ԳԷՈՐԳ Զ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՉՈՐԵՔՃԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Գէորգ Զ. Կաթողիկոսը ծնած է 2 դեկտեմբեր 1869-ին, Նոր Նախիջեւան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցէն ներս, ապա Նոր Նախիջեւանի հոգեւոր դպրեվանքին մէջ ուսանած է:

1879-ին ընդունուած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան, որն բարձր յառաջդիմութեամբ աւարտած է 1889-ին: Ճեմարանի առաջին երեք սաներէն մէկը եղած է, որ սարկաւագ ձեռնադրուած է:

1889-ին բարձրագոյն կրթութեան համար Գերմանիա մեկնած է Կարապետ Տէր-Մկրտչեանին հետ: Լայպցիկի երաժշտանոցին մէջ ուսուանած է: Միաժամանակ (1889-1894) նաեւ հետեւած է տեղի համալսարանի Աստուածաբանութեան եւ Փիլիսոփայութեան կաճառներու դասընթացքին:

Մայր Աթոռ վերադառնալէն ետք, Գէորգեան ճեմարանէն ներս դասաւանդած է երաժշտութիւն, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն: Մէկ տարի դասաւանդելէ ետք հեռացուած է աշխատանքէն, որովհետեւ ճեմարանի կարգ ու կանոնին դէմ դուրս եկող ուսանողներուն նկատմամբ համակրանք ցուցաբերած է:

Ճեմարանէն հեռանալէ ետք, 1895-ին մեկնած է Նոր Նախիջեւան, ուր 18 տարիներ ծառայած է, պաշտօնավարելով Ս. Խաչ Վվանքէն ներս: Այդ տարիներու ընթացքին իր հոգեւոր ծառայութեան կողքին, ան վարած է երաժշտական, մանկավարժական աշխատանք, ահագին նպաստ բերելով համայնքի եկեղեցական, ժողովրդական կարիքներուն: Նաեւ, Գէրոգ Չորեքճեանը մեծապէս նպաստած ու օգնած է համայնքի մտաւորականներուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն, գաղթականներուն, որբերուն:

Անոր աշակերտած են Ալեքսանտր Միասնիկեան, երաժշտահան՝ Ռոմանոս Մելիքեան եւ ուրիշներ:

Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսը ընդառաջելով Նոր Նախիջեւանի հայկական համայնքի դիմումին, 20 յունիս 1913-ին կուսակրօն քահանայ օծուած ու աբեղայ ձեռնադրուած է, իսկ երեք օր ետք, ստացած է վարդապետական չորս աստիճանները: Նշանակուած է Նոր Նախիջեւանի եւ Պեսարապիոյ առաջնորդական փոխանորդ: Իր ջանքերով Նոր Նախիջեւանի հայկական դպրոցները դուրս բերուած են Լուսաւորութեան նախարարութեան ենթակայութենէն եւ դրուած են Թեմական իշխանութիւններու ենթակայութեան տակ: Իր ջանքերով նաեւ, Հայոց լեզուն եւ կրօն դասանիւթերը պարտադիր ճանչցուած են թեմի տարածաշրջանին մէջ գտնուող դպրոցներուն համար:

Ցարական իշխանութիւնները նկատելով Չորեքճեանի հայրենասիրական գործունէութիւնը, զինք հալածանքի ենթարկած են:

Մեծ Եղեռնէն ետք հսկայ աշխատանք տարած է գաղթականութեան օգնելու գործին մէջ: 1916-ին, նախ «Եղբայրութեան օգնութեան» կոմիտէի անդամ եղած է, ապա՝ նախագահ:

Նոյն տարին Մայր Աթոռ հրաւիրուած է եւ նշանակուած է Մայր Աթոռի Սինոդի անդամ:

1917-ին, նախ ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը, եւ նոյն տարուան ապրիլին եպիսկոպոս օծուած է:

Վարած է Մայր Տաճարի լուսարարապետի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ՝ Վանական խորհուրդի նախագահի, Մայր Աթոռի Տնտեսական խորհուրդի նախագահի պաշտօնները: Ան ամէն ջանք թափած է, որպէսզի պատմական Հայաստանի տարբեր գաւառներէն փրկուած հայկական ձեռագիրները, արխիւային եւ թանգարանային արժէք կրող իրերը հաւաքուին Մայր Աթոռի Մատենադարանին ու Թանգարանին մէջ:

