Զաւէնիկի պատասխանը անփոփոխ է. «Զինուոր»:

Վերջերս ալ երեխային յուշեցի, որ զինուոր տեսած ատեն օրհնէ վերջինիս. «Աստուած պահէ, Աստուած օրհնէ»: Ան ալ օր մը եկաւ ու ինծի ըսաւ.

-Մամա, գիտես Դանիէլին ըսի՝ Աստուած պահէ քեզ:

Միթէ ծնողի մը համար սա մեծագոյն հրճուանք չէ՞, երբ կը տեսնէ, թէ ինչպէս չորս տարեկան երեխան կ՚օրհնէ, մանկական անբասիր սիրով կը սիրէ իւր նորածին եղբայրը:

Ամէն գիշեր կ՚աղօթենք, այնուհետեւ իմ երկու փոքրիկները կը քնանան շարականի եւ Զաւէնիկի նախընտրելի երգերու տակ: Անոնց կիրակիներն ալ կը սկսին պատարագի մասնակցելով. Զաւէնիկ կը ստանայ հաղորդութիւն: Անասելի բերկրանք կ՚ապրիմ, երբ կը տեսնեմ, թէ ինչպէս իմ փոքրիկը կամաց-կամաց հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Քրիստոսի նկատմամբ: Այլեւս ինք երբեմն ինձմէ կը խնդրէ իրեն համար երգել «Սուրբ Աստուած» աղօթք-շարականը:

Վերջերս ալ.

-Մամա, «Սուրբ Աստուածը» ըսէ.

-Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր,

Սուրբ եւ անմահ,

Որ յարեար ի մեռելոց,

Ողորմեա մեզ,- սկսայ երգել:

-Մամա, եկեղեցիի պէ՞ս կ՚երգես,- լացակումած հարցուց Զաւէնիկ:

-Այո,- հանգիստ պատասխանեցի ես:

-Ոչ, եկեղեցիի պէս մի՛ երգեր, չեմ ուզեր:

Քանի մը անգամ՝ տարբեր ելեւէջներով փորձեցի նոյն շարականը երգել, սակայն Զաւէնիկը կը շարունակէր դժգոհ մնալ:

-Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր,

Սուրբ եւ անմահ,

Որ խաչեցաւ վասն մեր,

Ողորմեա մեզ:

-Այո, քեզի պէս երգէ, եկեղեցիի պէս մի՛ երգեր,- ուրախութեամբ յաւելեց Զաւէնիկ:

Շուարեցայ անոր ուշադրութեան:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022