ՈՒԽՏԸ ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ (Բ.)
ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏԸ ՅԱՏԿԱՆՇՈՂ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
Շնորհքի սկզբունքը (Հմմտ. Ծն 6.8)
«Բայց Նոյ Տիրոջը առջեւ շնորհք գտաւ» (Ծն 6.8)։
«Գտնել» բայը արտայայտութեան ձեւ մըն է, որ կը նշանակէ «ստանալ», «ընդունիլ»։ Այս ոճը ուշադրութեան կը հրաւիրէ այն, թէ Նոյ շնորհքի արժանի չէր, այլ ատիկա Աստուծոյ սիրոյ արգասիքն է։ «Շնորհք գտնել»ը ուշադրութեան կը հրաւիրէ զԱստուած, Ան՝ որ բարեգութ եւ շնորհաբաշխ է։
Նոյ շնորհք ստացաւ ոչ թէ որովհետեւ արժանի էր կամ որեւէ գործ մը կատարած էր, այլ որովհետեւ Աստուած ար-ժանի նկատեց։ Որովհետեւ Աստուած գթութիւն է եւ սէր։ Ան Իր շնորհքը ցոյց կու տայ բոլոր անոնց, որոնք Իր անունը կը սիրեն։
Հաւատքի սկզբունքը (Հմմտ. Ծն 6.9,22)
Ծննդոց գիրքը երկու հաստատումներ կ՚ընէ, որոնք հակասական կը թուին։ Ծննդոց 6.12-ը կ՚ըսէ, թէ «Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականած է, վասնզի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր»։ Ստոյգ կերպով, «ամէն» բառը կը պարունակէ նաեւ Նոյ եւ իր ընտանիքը։ Չկար ոեւէ մէկը ընկերութեան մէջ, որ մեղքէն ազդուած չըլլար։
Թէեւ Նոյ նկարագրուած է որպէս «Իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մը» (Ծն 6.9), սակայն կարեւոր է հասկնալ, որ երբ Հին Կտակարանը մէկու մը ինքնութեան հաստատում կ՚ընէ որպէս «արդար» կամ «անմեղադրելի», ըսել չէ թէ այդ մարդը անմեղ է։
Աստուածաշունչի մեկնողական բառարանը կ՚ըսէ. «Անմեղադրելիութիւնը Հին Կտակարանի մէջ այն է, թէ հաւատացեալը ընդունած է Աստուծոյ ճամբան եւ փափաք յայտնած՝ Իրմով ապրելու»։ Նոյ իր ժամանակի մարդոց չէր նմաներ եւ աշխարհի մէջ յատուկ անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան Աստուծոյ մտերիմ անձ մըն էր։ Նոյ իր լաւագոյնը ի գործ դրաւ՝ Աստուծոյ հետ քալելու համար։
Նոր Կտակարանը Նոյին զգայնութիւնը Աստուծոյ հանդէպ կը բնորոշէ որպէս «հաւատք»։ Եբրայեցիներուն նամակը կ՚ըսէ. «Իր հաւատքով էր որ Նոյ երկիւղածութեամբ անսաց Աստուծմէ ստացած իր հրահանգին՝ գալիք եւ դեռ անստեսանելի բաներու մասին, եւ տապանը շինելով իր ընտանիքը փրկեց։ Նոյ իր հաւատքով՝ իր ժամանակի մարդիկը դատապարտեց եւ ժառանգեց հաւատքէն եկող արդարութիւնը» (Եբր 11.7)։ Նոյ անմեղ չէր, ան շնորհքի կարիքը ունէր՝ ինչպէս ամէն քրիստոնեայ։ Բայց ան իր սիրտը բացած էր Տիրոջ եւ կարող էր ընդունիլ այն ուխտը, զոր Աստուած խոստացաւ հաստատել իր հետ։ Երբ Աստուած Նոյին տապանին յատակագիծը տուաւ եւ Իր որոշումը յայտնեց, Նոյ իր հաւատքը ապացուցեց։ «Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն պատուիրածին պէս» (Ծն 6.22)։
Աստուածային մտադրութիւն (Հմմտ. Ծն 6.18)
Աստուած ըսաւ. «Երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ, ուստի զանոնք երկրին հետ պիտի աւերեմ» (Ծն 6.13)։ Աստուած որոշադրեց եւ Իր որոշումին համաձայն որոշեց մեղքը դատել։
