ԱՇԽԱՐՀԻ ՓՈԽՈՒՈՂ ԴԷՄՔԸ
Աշխարհը կը փոխուի: Մենք բացառիկ հնարաւորութիւն ունինք տեսնելու փոխուող աշխարհը եւ այդ փոփոխութեան մասնակից ըլլալու: Մեր աչքերուն առջեւ, քանի մը օրուան մէջ, փլաւ նախորդ աշխարհը, որուն մէջ կը բնակէր մոլորակը եւ նոր աշխարհ ստեղծելու առաջին քայլերը սկսած են արդէն…
Վերլուծական մեծ կեդրոններ, գիտնականներ եւ ժամանակակից փիլիսոփաներ նոր աշխարհի ձեւակերպումներու մէջ են: Քորոնավարակը ընդամէնը միջոց մըն է այդ փոփոխութիւնները իրականացնելու եւ տեսնելու նոր աշխարհին դէմքը:
«Քորոնավարակը այլեւս պիտի ապրի մեզի հետ, ան պիտի չբացակայի մեր կեանքէն», կ՚ըսեն համաճարակաբանները: «...Մենք է, որ պիտի սորվինք ապրիլ իրեն հետ եւ դասեր քաղել իր անսպասելի այցէն ու տիրական ներկայութենէն: Ան եկաւ, որ վերաիմաստաւորենք մեր կեանքը, նայինք մեր ներսին, տեսնենք մեր շուրջը եւ խորհինք», այս ալ կ՚ըսեն փիլիսոփաները:
Իրականութեան մէջ, այո՛, կեանքը, որ կ՚ապրէինք, անվերջ հեւք մըն էր, սպառողական հոգեբանութեամբ վազք մը, որուն հետեւանքով մեծ վնասներ կը կրէին բնութիւնն ու մարդը: Հիմա վազք չկայ… Ամէն մարդ նստած է տունը եւ կը խորհի, քիչ մը կը վախնայ, քիչ մը կը սրտապնդուի, բայց ընդհանուր առումով այսօր, աշխարհավարակին պատճառով տունը նստած մարդը նոր ապագայ մը կը պատկերացնէ: Այո, մարդկային զոհերուն համար բոլորս կը ցաւինք, տնտեսական վնասները մեր աչքերուն առջեւն են, մինչ այս կուռ եւ ամուր թուացող փոշիացող կառոյցներուն փլիլը կը տեսնենք ու կ՚ապշինք, բայց իւրաքանչիւր հին աշխարհի կործանում զոհեր եւ աւերումներ կը բերէ իրեն հետ, որպէսզի ստեղծուի նորն ու աւելի լաւը ըլլայ գալիքը:
Մարդկութիւնը այսօր մեծ դաս ունի սորվելիք. այն է՝ ի՞նչ պէտք է ընել մեծ ճգնաժամերու եւ աղէտներու ժամանակ, ինչպէ՞ս դիմագրաւել եւ ինչպէ՞ս ստեղծել նոր աշխարհ: Այսօր մարդկութիւնը, աւելի քան երբեւէ, միտքով միասնական է: Բոլորը պատած նոյն ցաւը, նոյն միտքերը նմանատիպ յոյզեր կը առաջացնեն եւ կը մղեն նոյնատիպ գործողութիւններ կատարելու: Կը վերանան բաժանումները, կը փլուզուին մարդկութիւնը իրարմէ բաժնող աշխարհայեացքները եւ այս բոլորը՝ փոքր թուացող վարակի մը շնորհիւ:
Աշխարհահռչակ գիտնական Միխայէլ Լայթմըն, հարցազրոյց մը տալով ռուսական հեռուստաալիքի մը՝ կ՚ըսէ, որ մենք պէտք է ոչ թէ անիծենք այս վարակը, այլ շնորհակալ ըլլանք իրեն, որ բացաւ մեր աչքերը՝ երկար ժամանակի մը համար: Լայթմըն կ՚ըսէ, թէ քորոնան փրկեց մարդկութիւնը կործանումէն կամ երրորդ աշխարհամարտէ մը: Գիտնական Լայթմընին վերլուծման համաձայն, աշխարհը կեցած էր երրորդ աշխարհամարտի մը առջեւ, եկաւ թագի տեսքով, խորհրդաւոր անունով վարակ մը եւ կանխեց պատերազմը եւ պատերազմին բերելիք մեծ կործանումները…
Աշխարհամարտերէն ետք մարդկութիւնը երբեւէ կեանքի եւ մահուան սահմանագիծին այսքան մօտ չէր կեցած: Ո՞վ կը յաղթէ. կեա՞նքը, թէ՞ մահը: Անշուշտ կեանքը, բայց՝ նոր կեանքը. այսպէս է աշխարհի մեծ մտածողներուն մօտեցումը այս հարցին:
Մարդուն սրտին թաքուն մէկ անկիւնը բնաւորուած մահուան վախը, այսօր առաջին գիծ եկած եւ մարդուն բոլոր ուժերը հաւաքած, կրկնապատկած է, որպէսզի յաղթէ մահուան եւ կեանքի նոր հանգրուան մուտք գործէ: Ահա վարակ մը, որ մարմինէն աւելի մարդուն հոգին եւ սիրտը տակնուվրայ ըրած է:
Այս տագնապներուն, խուճապին, անորոշութեան եւ վախին մէջ մարդը այսօր աւելի ստեղծագործող եւ արարող դարձած է: Ձանձրոյթը, տաղտկալի առօրեան, որ կային, այլեւս անցեալ են: Նոր կեանքը եկաւ մարդուն յուշելու, որ կեանքը ձանձրանալու եւ դժգոհելու համար չէր, որ տրուած էր, այլ՝ ապրելու, կարեկցելու, բնութեան թելադրած պարզ օրէնքներուն հետեւելու եւ պզտիկ ուրախութիւններով ապրելու, մանաւանդ՝ շնորհակալ ըլլալու ամէն մէկ օրուան համար:
Քորոնան արթնցուց բոլոր քնացած զգայարանքները եւ սթափութեան ուղիին վրայ դրաւ մարդը: Այսօր, այս պահուն կայացող բոլոր որոշումները ճակատագրական պիտի ըլլան վաղուան կեանքին համար:
…Անցնող շաբաթավերջին աշխարհի լրատուամիջոցները տպագրեցին եւ միլիոնաւոր քանակներով տարածեցին իսրայէլցի պատմաբան, գիրքերու հեղինակ Եուվալ Նոյ Հարարիի «Աշխարհը քորոնավարակէն ետք» յօդուածը: Երուսաղէմի հրէական համալսարանի պատմութեան ամպիոնէն փրոֆեսէօր Եուվալ Նոյ Հարարին նախապէս յայտնի էր աշխարհի վերափոխման եւ վերաձեւաւորման մասին իր գիրքերով, որոնք միշտ պեսթսելըրներ եղած են: Յօդուածը քորոնավարակէն ետք եկող նոր կեանքի մասին է եւ հատուածաբար կը ներկայացնենք նաեւ արեւմտահայերէնով.