1921-ին նշանակուած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ:

1922-ին նոյն թեմի թեմակալ առաջնորդ ընտրուած է:

1925-ին արքութեան պատիւին արժանացած է:

1927-ին վերադարձած է Մայր Աթոռ եւ ընտրուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ:

1936-ին Խորէն Ա. Տփղիսեցիին կողմէ կը նշանակուի հայրապետական փոխանորդ եւ որպէս թեմակալ առաջնորդ Վիրահայոց թեմ կը գործուղուի: Գործուղման պատճառ ծառայած էր նախորդող տարիներուն թեմէն ներս «Ազատ եկեղեցականներ» շարժումին կողմէ համայնքային քայքայուած ու կազմաքանդուած կեանքը կազմաւորելու եւ կարգաւորելու:

5 ապրիլ 1938-ին Խորէն Ա. Կաթողիկոսի եղերական սպանութենէն ետք, Գէորգ Արքեպիսկոպոսը վարած է Մայր Աթոռի գործերը՝ մինչեւ 1941 թուականը: Նոյն թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինին մէջ հրաւիրած է Ազգային-եկեղեցական ժողով, որու ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրուած է կաթողիկոսական տեղապահ:

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն անոր նախաձեռնութեամբ, սփիւռքահայութեան նուրիատուութիւններով ստեղծուած ու կազմուած են «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Գեներալ Բաղրամեան» թանկայի շարասիւները:

19-22 յունիս 1945-ին, Մայր Աթոռէն ներս գումարուած Ազգային-եկեղեցական ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ ընտրուած է ամենայն հայոց կաթողիկոս:

Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գնահատելի եւ գործնական դեր ունեցած է 1946-1948 տարիներուն տեղի ունեցած հայութեան հայրենադարձութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ: Չորեքճեանը զգալի նպաստ ունեցած է Մայր Հայրենիքի եւ սփիւռքահայութեան միջեւ յարաբերութեան ամրապնդումին մէջ, հակառակ տիրող պայմաններուն:

Իր օրով հրատարակուած է «Էջմիածին» ամսագիրը: Վերաբացուած են Հոգեւոր ճեմարանն ու տպարանը: Վերադարձուած են ճեմարանի գրադարանը եւ վանքապատկան մի քանի շէնքեր, ինչպէս նաեւ Ս. Հռիփսիմէի, Ս. Գեղարդի եւ Խոր Վիրապի վանքերը:

1945-ին կոնդակով մը դիմած է ԽՍՀՄ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւններուն, հայկական հողերուն վերատիրանալու համար:

20 ապրիլ 1947-ին հրապարակած է ընդարձակ կոնդակ մը՝ «Հայկական հարցի լուծման մասին» խորագիրով:

Վախճանած է 9 մայիս 1954-ին: Մարմինը ամփոփուած է Մայր Տաճարի մուտքին մօտ:

Գէորգ Զ. Կաթողիկոսէն որպէս գրական ժառանգութիւն մնացած են իր քարոզները, կոնդակներն ու հոգեւոր երգերը:

2013-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հրատարակուած են երջանկայիշտակ Հայրապետին գործերը, «Գեվորգ Արքեպիսկոպոս Չորեքչյան - Քարոզներ եւ ելույթներ» տիտղոսաթերթով:

***

Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը հակառակ խորհրդային տարիներուն ծառայծ ըլլալուն, սակայն մեծ ջանք թափած է բարեկարգելու Հայ Եկեղեցին: Մեծ նպաստ ունեցած է հայկական հարցը լսելի դարձնելու միջազգային ատեաններուն: Ներքին առումով բազմաթիւ տարածքներ, եկեղեցիներ ու վանքեր յաջողած է վերադարձնել Մայր Աթոռին: Ուսումնական եւ հրատարակչական աշխատանքներուն մէջ եւս մեծ նպաստ եւ ներդրում ունեցած է:

Այսօր դժբախտաբար Գէրոգ Կաթողիկոսը մոռացութեան մատնուած է: Այսինքն, շատեր չեն ճանչնար այս մեծանուն հայուն մասին, անոր տարած հայանպաստ եւ եկեղեցաշէն գործունէութեան մասին: Յոյս ունինք, որ ժամանակ կու գայ, երբ Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը արժանի կերպով կը յիշատակուի եւ ճանաչելի կը դառնայ մեզի համար, յատկապէս մեր երիտասարդ սերունդին համար:

***

Գէորգ Կաթողիկոս իր սարկաւագութեան տարիներէն սկսեալ լաւ քարոզիչ եղած է, ով իր խօսքերով կրցած է հասնիլ զինք լսողներուն սիրտին, հոգիին ու միտքին: Հիմա մեր սիրելի ընթերցողներուն անոր քարոզներէն հատուածներ պիտի ներկայացնենք՝ արեւմտահայերէնի վերածելով, մեր ձեռքին տակ ունենալով 2013-ին Մայր Աթոռի տպարանէն լոյս տեսած հատորը:

Բարի ընթերցանութիւն:

• Աղօթքի մասին, Հայրապետը կը գրէ.

- Աղօթողին սիրտը հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը լեցուի, եւ ով աղօթել գիտէ՝ երջանիկ է, որովհետեւ ան դժբախտութեան վայրկեանին ունի անփոխարինելի Բարեկամ մը, որ կը լսէ զինք աղօթքով, կը մխիթարէ աղօթքով եւ կ՚օգնէ աղօթքով։ Սակայն աղօթքի այս վեհ ըմբռնումը մատչելի է անոր՝ ով աղօթել գիտէ: Աղօթքը երջանկութիւն կը շնորհէ անոր, ով իսկապէս կ՚աղօթէ:

- Աղօթելը արուսետ մըն է, որ պէտք է սորվիլ՝ ինչպէս իւրաքանչիւր արուեստ։ Եւ ինչպէս բոլոր առաքինութիւններուն, նոյնպէս եւ այս առաքինութեան Ուսուցիչը՝ Յիսուսն է: Անոր դիմենք եւ խնդրենք, որ մեզի աղօթել սորվեցնէ:

- Եւ ո՜վ գիտէ թէ ո՞րն է աւելի արժէքաւոր եւ ընդունելի Տիրոջ առջեւ. ձեռագործ արձաննե՞րը, որոնք յաճախ սին փառքի եւ եսասիրութեան ծնունդ են, թէ՞ Աստուծոյ սպասաւորին խոնարհ աղօթքը, որ լոյսի եւ մխիթարութեան շողեր կը սփռէ ապաբախտ եւ կեանքի խորթ զաւականերու սիրտերուն մէջ:

• Տէր Յիսուսի պարգեւած խաղաղութեան մասին, կը գրէ.

- Յիսուս է միայն ճշմարիտ խաղաղութեան պարգեւիչը: Այո՛, աշխարհն ալ խաղաղութիւն կու տայ, սակայն կեղծ եւ խաբուսիկ: Ան մէկ ձեռքով խաղաղութեան ձիթենին կը մեկնէ քեզի, իսկ միւսով՝ սիրտդ կը խրէ: Ան այսօր կը ժպտայ երեսիդ, իսկ վաղը՝ ակռաները կը կրճտացնէ ետեւէդ։

Ով աշխարհի պատրանքը ճաշակած է, վկայ եղած է սուտ ընկերոջ անհաւատարմութեան՝ անիկա անշուշտ համոզուած է, որ զո՜ւր է աշխարհին մէջ ճշմարիտ եւ տեւական խաղաղութիւն որոնել, այլ՝ պէտք է դիմել միայն մեզի համար խաչ ելած եւ յարութիւն առած Յիսուսին, որ խաչէն իջաւ, գերեզմանէն յաղթական ելաւ եւ Իր մտերիմներուն խաղաղութեան ողջոյն բերաւ, անոնց դառնացած եւ ընկճուած հոգիները ուրախութեամբ լեցուց:

• Մարդու խիղճին մասին կը գրէ.

- Մեր առջեւ երկու ուղի կայ. մեր խիղճը, որ թանկագին մարգարիտ է մարդուն համար՝ մաքուր եւ անարատ պահել եւ իրաւունք ունենալ մարդ կոչուելու. կամ՝ մեր խիղճը արատաւորել, կորսնցնելով մարդ կոչուելու իրաւունքը: Դժբախտաբար, երկրորդ ճամբան ընտրած ենք: Ինչո՞ւ. որովհետեւ ինքնուրաց ըլլալու, մեր անձը՝ մեր եսը, մոռնալու ընդունակութիւն չունինք:

• Քրիստոսի Սուրբ Խաչին եւ Հայ ժողովուրդի անտարբերութեան մասին, կը գրէ.

