«ԼՈՅՍ Ի ԼՈՒՍՈՅ…»
Հայաստանեան երաժշտասէր հասարակութիւնը այսօր՝ 24 Մարտին առիթ պիտի ունենայ ներկայ գտնուելու բացառիկ համերգային ծրագրի մը մեկնարկին, որուն մասին ամիսներ շարունակ տեղեկութիւններ կը հրապարակուէին մամուլի էջերուն վրայ:
Այսօր Երեւանի մէջ կը սկսի հռչակաւոր եւ երիտասարդ դաշնակահար ու յօրինող Տիգրան Համասեանի «Լոյս ի լուսոյ» համերգային ծրագիրը: Ծրագրի մեկնարկէն ետք մինչեւ տարեվերջ Տիգրան Համասեան «Լոյս ի լուսոյ»ով շրջագայութեան կը մեկնի զանազան երկիրներ, ինչպէս նաեւ կը շրջի Արցախով՝ ներկայացնելով իր այս տարուան իւրայատուկ նախագիծը:
«Լոյս ի լուսոյ» նախագիծը 5-րդ-20-րդ դարերու միջեւ հայկական հոգեւոր երաժշտութեան նոր մեկնաբանութիւն է՝ նախատեսուած դաշնամուրի եւ երգչախումբի համար։ Հոգեւոր երգերու մշակումները կատարած է Տիգրան Համասեան: Այն հատուածը, որ մտածուած է երգչախումբին համար, կը կատարէ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը՝ խմբավար Յարութիւն Թոփիկեանի ղեկավարութեամբ:
Բացառապէս հոգեւոր երգերէ կազմուած «Լոյս ի լուսոյ» համերգային ծրագրի ընթացքին կը հչեն հատուածներ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի, Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի, Մխիթար Այրիվանեցիի, Գրիգոր Պահլաւունիի, Մակար Եկմալեանի, Կոմիտասի եւ այլոց օրհներգերէն, շարականներն ու տաղերը, որոնք որպէս կանոն համերգասրահներուն մէջ չեն հնչեր, այլ սովորաբար եկեղեցական արարողութիւններէն ծանօթ են այդ գործերը: «Լոյս ի լուսոյ» համերգին հայկական հոգեւոր երգերը ողջ տարուան մէջ թէ՛ համերգասրահներէն կը հնչեն եւ թէ եկեղեցիներու մէջ, քանի որ Տիգրան Համասեան նախատեսած է մինչեւ տարեվերջ նուագահանդէսներ ունենալ նաեւ զանազան երկիրներու հայկական ու ոչ-հայկական եկեղեցիներու մէջ: Երեւանեան այսօրուան համերգէն ետք յաջորդ համերգը տեղի պիտի ունենայ 18 Ապրիլին՝ Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքին մէջ: Տիգրան Համասեան մինչեւ տարեվերջ այս նախագծով ելոյթներ պիտի ունենայ Վրաստանի, Իրանի, Լիբանանի, Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ: Դեկտեմբերին համերգաշարը կ՚ամփոփուի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Տիգրան Համասեանի հայ հոգեւոր երգերու մեկնաբանութիւնը շատ գրաւիչ է եւ օտարները կրնայ հետաքրքրել եւ սիրոյ կապ ստեղծել մեր հոգեւոր մշակոյթին հետ:
Համասեան ըսած է, որ մեր հոգեւոր երաժշտութիւնը բաղկացած է գանձերէ, եւ մենք պէտք է հպարտանանք, որ նման ժառանգութեան տէրն ենք: Երաժիշտը հոգեւոր երաժշտութեան հաղորդակից դարձած է տակաւին 13-14 տարեկանին:
«Լոյս ի լուսոյ» համերգային նախագծի բոլոր համերգները նախատեսուած է տեսագրել եւ հետագային անոնցմով պատրաստել ժապաւէն մը:
«ԱՄԵՆԱԳՐԱՒԻՉ ՃԱԶ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐԸ»
