ԿԱՄՈՒՐՋ… -Ա-
Մարդիկ կամուրջներ կը կառուցեն, խոչընդոտները կամուրջներով կը յաղթահարեն եւ, իրականութեան մէջ, մարդոց իւրաքանչիւրը ինքնին արդէն կամուրջ մըն է: Մարմինը կամուրջի նման կազմուածք մըն է։ Ամենակարեւորը աշխարհի հետ կապուիլն է։ Ոչ ոք ինքնըստինքեան կ՚ապրի, անխտիր իւրաքանչիւրս կապուած ենք ուրիշի մը։ Առանձին ըլլալը ուղղակի փոխաբերութիւն է։
Մենք այն արարածներն ենք, որ հաւաքուած, պայմանաւորուած ու որոշած ենք համագործակցիլ: Մենք արդէն յաջողած ենք կամուրջ կառուցել։ Մենք կամուրջը կը ստուերենք «առանձին» ժամանակակից մարդոց հետ։ Թէեւ մարդկութեան բնական եւ ընկերային դիրքը այդ կամուրջի գագաթնակէտին է, բայց ժամանակակից մարդու ցանկութիւնն է լքել զայն: Կեանքի գրեթէ ամէն ինչի դէմ թշնամութեամբ տոգորուած արդիականութեան տակ փշրուած մեր կապերը կարծէք հետզհետէ կը փոշիանան, կ՚անէանան։
Մարդոց միջեւ կապն ալ կամուրջ մըն է։ Թէեւ այդ կապը արհեստական կը թուի, սակայն նոյնիսկ մեր գոյութիւնը պայմանաւորուած է այդ կամուրջէն։ Մենք այդ կամուրջը գերազանցելով ստեղծած ենք մշակոյթ եզրը։ Սակայն, յետոյ սկսած ենք զայն կորսնցնել քայլ առ քայլ։ Կարծես կը վճարենք մեր փոխուած կեանքի գինը ու կ՚ընթանանք դէպի վատագոյնը: Այն, ինչ որ մենք կ՚անուանենք վատ՝ յուսահատութեամբ «պսակուած» ապագայ է: Մենք մարդոց փոխադարձ կախեալութիւնը եւ սիրոյ կամուրջը փոխարինած ենք եսասիրութեան օգտագործման համար, ինչ որ համարած ենք իմաստութիւն: Մարդոց կապերու չարաշահումը համարած ենք արդիականութիւն։
Մարդկային աշխարհը յերիւրանք է, որու վաւերականութիւնը կը բխի մարդոց ընկերային եւ փոխկապակցուած բնոյթէն: Թէեւ կենդանիները միացած օրկանիզմներ են, սակայն մարդիկ իրարու կապուած են ո՛չ միայն բնական կապերով, այլ հոգեպէս ու բարոյապէս։ Մարդոց զիրար գնահատելու, քննադատելու, սիրելու եւ ինչ-ինչ վերաբերմունքներ, այլ խօսքով՝ բանականութեան զարգացումը յետագային վնասներ պատճառեց մեզի, քանի որ մարդկային հասարակութեան աճով աւելցաւ չարամիտ փոքրամասնութեան այդ կամուրջի չարագործումը: Անոնք, որոնք նախապէս չարութիւն կը գործէին խումբի մը նկատմամբ, այժմ զայն կը տարածեն ամբողջ աշխարհին։
Եթէ կ՚ուզէք յաջող ըլլալ այս աշխարհի վրայ, ժամավաճառ եղէք, մարդիկը զբաղեցուցէք, ճշմարտութեամբ հարուածեցէք զանոնք։ Կռիւէն մի՛ վախնաք։ Եւ մի՛ ուրախանաք, երբ յաղթէք ինքնախաբէութիւնը իր ամենամեծ ձեռքբերումը կարծող մարդոց։ Երբ պարտուիք, սա կը նշանակէ, որ մարդիկ պիտի շարունակեն ընթանալ դէպի արժէքներու ոչնչացում։
Կամուրջը մեզ իրարու կապող օղակն է։ Մարդը իրականութեան մէջ մաս կը կազմէ բնութեան։ Այս կապը ձեռք կը բերուի միւսին միանալու միջոցով: Մարդ մշակոյթի միջոցով իր նմաններու հետ կապ կը հաստատէ: Ոչ մէկը առանձին է. իւրաքանչիւրս կառուցած ենք կամուրջներ, գոյատեւած ենք այդ իսկ կամուրջներով։
Ներկայ ժամանակներուն մեր կառուցած կամուրջով հաստատուած կապը գրեթէ խզուած է: Մարդու ընկերային գոյութեան փոխարէն տեղի կ՚ունենայ «ես» կոչուող խաբէութիւնը։ «Ես»ը կը դրուի որպէս առեւտրային անհրաժեշտութիւն գերմարդկային հաստատութիւններու կողմէ, բայց եւ այնպէս, այդ հաստատութիւնները կը ստեղծուին մարդոց իսկ կողմէ: Այնուամենայնիւ, մարդիկ կը դառնան շահոյթի վրայ հիմնուած, անզգոյշ կործանիչներ՝ իրենց մարդկային յատկանիշները անտեսելով։ Հետաքրքրական է, որ անոնք այս երեւոյթին չեն գիտակցիր։ Այն հաստատութիւնը, որ մենք կը համարենք ոչ-մարդկային, կը խզէ մեր կապերը հասարակութեան հետ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շարունակելի…