- Սակայն կը յարգենք մենք խաչը խօսքով եւ Խաչեցեալին կը պաշտենք լոկ շրթներով: Ահա հայ ժողովուրդը՝ քաղցած ու ծարաւ. ո՞ւր է սէրդ հա՛յ հարուստ: Ահա հայ ժողովուրդը՝ հիւանդ ու ախտաւոր, ո՞ւր է խնամքդ հայ բժիշկ: Ահա հայ ժողովուրդը՝ թշուառ ու անմխիթար, ո՞ւր է սէրդ հա՛յ հոգեւորական: Ահա հայ ժողովուրդը իրաւազուրկ եւ անօգնական, ո՞ւր է անձնուէր սէրդ հա՛յ փաստաբան: Ահա հայ ժողովուրդը սուրի եւ կրակի ճարակ, ո՞ւր է սէրդ հա՛յ երիտասարդ։ Միթէ՞ բոլորիս սիրտերուն մէջ ցամքած է սէրը, սէր՝ որ կը գերազանցէ մարդկային սիրտի ամենէն ազնիւ զգացմունքը եւ ամենէն հանճարեղ միտքի ստղեծագործութիւնը։

Շրջապատեցէք այս խաչը, հայ եղբայրներ եւ քոյրեր, որուն փարած են ձեր պապերը, ծունկի եկէք այս խաչափայտին առջեւ, որ սիրոյ խորհրդանշան է, եւ աղօթարար ակնածութեամբ վեր նայեցէք դէպի Խաչեցեալը, որ կատարողն է ձեր խնդրանքներուն, եւ այն ատեն «ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, եղիցի ընդ ձեզ եւ ընդ ամենեսեանդ»։

• Աստուածաշունչի մասին, կը գրէ.

- Ուր որ Աւետարան կը քարոզուի, ուր որ կը ճաշակուի Անոր սեղանը, ուր որ Անոր սէրն ու հաւատքը կը թագաւորեն եւ ուր որ սիրտի խորքէն աղօթքներ կ՚ուղղուին դէպի վեր՝ դէպի Ան, գիտցի՛ր որ Ան այդտեղ է, Իր սիրոյ հոգին կ՚իշխէ այդտեղ եւ Անոր խաղաղութիւնը կը տիրէ: 

- Այո՛, եղբայրներ եւ քոյրեր, փրկութեան միակ աղբիւրը Աստուծոյ խօսքն է, որ անանցանելի է եւ յաւիտեան կը մնայ, եթէ նոյնիսկ երկինքն ու երկիրը անցնին: 

• Քրիստոնէութեան մասին, կը գրէ.

- Գործնական քրիստոնէութիւն, ահա՛ եկեղեցւոյ ներկայի նշանաբանը, խօսքի փոխարէն՝ գործ, քրիստոնէական կենցաղ, ահա էական եւ եկեղեցւոյ ընթանալիք նոր ճամբան, որ եղած է Փրկիչին առաջարկած ճամբան։ Գործնական քրիստոնէութիւն. ահա քրիստոնէական եկեղեցւոյ վերանորոգութեան եւ վերակենդանութեան միակ աղբիւրն ու ուղին:

- Գործնական քրիստոնէութիւնը մեզմէ կը պահանջէ ամբողջ անձով եւ կեանքով նուիրուիլ։ Ծանր եւ լուրջ պատասխանատուութիւն կ՚առնէ մէկը, որ Քրիտսոսին կ՚աշակերտի. անիկա յանձն կ՚առնէ իր եսական բնութեան հակառակ ընթանալ:

- Կրթութիւնը, սիրելիներ, ընդունակ է միայն կազմելու, ձեւացնելու, սակայն քրիստոնէութիւնը կը կամենայ վերակազմել:

Կրթութիւնը մարդուն բնական ուժերը կը զարգացնէ, լաւ է, բայց քրիստոնէութիւնը կը կամենայ բնական մարդը մահացնել՝ ստեղծելով հոգեւոր, աստուածային մարդը, որ լաւագոյնն է: 

• Հայ Եկեղեցիին մասին, կը գրէ.