Աստուծոյ մտադրութիւնը ուրիշ բան մըն ալ լուսարձակի տակ կը բերէ՝ յարաբերութեան ուխտը։ Աստուած դարձեալ կ՚ըսէ. «Քեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ» (Ծն 6.18)։ Աստուած հաւատքի ժողովուրդին հետ որոշեց յարաբերութեան ուխտ մը հաստատել։
Ծննդոցի հեղեղին պատմութիւնը յիշեցում մըն է, որ Աստուած մեղքը պիտի դատէ, որովհետեւ Աստուած բարոյական դատաւոր է։ Հակառակ ասոր, Աստուած նախանձախնդիր է՝ հաւատքի ժողովուրդին հետ Իր ուխտը հաստատելու համար։ Բոլոր անոնք, որոնք Նոյի նման կ՚անսան Աստուծոյ ձայնին ու խօսքին, անոնց համար փրկութեան խոստումը ի զօրու կը մնայ։
Ահա այս երեք սկզբունքները, շնորհք, հաւատք եւ Աստուածային մտադրութիւն, կը կազմեն առաջին ուխտին հիմքը։
Նոյի փրկութեան ուխտը՝ նախապատկերացում Քրիստոսով փրկութեան
Պետրոս առաքեալ յետադարձ ակնարկ մը կը նետէ Նոյի փորձառութեան վրայ, եւ այնտեղ կը գտնէ պատկերացում մը փրկութեան, որ ի նպաստ քրիստոնեաներուն է։
Պետրոս առաքեալ կը խօսի Քրիստոսի միանգամ մեղքերու համար չարչարուելուն մասին, որով Ան մեզ Աստուծոյ բերաւ։ Ապա կ՚աւելցնէ. «Քրիստոս ալ, մէկ անգամուան համար չարչարուեցաւ մեր մեղքերուն համար, արդարը՝ մեղաւորներուս համար, որպէսզի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ։ Եւ թէպէտ մեռաւ մարմինով, բայց կենդանի մնաց հոգիով։ Եւ հոգիով ալ՝ գնաց քարոզեց բանտարկուած հոգիներուն, որոնք ատենօք չհնազանդեցան Աստուծոյ, երբ Ան ներողամտութեամբ կը համբերէր։ Կ՚ակնարկեմ Նոյի օրերուն, երբ ան տապանը կը շինէր, որով շատ քիչեր, միայն ութը հոգի ազատեցան ջուրէն։ Ատոր Ճշմարիտ պատկերն է այժմ մկրտութիւնը, որ ձեզ կը փրկէ՝ ո՛չ թէ մարմնական աղտը սրբելով, այլ՝ մարդս մաքուր խղճմտանքով Աստուծոյ ընծայելով Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբը» (Ա.Պտ 3.18-21)։ Պետրոս առաքեալ համեմատական մըն է, որ կը կատարէ Նոյի եւ քրիստոնեաներուն միջեւ։
Բանտարկուած հոգիներուն (Հմմտ. Ա.Պտ 3.19)
Ոմանք այս տողին վրայ հիմնուելով՝ կը հաստատտեն, թէ Քրիստոս գնաց քարոզեց մեռած հոգիներուն՝ Իր մահուան եւ յարութեան միջեւ եղած ժամանակամիջոցին։ Այստեղ Պետրոս նաեւ կը խօսի Քրիստոսով Ս. Հոգիին տնօրինութեամբ՝ կատարուած իրողութեան մը մասին, որ Նոյի օրերուն ապրող անհնազանդ ժողովուրդին եղած քարոզութիւնն էր։ Մինչ տապանը կը պատրաստուէր, Նոյ ազդարարեց զանոնք։ Իր հսկայ նաւը կառուցուած չոր գետնի վրայ՝ իրենց համար ազդարարութիւն էր։
Որով շատ քիչեր, միայն ութ հոգի ազատեցան ջուրէն (Հմմտ. Ա.Պտ 3.20)
Նոյի օրերուն Աստուած վճռեց կառուցել տապան մը։ Այդ տապանին մէջ Նոյ եւ իր ընտանիքը, միայն ութ հոգի, ապահով կերպով տարուեցան ջուրերուն վրայէն։
Պետրոս առաքեալ այստեղ եւս համեմատութեան կը բերէ ջուրերը, որոնք աստուածային դատաստանը կը խորհրդանշեն, եւ վերջին դատաստանը՝ բոլոր անոնց համար, որոնք Քրիստոսը չեն ճանչնար։ Քրիստոս Ի՛նքն է Աստուծոյ տապանը, մեր օրերուն միակ տապանը, որուն մէջ ապահով կը մնանք եւ կը փրկուինք։
