«ՀԱՅ ԿԻՆԸ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Թուր­քիոյ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ներ­կա­յիս ձեռ­նար­կած է բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րու շար­քի մը՝ «Հայ կի­նը եւ ըն­տա­նե­կան կեան­քը» խո­րագ­րին ներ­քեւ։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի յա­րա­կից ա­կում­բին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րու շար­քի ա­ռա­ջին ձեռ­նար­կը։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ խօ­սե­ցաւ պատ­մու­թեան ամ­բող­ջին մէջ հայ կա­նանց եւ ա­նոնց հաս­կա­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Կո­կիկ թի­ւով հե­տաքր­քիր­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ ան օ­րուան նիւ­թը պար­զեց պատ­մա­կան ճոխ աղ­բիւր­նե­րու հի­ման վրայ։ Նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան վաղ շրջան­նե­րէն սկսեալ, մին­չեւ մեր օ­րե­րը՝ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ հայ կնոջ դե­րա­կա­տա­րու­թեան անդ­րա­դար­ձաւ, խօ­սե­ցաւ տի­րա­կան դէմ­քե­րու մա­սին, մէջ­բե­րում­ներ ը­րաւ գրա­կան բնա­գա­ւա­ռէ։ Հե­տաքրք­րա­կան էին նաեւ օ­տար­նե­րու կող­մէ ե­ղած վկա­յու­թիւն­նե­րու նշում­նե­րը։

Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րու այս շար­քը պի­տի շա­րու­նա­կուի նաեւ յա­ռա­ջի­կայ Հինգ­շաբ­թի։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017