- Հայ Եկեղեցին հայ ազգի գոյութեան պահպանութեան հիմքը եղած է: Հայ ազգին պատմական կեանքը անոր ստիպած է գաղթականութիւններ հանել զանազան երկիրներ: Հայ Եկեղեցին եղած է, որ իր քարոզով բուն երկրի աւանդական սովորութիւնները, ընտանիքի սրբութիւնը եւ մայրենի լեզուն պահած է, որով եւ պահպանած է հայ ազգը ձուլուելու եւ կորսուելու վտանգէն: 

• Եկեղեցի երթալու մասին, կը գրէ.

- Մենք ալ եկեղեցի կու գանք՝ միասնաբար Աստուծոյ ներկայանալու։ Միթէ մենք ալ պիտի չլուսաւորուի՞նք, երբ տաճարին մէջ իրապէս Աստուծոյ մօտ ըլլանք։ Արդեօք մեր եկեղեցի երթալը, զգալի պիտի չըլլա՞յ մերիններուն, մեր բարեկամներուն եւ ազգականներուն համար, երբ որ տուն վերադառնանք եւ անոնց հանդիպինք։ Միթէ մենք տուն, մեր գործին, մեր կոչումին պիտի վերադառնանք ըստ սովորականի՞ն, առանց որեւէ փոփոխութեան։

Աւելի վատ կշտամբանք չի՛ կրնար ըլլալ մեր տաճար երթալու մասին, քան այն, որ տաճարէն ելլելով՝ մենք նոյնը կը մնանք, եւ ամէն ինչ՝ նախկին վիճակին մէջ։ Դուրսը մենք պէտք է յիշենք, որ մենք միասին տաճարին մէջ Աստուծոյ մօտ եղած ենք, միեւնոյն երգը երգած ենք, նոյն աղօթքը ըրած ենք։ Մէկ հաւատք, մէկ մկրտութիւն, մէկ Աստուած եւ մէկ Հայր ունինք։ Հետաւաբար, կիրակիին յաջորդող շաբթուան օրերու ընթացքին այս մէկը թող երեւի եւ երբ դարձեալ տաճար գաք ու կանգնիք՝ դուք բոլորդ, հարուստ թէ աղքատ, մեծ թէ փոքր, այր թէ կին, կրթուած թէ անուս, կարենաք իրարու ըսել, որ ամբողջ շաբթուան ընթացքին նոյն եղբայրական կապն է, որ պահած էք, ինչ որ տաճարին մէջ ձեռք ձգած էիք:

- Եղբայրներ եւ քոյրեր, եթէ մեր քրիստոնէութիւնը այս տաճարի չորս պատերով եւ ժամասացութեան ժամերով կը սահմանափակուի, մեր աստուածպաշտութիւնը կը դառնայ միմիայն դատարկ ձեւ եւ քրիստոնէութիւնը՝ կեղծ։ Միայն այն ժամանակ արժէքաւոր է մեր եկեղեցի երթալը, երբ մենք այստեղ՝ տաճարին մէջ, ստացած մեր մխիթարութիւնը դուրս տանինք կեանքի մէջ, եւ մեր խիղճը, որ արթնցած է այստեղ, արթուն պահենք նաեւ կեանքի մէջ: 

• Բարեգործութիւն ընելու մասին, կը գրէ.

- Այո, ո՛չ միայն մարդու աչքէն եւ անոր շաղակրատ լեզուէն ծածուկ, այլեւ սեփական հոգիի մեծամիտ միտքերէն ալ ծածուկ պիտի կատարուի բարի գործը, մարդու հոգիէն ազատ եւ ինքնաբերաբար պիտի բխի։ Ինչպէս արեւը կը լուսաւորէ եւ կը ջերմացնէ անհրաժեշտօրէն, ինչպէս ծաղիկը գարնան կը ծաղկի եւ իր բոյրը կը տարածէ իր չորս կողմը, ինչպէս անտառին առուակը ճամբորդին ծարաւը կը յագեցնէ ու կը կազդուրէ զինք, ճիշդ այդպէս նաեւ քրիստոնեայ մարդը, Յիսուսին նմանելով, ներքին պահանջ պիտի զգայ բարին գործելու, մարդու կեանքը երջանիկ դարձնելու։

