ՆՈՐ ԱՌԻԹ՝ «ՈՒԻՔԻ ՃԱՄԲԱՐ»

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ ա­ռիթ ու­նե­ցած է Ե­րե­ւա­նի մէջ Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տան գրա­սե­նեա­կի բա­ցու­մին ա­ռի­թով անդ­րա­դառ­նա­լու «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն» հիմ­նադ­րա­մին եւ ա­նոր ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ծրագ­րե­րուն: «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն» գի­տակր­թա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հիմ­նուած է 2013 թուա­կա­նին՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով խթա­նել ուի­քի նա­խա­գի­ծե­րու տա­րա­ծումն ու զար­գա­ցու­մը՝ հա­յաշ­խար­հի մէջ եւ ընդ­հա­նրաց­նել ա­զատ գի­տե­լի­քի գա­ղա­փա­րը։ Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ զա­նա­զան նա­խա­գի­ծեր, ո­րոնց­մէ յա­ռա­ջա­տարն է «Ո­ւի­քի­փե­տիա Հա­յաս­տա­ն­»ը: «Ո­ւի­քի­փե­տիա Հա­յաս­տա­ն­»ը մի­ջազ­գա­յին «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ի հայ­կա­կան տար­բե­րակն է, եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ ընդ­հան­րա­պէս Ո­ւի­քի­փե­տիա­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին «Ո­ւի­քի­մե­տիա» հիմ­նադ­րամ­նե­րու մի­ջո­ցաւ: Ո­ւի­քի­մե­տիա­յի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուող նա­խա­գի­ծե­րէն են (որ կը կո­չուին ուի­քի­ներ) Ո­ւի­քի­բա­ռա­րա­նը, Ո­ւի­քի­քա­ղուած­քը, Ո­ւի­քի­գիր­քե­րը, Ո­ւի­քի­դա­րա­նը, Ո­ւի­քի­լու­րե­րը, Ո­ւի­քիլ­սա­րա­նը եւ այլն: «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ն ա­զատ բո­վան­դա­կու­թեամբ բազ­մա­լե­զու հա­մայ­նա­գի­տա­րան մըն է, ուր ա­մէն մարդ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նի ա­զա­տօ­րէն մի­ջամ­տե­լու։ Ո­ւի­քի­փե­տիան եւ քոյր նա­խա­գի­ծե­րը հա­մա­ցան­ցին վրայ ա­մե­նէն շատ այ­ցե­լուած հինգ կայ­քե­րէն են եւ այ­սօր կը զար­գա­նան մեծ ա­րա­գու­թեամբ: «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ն օ­րա­կան մի­լիո­նա­ւոր ըն­թեր­ցող­ներ ու­նի, եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ՝ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր կա­մա­ւոր խմբա­գիր­ներ՝ աշ­խար­հի բո­լոր ան­կիւն­նե­րէն, ո­րոնց թի­ւը օ­ր ըստ օ­րէ կ՚ա­ւել­նայ: Շատ մը զար­գա­ցած եր­կիր­նե­րու մէջ «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ն եւ Ո­ւի­քի ա­նու­նը կրող քոյր նա­խա­գի­ծե­րը դպրոց­նե­րու եւ հա­մալ­սա­րան­նե­րու ու­սում­նա­կան ծրա­գի­րին պար­տա­դիր մաս կը կազ­մեն: «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ն ո­րա­կա­ւոր կրթա­կան նիւ­թեր ստեղ­ծե­լու եւ հա­յե­րէ­նը (այս պա­րա­գա­յին՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը) իր բազ­մա­զա­նու­թեամբ հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու սքան­չե­լի մի­ջոց մըն է: Նաեւ մաս­նակ­ցող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար լաւ ա­ռիթ մըն է՝ զի­րենք հե­տաքրք­րող նիւ­թե­րուն մա­սին հա­յե­րէ­նով գրե­լու, խմբա­յին փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգե­լու եւ զա­նա­զան տե­ղե­րէ ե­կած նոր ըն­կեր­նե­րու հետ բա­րե­կա­մու­թիւն հաս­տա­տե­լու։

