ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ՝ նուիրուած միութեան եւ Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութեան պատմութեան: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ Տքթ. Գրիգոր Էճիտեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօս Տքթ. Վարդան Թաշճեանի կենսագրութիւնը եւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան գործունէութեան ու Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութեան մէջ անոր ունեցած ներդրումը:

Տքթ. Վարդան Թաշճեան սկսաւ իր դասախօսութեան՝ նշելով, որ ծնած է Պուրճ Համուտ՝ համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ: Ապա ան ներկայացուց այն պայմանները, որոնց լոյսին տակ Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութիւնը 1974 թուականին մտածեց Լիբանանի մէջ կազմակերպել Հայկական բժշկական միջազգային առաջին համագումարը, որուն քննարկումներուն հիման վրայ պիտի հիմնադրուէր Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութիւնը: Տքթ. Թաշճեան մասնաւորապէս յիշատակեց Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութեան պատուոյ նախագահներ Տքթ. Համբարձում Քեքլիկեանի եւ Տքթ. Յակոբ Քրքեաշարեանի եւ նախագահ Տքթ. Երուանդ Ճիտեճեանի անունները: Ընկերակցութեան վարչութեան անդամ էին, այլոց շարքին, Տքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան, Տքթ. Անդրանիկ Մանուկեան եւ դասախօսը ինք:

Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութիւնը խթանը հանդիսացաւ հայկական բժշկական միութիւններու վերաշխուժացման կամ ստեղծման՝ տարբեր երկիրներու մէջ՝ Ֆրանսա, Գանատա, Իրան, Իտալիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութիւնը կազմակերպած է բժշկական միջազգային իրերայաջորդ համագումարները, որոնցմէ երկրորդը տեղի ունեցած է Վենետիկի մէջ 1980 թուականին, իսկ 12-րդը՝ Արժանթինի մէջ, 2017 թուականին:

Ապա Տքթ. Թաշճեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Ձեռնարկի աւարտին Տքթ. Գրիգոր Էճիտեան Լիբանանահայ բժշկական միութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց դասախօսին՝ առ ի գնահատանք իր բժշկական ասպարէզին եւ կազմակերպական ներդրումին: Հիւրասիրութեան ընթացքին զրոյցը շարունակուեցաւ ներկաներուն եւ դասախօսին միջեւ:

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018