Նայեցէ՛ք Յիսուսին, Ան աղքատ է, միջոցներէ զուրկ, բայց Անոր կեանքը անդադրում բարերարութիւն է։ Ուր որ Ան կ՚երեւի, ցաւն ու կարիքը կը չքանան: Աշխարհի թշուառներն ու բեռնաւորները կը հաւաքուին Անոր շուրջ եւ Անոր մօտ մխիթարութիւն կը գտնեն։ Սէ՛րն է Անոր աղքատիկ կեանքը հարստացնողը։ Ա՜խ, եթէ մենք ալ, գոնէ փոքր չափով, ունենայինք Անոր Հոգին։ Ա՜խ, այդ սովորական բարեգործութիւնը իր բազմատեսակ արտայայտութիւններով. որքան հաճոյք կը պատճառէ բարերարողներուն, նոյնքան եւ աւելի մեծ տհաճութիւն ու չարիք՝ բարերարուողներուն։ Ան կը նուաստացնէ, կը խլէ մարդոց պատիւի զգացումը ու ինքնայարգութիւնը, կը սպաննէ անոր համարձակութեան ոգին եւ ասոնց փոխարէն նախանձի եւ ատելութեան ոգին կը սնուցանէ։ Ան բարերարուողներուն կը պարտաւորեցնէ երախտագիտական զգացմունքով վարէն վեր նայիլ դէպի իրենց բարերարները, եւ երբ չի կատարուիր այդ պահանջը, ապերախտ կը հռչակուին բարերարուողները:

• Յոյսի մասին, կը գրէ.

- Յո՛յս, կեանքի ի՜նչ մեծ ազդակ ես, սակայն անոնց համար չես՝ որոնք միշտ աշխարհի ճոխ սեղանին առջեւ նստած են եւ պարերու, երգերու ու նուագարաններու քաղցր օրօրներով յափշտակուած՝ վայելքին մրուրը կը քամեն։

Յոյսը նիւթական կեանքի ճոխութեամբ յափրացածներուն համար չէ, այլ անոնց՝ որոնք փոքրիկ ու խոնաւ խրճիթներու մէջ միշտ չոր հացի ընկեր, դռներուն եւ պատուհաններուն ճեղքերէն սուլող ցուրտ քամիէն դողդողալով ու զրնգզրնգալով կանթեղի աղօտ լոյսին առաջ չոքած՝ աղօթքով եւ արտասուքով Արարիչին կ՚աղերսեն, որ թեթեւութիւն շնորհէ իրենց չարատանջ կեանքին։

Յոյսը այն ազգերուն համար չէ, որոնք հարստութեան եւ ուժին ապաւինած՝ ագահ աչքերը յառած են օտարի ազատութեան եւ երկիրներուն, այլ այն ազգերուն՝ որոնց երկիրը սուրի եւ կրակի ճարակ դարձած է, երիտասարդ սերունդը թաւալգլոր ինկած:

• Սիրոյ մասին, կը գրէ.

- Մեր մարդկային սիրոյ գործերուն մէջ աստուածային սէրը կ՚ապրի։ Քրիստոնեա՛յ եղբայրներ, սիրեցէ՛ք զիրար ազնիւ եւ ջերմ սիրով եւ կ՚ըմբռնէք աշխարհի գոյութեան եւ մարդու կեանքին արժէքն ու նպատակը:

- Գործով սէր դէպի մերձաւորը, լայն սիրտ եւ մարդասիրութիւն դէպի մարդը. ահաւասի՛կ էականը:

- Ի՞նչ է սէրը, եթէ ոչ տանջանքին վրայ տարուած յաղթանակ: Երբ ոեւէ մէկուն վիշտը, տանջանքը կը թեթեւցնես, դուն ո՛չ միայն քու սէրդ կ՚արտայայտես անոր նկատմամբ, այլ՝ անոր սիրոյ առարկան կը դառնաս։ Իսկ երբ ուրիշներուն տանջանքները թեթեւցնելու համար քու անձդ չե՛ս խնայեր, դուն կը դառնաս անոնց սիրոյ կուռքը, անոնց աստուածը:

• Կեանքի մասին, կը գրէ.