Ո­ւի­քի­փե­տիան այ­սօր կը նկա­տուի աշ­խար­հի մէջ կայ­ծակ­նա­յին ա­րա­գու­թեամբ զար­գա­ցող նա­խա­գի­ծե­րէն մէ­կը. օ­րա­կան ամ­բողջ աշ­խար­հէն գրե­թէ ութ­սուն մի­լիոն մուտք կը կա­տա­րուի այս կայ­քը: Մար­դիկ մուտք կը գոր­ծեն զի­րենք հե­տաքրք­րող նիւ­թի մը մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լու, իսկ ու­րիշ­ներ ալ օ­րա­կան դրու­թեամբ կը տե­ղադ­րեն եւ կը խմբագ­րեն հա­զա­րա­ւոր յօ­դուած­ներ։ Հա­յաս­տա­նը նոյն­պէս ետ չի մնար մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քէն. մի­ջին հա­շուով հայ­կա­կան առ­ցանց հա­մա­յ­­նա­գի­տա­րա­նին մէջ օ­րա­կան շուրջ հա­րիւր յօ­դուած կը տե­ղադ­րուի կամ ար­դէն նա­խա­պէս տե­ղադ­րուած­նե­րը կը լրա­ցուին:

«Ո­ւի­քի­փե­տիա»ի մի­ջազ­գա­յին նա­խա­գի­ծե­րու շար­քին կայ մէ­կը՝ «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր­»ը, որ «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն» կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ յղա­ցուած ու մէջ­տեղ բե­րուած կրթա­կան ծրա­գիր մըն է, զայն ներ­մու­ծած են հա­յե­րը, եւ այդ ա­ռու­մով նո­րու­թիւն մըն է ուի­քի աշ­խար­հին մէ­ջ: «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր­»ը մեկ­նար­կած է 2014 թուա­կա­նի ամ­րան եւ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ա­մէն տա­րի եւ ու­նի հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զատ ճամ­բար­ներ, ո­րոնց նպա­տա­կը՝ պա­տա­նի­ներ ու ե­րի­տա­սարդ­ներ քա­ջա­լե­րել եւ օգ­նել է, որ­պէս­զի ի­րենց գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րեն հա­յա­լե­զու «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ի խմբագ­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն: «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն­»ը մին­չեւ այ­սօր եօ­թ «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր» կազ­մա­կեր­պած է, վե­ցը՝ Հա­յաս­տան, եւ մէ­կը՝ Լի­բա­նան։ «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն­»ի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին «Ո­ւի­քի­մա­նիա 2014»ին կող­մէ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցուե­ցաւ որ­պէս տար­ւոյն ա­մե­նէն յա­ջող ու հա­մակ­րե­լի ծրա­գի­րը:

Յա­ռա­ջի­կայ ա­մառ՝ Օ­գոս­տոս 17-26 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն­»ը կը կազ­մա­կեր­պէ իր հեր­թա­կան «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր­»ը: Այս տա­րի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կի ա­ջակ­ցու­թեամբ Փոր­թու­գա­լի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Լիզ­պո­նէն մէկ ժամ հե­ռու գտնուող Էշտ­րե­մա­տու­րա պատ­մա­կան շրջա­նի Քա­տա­ւալ գե­ղե­ցիկ գիւ­ղա­քա­ղա­քին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ի զար­գաց­ման նուի­րուած «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր» մը։