«Այս փոթորիկը կ՚անցնի, բայց այն որոշումները, ինչ որ մենք կ՚ընդունինք այսօր, կարող են փոխել մեր կեանքը գալիք տարիներուն»:
«Մարդկութիւնը հիմա կեցած է համաշխարհային ճգնաժամի առջեւ: Ասիկա թերեւս մեր սերունդի ամենամեծ ճգնաժամն է: Այն որոշումները, ինչ որ մարդիկ եւ կառավարութիւնները պիտի կայացնեն յառաջիկայ մի քանի շաբթուան ընթացքին, հաւանաբար կը ձեւաւորեն աշխարհը՝ գալիք տարիներուն համար: Այդ որոշումները կը ձեւաւորեն ոչ միայն մեր առողջապահական համակարգերը, այլ մեր տնտեսութիւնը, քաղաքականութիւնն ու մշակոյթը: Մենք պէտք է գործենք արագ եւ վճռական: Պէտք է նաեւ նկատի առնել մեր գործողութիւններուն երկարաժամկէտ հետեւանքները: Այլընտրանքներուն միջեւ ընտրութիւն կատարելու ժամանակ պէտք է մենք մեզի հարց տանք ոչ միայն այն, թէ ինչպէ՞ս յաղթահարել անմիջական սպառնալիքը, այլ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այն աշխարհը, ուր պիտի բնակինք՝ փոթորիկը հանդարտելէն ետք: Այո՛, փոթորիկը պիտի անցնի, մարդկութիւնը պիտի գոյատեւէ, մեզմէ շատեր ողջ պիտի մնան, բայց մենք այլեւս պիտի բնակինք ուրիշ աշխարհի մը մէջ»:
«Շատ կարճաժամկէտ արտակարգ ձեռնարկները պիտի դառնան մեր կեանքի անբաժան մասը: Ա՛յս է արտակարգ իրավիճակներու բնոյթը: Անոնք կ՚արագցնեն պատմական գործընթացները: Որոշումները, որոնք սովորական ժամանակներուն կարող են տարիներու քննարկում պահանջել, այսօր պիտի ընդունուին ժամերու ընթացքին: Ոչ հասուն եւ նոյնիսկ վտանգաւոր արհեստագիտական միջոցները պիտի գործադրուին, քանի որ ոչինչ ձեռնարկելու վտանգները աւելի մեծ են: Երկիրները լայնածաւալ ընկերային փորձարկումներով պիտի ծառայեն որպէս ծովախոզուկներ: Ի՞նչ կը կատարուի, երբ ամէն մարդ աշխատի տունէն եւ հաղորդակցի միայն հեռուէն: Ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ, երբ դըպ-րոցներն ու համալսարանները գործեն առցանց: Սովորաբար կառավարութիւնները, ձեռնարկատիրութիւնները եւ կրթական խորհուրդները երբեք չէին համաձայնիր նման փորձարկումներ կատարելու: Բայց հիմա սովորական ժամանակներ չեն»:
«Ճգնաժամին ընթացքին կանգնած ենք մանաւանդ երկու կարեւոր ընտրութեանց առջեւ.
Առաջինը՝ ընտրութիւն ամբողջատիրական հսկողութեան եւ քաղաքացիական հզօրացման միջեւ: Երկրորդ՝ ազգայնական մեկուսացման եւ համընդհանուր համերաշխութեան միջեւ:
…Անդրադառնալով այս երկրորդ ընտրութեան, պէտք է ըսել, որ համաճարակը եւ անոր հետեւանքով սպասուող տնտեսական ճգնաժամը համընդհանուր հարցեր են, զորս կարելի է արդիւնաւէտ լուծումներու յանգեցնել միայն համընդհանուր համագործացութեան միջոցով:
Վարակը յաղթահարելու համար, նախ եւ առաջ, պէտք է տեղեկատուութիւն փոխանակենք իրարու հետ: Ասիկա վարակներուն հանդէպ մարդոց մեծ առաւելութիւնն է: Չինաստանի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ քորոնաժահրով մարդոց վարակուելուն մասին խորհուրդներ չեն կրնար փոխանակել: Բայց Չինաստանը կրնայ քորոնաժահրին մասին ԱՄՆ-ին տալ կարեւոր դասեր եւ թէ ինչպէ՛ս վարուիլ անոր հետ: Ինչ որ իտալացի բժիշկը վաղ առաւօտեան կը յայտնաբերէ Միլանոյի մէջ, կարող է երեկոյեան կեանքեր փրկել Թեհրանի մէջ: Երբ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կը տատանի քանի մը ուղիներու միջեւ, կարող է խորհուրդներ ստանալ քորէացիներէն, որոնք մէկ ամիս առաջ կեցած էին նման հարցերու առջեւ: Բայց որպէսզի այդ մէկը տեղի ունենայ, մեզի անհրաժեշտ է համընդհանուր համագործակցութեան եւ վստահութեան ոգի:
Երկիրները պէտք է պատրաստ ըլլան բաց կերպով տեղեկատուութիւնը փոխանակելու եւ համեստօրէն խորհուրդ հարցնել ու կարենալ վստահելու իրենց ստացած տուեալներուն: Մեզի ան-հըրաժեշտ է նաեւ ջանքերը միաւորել, բժշկական սարքաւորումներ, մասնաւորապէս՝ ախտորոշիչ փորձանակներ ու շնչառական մեքենաներ արտադրելու եւ զանոնք աշխարհին տարածելու համար: Համակարգուած համընդհանուր ջանքերը կրնան արագացնել անոնց արտադրութիւնը եւ ապահովել, որ կեանք փրկող սարքաւորումները աւելի արդար բաշխուին, քան եթէ անջատ երկիր մը փորձէ այդ մէկը ընել տեղական մակարդակով: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս երկիրները պատերազմի ընթացքին կ՚ազգայնացնեն արդիւնաբերութեան հիմնական ճիւղերը, քորոնա հաճարակին դէմ մարդկային պատերազմը կարող է պահանջել մարդկայնացնել արտադրութեան կարեւոր ուղղութիւնները: Քորոնավարակի միայն մի քանի դէպք ունեցող հարուստ երկիրը պէտք է պատրաստ ըլլայ թանկ սարքաւորումներ ուղարկել աղքատ երկիրներ. վստահ ըլլալով, որ երբ ինք օգնութեան կարիք ունենայ, ուրիշ երկիրներ իրեն օգնութեան հասնին:
Բժշկական անձնակազմին համախմբումը կարող ենք համարել նման համընդհանուր ջանքերէն: Ներկայիս աւելի քիչ տուժած երկիրները կարող են բոյժանձնակազմ ղրկել վարակէն ամենաշատ տուժած երկիրներ՝ թէ՛ այդ երկրին կարիքի ժամանակ օգնելու եւ թէ՛ արժէքաւոր փորձ ձեռք ձգելու համար: Եթէ աւելի ուշ համաճարակը տարածուի ուրիշ տեղեր, օգնութիւնը կարող է գալ հակառակ կողմէն:
Համընդհանուր համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է նաեւ տնտեսական գետնի վրայ: Նկատի առնելով տնտեսութեան համընդհանուր բնոյթը եւ ապրանքներու մատակարարման շղթաները, եթէ իւրաքանչիւր կառավարութիւն իր գործը կատարէ, լիովին անտեսելով միւսները, ապա արդիւնքը կ՚ըլլայ քաոսը՝ խառնակ վիճակը եւ խորացող ճգնաժամը: Պէտք է գործողութեան համընդհանուր ծրագիր եւ այդ մէկը պէտք է շատ արագ:
Ուրիշ անհրաժեշտութիւն մըն է ճամբորդութեանց գիծերով համընդհանուր համաձայնութեան գալ: Բոլոր միջազգային ճամբորդութիւնները ամիսներով դադրեցնելը հսկայական դժուարութիւններ կը ստեղծէ եւ կը խոչընդոտէ քորոնավարակին դէմ պատերազմը: Երկիրները պէտք է համագործակցին, որպէսզի գոնէ հիմնական ճամբորդութիւններուն մէկ մասը կարենայ հատել սահմանները: Ատոնք կ՚ըլլան գիտնականները, բժիշկները, լրագրողները, քաղաքական գործիչները, գործարարները: Այդ մէկը կարելի է ընել՝ ձեռք ձգելով համաձայնութիւն, որ իւրաքանչիւր երկիր նախնական զննման ենթարկէ իր երկրէն ճամբորդողները: Եթէ գիտնանք, որ միայն բոյժզննումէ անցած մարդոց կ՚արտօնուի օդանաւ նստիլ, ապա աւելի պատրաստակամ կ՚ըլլանք զանոնք ընդունելու:
Ցաւօք, հիմա երկիրները դժուար թէ կատարեն նշուած քայլերէն որեւէ մէկը: Միջազգային հանրութիւնը հաւաքական կաթուածի, յանկարծակի անդամալուծութեան մէջ է: Սենեակ մըն է, ուր կարծես մեծահասակներ չկան: Կ՚ակնկալուէր, որ շաբաթներ առաջ տեսնէինք երկրի ընդհանուր առաջնորդներուն արտակարգ հանդիպումը, որ կ՚առաջարկէր գործողութիւններու միասնական ծրագիր մը։ «Մեծ եօթնեակ»ի երկիրներու առաջնորդները յաջողեցան այս շաբաթ, համացանցի միջոցով, տեսակապային հանդիպում մը կազմակերպել, սակայն այդ մէկը ոչ մէկ արդիւնք բերաւ: Նախորդ համընդհանուր ճգնաժամերուն ընթացքին, ինչպէս՝ 2008 թուականի տնտեսական ճգնաժամը եւ 2014 թուականի էպոլայի համաճարակը, ԱՄՆ-ը կը ստանձնէր ընդհանուր առաջնորդի դերը: Բայց ԱՄՆ-ի ներկայ վարչակազմը, այս համավարակի պարագային, հրաժարեցաւ առաջնորդի դերէն: Վարչակազմը շատ պարզ հասկցուց, որ աւելի շատ մտահոգ է Ամերիկայի հզօրութեամբ, քան մարդկութեան ապագայով:
Այս վարչակազմը լքեց նոյնիսկ իր ամենամօտ դաշնակիցները, երբ արգիլեց Եւրոմիութեան երկիրներէն բոլոր թռիչքները, վարչակազմը չփորձեց նոյնիսկ Եւրոպական Միութիւնը նախապէս զգուշացնել սպասուող կտրուկ փոփոխութեան մասին: Վարչակազմը գայթակղութեան ենթարկեց Գերմանիան՝ իբր թէ 1 միլիառ տոլար առաջարկելով գերմանական դեղագործական ընկերութեան՝ գնելու նոր «Քովիտ-19»ի դէմ պատուաստանիւթի մենաշնորհային իրաւունքները: Նոյնիսկ եթէ ներկայ վարչակազմը, ի վերջոյ, փոխէ գործելաոճը եւ հանդէս գայ գործողութիւններու համընդհանուր ծրագրով, քիչեր պիտի հետեւին այնպիսի առաջնորդի, որ երբեք պատասխանատուութիւն չի ստանձներ, երբեք չ՚ընդունիր իր սխալները, այլ պարբերաբար իր վրայ կը վերցնէ յաջողութեան փառքը, միաժամանակ անընդհատ սխալներուն համար ուրիշները կը մեղադրէ:
Եթէ ԱՄՆ-ի թողած դատարկութիւնը չլրացուի ուրիշ երկիրներու կողմէ, դըժ-ւար պիտի ըլլայ ոչ միայն դադրեցնել ներկայ համաճարակը, այլեւ անոր ժառանգութիւնը պիտի շարունակէ յետագայ տարիներուն ընթացքին թունաւորել միջազգային յարաբերութիւնները:
Սակայն իւրաքանչիւր ճգնաժամ նաեւ հնարաւորութիւն է: Մենք պէտք է յուսանք, որ այս համաճարակը պիտի օգնէ մարդկութեան գիտակցելու համընդհանուր անհամաձայնութեան սուր վտանգը: Մարդկութիւնը պէտք է ընտրութիւն կատարէ. «Արդեօք մենք կ՚ընթանա՞նք անհամաձայնութեան ճանապարհով, թէ՞ կ՚ընդունինք համընդհանուր համերաշխութեան ուղին»: Եթէ ընտրենք անհամաձայնութիւնը, այդ մէկը ոչ միայն պիտի երկարաձգէ ճգնաժամը, այլ, հաւանաբար, յետագային պիտի յանգեցնէ ա՛լ աւելի վատ աղէտներու: Եթէ ընտրենք ընդհանուր համերաշխութիւնը, ապա ատիկա կ՚ըլլայ յաղթանակ ոչ միայն քորոնաժահրին դէմ, այլ ապագայ բոլոր համաճարակներուն եւ ճգնաժամերուն դէմ, որոնք կրնան սպառնալ մարդկութեան 21-րդ դարուն»:
ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՆԳՍՏԱՆԱՅ…
Քորոնաժահրը իրեն հետ բերաւ բնապահպանական մեծ օգուտներ: Մարդոց եւ ինքնաշարժներու, օդանաւերու տեղաշարժին սահմանափակումը, արտադրական եւ զանազան ձեռնարկութիւններու աշխատանքին կրճատումը՝ բարերար ազդեցութիւն ունեցաւ Երկիր մոլորակին վրայ: Մարդիկ կը նկատեն, որ կարգ մը վայրերու մէջ այսօր օդը աւելի մաքուր է, աղմուկը՝ ցած, ջուրերը՝ հանդարտ եւ Մոլորակը կարծես քիչ մը հանգիստ կ՚ընէ մարդկային խելայեղ շահագործումէն: Լուսանկարներ առնուած են Վենետիկէն, ուր ջրանցքներուն ջուրը մաքուր ու ջինջ է, յատակի ձուկերը կ՚երեւին, ջուրերուն մէջ նոյնիսկ կարապներ յայտնուած են եւ հանգիստ կը լողան: Նաւահանգիստներուն մօտեցած են դլփիններ ու զարմացած կը դիտեն շուրջերնին:
Զբօսաշրջային ուրիշ վայրեր, որ տարուան այս եղանակին լեցուն կ՚ըլլար հանգստացողներով, այսօր պարապ են եւ հոն հազուագիւտ թռչուններ յայտնուած են, կը գեղգեղեն բնութեան մէջ: Աղմուկի բացակայութենէն եւ վնասակար նիւթերու արտանետումներէն բնութիւնը տեսակ մը վերակենդանացում կ՚ապրի: Քորոնաժահրը ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ շատ բնապահպանական հարցերու վրայ:
Արդեօք ժահրը յայտնուեցաւ եւ այսպէս արագօրէն տարածուեցա՞ւ, քանի որ անմաքուր է մեր Մոլորակը. այս հարցումը շատ յաճախ կը հնչէ այս օրերուն եւ իր մէջ անպայման ճշմարտութեան բաժին մը ունի: Մարդուն մարմինը տիեզերքին փոքր ձեւաչափն է եւ մարդուն մարմնին մէջ բոյն դրած ժահրի մը միջոցով բնութիւնը այսօր մարդկութեան կարեւոր ըսելիք ունի: Պիտի շարունակէ՞ մարդը անխնայ շահագործել Մայր բնութիւնը, որ միշտ սնած է մարդկութիւնը եւ այսօր մենք կախեալ ենք իրմէ: Պիտի շարունակէ՞ մարդը աղբը նետել բնութեան մէջ եւ մաքուր ուտելիքի սպասել նոյն բնութենէն:
Ահա հարցումներ, որոնց պատասխանները արագ պիտի գտնուին եւ լուծումներ տրուին բնապահպանական աղէտին, որ պատած է երկիրը: Մայր Բնութիւնը իր գիրկէն տուն քշած է մարդիկը, որպէսզի երթան եւ մտածեն: Մտածելու ժամանակ կայ: Մինչ մենք կը մտածենք եւ ուղիներ կը գտնենք, Մոլորակը քիչ մը կը հանգստանայ: Բնութիւնը ինքնամաքրումի ճամբուն վրան է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024