- Լրջութեամբ նայեցէ՛ք կեանքին, ինչպէ՜ս փոփոխական եւ կարճատեւ է: Սկզբնապէս ուրախ՝ երիտասարդութեան անհոգ շրջանին, որու գեղեցկութիւնն ու փայլքը սակայն շուտով կ՚անցնի: Ապա կու գայ այրական շրջանը, որ պատահականութիւններով լեցուն է՝ կորուստներ, անկատար մնացած իղձեր, կորած յոյսեր, խաբուած փառասիրութիւններ, գոյութեան կռիւ, ընտանեկան հոգեր, դաւաճանած բարեկամութիւն: Եւ վերջապէս կու գայ ծերութիւնը՝ խանգարուած առողջութեամբ եւ նուաղած ու թուլցած միտքով։ Եւ այս ամէնը այնքա՜ն կարճ կը տեւէ, որ մեր մանր դիտաւորութիւնները անդադար կ՚ընդհատեն. մեր չնչին երկերը, մեր ձեռքի ստեղծածը մեզմէ աւելի կ՚ապրին եւ սերունդներուն կը հասնին, որոնց նոյնիսկ մեր անունը յայտնի չ՚ըլլար:

• Հաւատքի մասին, կը գրէ.

- Հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ես միայն մէկ նուէր ունիմ՝ թանկարժէք նուէր մը, բոլոր հաւատացեալներուդ համար, որ կարելի չէ շուկային մէջ գնել աշխարհի ամբողջ հարստութեամբ իսկ, սակայն կարելի է ձրի ստանալ զայն ով կը ցանկայ եւ կը փնտռէ՝ բոլոր տեսակի բարիքներ Պարգեւողէն։ Կենդանի հաւատքն է այդ թանկագին գանձը, եւ կը մաղթեմ Տիրոջ, որպէսզի շնորհէ այն ձեզի։ Ամէն: 

• Աւարտենք Հայրապետին աղօթախառն մտածումներով.

- Միակ ցանկութիւնս կ՚ըլլար, որ մենք բոլորս ալ այսօր, սրտագին խօսք մը ուղղէինք մեր Փրկիչին, ի խորոց սրտի դառնայինք դէպի Ան՝ ըսելով. «Ի՛մ Փրկիչս, ես ալ Պետրոսի նման երբեմն ուրացած եմ Քեզ: Միտքով՝ եսականութեանս եւ աշխարհասիրութեան հաճոյանալով: Խօսքով՝ անտարբերութեամբս եւ անհամարձակութեամբս. գործով՝ փառասիրութեամբս եւ մարդավախութեամբս: Դուն, ո՜վ սրտագէտ Աստուած, գիտես ու կը ճանչնաս սիրտս. գիտես, որ սիրով եւ հաճութեամբ կը կամիմ ծառայել Քեզի, սակայն տկար եմ եւ անկման տրամադիր. խնայէ՜ զիս եւ պահպանէ հոգիս: Ամրացո՜ւր հաւատքս եւ զօրութի՜ւն տուր, որ Քու անունդ չուրանամ աշխարհի եւ մարդոց առջեւ, այլ՝ բոլոր սիրտով սիրեմ ու ճանչնամ Քեզ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»:

- Տէ՜ր Յիսուս Քրիստոս, Դուն Ինքդ կենդանի օրինակն ես խօսքերուդ: Դուն մեզի նման մարմինով եւ արիւնով ապրեցար մեր մէջ եւ մենք Քեզ այդպէս պարզութեամբ ալ կ՚ընդունինք։ Քու գերմարդկային դէմքը չէ, որ կը փնտռենք, ո՛չ ալ սուրբերու լուսեղէն պսակով զարդարուած գլուխդ, որպէսզի Քեզ Աստուծոյ ճշմարիտ վկան եւ առաքեալը համարենք։ Ո՛չ, այլ՝ մենք կը նայինք Քեզի որպէս անպաճոյճ եւ պարզ մարդու, բայց ճիշդ այդտեղ կը տեսնենք Քու մարդկային մեծութիւնդ՝ Քու գերմարդկայնութիւնդ, կը տեսնենք Քու սիրտէդ բխող հարուստ եւ անսպառ սէրը. ու կը զարմանանք եւ կը պաշտենք Քեզ։ Եւ որպէս այդպիսին՝ Աստուծոյ ճշմարիտ Վկան ես մեզի համար, եւ ի դէմս Քեզ՝ մենք Անտեսանելին կը տեսնենք, Որուն՝ Աստուած կը կոչենք։

Երանի՜ թէ մեր մէջ ալ կենդանանար Քու Հոգիդ եւ Քու սէրդ, որպէսզի նաեւ մեր կեանքն ու գործերը վկայէին, որ տիեզերքի մէջ Աստուած կ՚ապրի, որպէսզի նաեւ մեր գոյութիւնը ապացոյց ըլլար Աստուծոյ գոյութեան։ Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024