Աշխարհի մէջ նշանաւոր հայ դաշնակահարներու ցանկին վրայ վերջին տասնամեակին աւելցած է Տիգրան Համասեանին անունը, իբրեւ երիտասարդ ու տաղանդաւոր ճազ յօրինող ու դաշնակահար: Համասեան ծնած է 1987 թուականին, Հայաստանի Կիւմրի քաղաքը: Աւարտած է Երեւանի Միքայէլ Միրզոյեանի անուան երաժշտական դպրոցը, այնուհետեւ, ընդունուած՝ Չայքովսքիի անուան երաժշտական ուսումնարան: 1997 թուականին սկսած է ճազի դասերու եւ իր առաջին յօրինումները կը պատկանին այս շրջանին: Ան հետագային ուսանած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Ճազային հանրութեան համար Տիգրան Համասեան յայտնութիւն դարձած է, երբ տակաւին տասնմէկ տարեկան էր, 1998 թուականին՝ Երեւանեան առաջին ճազ փառատօնի ժամանակ:
2000 թուականը բախտորոշ եղած է Տիգրան Համասեանի համար։ Այդ ժամանակ Երեւանեան երկրորդ միջազգային ճազային փառատօնի ծիրէն ներս շնորհաշատ երաժիշտը ծանօթացած է Չիք Քորէայի, Աւիշա Քոհէնի եւ ֆրանսահայ ճազային դաշնակահար, փառատօներու կազմակերպիչ Ստեփան Կոճոյեանի հետ, որուն հրաւէրով տարի մը վերջ մասնակցած է կարգ մը հեղինակաւոր փառատօներու: Տիգրան Համասեան բազմաթիւ անգամներ արժանացած է հեղինակաւոր մրցանակներու. 2003 թուականին Փարիզի ճազային դաշնակահարներու միջազգային մրցոյթին արժանացած է երրորդ մրցանակին, առաջին մրցանակի արժանացած է բազմաթիւ հեղինակաւոր մրցոյթներու ընթացքին. ինչպէս՝ Jazz a Juan Revelations-ը եւ Mont-reux Jazz Solo Piano Competition-ը: 2005 թուականին Մոսկուայի դաշնակահարներու ճազային միջազգային մրցոյթին արժանացած է երրորդ դիրքին, իսկ 2006 թուականին առաջին մրցանակի արժանացած է Մոնաքոյի ճազային դաշնակահարներու եւ Թելոնիուս Մոնքի (Thelonious Monk) անուան մրցոյթներուն: 2006 թուականին Ուաշինկթընի մէջ հայ երաժիշտը շահած է ճազի համաշխարհային ամենամեծ մրցանակը՝ Thelonius Monk-ը:
2006 թուականէն սկսեալ Տիգրան Համասեան թողարկած է չորս սկաւառակ, որոնցմէ մէկը՝ «A Fable» անուանումով, 2011 թուականին լոյս ընծայուած է «Universal Music» ընկերութեան կողմէ: Բրիտանական «Կարտիըն» պարբերականը ժապաւէն մը նկարահանած է Համասեանի մասին եւ զայն կոչած է «Ամենագրաւիչ ճազ դաշնակահարը»: 2003 թուականին Տիգրան Համասեան ընտանիքով տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ: Այսօր Տիգրան Համասեան կը նուագէ, ելոյթներ կ՚ունենայ իր խումբին եւ ճազի աստղերու հետ, կը ստեղծագործէ, ընդունելով համերգներու հրաւէրներ՝ հանդէս կու գայ մենահամերգներով եւ կը մասնակցի աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցող փառատօներու:
Վերջին տարիներուն յաճախացած են անոր այցերը Հայաստան: Հայաստանի հետ իր վերջին սերտ կապերուն մասին գրած է ամերիկեան «Էն.Փի.Առ.» ձայնասփիւռի (npr.org) կայքը, որ հարցազրոյց մը կատարած է արուեստագէտին հետ, նշելով, թէ Համասեան ծնած է Հայաստան, տեղափոխուած է Լոս Անճելըս, Նիւ Եորք, այնուհետեւ վերադարձած հայրենիք՝ իր արմատներուն հետ ընդելուզուելու համար:
Մեր նշանաւոր հայրենակիցը այդ հարցազրոյցի ժամանակ խօսած է իր հայրենի փոքր երկրին տխուր պատմութեան, նաեւ՝ իր կատարողական արուեստին մասին, նշելով, որ դաշնամուրի աւանդական մօտեցումներուն զուգընթաց պէտք է այդ գործիքին վրայ ըլլան նաեւ ժամանակակից մօտեցումներ, որոնք կը բացայայտեն դաշնամուրի բազմաթիւ կարելիութիւնները։ Այդ միջոցն է, որ ինք որդեգրած է եւ որով նշանաւոր դարձած է աշխարհի մէջ:
Տակաւին երկու տարի առաջ Համասեանի մասին «Կարտիըն» գրած է «Քսանվեց տարեկանին այս փոքր, խենդ ամերիկահայը ճազի ամենակրքոտ դաշնակահարն է, որ դահլիճներ կը լեցնէ եւ բուռն գովասանքի կ՚արժանանայ բազմաթիւ ծանօթ անձնաւորութիւններու կողմէ. ինչպէս՝ Չիք Քորէա, Պրէտ Մելտըն եւ Հէօրպի Հենքոք, որ Համասեանի մասին ըսած է. «Տիգրա՛ն, դուն այժմ իմ ուսուցիչս ես»: Բայց Համասեան ինք անգամ համոզուած չէ, թէ ճազ երաժշտութիւն կը ստեղծէ: Ան ըսած է, թէ լեզուն, զոր կը գործածէ՝ հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնն է, մնացեալը յանկարծաստեղծութիւն է:
ՆՈՐ ՍԿԱՒԱՌԱԿ
Տիգրան Համասեանի վերջին սկաւառակը, որ թողարկուեցաւ այս տարուան Փետրուարին, կը կոչուի «Mockroot»: Ինչպէս ըսած է երաժիշտը, ինք այս նոր սկաւառակի պատրաստութեան ընթացքին մասամբ ներշնչուած է Պետրոս Դուրեանի ստեղծագործութիւններէն, սակայն անհրաժեշտութիւն չէ զգացած օգտագործելու Դուրեանի բանաստեղծութիւնները՝ գրողին շունչը փոխանցելու համար: Պարզապէս ան բանաստեղծին քերթուածներուն ներշնչմամբ ստեղծուած երգերը մեկնաբանած է յօրինուած հնչիւններով: Համասեան ըսած է, թէ Դուրեանի բանաստեղծութիւններուն մէջ լոյս կայ, եւ ան համամիտ չէ այն տեսակէտին, թէ Դուրեան տխուր բանաստեղծ մըն է:
Այսօր Տիգրան Համասեան կը նուագէ, ելոյթներ կ՚ունենայ իր խումբին եւ ճազի աստղերուն հետ, կը ստեղծագործէ, ընդունելով հրաւէրներ՝ հանդէս կու գայ մենահամերգներով եւ կը մասնակցի աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ տեղի ունեցող փառատօներու ընթացքին: Ան Հայաստանի մէջ յաճախ կ՚ունենայ բարեգործական համերգներ:
Այս տարուան Սեպտեմբերին կը թողարկուի անոր հերթական սկաւառակը՝ «Լոյս ի լուսոյ» խորագրով, որուն մէջ կ՚ըլլան հայկական հոգեւոր երաժշտութեան իր մշակումները:
ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ՝ ՏԻԳՐԱՆ ՀԱՄԱՍԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹՆԵՐԷՆ ՈՒ ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐԷՆ
«Իմ մանկութեանս Կիւմրին երբեք չեմ մոռնար, կը փափաքիմ երկու ամիսով գալ, ուղղակի հանգստանալ, պարապիլ: Ես ո՛ր բարձունքի ալ հասնիմ՝ իմ ծննդավայրը չեմ մոռնար, Կիւմրին անկարելի է մոռնալ: Հանդիսատեսի առումով ալ Կիւմրին, իրապէս, տարբեր է»:
*
«Ես կրնամ ամերիկացի հազարաւոր տաղանդաւոր երաժիշտներու անուններ տալ: Անոնք այնքա՜ն շատ են, եւ այնքա՜ն ուժեղ է այնտեղ մրցակցութիւնը: Երեւակայեցէք՝ անոնք, իրաւ, պէտք չէ քնանան՝ յաջողութեան հասնելու համար: Բայց ես ուրախ եմ, որ յանկարծ ինկայ նոյն այդ ամերիկեան միջավայրը: Ես միայն այն տեղ հասկցայ, թէ ի՛նչ կը ներկայացնեմ ես ինձմէ: Եւ հասկցայ, թէ ո՞վ էի ես այդ միլիոնաւոր տաղանդաւոր մարդոց քով: Բայց տեսա՞ք, որ բան մը ստացուեցաւ: Այո՛, դժուարութիւնները անհամար են: Բայց պէտք է յաղթահարել: Ընդհանրապէս, երախաներուն հետ պէտք է զբաղիլ պզտիկ տարիքէն։ Երբ երեք տարեկան էի, ինձմով զբաղուած է իմ հօրեղբայրը: Ան ինծի հետեւած է, ուղղութիւններ ցոյց տուած է, միշտ իմ քով եղած է: Ան ինծի այնպէս դաստիարակած է, որ ես աշխատանքի նկատմամբ վերաբերմունք ունենամ»:
*
«Երբ նոր սկսած էի առաջին մշակումներս կատարել, Լոս Անճելըսի մէջ ես հանդիպեցայ Տիգրան Մանսուրեանին հետ, ցոյց տուի իմ մշակումներէն հատուածներ, մենք քննարկեցինք, ան լաւ խորհուրդներ տուաւ, բայց ամենամեծ խորհուրդները ինծի տուած են մեր հոգեւոր երաժշտութեան հայրերը»:
*
««Լոյս ի լուսոյ» նախագծի հիմնական նպատակն է երախտագիտութիւն յայտնել հայկական հոգեւոր երաժշտութեան հիմնադիրներուն, մեծերուն: Կոմիտասը, ինչպէս եւ միւսները, կարելի չէ քարացնել եւ դարձնել թանգարանային նմոյշ: Չեմ ընդունիր նման մօտեցումը: Պէտք է ըլլան վերամշակումներ, թէեւ վատ, բայց պէտք է ըլլան, որպէսզի ստեղծագործական մակարդակ ստեղծեն»:
«Մեր անցեալը պէտք չէ ներկայացնենք լաց ու կոծով, այլ, ընդհակառակը, պէտք է ցոյց տանք, որ ամէն ինչէն ետք ալ մենք կրցած ենք ոտքի կենալ եւ հիմա ունինք մշակոյթ, որով կրնանք աշխարհին ներկայանալ»:
*
«Տաղանդաւոր մարդիկ պէտք չէ կորսնցնեն իրենց յոյսը ու անպայման կը գտնեն իրենց ճանապարհը, պէտք է միշտ գիտնան, թէ ի՛նչն է կարեւորը, իրենք ի՛նչ կ՚ուզեն: Հայաստանի մէջ աւելի դիւրին կը գայթակղին եւ կը յուսահատին: Ես, օրինակ, շատ վատ տարիներ տեսած եմ Կիւմրիի մէջ: Հայրս առաւօտեան ժամը 6-ին կ՚երթար հաց բերելու, հացի համար կարգի կը սպասէր, ու երբ հացը տուն կը բերէր, մենք չէինք հասկնար, թէ ան ինչ բանէ պատրաստուած է: Մեր ընտանիքը շատ բարդ օրերու միջով անցած է, բայց բնաւ չենք յուսալքուած: Իմ հօրեղբայրը շատեր խենդ կը կարծէին, բայց ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ինծի, որովհետեւ կը հաւատար ինծի: Մեզի համար ամենակարեւորը յոյսը չկորսնցնելն է: Պէտք է յոյս տալ տաղանդաւոր մարդոց: Ասանկ թէ անանկ՝ ամէն մարդ իր ճանապարհը ունի եւ անպայման կը գտնէ այդ ճանապարհը, ու երբ գտնէ զայն, ան չի յոգնիր, կ՚աշխատի, ոչ թէ յոյսը կը կորսնցնէ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