Ատոր ճշմարիտ պատկերն է այժմ մկրտութիւնը, որ ձեզ կը փրկէ (Հմմտ. Ա.Պտ 3.21)
Այստեղ յիշուած մկրտութիւնը ակնարկութիւն չէ ջրով մկրտութեան, այլ ակնարկութիւն է Ս. Հոգւոյ մկրտութեան։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Նոյի ժամանակներուն ջուրը խորհրդանիշ էր ո՛չ թէ մկրտութեան, այլ՝ դատապարտութեան։ Որպէսզի յստականայ, դարձեալ կը մէջբերենք Պօղոս առաքեալի խօսքը. «Ատոր ճշմարիտ պատկերն է այժմ մկրտութիւնը, որ ձեզ կը փրկէ՝ ո՛չ թէ մարմնական աղտը սրբելով, այլ՝ մարդս մաքուր խղճմտանքով Աստուծոյ ընծայելով» (Ա.Պտ 3.21)։ «Ո՛չ թէ մարմնական աղտը սրբելով»։
Եփրեմ Ասորի կ՚ըսէ. «Ամբակում մարգարէն կ՚ըսէ. «Տիրոջ խօսքով ու նախանձի հոգիով, ամբողջ երկիրը պիտի ոչնչանայ» (Ամբ 3.12)։ Այսինքն՝ վառեցաւ, Տիրոջ հուրը բորբոքեցաւ անոնց սրտին մէջ, եւ այրեց անոնց մեղքի խորհուրդներուն փուշն ու տատասկը, որ մկրտութեան աւազանին հուրն է, ինչպէս որ Քրիստոս ըսաւ. «Եկայ կրակ ձգելու երկրի վրայ, եւ որքա՜ն կ՚ուզէի որ արդէն իսկ բռնկած ըլլար» (Ղկ 12.49)։ Մաղաքիա մարգարէն կ՚ըսէ. «Ծծումբի նման կը սպիտակացնէ» (Մղ 3.3)։ Դրոշմի մկրտութեան աւազանին համար կ՚ըսէ, զոր Յովհաննէս նախօրօք կանխեց եւ աւետարանեց անոնց, որովհետեւ Ս. Հոգիին մեծ պարգեւները մկրտութեան ջուրէն ետք պիտի գայ»։ Այս մկրտութիւնը Սուրբ Հոգիին ներգործութեան ակնարկութիւնն է Մկրտութեան ջուրին միջոցաւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մենք բոլորս՝ հրեայ թէ հեթանոս, ծառայ թէ ազատ, նոյն Հոգիով մկրտուեցանք՝ մէկ մարմին կազմելու համար, եւ ամէնքս ալ նոյն Հոգիէն խմեցինք» (Ա.Կր 12.13)։ Երբ մենք հաւատանք Քրիստոսի որպէս մեր անձնական Փրկիչը, Ս. Հոգին մեզ Իրե՛ն կը զօդէ, եւ ոչ միայն Իրեն, այլ ամբողջ Եկեղեցւոյ անդամներուն՝ մէկ մարմին կազմելով։ Բայց ինչպէ՞ս մեր կապը Քրիստոսի հետ մեզ կը փրկէ։ Պետրոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբը»։ Քրիստոսի միանալով Ս. Հոգիին գործունէութեամբ, կը մեռնինք Քրիստոսի հետ եւ վերստին Իր հետ յարութիւն կ՚առնենք։ Պօղոս առաքեալ այսպէ՛ս կը հաստատէ. «Մկրտութեամբ Անոր հետ միասին թաղուեցանք եւ մահուան հաղորդ եղանք, որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգուած կեանք ապրինք» (Հռ 6.4)։
Այսու ամենայնիւ կրնանք համեմատութիւն կատարել Նոյի փորձառութեան եւ քրիստոնեաներու փորձառութեան միջեւ։
1- Նոյ ապրեցաւ վերահաս աստուածային դատաստանէն առաջ։ Նոյնպէս ալ մենք։
2- Նոյ լսեց շնորհքի պատգամը, որ փրկութիւն կը խոստանար։ Նոյնպէս ալ մենք։
3- Նոյ հաւատքով ընդառաջեց շնորհքի պատգամին եւ տապան մտաւ։ Մենք ալ երբ շնորհքի պատգամին հաւատքով ընդառաջենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հետ ապահով հաղորդակցութեան մէջ կը մտնենք։
4- Նոյ ապահով կերպով տարուեցաւ տապանին մէջ դատաստանի ջուրերուն վրայէն։ Միանալով Քրիստոսի՝ մենք ալ ապահովաբար Աստուծոյ դատաստանէն կը ձերբազատինք։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