ՎԱԽԱԶԴԵՑԻԿ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ
Ծնած եմ տխուր եւ անբախտ տարի մը, Կիրակի առաւօտ, զրկելով մայրս Աստուածածնի նուիրուած պատարագէն: Եթէ աղջիկ ծնէի, անպայման Մարիամ անունը պիտի ստանայի: Ծնած թուականս կը զուգադիպէր Աստուածածնայ տօնին.- 17 Օգոստոս, 1958:
Հակառակ հայր եւ մայր ունենալուս, որբ մանկութիւն մը ունեցած եմ իր յիշատակելի ողբերգութիւններով եւ դառնութիւններով:
Մայր ունեցած եմ, բայց դէմքին վրայ շատ քիչ անգամ ժպիտ տեսած եմ: Իր ալեկոծ ներաշխարհը ուրուագծուած էր դէմքին վրայ: Նոյնիսկ զիս սիրած ժամանակ իր տխուր աչքերը հանդիպած են մանուկի աչքերուս: Ծնունդէս առաջ, հայրս եօթը տարի տունէն բացակայած է: Հօրս մեկնումէն երկու ամիս յետոյ ծնած եմ:
Մայրս իբրեւ սպասուհի աշխատած է անգլիացի մեծահարուստ ընտանիքի մը քով: Այս ընտանիքին հայրը հայ էր, Փօլատեան մականունով, որ շարժապատկերի միջազգային ընկերութեան մը լուսանկարիչներէն էր: Այս զոյգին միակ դժբախտութիւնը զաւակ չունենալն էր: Մայրս կ՚աշխատէր այս ամուլ ընտանիքին քով, զիս ապրեցնելու նպատակով:
Մենք սեփական տուն չունէինք, մօրս եկամուտը նոյնիսկ խրճիթ մը վարձելու չէր բաւեր: Կ՚ապրէինք մեծ մօրաքրոջս բազմանդամ ընտանիքին հետ միասին:
Պատահէր որ մօրաքրոջս եւ մօրս միջեւ վէճ մը ծագէր, մայրս զիս շալկած կ՚երթար միջնեկ քրոջը տունը:
Այսպէս, թափառական մանկութիւն մը ունեցած եմ, ծայր աստիճան յոգնեցուցիչ՝ մանաւանդ մօրս համար:
Արեւոտ օր մը, մօրաքոյրներէս մէկուն տան դիմացի պարտէզին մէջ նոր ցանուած բանջարեղէնի մը վրայ սխալմամբ կոխած ու անոր վնասած ըլլալուս պատճառով, քիթս արիւնելու աստիճան ծեծ կերած եմ գէր մօրաքրոջս հաստ ձեռքերէն:
Դրացիներուն միջամտութիւնը հազիւ զիս փրկած էր անոր ճիրաններէն:
Այդ օր հոն չգիշերեցինք: Մայրս երբ տեսաւ բզքտուած դէմքս եւ ուռած քիթս, զիս առնելով անմիջապէս դուրս ելաւ տունէն:
Երեք քոյր ունենալուն համար մայրս շուարած չէր: Գացինք ուղղակի երկրորդ մօրաքրոջս տունը:
Զիս այդ վիճակին մէջ տեսնելով եւ եղելութիւնը մօրմէս լսելով, ան սրտբաց մեզ իր յարկէն ներս առաւ, մեղադրական խօսքեր տեղացնելով քրոջ հասցէին:
Երեք ամսուան չափ մնացինք կրտսեր մօրաքրոջս տունը: Այդ դէպքին վրայէն ժամանակ անցած էր ու մայրս հաշտուած էր քոյրերուն հետ ու սկսած էինք շաբաթ մը մեծ մօրաքրոջս տունը, շաբաթ մըն ալ միջնեկին տունը անցընել: Մայրս հաւանաբար կ՚ուզէր աս ձեւով կրտսեր քոյրը հանգստացնել, չբեռնաւորել:
Օր մըն ալ պատահեցաւ անսպասելին: Մայրս հարց ունեցաւ երեք քոյրերուն հետ, ինքզինք եւ զաւակը անտանելի վիճակի մը մատնելով:
Այդ օր քնանալու տեղ չունէինք: Մայրս որոշեց հարազատներու, ազգականներու հետ «գործ» չունենալ, ոչ ալ անոնցմէ օգնութիւն խնդրել: Մօրս սիրտը ցաւած էր բոլորէն ալ:
Այդ իրիկուն, մօրս ձեռքը բռնած, անձրեւուն տակ, ցուրտէն դողալով ու սառած, հասանք մօրս մէկ բարեկամուհիին տունը: Թրջուած ձեռքերով զարկինք Տիկին Անթուանէթին տան դուռը: Լաւ կահաւորուած ու մեծ ըլլալուն համար թաղեցիները «պալատ» կը կոչէին այդ տունը:
Տիկին Անթուանէթ ժպտադէմ ընդունեց մեզ իր յարկէն ներս ու մենք երեք գիշեր անցուցինք այդ «պալատ»ին մէջ: Իշխանական օրեր էին այդ երեք օրերը: Տաքուկ սենեակները, փարթամ ճաշերը ու հանգստաւէտ մահճակալները երազային պահեր պարգեւեցին մեզի: Չորրորդ օրը մայրս շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկին Անթուանէթին ու ձեռքէս բռնած տարաւ զիս մեր վարձած «նոր» բնակարանը ցոյց տալու:
***
Անկախ ապրելու, ազատ շնչելու եւ ստորակայութեան բարդոյթը իր վրայէն թօթափելու համար մայրս վերջնականապէս որոշած էր բաժնուիլ իր մեծ ու փոքր քոյրերէն, որոնց քով տարիներ ապրած էինք ես ու մայրս: Մեր այս դրութեան պատճառը հարազատ հայրս էր: Ան մեզ առանձին ձգելով մեկնած էր, ցնոր տնօրինութիւն:
***
-Ըսէ՛, տղա՛ս, այս շէնքին մէջ ո՞ւր կրնայ ըլլալ մեր տունը, հարցուց մայրս:
-Հինգերորդ յարկը, մամա, աստղերուն մօտ:
-Ոչ, չգիտցար:
-Չորրորդ յարկը:
-Նորէն չգիտցար:
-Երրորդ յարկը:
-Ոչ, ոչ:
-Երկրորդ յարկը:
-Նորէն ոչ:
-Ուրեմն գետնայարկն է:
Մայրս պահ մը լուռ մնաց, ապա տխրաձայն ըսաւ.
-Մեր նոր տունը այս շէնքին տակն է, տղաս:
Գետնայարկէն տաս աստիճան վար, առանց լուսամուտի, խոնաւ, ցուրտ ու մանաւանդ վախազդեցիկ հաստ պատերով խոշոր սրահ մըն էր մեր նոր տունը:
Քիչ կահոյքով կահաւորուած ըլլալուն համար, խօսած ատեն մեր ձայնը ետ մեզի կը հասնէր ու արձագանգելով կը վախցնէր մանուկ սիրտս: Շատ անգամ մօրս վախն ալ զգացած եմ, թէեւ ան չէր ուզեր յայտնի ընել:
Այդ ընդարձակ բնակարանին մէջ մէկ մահճակալ ունէինք, մէկ սեղան, երկու աթոռներով: Ունէինք նաեւ երկու պնակ, երկու դգալ, երկու պատառաքաղ, մէկ փոքր կաթսայ եւ հին «ղազօճախ» մը:
Հացաման չունէինք: Մայրս մաքուր կտորով կը փաթթէր հացը: Վառարան չունէինք, աղմկարար «ղազօճախ»ով կը տաքնայինք: Երբեմն քարիւղի հոտէն ալ անհանգիստ կ՚ըլլայինք:
Մայրս զիս այդ հսկայ բանտին մէջ առանձին կը ձգէր, երկաթէ դուռը վրաս կը կղպէր ու գործի կ՚երթար:
Սիւներուն ետեւ երեւակայած եմ պահուըտած գողեր, զգուշութեամբ ու վախով մօտեցած եմ սիւներուն ու գողեր չգտնելով հանգստացած եմ…:
Այդ մեծ տան մէջ մինակ, ձանձրոյթով լի, անսովոր մանկութիւն մը անցուցած եմ: Եւ ինչ մանկութիւն...
Հակառակ այս բոլորին, մայրս եւ ես ուրախ էինք, որովհետեւ՝
մեր նոր տունը ունէինք,
դուրսը մնալու վտանգը չունէինք,
ազատ էինք,
ուրախ էինք: Ո՛չ, ոչ: Տխուր էինք, որովհետեւ արեւ չունէինք մեզ ջերմացնող: Յոյս ունէինք, որ մեր «արեւ»ը կը ծագէր օր մը: Այդ արեւը հայրս էր: Եօթը տարեկան էի, երբ հաշտուեցան մայրս ու հայրս, ու երբ ճանչցայ զինք, առաջին վայրկեանէն սիրեցի այդ մարդը:
Այդ օրուընէ սկսեալ մեր սեղանին շուրջ աթոռ մը եւս աւելցաւ. նաեւ՝ պնակ, դգալ ու պատառաքաղ: Իսկ մահճակալը մնաց մէկ: Մայրս սպունգէ «մահճակալ» մը զետեղեց իրենց մահճակալէն քիչ մը հեռու, ինծի համար:
Բաժնուեցայ մօրս տաքուկ գիրկէն, մնացի անկիւն մը, գետինը, առանձին, բայց ուրախ էի եւ տեսակ մը երջանկութիւն կար սրտիս մէջ:
Այդ օրուընէ մեր տան խոնաւութիւնը չքացած էր...
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