«Ո­ւի­քի­մե­տիա»ի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ծրագ­րե­րուն, ինչ­պէս նաեւ յա­ռա­ջի­կայ Օ­գոս­տո­սին Փոր­թու­գա­լի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք ճամ­բա­րի մա­սին տե­ղե­կա­տուու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ կապ հաս­տա­տեց «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն» աւ­րեւմ­տա­հա­յե­րէն նա­խա­գի­ծի հա­մա­կար­գող Ազ­նիւ Ստե­փա­նեա­նին հետ: Տի­կին Ազ­նիւ, որ եր­կու տա­րի ա­ռաջ Հա­լէ­պէն Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուե­լով, մաս կազ­մած է «Ո­ւի­քի­մե­տիա» հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի ծրագ­րե­րուն եւ իր նշա­նա­կա­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա»ի հարս­տաց­ման ու զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ, յայտ­նեց, որ այս պա­հուն ար­դէն ստեղ­ծուած է 3572 ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն յօ­դուած, ո­րոնք զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու կը վե­րա­բե­րին: Ազ­նիւ Ստե­փա­նեան յայտ­նեց, որ այս տա­րի Փոր­թու­գա­լի մէջ կա­յա­նա­լիք «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր­»ին կրնան մաս­նակ­ցիլ ա­րեւմ­տեան եւ ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յէն, Թուր­քիա­յէն եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն՝ 16-25 տա­րե­կա­նի մի­ջեւ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք ցան­կու­թիւն ու­նին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ն զար­գաց­նե­լու: Հա­յաս­տա­նէն եւ Լի­բա­նա­նէն մաս­նա­կից­նե­րու ընտ­րու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ ա­նոնց ար­դէն իսկ կա­տա­րած ներդ­րում­նե­րու հի­ման վրայ: Թե­րեւս Լի­բա­նանն ու Հա­յաս­տա­նը այն վայ­րերն են, ուր­կէ ա­մե­նէն շատ խմբա­գիր­նե­րը ընդգր­կուած են ա­րեւտ­մա­հա­յե­րէն յօ­դուած­ներ գրե­լու գոր­ծին մէջ: Աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կրող խմբա­գիր­ներ օ­րէ օր կը ներգ­րա­ւուին այս գոր­ծին մէջ՝ զգա­լով աշ­խար­հի ա­մե­նէն մեծ հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նին մէջ ա­րեւտ­մա­հա­յե­րէն յօ­դուած­ներ շատց­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Այ­նու­հան­դերձ, կը զգա­ցուի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով գրող­նե­րու պա­կաս: Նոյ­նը չէ պա­րա­գան ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի պա­րա­գա­յին. «Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա»ի մէջ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով ստեղ­ծուած յօ­դուած­նե­րը ար­դէն հա­տած են 193109-ի սահ­մա­նը:

Ազ­նիւ Ստե­փա­նեան նաեւ տե­ղե­կա­ցուց, որ Փոր­թու­գա­լի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր­»ի ա­ռօ­րեան կ՚ընդգր­կէ նախ՝ չորս ժամ խմբագ­րա­կան աշ­խա­տանք, ո­րոնք կ՚ընդ­մի­ջուին մար­զա­կան խա­ղե­րով: Օ­րուան երկ­րորդ կէ­սին՝ մաս­նա­կից­նե­րը մտա­յին խա­ղեր, բա­նա­վէ­ճեր, կամ ե­րաժշ­տա­կան ե­լոյթ­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն եւ հայ­կա­կան եր­գեր ու պա­րեր կը սոր­վին: Ա­մէն օր կ՚ընտ­րուին օ­րուան լա­ւա­գոյն խմբա­գիրն ու լա­ւա­գոյն յօ­դուա­ծը, իսկ ճամ­բա­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան՝ «Ո­ւի­քի­փե­տիա»էն ներս ներդր­ման լա­ւա­գոյն նի­շե­րը ու­նե­ցող ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը հրա­ւի­րուին Հա­յաս­տան տե­ղի ու­նե­նա­լիք յա­ջորդ «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր­»ին:

Դի­մել փա­փա­քող­նե­րէն եր­կու հիմ­նար­կու­թիւն­նե­րը՝ «Ու­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն»ն ու «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կե­նեա­ն­»ը կը խնդրեն լեց­նել հար­ցա­թեր­թի­կը, որ զե­տե­ղուած է եր­կու հիմ­նարկ­նե­րու կայ­քէ­ջե­րուն մէջ:

Ընտ­րուող­նե­րուն ճամ­բոր­դու­թեան եւ կե­ցու­թեան ծախ­սե­րը կը հո­գան «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն­»ը եւ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կու­թիւ­նը:

Այս ա­ռու­մով ող­ջու­նե­լի է «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կի դե­րը՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման ու տա­րած­ման ուղ­ղուած ջան­քե­րու ա­ռու­մով: Տաս­նեակ ծրա­գեր նա­խա­ձեռ­նած է հիմ­նար­կը՝ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ ոչն­չա­ցող լե­զու­նե­րու կար­գին յայտ­նուած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը փրկե­լու, զայն ա­ւե­լի տա­րա­ծե­լու, ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի մօտ լե­զուի հան­դէպ սէր արթն­ցե­լու ա­ռու­մով: «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կը կազ­մա­կեր­պած է հա­մա­ժո­ղով­ներ, աշ­խա­տա­նոց­ներ, կնքած է յու­շագ­րեր, կազ­մած է յանձ­նա­խում­բեր՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի տա­րած­քին ամ­րապն­դե­լու, նոր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ բա­նա­լու եւ ե­ղած դպրոց­նե­րուն օ­ժան­դա­կե­լու, սա­տար կանգ­նե­լու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն տպա­գիր եւ առ­ցանց մա­մու­լին, տպագ­րա­կան, թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տան­քի սկսե­լու եւ այլ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով: «Կիւլ­պէն­կեա­ն­»ը, որ­պէս Սփիւռ­քի մէջ հիմ­նուած կազ­մա­կեր­պու­թիւն, ա­մէն ջանք կը թա­փէ, որ­պէս­զի Սփիւռ­քը կա­րե­նայ իր ինք­նու­թիւ­նը պահ­պա­նել, իսկ ինք­նու­թեան պահ­պան­ման գլխա­ւոր գրա­ւա­կա­նը լե­զուն է:

«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա»ին ա­ջակ­ցի­լը «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կի հեր­թա­կան ծրագ­րե­րէն է, այն քաջ գի­տակ­ցու­թեամբ, որ Ո­ւի­քի­փե­տիան այ­սօր աշ­խար­հի տա­րած­քին կայ­ծակ­նա­յին ա­րա­գու­թեամբ զար­գա­ցող ծրագ­րե­րէն մին է, ո­ր գոր­ծա­ծա­կան է մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, նոր սե­րուն­դի կող­մէ, ինչ որ կրնայ լրա­ցու­ցիչ խթան հան­դի­սա­նալ՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն յօ­դուած փնտռե­լու պա­րա­գա­յին օգ­տուիլ այդ աղ­բիւ­րէն: Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը այդ ծրա­գի­րով ո՛չ միայն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով կ՚ար­տա­յայ­տուին եւ նիւ­թե­րը ընտ­րե­լու ա­զա­տու­թիւ­նը ու­նին, այ­լեւ կա­րե­լիու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նան աշ­խար­հով մէկ ի­րա­րու հետ կապ հաս­տա­տե­լու եւ ընդ­հա­նուր ցանց մը գո­յաց­նե­լու:

՚Ո­ւի­քի­փե­տիա»ն այն հար­թակ­նե­րէն մէկն է, որ կա­րե­լիու­թիւն ու­նի լե­զուն պահ­պա­նե­լու եւ զայն փրկե­լու կո­րուս­տէ: Ճիշդ է՝ «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը տա­կա­ւին ա­ռան­ձին օ­րի­նա­գիրք (code) չու­նի, բայց «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն» հիմ­նադ­րա­մը դի­մած է Չա­փա­նիշ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թիւն՝ այդ կա­նո­նա­գի­րը ստա­նա­լու եւ շու­տով այդ խնդիրն ալ կը լու­ծուի: Աշ­խար­հի վրայ կան այլ լե­զու­ներ ալ, ո­րոնք առ­ցանց հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նին մէջ ի­րենց եր­կու ճիւ­ղե­րը կը պահ­պա­նեն. օ­րի­նակ՝ սպի­տակ­ռու­սե­րէ­նը. յօ­դուած­ներ կը տե­ղադ­րուին թէ՛ հին սպի­տակ­ռու­սե­րէ­նով եւ թէ՛ նոր: Այլ լե­զու­ներ եւս կան: Անգ­լե­րէնն ալ «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ի մէջ ու­նի եր­կու տար­բե­րակ՝ անգ­լե­րէ­նի կող­քին կայ նաեւ պարզ անգ­լե­րէ­նը, ո­ր թէեւ լե­զու չէ, բայց տար­բե­րակ մըն է՝ պարզ անգ­լե­րէն նա­խընտ­րող­նե­րուն հա­մար: Յուսանք, որ Չա­փա­նիշ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը այդ կա­նո­նա­գի­րը կը տրա­մադ­րէ եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ի մէջ կը ներ­կա­յա­նայ իբ­րեւ ա­ռան­ձին լե­զու մը եւ ոչ թէ՝ են­թա­լե­զու:

ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քին «Յա­նուն կեն­սու­նակ ա­պա­գա­յի մը» հնգա­մեայ ծրա­գի­րէն

Հա­յե­րը պատ­մա­կա­նօ­րէն նոր ար­հես­տա­գի­տու­թեան մէջ ա­ռա­ջին գծի վրայ ե­ղած են, զայն յար­մարց­նե­լով հայ մշա­կոյ­թի կա­րիք­նե­րուն։ Պէտք է շա­րու­նա­կենք այս ա­ւան­դու­թիւ­նը եւ քա­ջա­լե­րենք ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան գոր­ծա­ծու­թիւ­նը՝ լե­զուի ու­սու­ցու­մի, մշա­կոյ­թի ար­տադ­րու­թեան եւ, յատ­կա­պէս, հա­յե­րէ­նը ե­րի­տա­սար­դու­թեան «ար­հես­տա­գի­տա­կան աշ­խար­հ­»ի մաս դարձ­նե­լու հա­մար։ Այդ­պի­սի­նե­րու շար­քին, հա­մա­ցան­ցա­յին դա­սըն­թացք­ներ եւ ե­լեկտ­րո­նա­յին ու­սուց­ման այլ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ, մշա­կոյ­թի ու լե­զուի նո­րա­րար ծրագ­րոյթ­ներ (app), փո­խազ­դա­կան ե­լեկտ­րո­նա­յին հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ (նե­րառ­նե­լով լսա­տե­սո­ղա­կան եւ այլ նոր մի­ջոց­նե­րու ար­հես­տա­գի­տու­թիւն), առ­ցանց հա­մախմ­բում­ներ (online networks) եւ նման ձեռ­նարկ­ներ լրջօ­րէն նկա­տի պի­տի առ­նուին օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար։ Շեշ­տը պի­տի դնենք այն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն վրայ, ո­րոնք ե­լեկտ­րո­նա­յին ձե­ւով հա­սա­նե­լի են աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ ո­րոնք ա­նոր կը բե­րեն հայ մշա­կոյ­թը՝ քա­ջա­լե­րե­լով մշա­կոյ­թի ար­տադ­րու­թիւ­նը։ Կ՚ու­զենք բազ­մաց­նել հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը թուա­յին տա­րած­քին մէջ, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տանք, որ ան կեն­սա­կան է լե­զուի պահ­պան­ման հա­մար։ Այդ­պի­սի քայլ մը պի­տի քա­ջա­լե­րէ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, որ­պէս­զի հայ մշա­կոյ­թը զու­գակ­ցեն նո­րա­րա­րու­թեան եւ ար­հես­տա­գի­տու­թեան, փո­խա­նակ միայն «հի­ն­»ին ու «ան­ցեա­լ­»ին հետ։ Հա­յե­րէ­նը պէտք է կա­պակ­ցուի այժ­մէա­կա­նի, նո­րի եւ նո­րա­րա­րի հետ, ե­թէ կ՚ու­զենք, որ ան իր հնչե­ղու­թիւ­նը պա­հէ յա­ջորդ սե­րուն­դին մօտ։ Ե­թէ յա­ջո­ղինք, որ մեր յատ­կա­ցում­նե­րը յա­ջոր­դող քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին յա­ռա­ջաց­նեն քսա­նեակ մը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն խօ­սող մտա­ւո­րա­կան­ներ (եւ օգ­նեն ա­նոնց գոր­ծի տե­ղա­ւո­րու­մին), ինչ­պէս եւ հա­զա­րա­ւոր ան­ձեր, ո­րոնք ի­րենց ա­ռօ­րեան հա­յե­րէ­նով ապ­րին Սփիւռ­քի մէջ, ու­րեմն կա­րե­ւոր նպաստ մը բե­րած կ՚ըլ­լանք լե­զուի պահ­պան­ման։

***

«Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը մար­դա­սի­րա­կան շատ հա­րուստ ա­ւան­դու­թիւն մը ու­նի հա­յու­թեան մէջ։ Այդ ա­ւան­դու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կենք, պի­տի ար­դիա­կա­նաց­նենք եւ պի­տի դնենք ա­մուր հիմ­քե­րու վրայ, որ­պէս­զի բա­ժան­մուն­քը շա­րու­նա­կէ ծա­ռա­յել շատ եր­կար ժա­մա­նակ իբ­րեւ մնա­յուն Հիմ­նար­կու­թեան լիի­րաւ բա­ժին։ Կ՚ու­զենք ա­պա­հո­վել, ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րու հա­մար, որ Հիմ­նար­կու­թիւ­նը հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, հայ մշա­կոյթն ու լե­զուն, յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը փրկե­լու եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան մղե­լու օ­րուան հրա­մա­յա­կա­նին ըն­դա­ռաջ գա­ցած է։ Ա­սի­կա ը­նե­լու հա­մար պէտք է հին, պահ­պա­նո­ղա­կան մօ­տե­ցում­նե­րէ վեր կե­նանք, վտանգ­ներ դի­մագ­րա­ւենք եւ հայ­կա­կան հա­սա­րա­կու­թեան նպաս­տե­լու նոր ձե­ւեր որ­դեգ­րենք։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016